«ՏՕՆԱԳԻՐ». ԳԻՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ

9 յունուար 2020 թուականին լրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 75-ամեակը: Այս առիթով մատենադարանցիները նախաձեռնած են «ՏՕՆԱԳԻՐ» գիտական ժողովածոյի հրատարակումը, որուն մեծ սիրով ու ջերմութեամբ արձագանգած են աշխարհի յառաջատար հայագէտներն ու արեւելագէտները:

Երեւանի Մաշտոցի Մատենադարանի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, որ համավարակին եւ պատերազմին պատճառով գիրքը լոյս տեսաւ նախատեսուածէն աւելի ուշ եւ օրերս դրուեցաւ ընթերցողի սեղանին: Գիրքին մէջ ամփոփուած են Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի յոբելեանին առիթով եւ անոր պատուին գրուած հայերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն աւելի քան երկու տասնեակ յօդուածներ, որոնց հեղինակները զարազան երկիրներէ են՝ Հայաստան, Ռուսաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Աւստրիա, Իսրայէլ, Իտալիա, Զուիցերիա: Բոլոր յօդուածագիրները Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ կապուած են տասնամեակներու գիտական-ստեղծագործական եւ անձնական առընչութիւններով:

«Տօնագիր»ին մէջ յօդուածներ ստորագրած են՝ Ժիրայր Լիպարիտեան, Շարլ Ռէնու, Ազատ Պոզոյեան, Զօհրապ Գէորգեան, Ժերար Տետէեան, Հայր Լեւոն Զեքիեան, Կարէն Մատթէոսեան, Ժան Փիէռ Մահէ, Աբէլ Մանուկեան, Ելենա Մեշչերսկայա, Քլոտ Մութաֆեան, Ալեքսան Յակոբեան, Էրնա Մանիա Շիրինեան, Զարուհի Պօղոսեան, Էրիխ Ռենհարտ, Աշոտ Սարգսեան, Մայքըլ Սթոուն, Թէօ Մաարտըն վան Լինտ, Եարոսլաւ Վասիլկով, Աբրահամ Տէրեան, Գէորգ Տէր-Վարդանեան, Պեռնար Ուտիէ, Փիթըր Քոուի, Ալեքսանտրօ Օրենկօ:

«Երկու խօսք»ը վերապահուած է Մաշտոց Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանին: Ան ժողովածոյին լոյս ընծայման առթիւ յատկանշանական արժեւորումներ կը կատարէ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գիտական վաստակին վերաբերեալ եւ կը բացատրէ նման ժողովածոյի մը լոյս ընծայելուն անհրաժեշտութիւնը: Կը ներկայացնենք Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի յօդուածը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած:

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐ-ՂԵՒՈՆԴԵԱՆ

Ներկայ հատորին գաղափարը ծնաւ Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ, ուր երկար տարիներ աշխատած է հայագէտ-արեւելագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան: Վերջին երեսնամեակին ընթացքին ան չէ դադրեցուցած գիտական ուսումնասիրութիւնները, պահպանած է սերտ կապը հարազատ հաստատութեան հետ: Անոր գիտական-հետազօտական յայտնաբերումներն ու բանաձեւումները այսօր ալ անկիւնաքարային նշանակութիւն ունին հայագէտներու եւ ասորագէտներու համար։ Մատենադարանին մէջ, իր նախկին գործընկերներն ու երիտասարդ գիտաշխատողները զինք կ՚ընդունին իւրայատուկ ջերմութեամբ, հիացմունքով ու ակնածանքով։

Տէր-Պետրոսեանի 75-ամեայ յոբելեանը լաւագոյն առիթն է արժեւորելու անոր գործը թէ՛ պետական-քաղաքական եւ թէ՛, մանաւանդ, գիտական ասպարէզէն ներս: Այսպէս ծագեցաւ Տօնագրին գաղափարը: Նման պարագաներու համար Եւրոպայի մէջ կը գործածուի Festschrift եզրը, որուն փոխարէն կազմուեցաւ անոր հայկական համարժէքը՝ Տօնագիր: Հատորը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի եւ արտասահմանի յառաջատար հետազօտողներու, հայագէտ-արեւելագէտներու աւելի քան երկու տասնեակ յօդուածները, որոնք գիտական-հետազօտական կարեւոր արժէք ներկայացնելէն զատ, միտուած են յարգանքի տուրք մատուցելու Լեւոն Տէր-Պետրոսեան գիտնականին եւ մտաւորականին եւ ընդգծելու անոր բացառիկ անհատականութիւնը։

Լոյս ընծայուող ժողովածոյին մէջ զետեղուած է նաեւ հեղինակին մատենագիտութիւնը՝ գիտական եւ քաղաքական-հրապարակախօսական գործերը, շուրջ 30 մենագրութիւն եւ մեծաթիւ յօդուածներ, գրախօսութիւններ, խմբագրած գիրքեր, ինչպէս նաեւ անտիպներ՝ բազմաճիւղ ու բազմաժանր ժառանգութիւն մը: Նշանակալից է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ներդրումը ասորագիտութեան, հայ-ասորական գրական-մշակութային կապերու ուսումնասիրման ասպարէզէն ներս: Բաւական է նշել, որ անոր թեկնածուական եւ տոքթորական ատենախօսութիւնները կը վերաբերին այդ բնագաւառին եւ անոնց հրապարակային պաշտպանութիւնները մեծ յաջողութեամբ կայացած են Սեն Փեթերսպուրկի մէջ. քաղաք մը, որ արդէն շուրջ երկու հարիւրամեակէ ի վեր կը նկատուի դասական արեւելագիտութեան համաշխարհային մեծագոյն կեդրոններէն մէկը:

Հեղինակին «Հայ-ասորական գրական կապերը IV-V դարերուն. ասորական գրականութեան դերը հայ հին մատենագրութեան ձեւաւորման մէջ» տոքթորական թեզը, որ, ցաւօք, առ այսօր չէ տպագրուած հեղինակին զբաղուածութեան պատճառով (2015-ին լոյս տեսած է աշխատանքին ռուսերէն սեղմագիրը), առանձնակի կարեւորութիւն ունի վաղ քրիստոնէական ժամանակաշրջանի Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներու քաղաքական եւ մշակութային կապերու լուսաբանման, Քրիստոնեայ Արեւելքի պատմութեան ուսումնասիրման համար։ Հետազօտութեան մէջ քննութեան կ՚առնուի ասորերէնէ հայերէնի թարգմանութեամբ մեզի հասած մեծաքանակ եւ հարուստ գրականութիւնը։ Մանաւանդ հետաքրքրական է թեզին երրորդ գլուխը, ուր վեր կը հանուի հայերէն թարգմանութիւններուն մէջ ասորաբանութիւններուն եւ ասորերէնին յատուկ լեզուական կառոյցներուն առկայութիւնը, ինչպէս նաեւ քննութեան կ՚առնուի ասորերէնի ազդեցութիւնը գրաբարի վրայ։ Վերջին հարցին՝ Ասորաբան հայերէնին է նուիրուած հեղինակին այլ, անտիպ մենագրութիւնը։

Թեզին մէջ յառաջ կը քշուի իւրօրինակ համակարգ մը, որուն միջոցով կարելի է դասակարգել հայ գրականութեան Ոսկեդարու գրաւոր յուշարձանները։ Միջնադարագէտները մէկ անգամ չէ, որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են յատկապէս այս աշխատութեան նկատմամբ՝ ընդգծելով հեղինակին վեր հանած հայեցակարգերուն եւ եղանակաբանութեան կիրարկումին կարեւորութիւնը։ Քրիստոնէութեան տարածումէն սկսեալ, հայոց գիրերու գիւտէն ու Սուրբ Գիրքի թարգմանութենէն մինչեւ փառահեղ Ոսկեդար եւ գրականութեան յետագայ զարգացման ընթացք, հայ մշակոյթը յենուած ու սնուցանուած է երկու մեծ քաղաքակրթութեններով՝ ասորական ու յունական (բիւզանդական), ընդ որում, ամենահին շերտը ասորականն է: Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, թարգմանական աննախադէպ հզօր շարժումը, յենլով արդէն իսկ հարիւրամեայ բանաւոր թարգմանական աւանդոյթին վրայ, կարճ ժամանակի՝ քանի մը տասնամեակի ընթացքին, ոչ միայն քրիստոնէական, այլ ողջ համաշխարհային գիտելիքի լաւագոյն նմոյշները փոխանցեց ու ներմուծեց հայ իրականութիւն՝ մեր ազգային մշակոյթը բարձրացնելով այդ պահու ամենաբարձր մակարդակի: Անշուշտ շատ արագ զարգացաւ նաեւ ինքնուրոյն գրականութիւնը, որ գիրկընդխառն ընթանալով թարգմանականին հետ, կերտեց նախ անկրկնելի Ոսկեդարը, ապա եւ իր զարգացումը վերիվայրումներով ապրեցաւ մինչեւ մեր օրերը: Այս մասին հեղինակը շատ դիպուկ բնորոշում կու տայ. «Պատմամշակութային տեսակէտէն թարգմանական եւ ինքնուրոյն երկերուն զանազանումը սոսկ պայմանական նշանակութիւն ունի, քանի որ թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ ձեւի առումով անոնք կը ներկայացնեն միասնական գրական իրողութեան հաւասարարժէք կողմերը»:

Կասկածէ վեր է, որ հայ մատենագրութեան ու յատկապէս գրական-աստուածաբանական բնոյթի երկերը ուսումնասիրողը առաջին կարգին պէտք է դիմէ ասորերէն եւ յունարէն երկերուն, առանց որոնց կարելի չէ պատկերացնել հայերէն թարգմանական գործերու բնագրերուն հետազօտութիւնը, համեմատական-քննական թեքսթերու պատրաստումը, տարբերութիւններու համեմատական քննութիւնը, տարընթերցումները եւ այլ բազմաթիւ բանասիրական-բնագրագիտական հարցեր: Այս բնագաւառին մէջ հանգուցային դեր ունի բանասէր հայագէտ-ասորագէտը, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի վաղ-քրիստոնէական շրջանին, երբ մեծաքանակ թարգմանութիւններ կատարուած են ոչ միայն բուն ասորական երկերէն, այլ նախապէս յունարէն ստեղծուած երկերու ասորական տարբերակներէն:

Եթէ Երուանդ Տէր-Մինասեանը (1879-1974)՝ հայ ասորագիտութեան նահապետը, ծանօթ է որպէս հայ-ասորական եկեղեցական յարաբերութիւններու փայլուն գիտակ, իսկ Հայկ Մելքոնեանը (1923-1983) որպէս հայ-ասորական քաղաքական-տնտեսական բազմաշերտ յարաբերութիւնները լուսաբանող նշանաւոր պատմաբան-աղբիւրագէտ, ապա Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը հանդէս եկաւ որպէս հմուտ բանասէր, հայ-ասորական գրական-մշակութային կապերու մասնագէտ եւ այդ ասպարէզին մէջ դարձաւ անգերազանցելի: Անոր «Հայ հին թարգմանական գրականութիւն» գիրքը նուիրուած է V-XVIII դարերուն ասորերէնէ, յունարենէ, լատիներէնէ, վրացերէնէ, արաբերէնէ եւ այլ լեզուներէ հայերէնի թարգմանութիւններուն՝ գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք։ Տէր-Պետրոսեանի այս աշխատութիւնը փայլուն կերպով երեւան կը հանէ թարգմանական գրականութեան կարեւորագոյն տեսանկիւնները, անդրադարձ կը կատարուի թարգմանական գործի զարգացման օրինաչափութիւններուն եւ ժամանակաշրջաններուն, թարգմանիչներուն եւ անոնց երկերուն, կ՚ընդգծուի հայերէնով պահպանուած թարգմանական յուշարձաններուն կարեւորութիւնը համաշխարհային գիտական միտքին համար։ Աղբիւրագիտական փայլուն աշխատանք ըլլալէ զատ, գիրքը այսօր նաեւ ուղեցոյց դարձած է թարգմանական գործով զբաղողներուն, թարգմանութեան պատմութիւնը եւ տեսութիւնները ուսումնասիրողներուն համար եւ որպէս ձեռնարկ ընդգրկուած է համալսարանական ծրագրերուն մէջ։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մեծ հեղինակութիւն ունի նաեւ կիլիկիագիտութեան ասպարէզին մէջ: Հետազօտութիւններու այս ոլորտը անշուշտ սերտօրէն կ՚առընչուի ասորագիտութեան հետ, բայց երկու ասպարէզներուն միջեւ քանի մը դարու տարբերութիւն կայ: Խօսքը IV-V դարերէն XII-XIV դարերու անցումին մասին է, որ դարձեալ պատահական չէ ընտրուած: Հայ-ասորական սերտ կապերու նոր փուլին համար մեծ դեր խաղացած են միեւնոյն ատեն ընթացող երկու երեւոյթ՝ հայերու զանգուածային գաղթը Կիլիկիա, Կապադովկիա, Եփրատցիք, Արեւելեան Միջերկրականի աւազան (հիմնականօրէն՝ Մեծ Ասորիք) եւ այստեղ նոր հայաշխարհի ձեւաւորումը եւ անոր զուգահեռ, ասորական մշակոյթի նոր վերելքը XII-XIV դարերուն:

Կիլիկեան Հայաստանին ուսումնասիրողը մօտեցած է տարբեր տեսանկիւններէ՝ աղբիւրագիտութիւն, քաղաքական պատմութիւն, պատմաքաղաքագիտական քննութիւն, հայ-ասորական, հայ-լատին կապեր, մատենագրական-թարգմանական-լեզուական առընչութիւններ: Շուրջ 20 տարուայ ընթացքին Տէր-Պետրոսեանի հրատարակած կիլիկիագիտական ժառանգութիւնը չի կրնար շրջանցել Հայոց պատմութեան ու մշակոյթի այդ փուլը ուսումնասիրող ոեւէ մասնագէտ:

Յիշատակութեան արժանի են մանաւանդ՝ «Օտար աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերու մասին» մատենաշարով լոյս տեսած «Անանուն Եդեսացու Ժամանակագրութիւնը», երկհատոր հիմնարար «Խաչակիրները եւ հայերը», ինչպէս նաեւ նոյն թեմայով կարգ մը արժէքաւոր յօդուածներ: Ասորական մշակութային նոր վերածնունդին մաս կազմող երեք անգերազանցելի պատմիչներէն (Անանուն Եդեսացի, Միքայէլ Ասորի, Պար Հեպրեոս) մէկուն երկին հատուածական թարգմանութիւնը՝ գիրքին կցուած ծանօթագրութիւններով ու զանազան ցանկերով, առատ նիւթ կը հաղորդէ Կիլիկեան Հայաստանի մասին, ընդ որում, երբեմն այդ տեղեկութիւնները եզակի ու բացառիկ են:

Հայագիտութեան մէջ նորարարական խօսք ու թարմ շունչ բերաւ «Խաչակիրները եւ հայերը» աշխատութիւնը: Նախ, հայերուն եւ խաչակիրներուն յարաբերութիւններուն նախորդ ուսումնասիրողները անդրադարձած էին կամ Կիլիկեան Հայաստանի պատմութեան ընդհանրական շարադրանքով, կամ զատ յօդուածներով: Մինչդեռ Միջերկրականի ափերուն ձեւաւորուած հայկական պետութեան համար բիւզանդական, լատին, սելճուկեան, արաբական, մոնղոլական տարբեր միաւորներու խճանկարին մէջ արտաքին յարաբերութիւնները ունէին կենսական նշանակութիւն:

Պատահական չէ, որ մեր միջնադարեան պատմութեան ողջ ընթացքին դիւանագիտութիւնը երբեք այդքան մեծ նշանակութիւն չէ ունեցած, որքան՝ կիլիկեան շրջանին: Ուստի, Տէր-Պետրոսեանի ուսումնասիրութիւնը կը լրացնէ հայոց թագաւորութեան պատմութեան մէկ մեծ բացը եւ ուրիշ հետազօտութիւններու (Կիլիկիա-Բիւզանդիա, Կիլիկիա-արաբական երկիրներ, Կիլիկիա-մոնղոլներ եւ այլն) հետ կ՚ամբողջացնէ 300-ամեայ պետութեան բարդ յարաբերութիւններու ներքին ծալքերը:

Նորութիւններէն մէկը այն էր, որ առաջին հատորին մէջ, բացի խաչակրաց արշաւանքներու եւ Արեւելքի մէջ հիմնուած լատին պետութիւններու մասին քննական ակնարկէն, մեծ տեղ յատկացուած էր 20-րդ դարու չորս ականաւոր բիւզանդագէտ-արեւելագէտներու ուսումնասիրութիւններուն, որոնց մենագրութիւններէն Կիլիկիա-խաչակիրներ յարաբերութիւններուն վերաբերող մասերը, բարձրարժէք թարգմանութեամբ, մատուցուած են հայ ընթերցողին:

Հարկ է նշել, որ մեր ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան մէջ կան փուլեր, երբ յայտնուած ենք տուեալ պահու համաշխարհային պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններու կիզակէտին: Ահա այդպիսի շրջան մըն է Կիլիկեան Հայաստանի պատմութիւնը եւ ատով կը բացատրուի XIX-XX դարերու մեծագոյն պատմաբաններու ցուցաբերած առանձնայատուկ հետաքրքրութիւնը այս նիւթին հանդէպ:

Տէր-Պետրոսեանի կատարած բուն հետազօտական աշխատանքը ամփոփուած է երկրորդ հատորին մէջ, զոր ան կոչած է պատմա-քաղաքագիտական հետազօտութիւն։ Հետազօտութեան առանցքը կամ ելակէտը իշխանութեան օրինակարգութեան առընչուող հարցերու ուսումնասիրումն է, ուստի եւ ան խորագրուած է «Գահաժառանգութեան իրաւունքը եւ իշխանութեան «լեկիտիմութիւնը» Կիլիկեան Հայաստանի մէջ»։ Իրադարձութիւններու ընկալման այս «բանալիով» նորովի կը բացուի ու կը ներկայանայ Կիլիկեան հայկական պետութեան՝ շատ մը դրուագներով քաղաքական առումով այսօր ալ ուսանելի պատմութիւնը։ Կ՚արձանագրուի երկրի քաղաքական ընտրանիին պետական մտածողութիւնը, իրատես քաղաքական միտքը, երբ իշխանները, թագաւորները խուսանաւելով, պայքարելով, զանազան դաշինքներու մէջ մտնելով, դիւանագիտական զանազան հնարքներ բանեցնելով, կարողացան բարդ աշխարհաքաղաքական շրջապատին մէջ ապահովել Մեծ Հայքէն դուրս գոյացած հայկական այս պետութեան յարատեւումը շուրջ 300 տարի:

Ասիկա մեր իրականութեան մէջ, պատմութեան նման եղանակով հետազօտման, իր տեսակին մէջ առաջին եւ անկրկնելի փորձն է, որ կը կիրարկուի նաեւ Հայոց պատմութեան ուրիշ դարաշրջաններու ու փուլերու նկատմամբ: Եթէ IV-V դարերուն վերաբերող գործերուն մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը հմուտ աղբիւրագէտ-բանասէր է, ապա XII-XIV դարերուն անդրադառնալով, անոր կը գումարուին պետական գործիչի իր փորձով ու զգացողութեամբ հարստացած՝ պատմական քաղաքագէտի ոչ պակաս խոր մասնագիտական որակները:

Պահ մը կը փորձես երեւակայել, թէ որքան հարուստ կ՚ըլլար այդ ժառանգութիւնը՝ յատկապէս միջնադարագիտական հետազօտութիւններով ու թարգմանութիւններով, եթէ յոբելեարը երբեւէ «չշեղէր» իր գիտական ուղիէն: Բայց ատիկա կը նշանակէր զրկել Հայաստանը վերջին երեսնամեակին ընթացքին իր հաւասարը չունեցող խիզախ առաջնորդէն, խոհուն պետական այրէն, իրապաշտ քաղաքական գործիչէն: Աւելին, նոյնինքն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական գործունէութեան շնորհիւ, այսօր յիշեալ մատենագիտութեան մէջ հայագիտական-ասորագիտական, բանասիրական բնոյթի հետազօտութիւններուն, աղբիւրագիտական ու բնագրագիտական արժէքաւոր աշխատութիւններուն, պատմագիտական գործերուն ու բարձրարժէք թարգմանութիւններուն կողքին, ունինք նաեւ հարուստ քաղաքագիտական ժառանգութիւն մը՝ ամփոփուած գիրքերուն, ժողովածուներուն, հարցազը-րոյցներուն ու ելոյթներուն մէջ: Այս վերջինին նշանակութիւնը դուրս կու գայ գործիչի մը քաղաքական տեսակէտերու շարադրանքին սահմաններէն եւ կ՚ունենայ համազգային-պատմական նշանակութիւն:

Յիշենք նաեւ, որ 1980-ականներու վերջաւորութեան, հայ իրականութեան մէջ, այլ դրսեւորումները չհաշուած, կար երկու հիմնական քաղաքական ուղղութիւն՝ համայնավարականը եւ «ազգային-աւանդական»ը: Այս երկուքը այնքան երկար կ՚իշխէին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, որ կարծես կը բացառէին երրորդ կամ չորրորդ ուղղութեան մը ծնունդը: Բնական կը նկատուէր, որ մէկուն տկարանալը պիտի յանգեցնէր միւսին հզօրացման, մէկուն իշխանութենէն հեռանալը պիտի նշանաւորուէր միւսին անցնիլը իշխանութեան գլուխ: Եւ ահա, 1980-ականներու վերջաւորութեան, երբ համայնավարական ուղղութիւնը հիմնաւորապէս վարկաբեկուած ու հեղինակազրկուած էր եւ կը թուէր, թէ միակ ու անմրցակից ուժը «ազգային-աւանդականն» է, անսպասելիօրէն ծնաւ նոր ուղղութիւն մը, նոր մօտեցում մը, նոր գաղափարախօսութիւն, զոր պայմանականօրէն կրնանք կոչել «ազգային-իրատեսական»: Ուղղութիւն մը, որ 1988-1990 թուականներուն ընթացքին ծրագրային փաստաթուղթերու, յօդուածներու, հարցազրոյցներու ու ելոյթներու տեսքով ձեւաւորուեցաւ կարգ մը գործիչներու մասնակցութեամբ, բայց անոնց մէջ առկայ գաղափարներու թարմութեամբ ու յստակութեամբ, կուռ շարադրանքով, գեղեցիկ ու հատու լեզուով աչքի կը զարնէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը: Եթէ սկզբնական շրջանին ան խումբ մը գաղափարախօսներէն մէկն էր, ապա յետագային եւ մինչ օրս, ան այդ ուղղութեան գլխաւոր ներկայացուցիչն է, որ միշտ պահած է սկզբունքայնութիւնը, տուրք չէ տուած իրավիճակային թելադրանքներուն կամ պատեհապաշտ հովերուն:

Շատերուն համար 1980-ականներու վերջերու այս նոր քաղաքական հոսանքի յաղթարշաւը անսպասելի էր, ոմանց համար՝ բացարձակ անընդունելի: Այս քաղաքական ուղեգիծը շուրջ մէկ տասնամեակ (1988-1998) տիրապետող էր հայ իրականութեան մէջ։ Ան դրուած էր Ղարաբաղեան շարժման, իսկ 1990-1998-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գործնական քաղաքականութեան հիմքին մէջ։ Ատոր շնորհիւ է, որ հնարաւոր դարձաւ, առանց մեծ ցնցումներու, յաղթահարել անցումային բարդ շրջանը, Ղարաբաղեան պատերազմին արձանագրել ռազմական յաղթանակներ, դիւանագիտական յաջողութիւններ, կառուցել հայկական պետականութիւնը։

Ճիշդ է, որ 1998-էն որպէս գործնական քաղաքականութեան հիմք՝ «ազգային-իրատեսական»ը տեղի տուաւ «ազգային-աւանդական»ին, բայց անոր պատմական նշանակութիւնը չնուազեցաւ: Նախ, ի տարբերութիւն միւս երկուքին, «ազգային-իրատեսական»ը Արեւմտեան Եւրոպայէն կամ Ռուսաստանէն չէր ներմուծուած, անիկա զուտ տեղական, հայաստանեան ծնունդ էր եւ որ ամենակարեւորն է, ժամանակը՝ ամենաարդար դատաւորը, անցած 30 տարուան ընթացքին, զանազան առիթներով ապացուցած է քաղաքական սկզբունքներու այդ համակարգին արդիւնաւէտութիւնը եւ գոյութեան իրաւունքը:

Բաւական է յիշատակել Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կանխատեսումները Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ՝ հայ-թրքական եւ յատկապէս Արցախեան հարցին վերաբերեալ, որոնք, ցաւօք, նկատի չառնուեցան յետագայ իշխող ուժերուն կողմէ: Առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ միջոցներու կամ սկզբունքներու որեւէ ընդհանրութիւն չի կրնար ըլլալ վաղ միջնադարու պատմամշակութային իրողութիւնները հետազօտող, մեզմէ մէկուկէս հազարամեակ հեռու երեւոյթներուն խորքերը ուսումնասիրող գիտնականին եւ այսօրուան քաղաքական գործիչին, ժամանակակից Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին միջեւ: Իրականութեան մէջ այդ ընդհանրութիւնները ոչ միայն կան, այլեւ բախտորոշ նշանակութիւն ունին: Գաղտնիք չէ, որ փոքրաթիւ ու հին ժողովուրդները ունին իրենց բարդոյթները, որոնց մէջ ամենատարածուածը բացառիկութեան ձգտումն է, որ կարծես ինքնահաստատման ձեւ մըն է: Ան, ի վերջոյ կը յանգեցնէ ազգային սնապարծութեան՝ դուրս մղելով ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը:

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գործունէութիւնը թէ՛ որպէս գիտնական եւ թէ՛ որպէս քաղաքական-պետական գործիչ, մերժումն ու հերքումն է այդ բարդոյթին: Անոր ողջ գիտական ժառանգութիւնը հիմնուած է այն գիտակցութեան վրայ, որ հետազօտողին հայրենասիրութիւնը, գիտական բարեխղճութիւնն ու մասնագիտական արհեստավարժութիւնն է՝ ազնուութիւնն ու շիտակութիւնը: Ճիշդ այս պատճառով ալ անոր ուսումնասիրութիւնները շատ բարձր գնահատուած են աշխարհի յառաջատար գիտնականներուն կողմէ: Նոյն այդ սկզբունքներուն Տէր-Պետրոսեանը հաւատարիմ մնաց, երբ մտաւ քաղաքական ասպարէզ, ամէն ինչէն վեր դասեց իրատեսական քաղաքականութիւնը, երբեք տուրք չտուաւ ամբոխահաճութեան: Անոր ելոյթներուն ու քաղաքագիտական գրուածքներուն մէջ չէք գտներ նոյնիսկ մէկ նախադասութիւն, որ գրուած ըլլայ ականջահաճոյ ըլլալու մարմաջով: Եւ այնպէս, ինչպէս միջազգային խստապահանջ գիտական հանրութիւնը ընդունեց զայն, որպէս հետազօտող գիտնական, նոյն ձեւով ճանչցուեցաւ եւ յարգուեցաւ որպէս քաղաքական գործիչ, հանրապետութեան ղեկավար ու պետական այր՝ աշխարհի մեծագոյն քաղաքական դէմքերուն կողմէ:

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, առաջին կարգին որպէս անհատականութիւն, վաղուց արդէն ընդունուած եւ լիարժէք անդամն է մեր դարաշրջանի «մեծերու ակումբի»ն եւ առանձնապէս նշանակութիւն չունի, թէ տուեալ պահին ան կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօ՞նը, թէ՞ իր հերթական գիտական հետազօտութեան վրայ կ՚աշխատի:

Մաշտոցեան Մատենադարանի ողջ աշխատակազմին անունով անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բազմավաստակ գիտնականն ու իմաստուն քաղաքական գործիչը՝ մաղթելով Մուսա լերան նման անսասան առողջութիւն, Արարատեան աշխարհի արեւշատութիւն եւ անշուշտ՝ բոլոր գեղեցիկ ծրագիրներու իրականացում:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021