ԵՐԳԵՐԸ, ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Անց­նող օ­րե­րուն հա­յաշ­խար­հի հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­մերգ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: 22 Հոկ­տեմ­բե­րին Լոս-Ան­ճե­լը­սի լա­ւա­գոյն սրահ­նե­րէն մէ­կուն եր­դի­քին տակ՝  Նորթ­րի­ճի հա­մալ­սա­րա­նի  Valley Performing Arts Center-ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նշա­նա­ւոր հայ երգ­չու­հի,  գա­նա­տա­հայ հռչա­կա­ւոր սոփ­րա­նօ Ի­զա­պէլ Պայ­րա­քտա­րեա­նի հա­մեր­գը: Հա­մեր­գը կը կրէր «Իմ եր­գե­րը, իմ ժա­ռան­գու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րը: Ա­սի­կա ծրա­գիր մըն է, որ երգ­չու­հին վեր­ջին շրջա­նին կը ներ­կա­յաց­նէ օ­տար հան­դի­սա­կան­նե­րուն: «Իմ եր­գե­րը, իմ ժա­ռան­գու­թիւ­նը» ծրագ­րի ժա­մա­նակ կը հնչեն   հայ­կա­կան դա­սա­կան, հո­գե­ւոր եր­գեր,  հայ­կա­կան շա­րա­կան­ներ, ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր, սե­նե­կա­յին  ե­րաժշ­տու­թիւն  եւ 20-րդ դա­րու եր­գեր՝ անգ­լե­րէն են­թա­գիր­ե­րով:

Այս տա­րուան Մար­տին  Միա­ցեալ  Նա­հանգ­նե­րու Մի­շի­կըն նա­հան­գի Տեր­պոռն քա­ղա­քի Ֆորտ հա­մայն­քա­յին եւ կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան կրկին   ներ­կա­յա­ցու­ցած է սոյն հա­մեր­գա­յին ծրա­գի­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով հիաց­մուն­քի եւ մեծ գնա­հա­տան­քի:

Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան. Իմ եր­գե­րը, իմ ժա­ռան­գու­թիւ­նը

Անց­նող օ­րե­րուն հա­յաշ­խար­հի հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­մերգ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: 22 Հոկ­տեմ­բե­րին Լոս-Ան­ճե­լը­սի լա­ւա­գոյն սրահ­նե­րէն մէ­կուն եր­դի­քին տակ՝ Նորթ­րի­ճի հա­մալ­սա­րա­նի Valley Performing Arts Center-ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նշա­նա­ւոր հայ երգ­չու­հի, գա­նա­տա­հայ հռչա­կա­ւոր սոփ­րա­նօ Ի­զա­պէլ Պայ­րա­քտա­րեա­նի հա­մեր­գը: Հա­մեր­գը կը կրէր «Իմ եր­գե­րը, իմ ժա­ռան­գու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րը: Ա­սի­կա ծրա­գիր մըն է, որ երգ­չու­հին վեր­ջին շրջա­նին կը ներ­կա­յաց­նէ օ­տար հան­դի­սա­կան­նե­րուն: «Իմ եր­գե­րը, իմ ժա­ռան­գու­թիւ­նը» ծրագ­րի ժա­մա­նակ կը հնչեն հայ­կա­կան դա­սա­կան, հո­գե­ւոր եր­գեր, հայ­կա­կան շա­րա­կան­ներ, ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր, սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թիւն եւ 20-րդ դա­րու եր­գեր՝ անգ­լե­րէն են­թա­գիր­ե­րով:

Այս տա­րուան Մար­տին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­շի­կըն նա­հան­գի Տեր­պոռն քա­ղա­քի Ֆորտ հա­մայն­քա­յին եւ կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան կրկին ներ­կա­յա­ցու­ցած է սոյն հա­մեր­գա­յին ծրա­գի­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով հիաց­մուն­քի եւ մեծ գնա­հա­տան­քի:

Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան, որ իր հա­մերգ­նե­րուն սո­վո­րա­բար բեմ կը բարձ­րա­նայ իր ա­մու­ս­­նին՝ հան­րա­ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ, յօ­րի­նող ու դաշ­նա­կա­հար Սե­րուժ Գրա­ճեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, իր այս վեր­ջին հա­մեր­գին դար

ձեալ եր­գեց ա­նոր նուա­գակ­ցու­թեամբ:

Նորթ­րի­ճի հա­մալ­սա­րա­նի Valley Performing Arts Center-ի հա­մեր­գին առ­թիւ հայ երգ­չու­հիի մա­սին մե­ծա­ծա­ւալ անդ­րա­դարձ պատ­րաս­տած է Los Angeles Times-ը, գրե­լով, որ վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին երգ­չու­հին կրցած է նուա­ճել մեծ բե­մե­րը եւ գրա­ւել ա­րուես­տա­բա­նա­կան յօ­դուա­ծա­գիր­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը:

Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան Գա­նա­տա­յի ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր օ­փե­րա­յին ա­նուն­նե­րէն մին է, ու ա­նոր հռչա­կը միայն Գա­նա­տա­յով չի վեր­ջա­նար:

Բա­ցի բե­մա­կան կա­տա­րում­նե­րէն, ան եր­գած է նաեւ «Մա­տա­նի­նե­րու տի­րա­կա­լը. եր­կու աշ­տա­րա­կ» (The Lord of the Rings) շար­ժան­կա­րին հա­մար: Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեա­նի ձայ­նը կը հնչէ նաեւ Ա­տոմ Է­գո­յեա­նի «Ա­րա­րա­տ» շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ, ուր երգ­չու­հին կը կա­տա­րէ Կո­մի­տա­սի եր­գե­րէն:

Երգ­չու­հիի ինք­նա­տիպ հնչե­րան­գի, հա­րուստ ձայ­նա­ծա­ւա­լի, ձայ­նի, գե­ղեց­կու­թեան, հմայ­քի, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ո­ճի շնոր­հիւ զինք կո­չած են «թա­ւի­շ գե­ղեց­կու­հի»:

Լի­բա­նա­նի գե­ղա­տե­սիլ քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն՝ Զահ­լէի մէջ ծնած է Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան, 1974 թուա­կա­նին: Մեծ­ցած է հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ՝ հայ­կա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րով եւ ան­ցեա­լի մա­սին մեծ հայ­րե­րու եւ մեծ­մայ­րե­րու մա­տու­ցած պատ­մու­թիւն­նե­րով: Այդ պատ­մու­թիւն­նե­րը կ՚ա­ռըչ­նուէին ա­նոնց հայ­րե­նի Սե­բաս­տիա­յէն, Ա­տա­նա­յէն եւ Տէօրթ­եո­լէն տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րուն եւ եր­կար ճամ­բով մը Լի­բա­նան հաս­նե­լուն: Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան կը կրէ իր մէկ մեծ­մօ­րը՝ Զա­պէլ Սե­րայ­տա­րեա­նի ա­նու­նը, ո­րու պատ­մու­թիւնն ու դժուա­րին ճա­կա­տագ­րի վիշ­տը միշտ ու­ղեկ­ցած է երգ­չու­հիին, եւ ան վճռած է կեր­տել ար­ժա­նա­պա­տիւ ա­պա­գայ, լոյս սփռել ան­ցեա­լի տխուր պատ­մու­թիւն­նե­րուն վրայ՝ իր յաղ­թա­կան ճա­նա­պար­հով: Այդ­պէս ալ ե­ղած է: Ե­րաժշ­տու­թեան աս­պա­րէ­զը եր­բեք պա­տա­հա­կան չէր կրնար ըլ­լալ իր կեան­քին մէջ, ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին պզտիկ տա­րի­քէն Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան իր հայ­րե­նի­քը ճանչ­ցած է հայ­կա­կան եր­գի եւ ե­րաժշ­տու­թեան հմա­յող ե­լե­ւէջ­նե­րու մի­ջո­ցաւ: Զինք դիւ­թած են հին­գե­րորդ դա­րու հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն մին­չեւ սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցուած ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը:

Վեց տա­րե­կա­նին Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան եր­գած է Զահ­լէի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիին մէջ: Իր հար­ցազ­րոյց­նե­րէն մէ­կուն մէջ ան ը­սած է. «Երբ կը յի­շեմ Լի­բա­նա­նի Զահ­լէ քա­ղա­քի իմ ման­կու­թեան ե­կե­ղե­ցին, կը պատ­կե­րաց­նեմ այդ կի­սա­խա­ւար ե­կե­ղե­ցին, որ կը լու­սա­ւո­րուէր մո­մե­րու առ­կայ­ծու­մով, կը զգամ խուն­կի եւ մո­մա­կալ­նե­րու բոյ­րը եւ կը վեր­յի­շեմ ինք­զինքս՝ վեց-եօթ տա­րե­կան հա­սա­կին, կե­ցած երգ­չա­խում­բի մէջ, իմ մօրս առ­ջեւ: Կը զգամ, որ պաշտ­պա­նուած եմ ա­նոր կող­մէ եւ շրջա­պա­տուած՝ Աս­տու­ծոյ սի­րով, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ան­հա­մե­մատ գե­ղե­ցիկ օրհ­ներ­գերն ու միջ­նա­դա­րեան շա­րա­կան­նե­րը եր­գե­լու ըն­թաց­քին, ո­րոնք դէ­պի Աս­տուած տա­նող ա­մե­նէն ու­ղիղ ճա­նա­պարհն են­…»:

Տասն­չորս տա­րե­կա­նին իր ըն­տա­նի­քին հետ, Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն խոյս տա­լով, տե­ղա­փո­խուած ենք Գա­նա­տա: Ան գե­րա­զան­ցու­թեան վկա­յա­կա­նով ա­ւար­տած է Թո­րոն­թո­յի հա­մալ­սա­րա­նի կե

ն­սաբժշ­կա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը, բայց ե­րաժշ­տու­թեան հմա­յող աշ­խար­հը հան­գիստ չէ ձգած զինք, եւ օ­փե­րա­յին երգ­չու­հիի ա­պա­գա­յի մա­սին Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան սկսած է լրջօ­րէն մտա­ծել օ­փե­րա­յի մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի մը դափ­նե­կիր դառ­նա­լէ յե­տոյ: Ան յաղ­թա­նակ շա­հած է «Մեթ­րո­փո­լի­թըն» օ­փե­րա­յի ազ­գա­յին խոր­հուր­դի լսում­նե­րու ժա­մա­նակ եւ այդ մէ­կը ու­ղե­նիշ դար­ձած է այ­սօր ար­դէն բե­մեր նուա­ճած հա­յու­հիի հա­մար:

Կար­ծես ճար­տա­րա­գի­տու­թիւ­նը ա­ռա­ւել անվ­տանգ ու­ղի էր: Սա­կայն հո­գիով ա­զատ մար­դոց զա­ւակ ըլ­լա­լով, ան հա­մար­ձա­կու­թեան դի­մած եւ փոր­ձած է ե­րաժշ­տու­թեան ու­ղին: Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան միշտ կ՚ը­սէ, թէ մինչ օրս եր­բե­ւէ չէ զղջա­ցած իր այդ ո­րոշ­ման հա­մար: 2004 թուա­կա­նին Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան ա­մուս­նա­ցած է ծա­գու­մով Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն հայ ե­րաժշ­տի մը՝ դաշ­նա­կա­հար, յօ­րի­նող Սե­րուժ Գրա­ճեա­նի հետ։ Ա­նոնք ա­մուս­նա­ցած են Հա­յաս­տան, Գե­ղար­դի վան­քը: Ու­նին եր­կու զա­ւակ: Մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ա­պա­հո­ված ա­մո­լը բազ­մա­թիւ հա­մա­տեղ հա­մերգ­ներ սար­քած է:

Իսկ իբ­րեւ մե­ներգ­չու­հի, Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան, ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կած է Փլա­սի­տօ Տո­մին­կգո­յի, Եօ-Եօ Մա­յի, Փին­չաս Զու­քեր­մա­նի եւ այլ աշ­խար­հահռ­չակ ա­նուն­նե­րու հետ։

Երգ­չու­հին կը նկա­տուի միակ հա­յը, որ ա­ռա­ջադ­րուած է «Կրեմ­մի» մրցան­ա­կին։ Ան այս մրցա­նա­կին ա­ռա­ջադ­րուած է «Մա­տա­նի­նե­րու տի­րա­կա­լը. եր­կու աշ­տա­րա­կ» շար­ժան­կա­րի մէջ ե­րաժշ­տա­կան մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար: Բազ­մա­թիւ այլ մրցա­նակ­նե­րու դափ­նե­կիր է, ինչ­պէս՝ Է­լի­զա­պէթ թա­գու­հիին կող­մէ ան պար­գե­ւատ­րուած է Ոս­կէ մե­տա­լով, ստա­ցած է Գա­նա­տա­յի ա­րուես­տի խոր­հուր­դի, «Մեթ­րո­փո­լի­թըն» օ­փե­րա­յի ազ­գա­յին խոր­հուր­դի, Փլա­սի­տօ Տո­մին­կո­յի մրցոյ­թի ա­ռա­ջին եւ այլ մրցա­նակ­ներ, իսկ 2004-2007 թուա­կան­նե­րուն չորս տա­րի ա­նընդ­մէջ յաղ­թա­նակ տա­րած է Գա­նա­տա­յի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի Ճու­նօ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան:

Վեր­ջերս երգ­չու­հին նկա­րա­հա­նած է վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը՝ «Եր­կար ճա­նա­պարհ դէ­պի տու­ն» խո­րագ­րով: Իր ա­ռա­ջին յու­զիչ ու­ղե­ւո­րու­թեան պատ­մու­թիւնն է, որ կը ներ­կա­յա­ցուի այս ժա­պա­ւէ­նին մէջ:

Երգ­չու­հիի մա­սին կ՚ը­սեն, որ ա­նոր տա­ղան­դը անս­պառ է, եւ ան ա­մէն ան­գամ կը զար­մաց­նէ իր կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուես­տով: Իբ­րեւ օ­փե­րա­յին երգ­չու­հի Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեա­նի դե­րեր­գնե­րէն են՝ Սիւ­զան (Մո­ցար­թի «Ֆի­կա­րո­յի ա­մուս­նու­թիւ­նը», Փա­րիզ), Քեթ­րին (Ո­ւի­լիըմ Պոլ­քո­մի «Տե­սա­րան կա­մուր­ջէ­ն», «Մեթ­րո­փո­լի­թը­ն» օ­փե­րա), Ցեր­լի­նա (Մո­ցար­թի «Տոն Ժուա­ն», Սալց­պուրկ), Մա­րիա (Լեո­նարտ Պեռնշ­թայ­նի «Ո­ւեստ ­սայ­թեան պատ­մու­թիւ­ն», Լա Սքա­լա, Մի­լա­նօ) եւայլն:

Հա­յաս­տա­նի մէջ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեա­ն սի­րուած եւ ըն­դու­նուած ա­նուն մըն է: Ա­նոր ա­մէն մէկ այ­ցե­լու­թիւ­նը տօ­նի կը վե­րա­ծուի հայ ե­րաժշ­տա­սէր հան­րու­թեան հա­մար: Տա­կա­ւին ա­րուես­տա­սէ­րի քով վառ են Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի հա­մերգ­նե­րը: Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան ը­սած է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ եր­բեք օ­տար չի զգար եւ միշտ կ՚այ­ցե­լէ տի­րոջ ի­րա­ւուն­քով եւ հա­րա­զա­տի զգա­ցում­նե­րով: Հա­յաս­տա­նի մէջ երգ­չու­հին կ՚այ­ցե­լէ հին վան­քեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ, մա­տուռ­ներ, հա­ղոր­դա­կից կ՚ըլ­լայ ան­ցեա­լէն ե­կող հո­գե­ւոր խոր­հուրդ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ կ՚եր­գէ այդ վայ­րե­րուն մէջ՝ ինք­նա­մո­ռաց նուի­րե­լով հո­գե­ւո­րին:

«Մայրս հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գեր կ՚եր­գէր մե­զի հա­մար, ստի­պե­լով խո­րին հպար­տու­թեամբ լեց­ուիլ մեր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն նկատ­մամբ: Ան մեր մէջ սե­փա­կան ինք­նու­թիւ­նը եւ մշա­կոյ­թը մեր լե­զուի, եր­գե­րու, ա­ղօթք­նե­րու եւ ա­րարք­նե­րու մի­ջո­ցաւ պաշտ­պա­նե­լու մեծ ցան­կու­թիւն սեր­մա­նած է: Կը փա­փա­քիմ, որ իմ ե­րա­խա­ներս ալ նոյն կերպ դաս­տիա­րա­կուին: Կ՚ու­զեմ ա­նոնք ալ քա­ջա­տե­ղեակ ըլ­լան մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան տխուր է­ջե­րուն, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հպար­տա­նան ի­րենց ինք­նու­թեամբ, ի­րենց նախ­նի­նե­րով եւ հայ­րե­նի­քո­վ», ան­կեղ­ծու­թեամբ ը­սած է աշ­խար­հահռ­չակ երգ­չու­հի Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան:

Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած ա­նոր ե­լոյ­թով ան­գամ մը եւս հնչե­ցուց երգ­չու­հին ա­նու­նը եւ հայ­կա­կան եր­գե­րու իր այդ օ­րուան կա­տա­րում­նե­րու մի­ջո­ցաւ, նաեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­նու­նը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2015