ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

«Կո­մի­տա­սը եւ միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նը ե­րէկ սկսաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ձեռ­նար­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման առ­թիւ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րի «Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան» դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր հա­մերգ մը։ Փա­ռա­շուք ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին մեկ­նա­բա­նուե­ցաւ Մեծ Վար­դա­պե­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ որ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ունկն­դիր­նե­րուն վրայ։ Դահ­լի­ճը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուն էր։

Զա­նա­զան խում­բե­րու շար­քին, այս փա­ռա­շուք ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բը՝ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու խմբա­վար Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։

Գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նին ծրա­գի­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի շուրջ եր­կու շա­բաթ։

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016