Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ
Ոմանց կը թուի, թէ հայ ազգի, հայոց պետականութեան համար ներկայ անորոշ ու խիստ վտանգաւոր ժամանակաշրջանին՝ հայոց եկեղեցին, հոգեւորականութիւնը մատնուած են անգործութեան: Չարաչար կը սխալինք: Եկեղեցին ու հոգեւորականութիւնը օր ու գիշեր կը տանին քրտնաջան աշխատանք: Լծուած են սրբազան գործի՝ Աստուծոյ խօսքը, պատգամը կը տարածեն: Երկուստեք կը փորձեն բանալ, բուժել մեր հոգիներու կուրացած աչքերն ու խլացած ականջները: Կ՚աղաղակեն, սակայն ոչ բոլորին հասու է Տիրոջ հովիւներու ձայնը:
Իւրաքանչիւր քարոզի, խօսքի մէջ եկեղեցին ու հոգեւորականութիւնը կը բարձրաձայնեն մեզի հասու ու վերահաս անյաջողութիւններու, վտանգներու ակունքներուն մասին: Կը մանրամասնեն, թէ ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ այս բոլորը, ինչպիսի՞ վիճակի մէջ կը գտնուինք մենք այսօր եւ ի՞նչ կրնանք ընել այս իրավիճակէն դուրս գալու համար:
Յիրաւի, պատերազմի պատճառը մեր անյատակ մեղքերն են: Հայ ժողովուրդի ստուար զանգուածի այսօրուայ մոլորութիւնը նոյնպէս կը բխի անթիւ ու անհամար մեղքերէ: Իսկ բուժում, յառնում կրնայ տեղի ունենալ՝ միայն դառնալով դէպի Աստուած:
Իմ հոգին կը փառաւորուի, երբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս իմ ընկերներէն, բարեկամներէն, ծանօթներէն ոմանք կամաց-կամաց կը դառնան դէպի Աստուած: Կը սկսին ունկնդրել մեր հոգեւորականները: Դիմատետրի վրայ կը բաժնեն անոնց խորհուրդները, զգուշացումները:
Արմէն Հարեյեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կիսասարկաւագ մըն է, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն ներս, Շարլոթ քաղաքին մէջ: Համացանցային զանազան հարթակներու վրայ ան ունի աւելի քան 100 հազար հետեւորդ: Ամէն օր քանի մը անգամ Արմէն կը տարածէ Աստուծոյ խօսքը, սթափութեան, ապաշխարութեան կոչեր կը յղէ մեր ժողովուրդին:
44-օրեայ պատերազմէն վերջ ան քանի մը անգամ այցելեց Հայաստան ու Արցախ: Հրաւիրուեցաւ զանազան եկեղեցիներու մէջ քարոզելու: Ստորեւ կ՚ուզեմ բաժնել վերջերս Արմէն Հարեյեանի տարածած քարոզը, զոր բխած է իմ սիրտէն.
«Ի՞նչ պատահեցաւ մեր ազգին: Ինչո՞ւ մենք այսքան իջանք, գլորեցանք, փոքրացանք ու մոլորուեցանք: Ախր չէ՞ որ խոստումի ժողովուրդ մըն ենք: Ախր չէ՞ որ Նոյի հետնորդներն ենք ու Աստուած ուխտ մը ըրած է Նոյին հետ: Աստուած օրհնեց Նոյն ու անոր որդիները եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք ու լեցուցէ՛ք երկիրը» (Ծն. 9:1): Աստուած ըսաւ Նոյին ու իր որդիներուն. «Ահաւասիկ ես կը հաստատեմ իմ ուխտը ձեզ հետ եւ ձեզմէ յետոյ ձեր սերունդի հետ» (Ծն. 9:8-9)»:
Մեր նախահայր Հայկն ալ եկաւ Նոյի մօտ, հաւատալով Աստուծոյ ու այս ուխտին: Ըսեմ աւելին, մենք՝ քրիստոնեաներս ընտիր ենք եւ սուրբ: Մենք կը համարուինք Տիրոջ սեփական ժողովուրդը: Այս մասին կ՚ըսէ Պետրոս առաքեալ: Ան իր առաջին նամակին մէջ կը գրէ. «Սակայն դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ, որպէսզի Անո՛ր առաքինութիւնները քարոզէք, որ ձեզ խաւարէն դէպի իւր սքանչելի լոյսը կանչէք» (Ա Պտ. 2:9): Ուրեմն ի՞նչ եղաւ: Ինչո՞ւ այսքան գլորուեցանք ու կորսուեցանք: Հա՛յ ժողովուրդ, մենք հեռացած ենք Աստուծմէ: Այս իսկ պատճառա՞ւ այդ խոստումները տեղի չեն ունենար մեր կեանքին մէջ: Մենք հեռացած ենք Աստուծմէ, այդ իսկ պատճառաւ այսքան փոքրացանք ու նուաստացանք: Եթէ դուն կ՚ուզես, որ Աստուծոյ խոստումները կատարուին քու կեանքիդ մէջ, դուն պիտի երթաս այն ճանապարհով, զոր կը ցուցնէ Տէրը՝ այլ ոչ քու ուզած ճանապարհով: Եթէ դուք կ՚ընթանաք Աստուծոյ հակառակ, ինչպէ՞ս կրնաք սպասել, որ անոր խոստումները իրականանան ձեր կեանքին մէջ: Դուք հագուստ ու կօշիկ գնելու ժամանակ աւելի երկար կը մտածէք՝ քան ձեր կեանքի իմաստին մասին: Մարդոցմէ շատեր հաց ու կերակուր պատրաստած ժամանակ աւելի երկար կը խորհին՝ քան իրենց կեանքի նպատակին մասին:
Ժողովուրդ, պէտք է մտածել, թէ մենք ո՛վ ենք եւ ինչո՛ւ կ՚ապրինք, կը տառապինք ու կը համբերենք այս երկրի վրայ: Մեր կեանքը՝ աշխատանքի երթալ, հաց ուտել ու գնել չէ միայն, այլեւ շատ աւելին: Իսկ այս բանը հասկնալու համար անհրաժեշտ է խոկալ ու պարզ հարցում մը տալ սեփական անձին. ինչո՞ւ կ՚ապրիմ: Ո՞րն է իմ աշխարհ գալու նպատակը: Ուրկէ՞ կու գամ, ո՞ւր հասած եմ եւ ո՞ւր կ՚երթամ:
Մենք գլորուեցանք, քանզի հեռացանք Աստուծմէ: Մենք քչացանք, քանզի վիժումով սպաննեցինք միլիոնաւոր չծնած հայ մանուկներ: Մենք չենք յաջողիր իրագործելու մեր ազգային նպատակները, վերակառուցելու ու հզօրացնելու պետութիւնը, քանզի մենք ճանապարհ ինկած ենք առանց Աստուծոյ: Մի՛ համեմատէք մեզ ուրիշ ազգերու հետ: Մենք բացառիկ չենք, սակայն խոստումի ժողովուրդ ենք: Մենք պէտք է համեմատուինք միայն մեր երէկուայ օրուան հետ: Թէ արդեօք այսօր աւելի՞ մաքուր ենք՝ քան երէկ:
Հայ ժողովուրդ, վերադարձիր դէպի քու Տէր Աստուածը: Ջանա՛ ապրիլ Աստուծոյ պատուիրաններով ու պիտի տեսնես, թէ ինչքան օրհնութեամբ պիտի լեցուի քու կեանքը: Հայ ժողովուրդ, քիչ մը Աստուծոյ երկիւղը ունեցիր ու սիրէ քու Տէր Աստուածը, քու ամբողջ սրտով եւ քու մերձաւորը՝ ինչպէս քու անձը: Վարուելով այսպէս, պիտի տեսնես, թէ ինչպէս կը վերանորոգուիս դուն եւ կը վերակառուցուի քու երկիրը:
Հայ տղամարդ, դուն առաջնորդէ քու կինը եւ երեխաները դէպի Տէր Յիսուս Քրիստոս: Ու պիտի տեսնես, թէ ինչպէս կը զօրանաս դուն ու կ՚ուժեղանայ քու երկիրը: Իսկական տղամարդու գործը իր ընտանիքը դէպի Աստուած առաջնորդելն է: Տիրոջ պատուիրաններով, Տիրոջ հետ ապրիլն է եւ ո՛չ երբեք պոռոտախօսութիւնը, գոռոզութիւնը կամ յուսահատութիւնը: Առաքեալը կ՚ըսէ. «Հաստատուն կեցէք, տղամարդու պէս եղէք ու քաջացէք» (Ա Կթ. 16:13): Այսինքն՝ քաջ տղամարդը հաւատքի մէջ հաստատուն մարդն է: Այդ իսկ պատճառաւ կ՚ըսեմ՝ տղե՛րք, ձեր կեանքը ապրեցէք Քրիստոսի հաւատքով: Ճանչցէք Աստուածը՝ ինչպէս մարգարէներն ու Աստուածաշունչի տղամարդիկ, որպէսզի կարենաք առաջնորդել ձեր կանանց ու երեխաները դէպի Աստուած: Այդ է իսկական տղամարդու գործը: Այսպիսի տղամարդու հետ է Աստուծոյ ձեռքն ու օգնութիւնը:
Կին թէ տղամարդ, մեծ թէ երեխայ, աղօթքի ձեռքեր բարձրացուցէք առ Աստուած եւ ըսէք. «Տէր, մենք կը դառնանք դէպի քեզ, ներէ մեր մեղքերն ու անօրէնութիւնները: Տէր, այց կատարէ մեզի եւ բուժէ մեր վէրքերը: Տէր, դուն կառուցէ հայոց պարիսպներն ու պահպանէ մեզ չարէն: Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, ողորմեա մեզ»:
Չորրորդ դարուն, երբ մեր ազգը դարձաւ Քրիստոսին, մենք շուտով ապրեցանք Ոսկէ դար: Այժմ ալ եթէ այս սերունդը դառնայ Քրիստոսին, մենք դարձեալ պիտի ապրինք ոսկէ դար մը: Ու այդ դարձը պիտի սկսի ինձմէ ու քեզմէ: Ես սկսած եմ: Դուն ալ սկսէ: Եթէ չես սկսած, այսօր քու կեանքը դարձուր դէպի Քրիստոս եւ փնտռէ զայն: Իսկ եթէ դուն ալ այլեւս դարձած ես դէպի Քրիստոս, ապա շարունակէ ապրիլ աղօթքով ու ամէն օրդ աւելի կատարելագործէ բարութեան ու սրբութեան մէջ եւ պիտի տեսնես, թէ ինչպիսի գործեր կ՚ընէ մեր երկնաւոր Հայրը Հայաստան աշխարհին մէջ՝ հայոց մէջ: Տէր, օգնէ, որ մեր ազգը դառնայ դէպի քեզ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ