ԾՈՎԱՓ
Շարժիչը մարեց, ձգեց որ մեքենան ինքն իրեն երթայ, կամաց-կամաց դանդաղի ու կանգ առնէ։
Մեքենական աղմուկը զիջեցաւ հեռաւոր ալիքներու խշշոցին։
Վայրի խոտեր փռուեցան անիւներու ծանրութեան տակ, արեւը ուղիղ ինկաւ ապակիին, շարժման ծնունդ հովը կամաց կամաց մեռաւ, դարձաւ զեփիւռ։
Վերջնականապէս կանգ առած, քաշեց ձեռքի արգելակիչը, դուռը բացաւ, իջաւ, դուռը գոցեց, նայուածքը յղեց կապոյտին։
Ծովափն էր։
Նոյն Ծովափը, զոր ձգած էր գրեթէ քառասուն տարի առաջ։
Արեւը կախուած էր կապոյտ կտուրէն. «եփելու պահ»ն էր։
«Պիտ՚ եփինք, մամա՜, պիտ՚ եփի՜նք»
Կ՚ըսէր ամէն անգամ, երբ արեւն այդ դիրքին հասնէր։
Նայեցաւ ծովն ու աւազը, թացն ու չորը, հեւքոտն ու անշարժը բաժնող գծին։ Ընդհարման շեղբին այդ, ուր երկիրը կը շնչէ...
Սպիտակ քարեր էին, ինչպէս միշտ։ Եւ մարդիկ, կամ, աւելի ճիշդ՝ մարմիններ։ Հոս հոն, ցանցառ շարուած, գրեթէ անշարժ մարմիններ, նկարչի վրձինի զգուշաւոր հպումով մը կարծես՝ նկարուած այս կողմը գիծին։
Յետոյ հայեացքը բարձրացուց վեր։ Կապոյտն էր։ Ամենէն ըմբոստ, ամենէն մաքուր, ամենէն անկեղծ կապոյտը։ Ամենէն իրական ու խորունկ...
Վեր քիչ մըն ալ, հեռուն աւելի, միւս գիծն էր արդէն, որմէ վախցած էր յաճախ։ Կապոյտը կապոյտէն բաժնող, յաճախ կորսուող, խաբուսիկ, երբեմն անճանաչելի։ Աննկարագրելին, անասելին, օտարն ու ուրիշն էր եղեր միշտ իր յամար. ինչքան անորոշ, նոյնքան ալ քաշողական…
Իսկ հիմա եկեր էր նոյն այդ հեռուէն, նոյն այդ օտարէն եւ ուրիշէն, որուն մասին կը մտածէր քսան, քսանհինգ, երեսուն տարի առաջ, երբ, պատանի, նստած առաջին գիծին, մարմնին վրայ կ՚ընդունէր հարուածները ծովուն ու կը նայէր հորիզոնին։
Նոյն այդ գիծին, որ չէր փոխուած։
Ինքն էր փոխուէր միայն։
Գացեր, անցեր էր մղոններ, ցամաքամաս փոխեր, ետեւ թողեր ամէն ինչ ու ծովափն այս, յառաջընթացի, յառաջխաղացքի, յառաջդիմութեան այնքան մեծ յոյսով…
Եւ հիմա, երբ շարժեր էր հակառակ ուղղութեամբ ու վերջնականապէս եկեր այս կողմն ովկիանոսին, կը դիտէր զայն դարձեալ այս կողմէն։
Եւ արդէն առաջին գիծին վրայ էր, ուր կը տեսնէր ինքզինք։
Նոյն ալեկոծումը, նոյն բախումը, նոյն կեանքը, նոյն ներշնչում-արտաշնչումը անընդհատ, թէկուզ ոչ մէկ յստակ ու կայուն տեղ հասնող, բայց ապրող։
Ալիք ալիքի ետեւէն, որ կու գար փշրուիլ ծովափին, կամ գրկել զայն։
Այնտեղ էր ինք նաեւ, ա՛յ այդ մէկը գուցէ, կամ միւսը՝ աւելի՛ հեռուէն եկող, մեծցող, ուռճացող, այնքան կապոյտ, այնքան մաքուր, որ ահա կու գար, ահա կը հասնէր, ահա պիտ՚յանգէր ծովափին...
ԵՐԱՄ