ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ ՄԸ
Հայաստանի Պետական սենեկային երաժշտական թատրոնը վերջերս Երեւանի մէջ բացօթեայ ներկայացումով մը հանդէս եկաւ՝ մանուկներու առօրեան հետաքրքրական դարձնելու նպատակով։ Մայրաքաղաքի Խանճեան փողոցին վրայ գտնուող զբօսայգիի տարածքէն ներս թատրոնի դերասանները մանուկներուն ներկայացուցին «Երեք խոզուկներու նոր արկածները» անուն խաղը։ Մանուկներու համար արդէն յայտնի այդ խոզուկներու արկածները նոր տեսանկիւնով մը ցուցադրուեցան, ինչ որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց փոքրիկ հանդիսատեսներուն մօտ։ Բեմադրիչն էր Սամսոն Ստեփանեան, իսկ ներկայացուած գործին հեղինակն ու յօրինողը՝ Վահէ Հայրապետեան։
Հայաստանի Պետական սենեկային երաժշտական թատրոնի տնօրէն Վարդան Գրիգորեան այս առթիւ նշեց, թէ իրենց թատրոնը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի վերանորոգման մէջ։ Խումբը կը փորձէ ներկայացումները չդադրեցնել եւ այս պատճառաւ նախընտրած է հիւրախաղերու այլընտրանքային ճանապարհ մը։ Այս ժամանակաշրջանին այցելութիւն մը տրուած է դէպի Արցախ։ Ղեկավարութիւնը ելքեր կը փնտռէ, որպէսզի թատրոնը չկորսնցնէ իր աշխատանքային թափը։ Իրենց խաղացանկին վրայ մանուկներու համար նախատեսուած այս ներկայացումն ալ հետաքրքրութեամբ ընկալուած է թէ՛ պատանի հանդիսատեսներուն եւ թէ անոնց ծնողներուն կողմէ։ Ուստի, առաջարկ ներկայացուած է այս ներկայացումը ցուցադրել նաեւ բացօթեայ ձեւաչափով։ Իրականութեան մէջ, այս ներկայացումը բոլոր տարիքներէ մարդոց համար է։ Ան կ՚անդրադառնայ բազում ընդհանրացած հարցերու. օրինակ՝ այն աստղերուն, որոնք քիչ մը հանրայայտ կը դառնան, կը սկսին դուրս գալ իրենց բուն կերպարէն ու կը փոխուին։
«Աստղ դառնալէ վերջ անկում ունենալն ալ կայ։ Ներկայացման մէջ մեր բոլոր երեք խոզուկները անտառի աստղեր են, երգեր գրած են, որպէս աստղ, այլեւս չեն փափաքիր ապրիլ իրարու հետ։ Իսկ գայլը երգ կը գրէ, կը փորձէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ներկայացնել զայն իմանալու համար, որ կը հաւնի՞ն, թէ ոչ։ Բայց, որպէս աստղեր, անոնք կը մերժեն, նոյնիսկ հաւնելու պարագային։ Սա բաւական արդիկան նիւթ մըն է։ Մեր ստեղծագործող երիտասարդներն ալ յաճախ կը ջլատուին», նկատեց Հայաստանի Պետական սենեկային երաժշտական թատրոնի տնօրէ Վարդան Գրիգորեան։