Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ
Հռչակաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեան, որ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբին հետ ձեռնարկած է «Լոյս ի լուսոյ» կոչուած համերգաշարի մը, Անիի աւերակներուն եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համերգներէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ։ Բազմաթիւ արուեստասէրներ հետեւեցան համերգին, որու ժամանակ Համասեանին ինչպէս միշտ ընկերակցեցաւ Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարած երգչախումբը։ Համերգը տեւեց աւելի քան ժամ մը։
«Լոյս ի լուսոյ» ուխտի նախագիծ մըն է, որու ընթացքին Հասամեան համերգներ կը սարքէ զանազան երկիրներու հարիւր եկեղեցիներու մէջ։
Շաբաթ, Յունիս 27, 2015