Ֆէյսպուք. Բարիք Եւ Չարիք
Միջազգային մասնագէտներ, գիտնականներ եւ հոգեբաններ սկսած են աւելի յաճախ անդրադառնալ ընկերային ցանցերու օգտագործման ազդեցութիւններուն: Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը վերջերս հրատարակեց Ֆէյսպուքի առընչուած՝ Պելժիոյ ոստիկանութեան զգուշացումին, գիտական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքին, մասնագէտներու կարծիքներուն եւ հետաքրքրական փաստերու մասին հակիրճ յօդուածներ, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ:
10 ՓԱՍՏԵՐ ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ՄԱՍԻՆ
1- Ամէն օր շուրջ 350 միլիոն նկարներ կը վերբեռնուին (ափլոտ) Ֆէյսպուքի մէջ: Նկարներուն թիւը մինչեւ անցեալ Iեպտեմբերին հասած էր 250 միլիառի. իւրաքանչիւր երկվայրկեանի մէջ՝ 4000 նկար:
2- Ֆէյսպուքի տիտղոսաթերթը (լոկոն) կապոյտ է, որովհետեւ Մարք Զիւքերպերկ կանաչ եւ կարմիր գոյները չի տեսներ: «Կապոյտը ամենէն հարուստ գոյնն է ինծի համար: Ես բոլորը կապոյտ կը տեսնեմ», ըսած է Զիւքերպերկ: Գոյնը այնքան ժողովրդային եղած է, որ Ֆէյսպուքի համալիրի վաճառատունը ճիշդ նոյն երանգով նոյնիսկ եղունգ փայլեցնելիք կը ծախէ՝ «Ընկերային կապոյտ թիթեռնիկ» անուանումով:
3- Զիւքերպերկ համեստ հագուելաոճ մը ունի, թէեւ կարեւոր առիթներու պատշաճութիւնը կը յարգէ: 2011-ին Պարաք Օպամայի հետ երեկոյթի մը ան ներկայացաւ պաշտօնական զգեստով եւ փողկապով: Նախագահը ինքզինք ներկայացնելով՝ ըսաւ. «Ես Պարաք Օպաման եմ, այն անձը, որ Մարքին բաճկոն հագցնել եւ փողկապ կապել տուած է»:
4- 2006 Յուլիսին Զիւքերպերկ մերժեց Ֆէյսպուքը 1 միլիառ տոլարի Եահուին վաճառելու առաջարկը: Ան այդ օրերուն 22-ամեայ երիտասարդ էր եւ ընկերութեան 25 առ հարիւրին՝ սեփականատէրը: Զիւքերպերկ ըսած է. «Չեմ գիտեր՝ ի՛նչ կրնամ ընել այդ դրամով: Կրնամ սկսիլ ընկերային նոր ցանցի կայքի մը: Բայց արդէն իսկ գոյութիւն ունեցողը ես ձեւով մը կը հաւնիմ»: Զիւքերպերկ հաստատօրէն ճիշդ որոշումը տուած է. Ֆէյսպուքը այժմ կը գնահատուի 135 միլիառ տոլար:
5- Ըստ «ԵուԿով»ի հարցախոյզի արդիւնքին, Բրիտանիոյ մէջ Ֆէյսպուք օգտագործողներուն 75 առ հարիւրին լուսանկարները ցոյց կու տան մէկը, որ ոգելից ըմպելի կը խմէ կամ գինովցած է: Սակայն հարցախոյզին մասնակցողներէն խնդրած են նշել քանակը, եւ ինչպէս կայքին վրայ բոլոր եղածներուն պարագային, հաւանաբար կայ չափազանցութեան տարրը:
6- Ֆէյսպուքի մէջ կը գործէ կայքահէն որսալու ծրագիր՝ վայրըսի դէմ: Ճարտարագիտական այլ խոշոր ընկերութիւններու նման՝ կայքը կ՚առաջարկէ դրամական պարգեւներ այն ուսումնասիրողներուն, որոնք անվտանգութեան միջոցներով կ՚օժտեն կայքը: Նուազագոյն վճարումը 500 եւ ամենէն մեծ պարգեւը 33.500 տոլար եղած է ցարդ:
7- Բրիտանիոյ մէջ 2011-ին ամուսնալուծումներու աւելի քան մէկ երրորդը յղում ըրած է Ֆէյսպուքին: Այս մասին կը նշէ «Առցանց ամուսնալուծում» իրաւական ընկերութիւնը: Ճշգրիտ թիւերը կրնան ենթադրութիւն ըլլալ, բայց Ֆէյսպուքի շուրջ 8 եռիլիոն հաղորդագրութիւններ ուղարկուած են 2013 թուականին: Յստակ է, որ զգալի քանակով ապացոյցներ յայտնաբերուած են ընկերային ցանցին մէջ:
8- Զիւքերպերկ Թուիթըրի ջերմ համակիր մը չէ: Հակառակ շուրջ երեք հարիւր հազար հետեւորդներ ունենալուն՝ ան միայն 19 անգամ գրած է Թուիթըրի մէջ. անգամ մը՝ 2012-ին եւ մնացեալը՝ 2009-ին: Թէեւ Ֆէյսպուք կը գերազանցէ Թուիթըրը գործօն օգտատէրերու առումով (1 միլիառ՝ բաղդատած 200 միլիոնի հետ), Թուիթըր աւելի լաւ կ՚իրականացնէ արագ լրահոսը: Ֆէյսպուք ատոր հակազդելու, կամ ատոր հետ մրցելու համար ներկայացուցած է պահանջուած բնաբաններ եւ հեշթեկ (#):
9- 2008 եւ 2009 թուականներու ելեւմտական տագնապներէն ետք Իզլանտա որոշեց վերստին գրել երկրի սահմանադրութիւնը՝ քաղաքացիներէն առաջարկներ խնդրելու համար Ֆէյսպուքը օգտագործելով: Դժբախտաբար, հակառակ այս յառաջադէմ մտածողութեան, փաստաթուղթը չընդունեցին քաղաքական գործիչները:
10- Ֆէյսպուք այժմ կ՚ընդգրկէ 70 տարբեր լեզուներ:
ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԱԶԴԵԼ ԸՄԲՌՆԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Ընկերային ցանցի միջոցներով՝ Ֆէյսպուք, Թուիթըր եւ Ուէյպօ, գրութիւններու տարածումը (շեր) կրնայ գաղափար մը տալ, թէ օգտագործողները որքան լաւ կը հասկնան իրենց կարդացածը: Այս մասին կը նշէ նոր ուսումնասիրութիւն մը:
Արդիւնքը հրապարակուեցաւ, երբ Փեքին եւ Քոռնել համալսարաններու մասնագէտներ ուսումնասիրեցին ուսանողներ, որոնք կ՚օգտագործեն Ուէյպօ (Թուիթըրի նմանող չինական կայքը): Ուսանողներու երկու խումբեր նոյն բնաբանին մասին Ուէյպօ-ի 40 արձանագրութիւններ կարդացին: Սակայն այն խումբը, որուն տրուած էր նիւթերը կրկին արձանագրելու ընտրանքը, չկրցաւ այնքան լաւ կատարել, որքան՝ այդ ընտրանքը չունեցող խումբը: Առաջին խումբին անդամները կայքին մէջ իրենց տարածած նիւթին բովանդակութիւնը լիովին չէին հասկցած: Ուսումնասիրողներուն պատրաստած փաստաթուղթը, որուն վերնագիրն է՝ «Մայքրօ-պլոկինկը մեզ մակերեսային կ՚ընէ՞», հրատարակուեցաւ «Մարդկային վերաբերմունքի մէջ համակարգիչները» պարբերականին մէջ: Մասնագէտները կ՚ըսեն. «Կայքին մէջ արձագանգներու գործառոյթը կը խրախուսէ անհատները՝ արագ արձագանգելու, խլելով այն ժամանակը, որ մարդիկ այլապէս պիտի օգտագործէին իրենց ստացած տեղեկութեան բովանդակութեան մասին մտածելու եւ ատիկա իւրացնելու»:
Նման ձեւաչափով այլ փորձի մը ատեն այն խումբը, որ կայքին մէջ գրութիւնները տարածելու ընտրանքը ունէր, նոյնպէս աւելի տկար արդիւնք արձանագրեց ընթերցանութեան ըմբռնումի քննութեան մէջ: «Երբ մենք կայքին մէջ տեղեկատուութիւն մը վերստին կ՚արձանագրենք, կամ ատիկա կը տարածենք, մենք մեր ճանաչողական աղբիւրները ակամայ կը ծանրաբեռնենք, որուն պատճառով տեղեկութիւնը հասկնալու մեր սեփական ըմբռնումը կը նահանջէ՝ խոչընդոտելով մեր հետագայ ուսումը», կ՚ըսեն ուսումնասիրողները:
Անոնք կ՚եզրափակեն. «Ուսումնասիրութեան արդիւնքները կարեւոր տեսութիւններ կը տրամադրեն ընթերցանութեան եւ սորվելու հոլովոյթին վրայ համացանցային արհեստագիտութեան ազդեցութեան մասին»:
Գիտնական Քրիստիան Ճարեթ ըսաւ. «Ուսումնասիրութիւնը օրինակ մըն է այն երեւոյթին, որ հոգեբանները կ՚անուանեն՝ «միաժամանակ կատարումը համակարգչային մէկէ աւելի առաջադրանքի»: Մարդիկ երբ այսպիսի առաջադրանք կը ստանան, երկուքն ալ լաւ չեն կատարեր. մէկուն եւ միւսին միջեւ կ՚երթեւեկեն, եւ ասիկա կը դանդաղեցնէ երկու առաջադրանքներու վրայ իրենց աշխատանքը եւ կը վնասէ ըմբռնումին: Ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, որ նախքան աշխատանքի մը սկսիլը, ընկերային ցանցերու վրայ ժամանակ վատնելը վատ գաղափար է: Օրինակ՝ դպրոցէն վերադարձին, նախքան յաջորդ օրուան դասերու պատրաստութիւնը, Թուիթըրի օգտագործումը կը վնասէ աշխատանքին:
Թէեւ չի նշուիր, թէ ընկերային ցանցերը վնասակար են մեզի համար: «Ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ, որ մենք պէտք է ընկերային ցանցը խելացի օգտագործենք, որպէսզի շահինք ատոր բարիքներէն եւ խուսափինք հնարաւոր վնասներէն»:
ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ ՊԵԼԺԻՈՅ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ. ՉԱՐՁԱԳԱՆԳԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒՆ
Պելժիոյ ոստիկանութիւնը երկրի քաղաքացիները զգուշացուցած է Ֆէյսպուքի նոր արձագանգները օգտագործելէ, որպէսզի պաշտպանուին իրենց անձնական գաղտնիքները:
Փետրուարին կայքը հրապարակեց լայք կոճակի կողքին արձագանգելու վեց նոր միջոցներ, որոնք մասամբ կը պատասխանեն տիսլայք կոճակի կոչերուն՝ առիթ ընձեռելով մարդոց տարածելու նոր կարգադրութեանց մասին իրենց տպաւորութիւնները, առանց բացայայտելու, որ կ՚աջակցին ըսուածին: Սակայն Պելժիոյ ոստիկանութիւնը այժմ կ՚ըսէ, որ կայքը ատոնք իբրեւ միջոց կ՚օգտագործէ մարդոց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ որոշելու, թէ այդ մարդոց ի՛նչ ձեւով ծանուցումներ պիտի յղէ: Իբրեւ այդպիսին՝ ոստիկանութիւնը զգուշացուց մարդիկը, որ պէտք է խուսափին օգտագործելէ կոճակները, եթէ կ՚ուզեն պահպանել իրենց մասին տեղեկութիւններն ու խորհրդապահութիւնը: «Կոճակները ոչ միայն կ՚օգնեն զգացումներդ, մտածումներդ արտայայտելու, այլեւ կ՚օգնեն Ֆէյսպուքին՝ ճշդելու ծանուցումին արդիւնաւէտութիւնը քու էջիդ վրայ», գրուած է Պելժիոյ ոստիկանութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ:
«Ֆէյսպուք կրնայ այս գործիքը օգտագործել՝ ըսելու համար, որ մարդիկ երբ հաւանական է, որ լաւ տրամադրութեան մէջ ըլլան: Ապա ատիկա կ՚օգտագործէ որոշելու համար, որ լաւագոյն պահը երբ է անոնց ծանուցումներ ցուցադրելու», կը պնդէ պելժիական ոստիկանութիւնը, եւ կ՚աւելցնէ. «Կոճակներուն թիւը վեցի սահմանափակելով՝ Ֆէյսպուք ձեզի կ՚ապաւինի աւելի դիւրաւ արտայայտելու ձեր միտքերը, որպէսզի միաժամանակ ընթացող իր ծրագրաւորման աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ: Պարզապէս մաուսի հպումներով դուք անոնց կը տեղեկացնէք, որ ինչ բան ձեզ երջանիկ կը դարձնէ»:
«Ատիկա պիտի օգնէ Ֆէյսպուքին՝ գտնելու ձեր էջին վրայ կատարեալ վայրը՝ ցոյց տալու համար նիւթ մը, որ ոչ միայն կրնայ յառաջացնել ձեր հետաքրքրութիւնը, այլեւ՝ ընտրելու այն ժամանակը, երբ դուք կրնաք ներկայացնել ատիկա: Եթէ պատահի, որ դուք լաւ տրամադրութեան մը մէջ էք, ատիկա կրնայ հետեւցնել, որ դուք այժմ աւելի կրնաք ընկալել եւ ընդունակ էք ձեր էջին մէջէն հատուածներ վաճառելու ծանուցողներուն՝ բացատրելով, որ իրենք աւելի հնարաւորութիւն պիտի ունենան տեսնելու ձեր արձագանգը: Մարդիկ նշած են, որ Ֆէյսպուքի արձագանգներու գործիքը հրապարակուելէն ի վեր օգտակար եղած է ծանուցողներու: Հակառակ անոր որ կայքը յայտարարած էր, որ ատիկա միջոց մըն է առիթ տալու մարդոց, որպէսզի արձագանգեն աւելի բարդ ձեւերով, ատիկա նաեւ կը նախատեսէ արժէքաւոր տուեալներու հայթայթում Ֆէյսպուքի, թէ ինչպիսի՛ բաներ մարդիկը կ՚երջանկացնեն, նաեւ՝ զանոնք խրախուսելով, որ արձագանգեն նիւթերու, հաղորդագրութիւններու, կայքին վրայ աւելի եւ աւելի նուազ անանձնական դառնալու մտավախութեան խորապատկերին մէջ: Ատոր հրապարակումէն անմիջապէս ետք Ֆէյսպուք նաեւ հաստատեց, որ նիւթի մը կամ հաղորդագրութեան զայրացած արձագանգելը պիտի նկատուի իբրեւ որեւէ այլ տեսակի կապ ատոր հետ, քանի որ Ֆէյսպուք, որեւէ նիւթի հետ առընչուիլը, կապը կը նկատէ նշան մը, որ օգտագործողները ատոր նման աւելի շատ բաներ կ՚ուզեն տեսնել, եւ ասիկա կը նշանակէ, որ զայրացած արձագանգելը կրնայ առաջնորդել տեսնելու նման նիւթեր, որոնք նոյնպէս կրնան վաճառուիլ ծանուցողներու:
ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ԷՋԷՆ ՋՆՋՈՒԵԼԻՔՆԵՐ՝ ՔՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆԴ ՀԱՄԱՐ
Ձեզի ամբողջովին օգնելու համար Ֆէյսպուք ձեր մասին գիտէ բազմաթիւ բաներ, որոնց մեծամասնութիւնը հասանելի է բարեկամներու: Սակայն կայքին մէջ տեղադրուած եւ մատչելի տեղեկութիւնները կրնան չարամտօրէն օգտագործուիլ, հետեւաբար կարեւոր է ապահովել, որ դուք ուշադիր էք այն բոլոր տուեալներուն, որոնք հրապարակուած են: Իբրեւ այդպիսին՝ կ՚արժէ ուշադիր ըլլալ ձեր տրամադրած տուեալներուն: Կրնայ ըլլալ, որ չէք ուզեր բոլորը ջնջել, բայց ամէն պարագայի լաւ է, որ գիտնաք, թէ ի՛նչ կը տարածէք:
ՁԵՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ասիկա թերեւս Ֆէյսպուքը առաւել օգտագործելու պատճառներէն մէկն է, որ կը հաւաքէ ամէն ինչ, որ կը կարծէ, թէ կրնայ հետաքրքրել ձեզ, եւ կ՚օգտագործէ ատիկա, որպէսզի ձեզ ծանուցումներու թիրախ դարձնէ: Ատիկա կ՚ընէ երկու հիմնական ուղիներով. խրախուսելով ձեզ, որ ձեր էջին վրայ յայտնուած բաներ լայք ընէք, ապա՝ ատոր եւ կայքին մէջ ձեր գործունէութեան վրայ հիմնուած գուշակելով այլ տեղեկութիւններ: Բայց այդ տեղեկութիւնները կրնան ձեզի համար խորհրդապահական ըլլալ, կամ դուք չէք ուզեր, որ ուրիշներ գիտնան, թէ ի՛նչ կ՚ընէք: Այնպէս որ, դուք դիւրաւ կրնաք վերացնել հետաքրքրութիւնները, կամ եթէ կ՚ուզէք, Ֆէյսպուքին տալ բոլորովին այլ տուեալներ:
ՁԵՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Տարեդարձները Ֆէյսպուքին վրայ աւանդական են. ամէն ոք ձեզ կը շնորհաւորէ, եւ ատկէ անմիջապէս ետք դուք պէտք է շնորհակալական հաղորդագրութիւն մը ղրկէք: Բայց ատոնք նաեւ վնասակար ըլլալու ներուժը ունին. ձեր ծննդեան օրը, ըստ էութեան, շատ զգայուն տեղեկութիւն մըն է, որ մարդոց աւելի մատչելի կը դարձնէ ձեր դրամատնային եւ այլ անձնական հաշիւները: Այնպէս որ, աւելի լաւ է լուռ մնալ ատոնց մասին:
Կայքը կը ստիպէ ձեզի յանձնել այս տեղեկութիւնները, որպէսզի համոզուի, որ դուք բաւական չափահաս էք Ֆէյսպուք օգտագործելու: Ձեր ծննդեան թուականը կարելի է սխալ գրել, բայց ատիկա կը նշանակէ, որ մարդիկ ձե՛ր ընտրած թուականին բարի տարեդարձ պիտի մաղթեն, որմէ ետք դուք ստիպուած բացատրութիւն պէտք է տաք: Փոխարէնը՝ լաւագոյնն է պարզապէս պահել այդ տեղեկութիւնը, որպէսզի ոչ ոք տեսնէ ատիկա:
ՁԵՐ ՏԱՆ ՀԱՍՑԷՆ
Դուք հաւանաբար օտարականի մը ձեր տան հասցէն չէք տար: Բայց դուք ատիկա արկածով մը կրնաք ընել, եթէ կայքը օգտագործէք: Մարդիկ յաճախ իրենց հասցէն կը գրեն միջոցառում մը ծրագրած ատեն, կամ նոյնիսկ՝ իրենց սեփական էջին վրայ: Երբ դուք կ՚ուզէք մարդոց ըսել, որ դուք ո՛ւր կը գտնուիք, լաւագոյնն է ատիկա ընել ուղղակի, առանձին հաղորդագրութեամբ, այլապէս թերեւս ամենէն անվտանգն է տարտամ, անորոշ ըլլալ եւ նշել միայն շրջանը կամ քաղաքը, ուր կը բնակիք:
ՈՒՐ ԱՇԽԱՏԱԾ ԿԱՄ ԴՊՐՈՑ ՅԱՃԱԽԱԾ ԷՔ
Ասիկա կրնայ գեղեցիկ միջոց մը ըլլալ կապուելու նախկին գործընկերներու կամ դպրոցական ընկերներու, եւ նոյնիսկ՝ աշխատանք գտնելու: Բայց նաեւ կրնայ սարսափելի միջոց մը ըլլալ այն մարդոց համար, որոնք ձեզի կը կապուին: Ձեր էջին վրայ ձեր աշխատանքին, զբաղումին մասին բոլոր մանրամասնութիւնները երբ հրապարակուին, մարդիկ ձեզ աւելի դիւրաւ կը գտնեն, որովհետեւ դուք աւելի դիւրաւ կը յայտնուիք որոնման արդիւնքներու եւ խումբերու մէջ: Եթէ դուք կ՚ուզէք հոն պահել տեղեկութիւն, բայց ցոյց չտալ ատիկա, դուք պարզապէս կրնաք անունը քիչ մը փոխել այնպէս, որ ատիկա ոեւէ այցելուի համար ակներեւ ըլլայ, բայց մարդիկ աւելի նուազ դիւրութեամբ ձեզ գտնեն:
ՀԻՆ, ՇՓՈԹԵՑՆՈՂ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ
Ասիկա ոչ այնքան շատ անվտանգութեան կամ գաղտնիութեան մտահոգութիւն է (թէեւ կրնայ նաեւ ըլլալ), քանի որ ատիկա ձեր արժանապատուութիւնը պահելու մասին է: Որովհետեւ Ֆէյսպուքը այժմ շատ հին է, շատ փոխուած է (եւ հաւանաբար՝ դուք ալ): Ատիկա կրնայ նշանակել, որ կայքին չբացայայտուած եւ չտեսնուած բաժիններուն մէջ տեղեկութիւններ տակաւին մնացած են: Կ՚արժէ ստուգել ամբողջութիւնը, վստահ ըլլալու համար, որ չկան տարօրինակ կամ ամօթալի տեղեկութիւններու պատառիկներ, որոնցմէ դուք կ՚ուզէք ձերբազատիլ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ»