«ԿՐԵՄՄԻ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Լոս Անճելըսի «Կրեմմի» թանգարանը որոշած է նիւթական միջոցներ յատկացնել՝ հայկական ձայնագրութիւններու թուայնացման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս թանգարանը դրամաշնորհի տեսքով 200 հազար ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ ԱՄՆ-ի մէջ 15 մասնակցի՝ զանազան նիւթերով ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ արխիւացման եւ պահպանման շարք մը ծրագրերու աջակցելու համար։

Այս ամբողջին մէջ Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտութեան կեդրոնին պիտի յատկացուի 5 հազար ամերիկեան տոլարի չափով դրամաշնորհ՝ հայկական երաժշտական եզակի ստեղծագործութիւններու ձայնագրութիւններու թուայնացման համար։

«Այս նախագիծը կեդրոնացած պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական սփիւռքի՝ գրեթէ 1500 ձայնագրութեան գոյքագրման եւ կատարելագործման վրայ։ Տեղւոյն ձայնագրութիւնները կը հիմնաւորեն հայերու վաղ պատմութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հաւաքածոն կը ներկայացնէ երաժիշտներու ձայներ, որոնց ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կարգավիճակը զանոնք հարկադրած է լքել իրենց հայրենիքը», նշուած է թանգարանի կայքէջին վրայ։

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019