100-ԱՄԵԱԿ ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ

Այս տարի կը լրանայ 100-ամեակը սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր Վահէ Օշականի, որ ծնած է 1922 թուականին Փլովտիւ, Պուլկարիա, որդին է յայտնի գրագէտ եւ վիպասան Յակոբ Օշականի։ Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Կիպրոս եւ Երուսաղէմ։ 1933-ին աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, իսկ 1939-ին՝ Երուսաղէմի անգլիական Սեն Ճորճ քոլէճը։ 1951 թուականին աւարտած է Սորպոնի համալսարանը, Փարիզ, ուր 1968-ին պաշտպանած է տոքթորական աւարտաճառը բաղդատական գրականութեան մէջ (նիւթը՝ արեւմտահայ գրականութիւն)։

Երկար տարիներ ապրած է Պէյրութ։ 1960-1975 թուականներուն դասաւանդած է տեղւոյն Ամերիկեան միջազգային քոլէճին մէջ, 1962-1975-ին՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, 1972-1975-ին՝ «Հայկազեան» քոլէճին մէջ, ուր հայագիտական բաժնի տնօրէնը եղած է։ 1960-ական թուականներուն «Բագին» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եղած է։

Վահէ Օշական Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով, 1976-ին փոխադրուած է Ֆիլատելֆիա, ուր 1976-1982 թուականներուն դասաւանդած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնին մէջ։ 1987-2000-ին հիմնած ու խմբագրած է «Raft» հայ բանաստեղծութեան ու գրաքննադատութեան անգլերէն տարեգիրքը։ Խմբագրած է Յակոբ Օշականի «Երեք թատերախաղեր» հատորը (1991)։

Վահէ Օշական հեղինակած է բանաստեղծութեան եւ պատմուածքներու տասնեակ հատորներ. ինչպէս նաեւ գրական, գրականագիտական եւ քննադատական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ՝ մեծ ազդեցութիւն ունենալով սփիւռքահայ գրական նոր սերունդին վրայ:

Գրողին 100-ամեակին առթիւ կը ներկայացնենք անոր ստեղծագործութիւններէն։

ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔ

Այս կէսօր ալ
աստուած նստեր մահուան շուքին ճակտի քրտինք կը սրբէ
կլոր ոսկի ժամացոյցը դուրս կը հանէ կը նայի
հազարներով շրջապատեր ծալլապատիկ մտիկ կ՚ընեն հէքեաթները
որ կը ճօճուին կախուած պզտիկ զանգակներու լեզուակներէն -
սա մեր կեանքն է
պատռած ուռկան ուսէն կախ քաշկռտելով փողոցներէն կը քալենք
պոռչտացող խուժանը կը հալածէ տասը ամսու յղի պառաւ պոռնիկ մը
ջրոտ աչքով դատարկապորտ եօթը գինով
քսանչորս ժամ երկվայրկեանի տարեդարձը կը տօնենք
թեւեր նետեր հովուն մէջ բացեր մատներ մերկութեան
կարօտները կտոր կտոր անբուժելի կը կոտտան -
ախ սա կեանքը
օրօրոցէն նարօտ դրին մեզ կարգեցին գաղտագողի մութին մէջ
հիմա տունը ձգեր գացեր գիւղերը՝ եկողին հետ կը բոզանայ
գիշեր ցերեկ մէջտեղ ինկեր սոված անքուն կը փնտռեմ
ո՞վ է ի՞նչ է ոչ ոք գիտէ մարդ չէ տեսած
անթիւ ժահոտ պալարները կը սալարկեն աշխարհը
պիտի ծռիմ համբուրեմ՝
կեանքը փողոց՝ ուր լաճերը զիս ձեռք առեր կը հալածեն կը ծաղրեն
մանրանկար սուրբ անապատ՝ վարձու կու տամ մարդորսներուն
ու կը փախիմ լուսապատճէն նրբանցքներէն խարխափելով։
պարապ ճերմակ պատերուն աչքը տնկեր՝ ապուշ ապուշ կը ժպտինք
ի՞նչ գործ ունինք այստեղերը
սա լամբերը որո՞ւ հոգւոյն կը վառին
սա ի՜նչ վատնում է բախտի՝ որ հազիւ հազ ձեռք ձգեցինք
ալ հոս հասանք կարպետը խոտին փռեցինք սանտուիչները հանեցինք

ու երկնցանք
եւ արդէն լոյսի ծածկոյթ մեզ կը գոցէ տայնոսօրի զրահներով 
միջատներու ոտքերով լոյսի անտես մաշկին վրայէն կը սահինք 
հորիզոնէ հորիզոն մեզ փռեր են մեր ոտքին տակ՝ կը կոխկռտենք

կ՚արիւնինք
ու քէֆ կ՚ընենք կեանք կը կոչենք շուքեր հագած կը պտտինք

Կեանքս մութն է
մէջը կ՚իյնամ ամէն քայլի փոսեր կան ու մէջ մէջի վերջ չունին
ոչ ալ սկիզբ սա տաք ցաւին թանձր ասֆալթ թափեր են
մորթիս վրայ մրջիւններու բանակներ աշխարհ շալկեր կը պարեն
որո՞ւ հոգը մարդիկ բոպիկ քայքայումի կը վազվռտեն խելայեղ
յետոյ չկան փախեր գացեր օտարութեան մառանները
ուր զիս պատանդ կը պահեն կամ կը թաղեն կամ կը նետեն անկիւն մը
միս մինակս լուսանկարչի մութ սենեակը ներսէն դուրսէն կղպեր են
ցերեկ գիշեր գործ բան չունիս ֆիլմ լուալ չորցուր փակցուր պատին վրայ
առանց երբեք ճանչնալու ով է հոնկէ քեզ կը նայի
որո՞ւ ձայնն է բերաններու խորերէն քսան չորս ժամ քասէթները

կը դառնան 
եթէ կրնաս հասկցիր՝ կէս գիշերին դուռ զարնող կա՞յ աշխարհ գիտէ՞

թէ ողջ ես 
այդպէս կառչած գիտակցութեան անծայրածիր առագաստին 
պիրկ ու պատրաստ կը սպասէ՝ ուր է ուր է հովի
փետուր գար զիս տանէր 
սա խաւարէն լոյսէն անդին ոչ հասցէ կայ ոչ անուն-

միայն սէրը
ոսկորներու գառագեղէն ճոռթաններէն երկնքի ու խազերէն ափերուս
պառակն ի վար ժամանակի գլտորելով մինչեւ տաշտը տառապանքի
երջանկութեան բառը երբեք մի գործածեր կը մեռնի
սէրն ալ հետը կ՚անհետի ետ սեղանի բրդուճին բազմութիւնը մեկներ է
ամէն ինչը խնճոյքէն ետք կը պատահի քեզի ոչ ոք լուր կու տայ

մինչեւ գիտնաս՝ ալ շատ ուշ է պիտի կայնիս պատի մը տակ ու գիտես 
ալ պէտք չկայ լեցուն բերնով կատակ ընել ճաշի գլուխ
լուրջ լուրջ խօսիլ Պապին մասին օդակայան աճապարել վախը սրտին 
Անգործութեան Գրասենեակ շարքի անցնիլ ժամերով ու կեանքերով 
ձիւնը մաքրել դէպի փողոց ղէպի քաղաք ղէպի աշխարհ՝ որ հոն չէ 
ձեր աչքերը շատ հասարակ յուլունքներ են առուակներէն ու մայթերէն

հաւաքուած
ծղրիթները օթոները Պարոն Սեդրաք ու Վիվալտի
կոյս լռութեան նոյն կարկահի վրայ կը բանին խորհրդաւոր ու
գաղտնագիր

ի՞նչ պատգամ
որու լեզուն Ճէնկիզ Խանի դահիճները կտրեր են
ու զիս նետեր ետ մանկութեան պարտէզները ականներով լեցուն են 
հիմա մէկ մէկ կը պայթին պիտի քալես վազես խաղաս
երգէ՛ պոռա՛ այս է մարմին իմ այսպէս թափուեր մինչեւ ծայրը հորիզոնին 
մատանիին ուրտե՞ղ տանինք մենք որբացած հիւլէներ ենք բոլորս
հարս ու փեսայ զոքանչ կեսրայր քենեկալ 
տալ աներհայր կեսուր աներ քեռորդիներ ու քենի զոքանչամայր աներորդի քեռայր քեռկին
խնամախօս մակարապետ խաչեղբայր սկեսրանք ու կնքամայր

թագւորի մէր դուրս արի
տես ամէնքս ու ամէն ինչ ազգական ենք ու խնամի
հին ու տրտում օրոսպիէն որ դրանը նստեր է՝ ծունկերը բաց՝ բերնէն

շողիք հոսելով
շուայտ խենէշ հաշիշամոլ լիրբ ու լկտի բոզաւագէն 
առաքինի սիրատոչոր անմխիթար ծեր ու լքուած մայրապետէն 
մթին ու կոյս թաւուտքներէն զիրար
լափող գազաններէն
սիրտը պայթող հրաբուխէն առհաւիրքի ծովերէն լեռնակուտակ տուներէն 
ախտավարակ տիղմին մէջէն մինչեւ խորան մինչեւ սկիհ միւռոնի՝ 
սէրը մեծղի մագնիս հազար հազար փշրանք կը շողշողայ

կը փալփլայ կը դողդողայ
քարը ջուրը օդը ծառը պատը լոյսը մարդ ու միջատ՝ 
հսկայ պարապ գմբէթին տակ հաւաքուեր ենք
ցերեկ գիշեր հարսանիք կայ տավուլ զուռնան ամբողջ աշխարհ բռներ է 
թագւորի մէր հոս նայէ 
մեզի ինչպէ՞ս պիտի ճանչնաս ոչ կը տեսնես ոչ կը լսես ոչ կը դպնաս
գիրերու մէջ թաքստոցներ շիներ ենք ու պահուըտեր վանկերու տակ

կը քնանանք
հիմա խումբ խումբ կայներ ենք սքոչները ձեռքերնիս սարէն ձորէն

կը խօսինք
քիչ ետք անդէմ պաշտօնեաներ մեզմէ տոմսակ պիտի ուզեն
խօսակցութեան թելը կտրեն դուռը բանան մեզ բոլորս դարպաս քշեն
դուրսը մութին մեզի ոչ ոք պիտի յիշէ բարեւ մը տայ 
յանկարծ ձայներ պիտի կանչեն հոս հրամմէ ասդին եկուր շուտ ըրէ 
ու հարիւր ձեոք պիտի բռնեն քաշեն հրեն շարքին մէջ 
հին բազմոցն է հանրատան՝ բայց ալ չկայ սպասումը անձկութիւնը 
միջնարարը վերջ գտաւ քուլիսները ուրիշ մարդիկ կայներ են։

Ի՞նչ հասկցանք եղածէն -
կօշիկներուն կրունկները դուրսի կողմէն միշտ մաշեցան
գոց դռներուն կռթնած՝ հայհոյեցինք արտասուեցինք կարօտցանք
մազերը սեւ ներկեցինք գաղտագողի բիւր փասումա կլլեցինք
սոխ ու սխտոր չկերանք անութներուն հակաքրտինք քսեցինք
գրել կարդալ սորվեցանք այցետոմս ալ տպել տուինք
բան գիտցողի հովեր առած վստահելի լուրջ մարդու պէս
գլուխը կախ ծանր դանդաղ քայլերով գորգերու վրայ գացի՜նք եկա՜նք
անմահութեան սեւ-շուկայի Գաղտնի Բանակի մասին խօսելով
լուսանկար քաշուեցանք խաչ հանեցինք բարեւ առինք
հեռախօսելով կեանքի մահուայ սիրոյ մասին խրատ տուինք
սեւ ակնոցով եւ անժպիտ՝ մոմեր բռնած պտտեցանք իրար շուրջ՝

սակայն ոչ ոք խաբուեցաւ
ու մնացինք մարդու նման խրտուիլակներ լուռ ամայի դաշտերու մէջ

ցիր ու ցան
եկող գացող ոչ մէկ թռչուն մեզ նշմարեց
մինչ ալեւոր սերմնացանը հեռուներու մշուշներէն՝ թեւը շարժեց մեր կողմը 
բայց մէկ հատ սերմ գիտակցութեան ակօսները չհասաւ 
ու դեռ հոս եմ երեխայի պզտիկ արծաթ դգալ ձեռքիս 
բերնէս բառեր շուար անպէտ կը կախուին
խամաճիկի գոյն գոյն թելեր թնճուկ եղեր՝ բոլորն իրար անցեր են 
պատմութիւնը որո՞ւ պատմել ինչպէ՞ս պատմել այլեւս ոչ ոք կը հաւատայ
թէ արկած չէր եղածը ու հէքեաթը վերջ չունէր
կը ծփամ մակերեսին ու յատակին յաւիտեան 
փախուստ չկար սկիզբէն երբ ծուղակը կը լարէին։

Պիտի երթամ դէպի կեանք
ապառնիի սանդուխին հոն մերկ կայնած կրկնապատկեր
անկարելի ժամադրութեան ե՞րբ է ո՞ւր է աստուած՜ իմ սրճարանը չգոցուած
կէս գիշերի մայթերուն թափառելու սովալլուկ ստուեր մը 
կամ ու չկամ գոց շուկայի բազմութեան մէջ՝ պիտի ապրինք
յուշ կը ծախե՜մ...յուշ կը ծախե՜մ...ո՞վ կը գնէ...եկէք առէք...

ձրի կու տամ

ես բրուտի աթոռին շուրջ հողին ինկած փշրանքներէն շինուած եմ
հապճեպ կիսատ ձեւի բերուած մութին մէջ
մէջտեղ դրուած առանց շունչի տոկալու մինչեւ հասնիմ ուր որ է
աշխարհ
թափուած չորս կողմերը արկածահար բեռնակառքի աւազի դէզ
յուշ կը ծախե՜մ...ձեր ինչո՞ւն պէտք ով եմ ինչ եմ
ձեր պատռտած փոխնորդները բերնին հոտը թուքը քաքը կր գնեմ 
ես եմ միակ յաճախորդը ձեր կեանքին դուռը կղպեր ներսը գոգուեր

ի՞նչ կ՚ընէք
ես եմ միակ ժառանգորդը ձեր գանձերուն ուրտեղե՞րը թաղեր էք
չէ՞ք գիտեր թէ ասկէ անդին անապատը կը սկսի
կրիան ինկեր կռնակին հաշմանդամը ինքզինքին պլլուեր՝ տեղ-քայլ կ՚ ընէ
մարդիկ մէկ մէկ ռումբ-նամակներ՝ հազիւ բացած՝ ձեոքերուս մէջ

կը պայթին 
փշրանքները արձագանգը կը լեցնեն տարաշխարհիկ պղպջակը 
որ կը տարուի տանիքներէն կը գլտորի փողոցներէն

ե՛ս եմ ե՛ս եմ ատիկա
ինձմէ առաջ հոս եկած՝ աւետելու իմ գալս
ցանկը ձեռքիս՝ մեծ խնճոյքը պատրաստելու
տիեզերքի կոյր լուսարար կայծոռիկի վերջին յոյս՝
կարելի է այս անգամ երկվայրկեան մը՝ արահետը կը տեսնուի
դէպի կեանք։

ՊԷՅՐՈՒԹ-ՓԱՐԻԶ

Ջափ ջափ ջափ ջափ
Քէպապ հոտող ափերը, հարիւր քունէ արթնցած կը ծափեն ու կը ծափեն
Հաստ վիզերու ծխնիներ, գէշ խարկուած դիմագծեր ու ծանր քիթ
Սրահն ամբողջ կը կաթկթի մահամերձի տրոփներով։
Փշրեմ ճզմեմ բռունցքիս մէջ
Հիւանդ դունչերը սա մարդոց
Որ ոչ ապրեցան ոչ ալ մեռնիլ գիտեն
Պէյրութի մէջ ամէն սիւնի ու անկիւնի շուները կարգով միզեր են
Ու սակարկեր մէն մի փշրանք լումայափոխ աներձագի աշկերտին հետ
Պէյրութի մէջ պարարտ ծիծեր կը կախուին իտէալներու կուրծքերէն
Ու կը կաթին բռնաբարուած լռութիւններու բերաններուն
Պէյրութի մէջ պատանիներ կաղանդ պապան կը կապկեն կէսօրուայ մօտ
Դիակներու բերանները կռուի երգով խցեր են որ չնեխին
Քահանային միակ տղան իր հօր կաշի սեւ գօտիով առաստաղէն կը կախուի
Ու մարդակեր վարժապետներ իրենց մորթով
Պատանքի առուտուր կը սարքեն
Ջափ ջափ ջափ

Փարիզի մէջ
Պզտիկ կայծեր մոխիրին տակ կը ցատկռտեն ու կը մարին
Յոյսը տակաւին չծնած
Թանգարանի մուտքի դրան երիտասարդներ կուկուզ ըրած
Կը մուրան օրն ի բուն
Քնաշրջիկ ճամբորդներէ որոնք պատերու մէջ կը հալին
Փարիզի մէջ տարիներ դգալ դգալ կը մտցուին կոկորդն ի վար
Խանձարուրներ դեռ կը կառչին քառսուն հասած մարդոց
Մարմնին

Ալ մանչուկ չես դուրս ելիր ծօ
Քերխանաճի
Քու անցեալի որովայնի ջերմանոցէն
Փարիզի մէջ
Ծեր կիներ ֆէտայիներ կը շուլլեն սրճարանի անկիւններուն
Մինչ պատանին ֆրանսուհին կը շոյէ, թուքը կամաց մը կը կլլէ

Աս ինչ ազգ է Աստուած իմ, իր լորձունքով արբեցած, ինքն իր կեանքով գիջացող
Սիրտը դրած միջազգային աճուրդի
Լալկան ու լալկան
Հին մէզ հոտող վերմակին տակ
Կծկուած որբանոցի տնտեսուհին
Կարօտնալով ու կարծելով Հայրենիքը սիրել,
Պէյրութ Փարիզ ճամբան չ՚անցնիր Հայաստանէն
Հայաստանի նեխած ու թաց կարօտէն
Այլ կը կտրէ մեծ պողոտան պայքարներու աշխարհին
Չոր աչքերով ու ջիղերով
Չար անհամբեր ու ջղային մարդկութեան։
Ջափ ջափ ջափ

Գոց Վայրերու ինչ բնազդով սա մարդիկը ակումբներու ու
Ժամերու պատերու մէջ
Հնութիւննին կը պարտկեն,
Կը թութակեն իրար զիրար
Սայլերով դար դրան քովը պարպուելու կը սպասէ
Ներսը իրենք ճակատագրի ժամացոյցը, կոտրած մաշած կը լարեն ու կը լարեն
Սպասելով հրաշքին զոր խոստացան երկակենցաղ ճառախօսներ
Պէյրութի մէջ երեխաներ ստամոքսէն կը ծնին
Ու աղջիկներ մինչեւ գօտին կը մեծնան
Կուրծքին հասած կը ծանրանան
Ու կը կախուին դէպի քղանցք
Տղամարդիկ աղիքներու փաթթուած դէպի իտէալ կը շուլլուին
Ու հերոսի ափին մէջէն քանի մը ղրուշ կը թռցնեն
Որ արտօնուին լկտի պատմութիւն պատմելու։
Հոն սալոնը կենդանի պատկեր վերածուած թաց շրթունքներ
Հայկ Նահապետ դպրոցական պայուսակին մէջ մոռցուած։

Աս ինչ ազգ է
Որ կը գանի ինքն իր սերմէն, կը փռնգտայ իր հին փառքի
Փոշիէն
Միտքը ըրած լաթի կտոր որ քրտինքը չորցնէ...
Պէյրութ Փարիզ կը փճանաս մէն մի վայրկեան քու հեշտանքէն
Ալ կորսուէ՛ աշխարհէն
Եթէ չունիս նուէր տալիք մարդկութեան,
Յիշատակդ ալ թող անհետի
Եթէ անով պիտի ապրիս մի միայն,
Եթէ դուն քեզ ընտելացած քոյր ու եղբայր պիտի խաղաս
Բոզանոցի պատին տակը,
Եթէ միայն ծափել գիտես երբ Աշխարհը կը տագնապի ալ անկարող ծափալու
Ջափ ջափ ջափ ջափ ջափ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022