ԿԻՆԵՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայկական մամուլի եւ լրահոսի ամենադաժան լուրերը սահմանէն հասնողն են: Հազարաւոր մարդիկ իրենց շունչը բռնած կը հետեւին այդ լուրերուն, եւ ցաւ ի սիրտ, գրեթէ ամէն շաբաթ զոհուած զինուորի մը լուրը կը կարդան… Սեւազգեստ մայրերուն եւ երիտասարդ կիներուն թիւը կ՚աճի, որբացած մանուկները կը սպասեն ծառայութենէն տուն դառնալիք իրենց հայրերուն… Երկիրը կը ծանրանայ նոր ցաւերու տակ: Ասիկա մղձաւանջ մըն է, որ քսանհինգ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի եւ վերջ չունի… Անթիւ հայորդիներ անցնող քսանհինգ տարուան ընթացքին զոհուեցան սահմանի վրայ, զոհուեցան, երբ պատերազմ կար, եւ մենք այդ նահատակութիւններուն սովորական աչքով կը նայէինք, որովհետեւ պատերազմական վիճակ կար: Բայց ահա այսօր նոյնպէս զինուորներ կը զոհուին, երբ յարաբերաբար խաղաղ է:

Հայաստանի Հանրապետութեան նոր պատմութեան մէջ այս բաց վէրքը միշտ կայ եւ անընդհատ կը մղկտայ: Բազմիցս յայտարարուած է հրադադարի, անհիմն կրակոցներու դադրեցման, երկու կողմէն անմեղ զոհեր չտալու եւ նոր ողբերգութիւններ չաւելցնելու մասին, սակայն մղձաւանջը կը շարունակուի…

Այս անգամ ցաւոտ ու տխուր այս նիւթին անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետին տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, երկու ամիս առաջ Մոսկուայի մէջ յայտարարելով «Կիներ յանուն խաղաղութեան» միջազգային արշաւին մասին: Ան 24 յուլիսին, Մոսկուա կատարած իր այցի ծիրէն ներս, հանդիպած է ռուսատանեան զանազան ոլորտներու կարգ մը կին գործիչներու հետ եւ յոյս յայտնած, որ իր խնդրանք-առաջարկը դրական արձագանգ մը կը ստանայ:

Տեղեկացնելով իր նախաձեռնած «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւին մասին՝ Աննա Յակոբեան խնդրած է իր խօսքը ընդունիլ բացառապէս որպէս կնոջ եւ մօր խօսք ու աջակցիլ խաղաղութեան արշաւին: Վարչապետին տիկինը յայտարարած է, որ իր նախաձեռնութեան հիմնական առաքելութիւնը արցախեան հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման նպաստելն է։ (Ելոյթը տեսնել յարակից սիւնակին մէջ)։

Աննա Յակոբեան վերյիշած է 2016 թուականի քառօրեայ պատերազմին օրերը, երբ ինք, ըլլալով լրատուամիջոցի ղեկավար, հետեւած է թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական լրահոսին, դիտած հաղորդումները եւ հասկցած, որ ազէրի զինուորները ոչինչով կը տարբերին մեր զինուորներէն, անոնց աչքերուն արտայայտութիւնը նոյնն էր՝ սարսափած եւ անհանգիստ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակցը ըսած է, թէ յայտնուելով պետութեան ղեկավարի տիկնոջ դերին մէջ, ինք չի կրնար լռել եւ իր ձայնը չբարձրացնել յանուն խաղաղութեան:

Այս նպատակով Աննա Յակոբեան Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ իրեն հետ հանդիպման հաւաքուած ազդեցիկ տիկինները հրաւիրած է այցելել Հայաստան եւ Արցախ ու խաղաղութեան կոչը հնչեցնել նաեւ այնտեղէն։ Այնուհետեւ խնդրած է նաեւ, որ այդ տիկինները գործածեն այս կոչը Ատրպէյճանէն հնչեցնելու իրենց հնարաւորութիւնը:

Հանդիպման մասնակիցները յուզումով եւ ջերմօրէն ունկնդրած են Աննա Յակոբեանի ելոյթին ու պատրաստակամութիւն յայտնած՝ միանալու արշաւին եւ միաւորելու իրենց ձայները յանուն տարածքաշրջանի եւ աշխարհի ուրիշ թէժ կէտերու վրայ խաղաղութեան հաստատման։ Յուլիսեան այս հանդիպման մասնակցած են Ռուսաստանէն երեսփոխան կանայք, Դաշնային խորհուրդի պաշտօնեաներ, բարեսիրական հիմնադրամներու ղեկավարներ, դեսպաններու կիներ, լրագրողներ եւ այլ ազդեցիկ գործիչներ:

Ահաւասիկ, խաղաղութեան արշաւի յաջորդ ելոյթը Աննա Յակոբեան ունեցած է վերջերս՝ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կայացած Կանանց Եւրոասիական համաժողովին ընթացքին: Աննա Յակոբեան Սեն Փեթերսպուրկ մեկնած էր Ռուսաստանի Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հրաւէրով: Վերջինս համաժողովի նախաձեռնողն էր, իսկ Կանանց Եւրոասիական համագումարը այս տարի կը կրէր «Կանայք՝ յանուն համընդհանուր անվտանգութեան եւ կայուն զարգացման» խորագիրը:

Այս համաժողովը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2015 թուականին եւ առաջին իսկ համաժողովը ցոյց տուած է, թէ որքան կարեւոր է այսօր կանանց դերը ժամանակակից օրակարգին մէջ: Կանայք այսօր աշխուժօրէն կը ներգրաւուին քաղաքականութեան, տըն-տեսութեան, հակամարտութիւններու լուծման ոլորտներուն մէջ եւ կարգ մը պարագաներու իրապէս անփոխարինելի կ՚ըլլայ անոնց ներկայութիւնը: Կանանց դերը կայուն զարգացման գործընթացին մէջ կարեւորած է նաեւ ՄԱԿ-ը՝ մինչեւ 2030 թուականի կայուն զարգացման ծրագրին առաջնային կէտերէն մին համարելով կանանց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն ու սեռերու հաւասարութիւնը:

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ սեպտեմբերի 19-21 թուականներուն տեղի ունեցած համաժողովը մէկ յարկի տակ հաւաքած էր եւրոպական եւ ասիական երկիրներու ազդեցիկ կանայք, որոնք ոչ միայն քաղաքականութիւն եւ մտածողութիւն կը փոխեն իրենց երկիրներուն մէջ, այլ նաեւ ազդեցիկ են համաշխարհային մակարդակով։ Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մասնակիցներու կազմին մէջ էին զանազան երկիրներու խորհրդարաններու երեսփոխաններ, գործադիր մարմիններու, գործարար համայնքի, գիտակրթական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, միջազգային կանանց շարժման հեղինակաւոր բազմաթիւ գործիչներ՝ ընդհանուր թիւով 120 երկիրներէ 2000 կին: Անոնք խօսած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, սահմանային հակամարտութիւններու, թշնամութիւններու վերացման մասին. նշելով, որ այս բոլոր չլուծուած հարցերը հասարակութիւններու մէջ կը յառաջացնեն ընկերային, տնտեսական մեծ ճգնաժամեր:

Համաժողովը տեղի ունեցած է Սեն Փեթերսպուրկի Տաւրիկեան պատմական պալատին մէջ: 1783-1789 թուականներուն Եքաթերինա Բ. կայսրուհիի հրամանով կառուցուած այս պալատին մէջ անցնող դարերուն տեղի ունեցած են դարակազմիկ հանդիպումներ, պատմական իրադարձութիւններ: Պալատը հիւրընկալած է աշխարհի տիրակալներ, կայսրեր, իշխաններ, արուեստագէտներ եւ պատմութեան մէջ նշանակալի դեր ունեցող մարդիկ: Այս անգամ պալատին հիւրերն էին 21-րդ դարու կանայք, որոնք մեծ ցանկութիւն ունէին աշխարհը տեսնել առանց պատերազմներու:

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, ողջունելով կին գործիչները ըսած է, թէ ներկաներէն շատեր փայլուն օրինակներ են տղամարդոց համար:

Հայաստանի պատուիրակութենէն Աննա Յակոբեանի ելոյթը ունկնդրուած է մեծ գը-նահատանքով եւ ողջունուած՝ խաղաղութեան ուղղուած անոր ջանքերը: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է ամենակարեւորին՝ մարդուն ապրելու իրաւունքին վրայ, որ այսօր խախտած է պատերազմներու եւ ահաբեկչութեան պատճառով:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երկար տարիներ սառեցուած էր, սակայն 2016 թուականի ապրիլին վերսկսան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, հակառակ որ անոնք տեւեցին 3-4 օր, սակայն 18-20 տարեկան հարիւրաւոր հայ եւ ազէրի կեանք խլեցին: Բազմաթիւ մայրեր կորսնցուցին իրենց որդիները: Սահմանի վրայ այսօր ալ անհանգիստ վիճակ մը կը տիրէ, մեծ է հաւանականութիւնը, որ յանկարծ վերսկսին ռազմական գործողութիւնները: Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին հայկական կողմը ստիպուած էր ոչնչացնել ատրպէյճանական կրակակէտեր, որուն հետեւանքով ազէրի զինուորներ զոհուած են: Ինծի համար ցաւալի է խօսիլ այդ մասին, ցաւալի է խօսիլ կորուստի մասին, անկախ այն հանգամանքէն, որ այդ կորուստը հայկակա՞ն, թէ՞ ատրպէյճանական կողմէն է…», ըսած է Աննա Յակոբեան եւ խնդրած՝ միանալ տարածքաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու իր արշաւին:

«Ես կը հասկնամ, որ քաղաքական նկատառումները կամ հասարակական ճնշումը կրնան խանգարել միանալու այս նախաձեռնութիւնը, բայց եթէ մենք՝ այստեղ ներկայ գտնուողներս, կը փափաքինք հասնիլ արդիւնքի մը եւ եթէ այսպիսի շքեղ դահլիճներու մէջ տեղի ունեցող ելոյթներէն ետք չենք պատրաստուիր ելլել ու պարզապէս երթալ, ուրեմն պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնենք եւ աջակցինք աշխարհի զանազան անկիւններու հակամարտութիւններու լուծման:

«Յամենայնդէպս, արցախեան հակամարտութեան պարագային այդ հնարաւորութիւնը իսկապէս գոյութիւն ունի: Քառօրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուածներու հայ մայրերը ազէրի զինուորներու մայրերուն կոչ կ՚ընեն միանալ նախաձեռնութեան: Ռազմի դաշտին մէջ երեխան կորսնցուցած մայրը վրէժ չի տենչար, այլ իր քայլը կը կատարէ, որպէսզի պահպանէ միւսներուն կեանքերը: Մենք միասին կրնանք մարել արցախեան հակամարտութիւնը, զէնքը պահեստ ուղարկել, որ հոն ժանգոտի եւ կրնանք խրախուսել տղամարդիկը՝ պայքարիլ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ միտքի եւ խօսքի ուժով», իր ելոյթով ներկաները յուզած է Աննա Յակոբեան:

Աջակցութեան ակնկալիքով՝ Աննա Յակոբեան անձնական նախաձեռնութեամբ հանդիպած է Ղազախիստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան նախագահ Տարիկա Նազարպայեւին, որ Ղազախիստանի երկարամեայ ղեկավար Նուրսուլթան Նազարպայեւի դուստրն է: Ան հանդիպած է նաեւ Վիեթնամի փոխ-նախագահին: Վերջինս յառաջիկային պիտի այցելէ Հայաստան, մասնակցելու համար Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ համաժողովին, որուն մասնակցելու համար Հայաստան պիտի գան բազմաթիւ ղեկավարներ: Աննա Յակոբեան հանդիպած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խորհուրդի կին ղեկավարին եւ այլոց հետ:

Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ան ներկայացուցած է արցախեան հակամարտութեան հանդէպ իր մօտեցումը, հաստատած իր խնդրանք-առաջարկը՝ աջակցիլ խաղաղութեան իր երթին:

Մինչ Սեն Փեթերսպուրկ մեկնիլը Աննա Յակոբեան Երեւանի մէջ հանդիպած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի զոհերու մայրերուն հետ եւ նոյնպէս յայտնած է իր պատրաստակամութիւնն ու աջակցութիւնը՝ վերջիններուս գործունէութեան: Ապրիլեան զոհերու մայրերէն Համեստ Ուրֆանեան իր որդիին անունով ստեղծած է «Արմենակ Ուրֆանեան» բարեսիրական հիմնադրամը, որ պիտի նպաստէ զոհերու ընտանիքներու կարիքներու բաւարարման: Աննա Յակոբեան կոչ ըրած է Հայաստանի բոլոր ապօրինի հարստացողներու կանանց՝ իրենց զարդերէն մաս մը նուիրաբերել այդ հիմնադրամին եւ հանգիստ խղճով շարունակել իրենց կեանքը...

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԸ

Շնորհակալ եմ մեր հրաւէրին արձագանգելու եւ այսօր ձեր ներկայութեան համար։ Ուրախ եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին հետ անձամբ ծանօթանալու հնարաւորութեան համար։ Ինծի համար իրաւ մեծ պատիւ է իմ միտքերս կիսել Ձեզի հետ։ Ես կ՚ակնկալեմ, որ դուք իսկապէս կը հասկնաք զիս, իմ պատճառարկութիւնը եւ այն առաջարկ-խնդրանքը, զոր ես կը ներկայացնեմ, դրական արձագանգ կը ստանայ։

Ինչո՞ւ համար էր այս նախաբանը։ Խնդիրը այն է, որ այն հարցը, որուն համար կ՚ուզեմ ձեր աջակցութիւնը ստանալ, բաւական նուրբ է, ունի աշխարհաքաղաքական համաթեքստ, խաչմերուկ է համընդհանուր քաղաքական հարցերու համար։ Բայց ես կ՚ուզեմ խնդրել ձեզմէ, որ իմ խօսքը ընդունիք որպէս մօր եւ կնոջ խօսք, բացառապէս՝ մօր եւ կնոջ։

Խօսքը արցախեան հակամարտութեան մասին է։ Չեմ գիտեր, թէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը որքանով ծանօթ է արցախեան հարցին եւ չեմ ալ ուզեր ձեզի յոգնեցնել հակամարտութեան ակունքներուն վերադառնալով կամ հայկական կողմի դիրքորոշումը ներկայացնելով։

Իրականութեան մէջ ես կը կարծեմ, որ կարեւոր չէ, թէ ինչպէս ծագած է այս հակամարտութիւնը։ Կարեւորը այն մարդկային կեանքերն են՝ երիտասարդ մարդկային կեանքերը, որոնցմով կը վճարուի այդ հակամարտութեան դիմաց։ Ներկայացնեմ միայն 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատկերը։ Հայկական կողմը ունեցաւ 100 զոհ, գերակշիռ մեծամասնութիւնը՝ 18-20 տարեկան երիտասարդներ։ Ատրպէյճանական կողմը ունեցաւ քանի մը հարիւր զոհ եւ կրկին գերակշիռ մեծամասնութիւնը՝ 18-20 տարեկան ժամկէտային զինուորական ծառայողներ։

Պատերազմի օրերուն, ըլլալով լրատուամիջոցի ղեկավար՝ 24 ժամ հետեւած եմ հայկական եւ ատրպէյճանական լրահոսին, դիտած եմ բոլոր հաղորդումները։ Հաւատացէք՝ նայելով ատրպէյճանական զինուորներուն, անոնց հայեացքներուն, ես կ՚արձանագրէի, որ այդ երեխաները ոչինչով կը տարբերին մեր զինուորներէն, անոնց աչքերուն արտայայտութիւնը նոյնն էր՝ սարսափած եւ անհանգիստ։ Այսինքն՝ եթէ իրարու քով կեցնէինք հայ եւ ազէրի 18-ամեայ զինուորները եւ ուղղակի նայէինք անոնց հայեացքներուն՝ նոյնն էին:

Սակայն ունինք այն, ինչ որ ունինք, ու կարեւոր չէ, թէ պետութիւններէն իւրաքանչիւրը ի՛նչ ստացաւ այդ պատերազմէն, ո՛վ գոհ մնաց, ով՝ դժգոհ։ Կարեւորը այն է, որ երիտասարդ եւ լուսաւոր կեանքեր ոչնչացան, ընտանիքներ որբացան, եւ երկու երկրներուն մէջ ալ որդեկորոյս մայրերու նոր բանակներ ձեւաւորուեցան։

Այժմ, յայտնուելով պետութեան ղեկավարի տիկնոջ դերին մէջ՝ ես չեմ կրնար լռել եւ իմ ձայնը չբարձրացնել։ Ես կ՚ուզեմ ըսել, որ ո՛չ մէկ քաղաքականութիւն, ո՛չ մէկ քաղաքական շահ կրնայ արդարացնել նոր կեանքի մտնող երեխաներուն դաժան մահը, ծնողքին ցաւն ու որբացած երեխաներուն կարօտը։ Ես կը հասկնամ, որ կան շահեր, կան հարցեր, բայց կ՚ուզեմ որպէս մայր եւ որպէս կին յորդորել հակամարտութեան բոլոր կողմերու քաղաքականութիւն որոշողներուն՝ այդ շահերը սպասարկել՝ շրջանցելով ինքնաձիգներն ու թնդանօթները։ Ես կը հասկնամ, որ կ՚ըլլան իրավիճակներ, երբ ատիկա անխուսափելի է, բայց եթէ կայ գէթ չնչին հնարաւորութիւն մը պատերազմը շրջանցելու, պէտք է գործածել զայն։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան պարագային տարիներ շարունակ ապացուցուած է, որ կարելի է շարժիլ դիւանագիտական ճանապարհով, բանակցութիւններով հասնիլ կարգաւորման։ Եւ միայն վերջին տարիներուն է, որ ռազմական լուծման հաւանականութիւնը առաջին փլան մղուած է եւ նոյնիսկ՝ փորձարկուած 2016-ի ապրիլին։

Ես կ՚ուզեմ իմ ձայնս բարձրացնել եւ կոչ ընել ներգրաւուած բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն՝ ետ շրջել անիւը, վերադառնալ հարցը բացառապէս դիւանագիտական բանակցային ջանքերով լուծելու հաւատքին եւ թոյլ չտալ նոր սանձազերծումի, նոր զոհերու, նոր տառապանքներու երկու ժողովուրդներուն։

Ես կը խնդրեմ Ձեզմէ միանալ իմ այս կոչին։ Միասին մեր ձայնը աւելի լսելի կ՚ըլլայ: Կը խնդրեմ այցելել Արցախ եւ այս ուղերձը այնտեղէն յղել՝ ա՛լ աւելի լսելի դառնալու համար։

Դուք առաջինն էք, որուն հետ ես կը կիսեմ իմ այս միտքերը եւ կ՚առաջարկեմ միանալ իմ՝ «Կիներ յանուն խաղաղութեան» արշաւին, որ պէտք է փորձէ լայն ընդգրկում ունենալ եւ ժամանակի ընթացքին խօսիլ ոչ միայն ղարաբաղեան հակամարտութեան, այլ նաեւ աշխարհի զանազան թէժ կէտերուն մասին, առնուազն այն կէտերուն, որոնց պարագային իսկապէս խաղաղութիւնը երեւակայական չէ։

Կ՚ուզեմ ըսել, որ ինծի համար շատ կարեւոր է այս արշաւին մեկնարկը տալ մանաւանդ մեր բարեկամ եւ ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ եւ այսպիսի յարգարժան տիկիններու առջեւ։ Մեր ժողովուրդները միասին անցած են մեծ պատերազի արհաւիրքին մէջէն, եւ ուրիշ որմէ՞, եթէ ոչ ձեզմէ պէտք է ես խնդրեմ օգնել ինծի ընդդէմ պատերազմի եւ յանուն խաղաղութեան այս արշաւին ընթացքին:

Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս յստակացնել, քանի որ չէի ուզեր, որ թիւրըմբռնումներ ըլլան: Ես չեմ ակնկալեր, որ դուք ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ պաշտպանէք հայկական կողմի դիրքորոշումը։ Ես կը խնդրեմ միանալ միայն թնդանօթները մէկ կողմ դնելու, երկու ժողովուրդներու զաւակներուն կեանքերը խնայելու կոչին։ Այդ կոչը, այդ կարեւոր ուղերձը կարելի է հնչեցնել սահմանի երկու կողմէն։ Ես, ի հարկէ, այդ հնարաւորութիւնը չունիմ, բայց դուք կարող էք ընել այդ մէկը թէ՛ հայկական, թէ՛ ատրպէյճանական կողմէն։

Ի վերջոյ, քաղաքականութիւնը քաղաքականութիւն է, շահերը՝ շահեր, բայց մենք որպէս կին եւ մայր, միշտ ալ կարող ենք մեր ձայնը բարձրացնել եւ յուսալ, որ անիկա լսելի կը դառնայ եւ ազդեցութիւն կ՚ունենայ։

Այսօր առաջին անգամ կը խօսիմ այս բոլորին մասին եւ ուրախ կ՚ըլլամ, եթէ իմ խօսքս հասնի ձեր սիրտերուն, եւ մենք միասին, թերեւս նաեւ աւելի ընդլայնուած կազմով, հանդիպինք Երեւանի մէջ, մեկնինք Արցախ եւ կանգնելով զինուորներուն կողքին՝ դառնանք անոնց պահապան հրեշտակները։ Կ՚ուզեմ շեշտել նաեւ, որ ես վճռական եւ հետեւողական պիտի ըլլամ «Կիներ յանուն խաղաղութեան» արշաւը աւելի ընդգրկուն դարձնելու համար եւ ձեզմէ հնչած որեւէ աջակցութեան ու գաղափարին երախտապարտ կ՚ըլլամ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018