ԿԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃԱ՞Ծ
Վերջերս միջազգային զանազան աղբիւրներու մէջ հաղորդուած է, որ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով սահմանուած մեկուսացման պայմաններու ներքեւ աճ արձանագրած են կիներու դէմ բռնութեան դէպքերը։ Այս մասին պաշտօնական թիւեր չեն հրապարակուած, սակայն մանաւանդ եւրոպական երկիրներու մէջ պետական մակարդակով խոշորացոյցի տակ առնուած է վերոյիշեալ ցաւալի ընկերային հարցը։
Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին ալ տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը հրատարակեն բռնութեան ենթարկուած, նոյնիսկ բռնաբարուած, վայրագօրէն սպաննուած կիներու մասին լուրեր, որոնք բաւական մտահոգիչ իրականութիւնը կը պատկերացնեն, թէ ներկայ դարուն, տակաւին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու հիմնական հարցերէն մին կը հանդիսանայ կանանց դէմ բռնութեան եւ սեռային անհաւասարութեան հարցը։ Կարելի՞ է ըսել, թէ այս հարցը դեռ երկար ժամանակ շարունակէ մնալ «անլոյծ»։
Կանանց ուղղուած բռնութիւնը յաճախ կը ծագի սեռային անհաւասարութենէ։ Հետեւաբար անոնք զերծ կը մնան հաւասար իրաւունքներէ եւ հասարակական կեանքի լիարժէքօրէն մասնակցելու հնարաւորութենէ, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ ո՛չ միայն անձնական, այլ նաեւ հաւաքական լուրջ հետեւանքներու։ Սեռային խտրականութիւնը կրնայ յառաջանալ ընտանեկան պարտականութիւններու անհաւասար բաշխումով, աշխատանքային ասպարէզէ ներս՝ համարժէք աշխատանքի փոխարէն տարբեր վարձատրութեամբ, զանգուածային լրատուութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի միջոցով սեռային կարծրատիպերու դրսեւորմամբ, պարտադրուած ամուսնութիւններով…
Կիներու նկատմամբ բռնութեան մասին դժուար, թէ գտնել վաղ ժամանակներէն տուեալներ, սակայն յստակ է, որ բռնութիւններու մեծ մասը ընդունուած, խրախուսուած եւ նոյնիսկ իրաւաբանօրէն հաստատուած է։ Օրինակ՝ հին հռոմէական օրէնքը տղամարդոց թոյլ տուած է պատժել իրենց կոկակիցը՝ մինչեւ մահ։ Այժմ եւս կան բանավէճեր եւ մեկնաբանութիւններ, թէ կին մը ինչպէս պէտք է վար-ւի ըստ մշակութային աւանդութիւններու, տեղւոյն սովորութիւններու, ընկերային ակնկալիքներու… Որոշ երկիրներու մէջ կիներու դէմ գործուած բռնութիւնը կը փորձուի արդարացուիլ մշակոյթով՝ այն միտումով, թէ այդպէս կը պաշտպանուին այդ ժողովուրդի աւանդութիւնները։
Սեռային հաւասարութիւնը կեանքի անբաժանելի մասն է եւ անթոյլատրելի պէտք է ըլլայ խտրականութիւնը որեւէ ձեւով։
Սեռային հաւասարութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ մարդոց, անկախ սեռէ, ազատօրէն իրենց ներդրումը բերելու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ հասարակական կեանքի այլ ոլորտներէն ներս։ Հաւասարութիւնը չի նշանակեր, որ կիներ եւ տղամարդիկ պէտք է նմանօրինակ դառնան, այլ՝ կը նշանակէ, թէ կիներու եւ տղամարդոց իրաւունքները, պարտականութիւններն ու հնարաւորութիւնները պէտք չէ հիմ-նըւած ըլլան իրենց սեռին վրայ:
Կանանց նկատմամբ բռնութիւնը կանխելու նպատակով բազմաթիւ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են։ Հասարակութեան ուսուցումը եւ բռնութեան հետեւանքներու մասին իրազեկումը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել բռնութեան եւ խտրականութեան դէպքերը։ Ամենաէականն է նախ փոխել մտածելակերպը։ Երբ կին մը բռնութեան ենթարկուած է եւ կ՚ուզէ իրաւական գետնի վրայ պաշտպանել իր իրաւունքները, կ՚ըլլան մարդիկ, որոնք կը փորձեն բռնութեան պատճառը գտնել կնոջ արարքներուն մէջ։ Անոնք կը հաւատան, թէ կնոջ գործած որեւէ արարք պատճառ եղած է իր բռնութեան եւ իրաւունքներու ոտնահարման։ Նախ եւ առաջ այս մտածելակերպը պէտք է փոխուի, քանի ինչ ալ պատահած ըլլայ, ինչ սխալ ալ գործած ըլլայ կինը, չ՚արդարացներ բռնութիւնը։ Թէեւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ սահմանուած են կիներու դէմ բռնութիւնը արգիլող օրէնքներ, սակայն կարգ մը կազմակերպութիւններու տուեալներու համաձայն, կիներու 35 տոկոսը (որոշ երկիրներու մէջ 70 տոկոսը) կ՚ենթարկուին թէ՛ հոգեկան եւ թէ ֆիզիքական բռնութեան։ Ըստ ՄԱԿ-ի կատարած վերջին հետազօտութեան տուեալներու, իւրաքանչիւր երեք կիներէ մին կ՚ենթարկուի սեռային կամ ֆիզիքական բռնութեան։
Աշխարհի բազում երկիրներու մէջ օրէնքները հաւասար են իրենց իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, սակայն իրականութեան մէջ հաւասար հնարաւորութիւններ չկան եւ կիներու դէմ խտրականութիւնը բարձր է: Իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է համապատասխան պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ ապահովուի սեռային իրաւահաւասարութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ