ԱՆՍՊԱՌ ՆՈՒԻՐՈՒՄ ԵՒ ՋԱՆՔ

Տքթ. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան երաժշտավար եւ երաժշտագէտ է: Ծնած է Կիպրոս, ուր աշակերտած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի: Իբր երաժիշտ եւ համալսարանական դասախօս կը պաշտօնավարէ գլխաւորաբար Չեխիոյ Փրակ քաղաքի մէջ: Իր հետազօտական հետաքրքրութիւնները ի միջի այլոց Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ երկասիրութիւնները եւ Հայոց Շարակնոցը կ՚ընդգրկեն: Պարգեւատրուած է Հայաստանի «Կոմիտաս» եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշաններով: Զրոյց մը ունեցաւ Տքթ. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի հետ.

-Պարոն Իւթիւճեան, Դուք աշխոյժ գործունէութիւն կը տանիք Եւրոպայի սիրտին մէջ, սակայն համավարակի պատճառով շատ յապաղումներ եւ խանգարումներ եղան ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ինչպէ՞ս ազդեց այս վիճակը Ձեր գործերուն վրայ:

-Յիրաւի, թէ՛ գարնան եւ թէ՛ ներկայ եղանակին հիանալի համերգային յայտագրեր ունէինք ծրագրուած: Ի միջի այլոց՝ Պեթհովէնի ծննդեան 250-ամեակի առթիւ իր «Տօ-մեծալար Պատարագը» եւ իր զանազան այլ գործերը պիտի կատարէինք իմ երգչախումբովս եւ նուագախումբովս: Նոյնպէս՝ դանիացի մեծ երաժշտահան Քարլ Նիլսընի «Հելիոս» նախերգանքը եւ «Սէօվնըն» կոչուած հանճարեղ գործը՝ մեծ երգչախումբի եւ նուագախումբի համար, որոնց նուիրուած մեր համերգը, որ Չեխ Երաժշտական թանգարանի շքեղ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենար՝ Չեխիոյ համար գործոյս առաջին կատարումը պիտի հանդիսանար: Յայտագիրը նաեւ Սիպելիուսի եւ այլոց առաջնակարգ համանուագները կը պարունակէր: Այս բոլորը խափանուեցաւ՝ համավարակի պարագաներու բերմամբ: Սակայն, որպէսզի մեր երաժիշտները իրենց կորովը բարձր պահեն եւ շարունակեն իրենց նուագարանային արհեստավարժութիւնը եւ ձայնային ճկունութիւնը պահպանել, եւ որպէսզի իբր համոյթ՝ իրենց փոխյարաբերութիւնները կենդանի մնան, որոշեցի իւրաքանչիւր շաբաթ առցանց «Երգացանկային եւ մեկնաբանական» նիստեր վարել եւ երաժշտագիտական, պատմական, մեկնաբանական եւ կատարողական տեսակէտով մեր նուագելիք եւ երգելիք գործերու մասին խօսիլ, այդ առընչութեամբ իմ անձնական երաժշտական յիշատակներս եւ փորձառութիւններս բաժնել, երաժշտահաններու գրած նամակներէն դիպուկ հատուածներ ներկայացնել եւ իմ երաժշտագիտական հետաքրքրութիւններս եւ ունակութիւններս եւս ի գործ դնել: Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին այս առցանց նիստերը, եւ թէեւ անշուշտ միասնաբար երաժշտութիւն կատարելը չէին կրնար փոխարինել, սակայն այնուհանդերձ՝ գէթ ջանացինք այդպիսով մեր վիճակի անպատեհութիւնը ձեւով մը մասնակի ստեղծագործական առաւելութեան մը վերածել: Նոյն ատեն՝ զանազան գրաւոր աշխատասիրութիւններ ջանացի աւարտել. զոր օրինակ՝ «Պերընրայթըր» հրատարակչական տան համար Տվորժաքի Պատարագի նուագագրութեան քննական խմբագրութիւնս, որ ցարդ անտեսուած ձեռագիր աղբիւրներ կ՚օգտագործէ եւ որ անցեալ ամիս լոյս տեսաւ: Ձեռքի տակ ունիմ երկու թերաւարտ հատորներ եւս, որոնց վրայ աշխատանքս յառաջացաւ եւ չորս-հինգ յօդուածներ յաջողեցայ աւարտել եւ հրատարակութեան յանձնել զանազան հանդէսներու: Նաեւ ի հեռուստ երեք տարբեր միջազգային գիտաժողովներու գործօն մասնակցութիւնս կրցայ բերել գրասեղանիս ետեւէն: Այս դիւրութիւնը եւ յարմարութիւնը՝ առանց որեւէ ճամբորդական եւ կեցութեան ծախուց ենթարկուելու եւ համեստ երդիքէս դասախօսելով՝ ներկայ համավարակի փոքր հատուցումներէն մին է: Իսկ ելոյթներէն ոմանք վերջերս թողարկուեցան եւ առցանց զետեղուելով շատերու մատչելի դարձան:

Սեպտեմբերին զանազան սենեկային համոյթներով մի քանի համերգներ ղեկավարեցի, սակայն այժմ դարձեալ ամէն ինչ նոյն ստիպողական պարագայից բերմամբ դադրեցաւ Չեխիոյ մէջ: Ուրեմն, կամօքն Աստուծոյ որոշած եմ վերսկսիլ «Երգացանկային եւ մեկնաբանական» առցանց նիստերս եւ այս անգամուն զանոնք հանրութեան մատչելի պիտի դարձնեմ: Իսկ մինչեւ տարւոյս վերջաւորութիւնը՝ զանազան տեղեր աւելի քան վեց յօդուած խոստացած եմ, ինչ որ հաւանաբար բաւական անխոհեմ էր...

-Ինչպէ՞ս կրցաք սահմանափակումներու պատճառով մնալ ստեղծագործական միջավայրի եւ նոյնպիսի տրամադրութեան մէջ:

-Սահմանափակմանց առաջին շաբաթներուն անձամբ հիւանդացայ, ուստի մի քանի շաբաթ անկողնոյ ծառայեցի: Այդ շաբաթներուն ինծի մեծապէս օգնեց երաժշտութիւն ունկնդրելը: Գիտէք՝ երաժշտավար ըլլալով՝ երկա՜ր ատեն ունկնդրելու կարիքը եւ փափաքը չէի զգար, վասնզի արդէն գլուխս իմ ղեկավարած եւ սերտած երաժշտութեամբ լեցուն էր միշտ, եւ կը ջանայի ինքզինքս արտաքին գրգիռներէ հեռու պահել, նամանաւանդ երբ «գոց» ղեկավարելիք գործեր ունէի: Սակայն երբ փորձեր եւ համերգներ ղեկավարելու պատեհութենէն զրկուեցայ, երաժշտութեան ունկնդրումը դեղի պէս ամոքիչ եւ կազդուրիչ ազդակ մը հանդիսացաւ եւ անյագօրէն, անընդհատ՝ ժամերով համանուագներու շարքեր մտիկ կ՚ընէի՝ մանաւանդ հիւսիսային երաժշտահաններու ստեղծագործութեանց նախապատուութիւն ընծայելով: Երբ ապաքինեցայ՝ սահմանափակման եւ «քառասնեակի» ատեն հետազօտական աշխատանքի մէջ մխրճուիլը եւս մեծապէս սփոփարար էր: Ակնյայտ էր, որ երբ կատարողական աշխատանքը անհնար է, զայն պարտինք փոխարինել այլ տիպի պտղաբերութեամբ, զի մեզի ընծայուած ժամանակը սահմանափակ է, անփոխարինելի եւ թանկագին: Այդպիսով՝ մարդ լաւատեսութիւնը կը պահպանէ եւ յուսալքման չի մատնուիր: Պարագայ մը եւս մեծապէս նպաստեց ինծի: Ճիշդ այդ օրերուն՝ Վենետիկի Մխիթարեան Ս. Հարք իրենց Ս. Ղազարու մայրավանքէն ամենօրեայ ժամերգութիւնները հեռարձակել սկսան, դիմատետրի միջոցաւ: Շատ հոգեպարար եւ մելանոյշ արարողութիւններ են՝ կանոնաւոր, ջերմեռանդ եւ անկեղծ: Ապրիլէն ի վեր կը ջանամ, հազուադէպ բացառութիւններով, իրենց երեկոյեան ժամերգութեանց մասնակից ըլլալ ամէն օր, ի հեռուստ՝ միջացանցի շնորհիւ: Այս օրհնութեան համար շատ երախտապարտ եմ: Ի միջի այլոց՝ այսպիսով նաեւ մարդ կը ծանօթանայ Ս. Ղազարու աւանդական երգեցողութեանց, որոնք ստէպ կը տարբերին մեզի ծանօթ Կոստանդնուպոլսոյ «մայր հոսանքէն»:

-Ինչքա՞ն կը տեւէ այս դանդաղումը, սահմանափակումը, Ձեր կարծիքով:

-Ինծի կը թուի որ միակ ձեւը՝ գիտութեան, հետազօտութեան եւ արդի ճարտարարուեստի միջոցաւ այս ժահրին առաջքը առնելն է. լիայոյս եմ, որ ապահով եւ արդիւնաւէտ պատուաստ մը շուտով տրամադրելի եւ բոլորին մատչելի կը դառնայ: Այլապէս՝ զանազան զիրար յաջորդող ալեաց ճօճմանց ենթարկուելու դատապարտուած ենք. այսպէս՝ խիստ կաշկանդիչ միջոցներու պարտադրմամբ վարակումը կրնայ մի քանի ամիս զսպուիլ, ապա միջոցներու թուլացմամբ վարակումը կը վատթարանայ, նախազգուշութիւնները դարձեալ կը խստանան, եւ այսպէս յաջորդաբար՝ կրկին ու կրկին: Ուստի ըստ իս՝ անհրաժեշտ է գիտութեան սատար ըլլալ նաեւ յառաջիկայ տարիներուն: Աւա՜ղ, մարդ արարածս անառակօրէն եւ անխնայօրէն բնաշխարհը կը շահագործէ ու կը չարաշահէ եւ կենդանական աշխարհի բնական օրրաները ոտնակոխ կ՚ընէ, որով զանազան մանրէական եւ ժահրային ախտերու կենդանական աշխարհէն դէպի մարդկութիւն ոստումը շատ աւելի հնարաւոր կը դառնայ: Միսի ճարտարարուեստը, ըստ իս, շատ մեղաւոր է, զի հակակենսային դեղերու անխնայ կիրարկմամբ՝ նորանոր մանրէներու տեսակներու յառաջխաղացքին կը նպաստէ, որոնց դէմ մեզի ներկայիս ծանօթ դեղերը անզօր են: Ուշ կամ կանուխ՝ մարդ արարածս իր մոլեռանդ ագահութեան գինը վճարելու դատապարտուած է, եթէ արմատականօրէ՛ն չբարելաւէ իր վարմունքը դէպի այն մոլորակը՝ որուն հոգատարութիւնը վստահուեցաւ իրեն Նախախնամութեան կողմէ: Ըստ իմ համեստ կարծեաց՝ ներկայ ժահրը պարզապէս ազդարարութիւն մըն է, որ զմեզ կը զգուշացնէ ապագայի յոռեգոյն փորձանքներու մասին՝ եթէ չբարեփոխենք մեր ընթացքը: Այլ իմաստներով եւս ազդարարութիւն մըն է: Օրինակ իմն՝ յայտնի եղաւ թէ այսպիսի համավարակի մը առաջքը առնելու համար միջազգային գործակցութիւն անհրաժեշտ է, մինչդեռ տեսէ՛ք՝ մէկ պետութիւն միւսը կը մեղադրէ: Իսկ երբ կոչ եղաւ որ հանրութիւնը դիմակներ կրելով ջանայ վարակումը սահմանափակել՝ եղան տկարամիտ եւ անձնասէր մարդիկ, որոնք չուզեցին անսալ: Իսկապէս, մարդ արարածս շատ խոցելի վիճակի մը մէջ կը գտնուի, երբ նոյնիսկ նոյն երկրէն ներս մարդիկ տարրական կարգապահութիւն մը վարելու եւ հաւաքական բարիքի ի խնդիր որոշ թեթեւ զոհողութիւններ ստանձնելու անկարող կամ անյօժար են: Արդ՝ երբ այս տագնապը յաղթահարուի՝ ըստ իս պէտք է որ օգտակար դասեր քաղենք այս բոլոր տեսակէտներով. այլապէս՝ ներկայ զրկանքը, տառապանքը եւ կեանքի կորուստները ի զուր եղած պիտի ըլլան:

-Դուք արմատներով պոլսահայ էք, ի՞նչ կ՚ըսէք Ձեր արմատներուն մասին, ո՞ւր ծնած էք եւ ի՞նչ գիտէք ընտանիքի աւանդոյթներուն մասին:

-Ես Կիպրոս ծնած եմ: Հօրենական մեծ հօրս մեծ հայրը Ստեփան Իւթիւճեանն էր, որ «Բիւրակն Հանդէս»ի հիմնադիրը, խմբագիրն ու արտօնատէրն էր, որուն բոլոր թիւերը Հայաստանի Ազգային գրադարանը Տքթ. Տիգրան Զարգարեանի լուսամիտ նախաձեռնութեամբ նկարած է, եւ առցանց տրամադրելի են:

Իր եղբայրը՝ Աբիսողոմ Իւթիւճեան՝ Պապա Համբարձում Լիմօնճեանի առաջին աշակերտներէն մին էր եւ եկեղեցական երաժիշտ, երգահան ու խմբավար ըլլալէ զատ՝ նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիրը եղած է: Ստեփանի որդին, որ նոյնպէս Աբիսողոմ կը կոչուէր՝ 1878-ին Պոլիսէն Կիպրոս հրաւիրուեցաւ Բրիտանական կառավարութեան կողմէ, երբ Մեծն Բրիտանիա Օսմանեան կայսրութենէն Կիպրոսը ստացաւ եւ ատեն մը տակաւին Օսմանեան օրէնքները կը գործադրուէին կղզիի վրայ: Աբիսողոմ այդ օրէնքները օսմաներէնէ անգլերէնի թարգմանեց եւ այնուհետեւ Կիպրոս մնաց, իբր պետական թարգման: Իր որդիներէն Հրանդը իմ մեծ հայրս կ՚ըլլայ: Իսկ հօրենական մեծ մայրս՝ զմիւռնիացի ընտանիքէ կը սերէր եւ Աղեքսանդրիա ծնած էր, ուր ատենօք իրենց տունը Կոմիտաս Վարդապետը հիւրընկալելու պատիւը ունեցան: Սակայն մօրենական մեծ մօրս ընտանիքը արդէն առ նուազն ԺԸ. դարուն Կիպրոս հաստատուած էր. իսկ մօրենական մեծ հայրս կիլիկեցի էր, որ սակայն Ա. համաշխարհային պատերազմին յաջողեցաւ իբր ուրարակիր Երուսաղէմ փախչիլ (իր ծննդավայրին կառավարիչին եկեղեցական շապիկով զգեստաւորուած մէկ լուսանկարին շնորհիւ արտօնութիւն ստանալով), ուր Օրմանեան Սրբազանի Աստուածաբանութեան դասընթացքին աշակերտեց:

Շատ յուզիչ պահ մըն էր ինծի համար ուրեմն, երբ 2010 թուին՝ Պոլիս առաջին այցելութեանս ընթացքին Ստեփան եւ Սիմոն Իւթիւճեաններու շիրիմը կրցայ գտնել եւ նոյն այդ օրը երեկոյեան՝ պրն. Բիւզանդ Ագպաշեանի հիանալի խանութը յաջողեցայ այցելել, որուն շնորհիւ Եղիա Տնտեսեանի Շարակնոցը եւ Օրմանեան Սրբազանի «Խոհք եւ խօսք»ը կրցայ ունենալ, զորս տարիներէ ի վեր կը փնտռէի: Չափազանցութիւն չ՚ըլլար, եթէ ըսեմ թէ այս դէպքը կեանքս փոխեց: Տնտեսեանի Շարակնոցը, գրութիւնները եւ այլ երկասիրութիւնները տոքթորականի աւարտաճառիս գլխաւոր նիւթը հանդիսացան եւ կը շարունակեն անսպառ երաժշտագիտական հանք մը ըլլալ, եւ հայրիկիս հետ «Խոհք ու խօսք»ը անգլերէնի թարգմանեցինք: Այդ առաջին այցելութենէս ի վեր բարեբախտութիւնը ունեցայ երիցս վերադառնալու, զանազան եկեղեցիներու լիակատար ժամերգութեանց մասնակցելու եւ հիանալիօրէն հոգեպարար, ջերմեռանդ մթնոլորտը եւ երկարաշունչ ու չքնաղ երգեցողութիւնը ըմբոշխնելու (նամանաւանդ Աւագ շաբթուայ ընթացքին), զոր այլուր մարդ դժուարաւ կը գտնէ ներկայիս: Ընտիր եկեղեցականներու, սարկաւագներու եւ եկեղեցական երաժիշտներու հետ բարեկամանալու օրհնաբեր բարեբախտութիւնը ունեցայ: Իսկ ամէն երթալուս նոյնպէս կը ջանամ պրն. Ագպաշի խանութը եւ նախնեացս գերեզմանատունը այցելել:

-Երբուընէ՞ սկսած էք Ձեր համերգային գործունէութիւնը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք երաժշտավարի դերը:

-Տասնվեց տարեկանիս սկսայ ղեկավարել, որոշ սիրած գործերուս կենդանի կատարումը իրականացնելու մարմաջէն մղուած եւ մանաւանդ զանոնք յատուկ կերպիւ մեկնաբանելու իղձիս յագուրդ տալու համար, ճիշդ այնպէ՛ս ինչպէս իմ երաժշտական երեւակայութեանս մէջ զանոնք կը պատկերացնէի: Երաժշտապետական կամ նուագավարական գործունէութիւնը երկու հաճոյքներ կը պատճառէ, որոնք իրարու հետ սերտօրէն առընչուած են: Նախ՝ առիթը ունիք ձեր երեւակայութեան մէջ բիւրեղացա՛ծ ձեւով ձեր սիրած երաժշտութիւնը վերակենդանացնել: Երկրորդ՝ եթէ ձեր առջեւի նուագող-երգողները համակիր են ձեր տեսլականին՝ ձեր ուզածը կը կատարեն ո՛չ թէ պարտադրաբար, այլ հոգիով-սրտով եւ հասկացողութեամբ: Եւ եթէ ձեզ այլեւս լաւ կը ճանչնան՝ երբեմն ձեր ուզած ձեւով կը նուագեն նախքան ձեր խնդրելը եւ երբեմն նոյնիսկ ձեր երեւակայածէ՛ն ալ աւելի գեղեցկօրէն: Այդպիսով զՁեզ կը ներշնչեն եւ դուք ալ՝ զիրենք, եւ ահա՝ պարոյրաձեւ ճամբով մը զիրար դէպի աւելի ու աւելի բարձր անդաստաններ կ՚առաջնորդէք՝ միշտ յօգուտ երաժշտահանի մտայղացման ամենահամոզիչ եւ ամենայուզիչ իրականացման: Ա՛յս եղած է սկզբունքս առաջին իսկ օրէն, ապա համալսարանական տարիներուս, այնուհետեւ երաժշական կաճառի ուսանողութեանս ատեն եւ ատկէ ի վեր ալ ցայսօր՝ նոյն ասպարէզի վրայ: Իսկ վերջին տարիներուն՝ պակաս ժամանակ ունենալով օփերայի ղեկավարութեամբ զբաղելու, համերգային յայտագրեր կը պատրաստեմ ու կը կատարեմ, եւ գործս գլխաւորաբար համալսարանական համոյթներու հետ է, ուր երաժիշտներու եւ երգողներու մեծամասնութիւնը կամաւորաբար եւ առանց նիւթական վարձատրութեան ակնկալութեան իրենց ժամանակը կ՚ընծայէ: Նուագավարի եւ համոյթի միջեւ յարաբերութիւնը այս պարագային քիչ մը տարբեր կ՚ըլլայ. երաժիշտները իրենց ապրուստը ճարելու համար չէ որ կը նուագեն, այլ իրենց փափաքանաց գոհացում տալու համար: Ուստի՝ աւելի պատրաստակամ են իսկապէս ջանալու, որ ղեկավարի տեսլականը յաջողաբար իրագործուի, եւ ըստ այնմ՝ աւելի համբերատար եւ հանդուրժողական են: Ասպարէզով երաժիշտներու պարագային՝ անհրաժեշտ է շատ աւելի արագ աշխատիլ, բերանացի բացատրութիւններէ խուսափիլ եւ ըստ կարելւոյն՝ ամէն ինչ ձեռքերու եւ աչքերու արտայայտութեամբ հաղորդել, որովհետեւ ժամանակը սուղ է՝ համբերատարութիւնն ալ նոյնպէս:

-Պատմեցէք Ձեր սարկաւագական ծառայութեան եւ Ձեր հոգելոյս ուսուցչին՝ Զարեհ Սրբազանի մասին:

-Հոգելոյս Զարեհ Սրբազանը Կիպրոս եկաւ իբր կաթողիկոսական փոխանորդ, երբ տակաւին ես նախակրթարանի աշակերտ էի՝ Նարեկ Ազգային վարժարանի, եւ երբ տակաւին ինքը վարդապետ էր: Անմիջապէս մեզ տպաւորեց՝ իր լրջութեամբ, անկեղծութեամբ, գիտութեամբ, նուիրուածութեամբ, գեղեցիկ ձայնով եւ երաժշտականութեամբ: Շուտով գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները վերակենդանացուց, ձայներիզներու վրայ շարականներ եւ սարկաւագաց քարոզներ թողարկեց, որպէսզի մեր ականջները լեցուին եւ ճաշակը կազմուի: Իբր դպրոցական՝ ամէն շաբաթ օր Ազգային Առաջնորդարան կ՚երթայի, որ յաջորդ օրուայ Թափօրի եւ Ճաշու շարականները իր առջեւ երգեմ, որպէսզի պատրաստածս սրբագրէ կամ բարելաւման համար դիտողութիւններ ընէ: Բուրվառելն ալ ինքը սորվեցուց մեզի՝ սակայն կը խոստովանիմ, թէ նորակառոյց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դասուն գորգին վրայ կլոր ծակը մը պատճառելէս ի վեր (երբ անզգուշութեամբ բոլոր ածուխներս գետին ինկան) խուսափած եմ բուրվառի հետ գործ ունենալէ, մանաւանդ երբ հիւրաբար զանազան եկեղեցեաց մէջ ծառայեմ, ուր հրկիզում պատճառելը առաւել եւս ամօթալից պիտի ըլլար...

Պիտի ըսէի, թէ հոգելոյս Սրբազան Հայրը իմ վրաս շատ մեծ եւ յոյժ բարեբաստիկ ազդեցութիւն ունեցած է: Ժամերգութեանց եւ եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը ի՛նք ներշնչեց մեզի, նոյնպէս հայոց լեզուի (եւ մանաւանդ գրաբարի) հանդէպ սէրը եւ երաժշտական դասոյթներու ձեւաւորման եղանակը, բարձրաձայն ընթերցմանց առոգանութիւնը եւ նոյնիսկ մեր ընդհանուր կեցուածքն ու մտածելակերպը: Մինչեւ իր տարաժամ մահը կապի մէջ էինք՝ մեծաւ մասամբ հեռաձայնի միջոցաւ: Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ իր խմբագրած երկասիրութեանց շքեղ ու ամբողջական հրատարակութիւնը նոյնպէս ինծի շատ մը դռներ բացաւ: Եւ այսօր իսկ՝ երբ Կարոլեան համալսարան եւ կամ Լոնտոնի Հայկական հիմնարկի հրաւիրաց ընդառաջելով գրաբար կ՚ուսուցանեմ՝ Սրբազան Հօր դասագիրքերը կը շարունակեն ինծի մեծապէս օգտակար հանդիսանալ: Ինքն է որ զիս դպիր ձեռնադրեց, իսկ տարիներ ետք Վարուժան Սրբազանի ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցայ, իր քաջալերմամբ: Անվարան կը խոստովանիմ, թէ ես ինքս լիովին անարժան աշակերտ եւ անարժան սարկաւագ կը համարիմ, սակայն կը ջանամ կրցածս ընել եւ փառք կու տամ որ, թէպէտ ոչ թէ արժանիքի բերմամբ՝ այլ պարզապէս ճիշդ ժամուն ճիշդ տեղը գտնուած ըլլալուս շնորհիւ՝ կրցած եմ հոգելոյս Սրբազան Հօրմէ կա՛յծ մը ստանալ եւ զայդ վառ պահել: Կը փորձեմ՝ ուր որ ալ գտնուիմ, գէթ աղօ՛տ լոյս մը արձակել այդ պայծառափայլ ժառանգութենէն, թէեւ հարկաւ նախընտրելի պիտի ըլլար ջահ մը կամ աշտանակ մը հանդիսանալ՝ տժգոյն մոմիս փոխարէն:

-Որո՞նք են Ձեր գիրքերու նիւթերը, ի՞նչ շրջանակներու մէջ կը տարածուին հատորները եւ ի՞նչ ընդունելութիւն կը գտնեն:

-Ցարդ լոյս տեսած հատորներս հետեւեալներն են. «Որք զծորանս Հոգւոյն արբին. Հայ գրքարուեստը դարերու ընդմէջէն», որ 2016-ին լոյս տեսաւ, Հայաստանի եւ Չեխիոյ Ազգային գրադարանաց գործակցութեամբ եւ ազնիւ մեկենասութեամբ, երեք տարբեր լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն եւ չեխերէն: Այնուհետեւ յաջորդեց «Հնագոյն Քրիստոնեայ ժողովրդեան գանձերը՝ հոգեկանութիւն, արուեստ եւ երաժշտութիւն Հայկական միջնադարեան ձեռագրաց մէջ» հատորը (2018 թ.)՝ անգլերէն եւ չեխերէն: Նոյն տարուայ ընթացքին «Տնտեսեան եւ Հայոց Շարակնոցի երաժշտութիւնը» մենագրութիւնս ալ լոյս տեսաւ: Իսկ ներկայ տարուայ ամրան Տվորժաքի «Րէ-մեծալար Պատարագը» գործին վերոյիշեալ քննական նուագագրութիւնը հրատարակուեցաւ:

-Այսօր ձեւով մը վտանգի տակ է արեւմտահայերէնը, արեւմտահայոց մշակոյթը, ի՞նչ ապագայ կը տեսնէք լեզուի, մշակոյթի առումով, ո՞ւր կը հասնի անկումը, եթէ կարելի է զայն անկում կոչել:

-Անկման վտանգը, ըստ իս, մի քանի երեսակներէ կը բաղկանայ: Նախ, ի սփիւռս աշխարհի կը նուազի հայերէն եւ յատկապէս արեւմտահայերէն խօսողներու թիւը, նամանաւանդ երիտասարդ սերնդեան մէջ: Այս խնդիրը աւելի լուրջ է արեւմտեան երկիրներու մէջ, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր աւելի երկար գոյատեւած է արեւմտահայերէնը, դժբախտաբար վերջին տասնամեակներուն հայ համայնքները լուրջ հարուածներու ենթարկուած են եւ՝ նուազած ու նուաղած: Երկրորդ՝ լեզուն սնանկութեան սեմին կը գտնուի, որովհետեւ լեզուի հարստացումը, այժմէականացումը եւ նորագոյն մասնագիտական եզրաբանութեամբ պատուաստումը եւ ներարկումը, ինչ որ պարբերաբար կատարուած էր անցեալին՝ թարգմանիչ Ս. Վարդապետաց, Ս. Ստեփանոս Սիւնեցւոյ, Մխիթարեան Ս. Հարց եւ Կոստանդնուպոլսոյ մտաւորականաց կողմէ, չէ շարունակուած՝ Եղեռնի, Հայկական Հանրապետութեան խորհրդայնացման, տեղական բարբառի զանգուածային օտարացման եւ վերջին տասնամեակներու անկախացեալ երկրի յետխորհրդային մշակութային միջավայրի բնոյթին պատճառաւ, զոր պիտի նախընտրէի հոս մանրամասնօրէն չվերլուծել: Վտանգը այն է ուրեմն, որ արեւմտահայերէնը այլեւս «խոհանոցի լեզու»ի մը վերածուի՝ անբաւարար որեւէ մասնագիտական ճշգրիտ հաղորդակցութեան: Երրորդ՝ արեւմտահայերէնը վտանգուած է արեւելահայերէնի ջախջախիչ ազդեցութեան պատճառաւ, որով նոյնիսկ բարձրորակ լրագրողներու գրիչէն զանազան արեւելաբանութիւններ կը յայտնուին այս օրերուս: Ըստ իս՝ արեւմտահայերէնի եւ ընդհանուր առմամբ արեւմտահայ մշակոյթի ապագայի յոյսը մե՛ր ձեռքը կը գտնուի: Պարտինք անշուշտ Կովկասեան հայրենեաց մշակոյթի բարելաւման սատարման առընթեր՝ բնականաբար նպաստել նաեւ իւրօրինակ եւ հարազատ արեւմտահայ մշակոյթի պահպանման, տարածման եւ զարգացման՝ առանց ակնկալելու թէ Մայր Հայաստանը մեր օգնութեան պիտի հասնի: Մայր Հայաստանը շատ ուրիշ մտահոգութիւններ ունի եւ նոյնիսկ եթէ չ՚ունենար՝ մեծաւ մասամբ անծանօթ կը մնայ այս խնդիրներուն:

-Ի՞նչ գործի վրայ հիմա կ՚աշխատիք:

-Զանազան կարեւոր յօդուածներէ եւ բազմաթիւ խոստացեալ գրախօսականներէ զատ ձեռքի տակ ունիմ մի քանի ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ երկուքը հրատարակութեան համար հասուն դառնալու ընթացից մէջ կը գտնուին: Նախ՝ «Անոյշ եղանակաւ եւ ձայնիւ» Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ տաղից խօսքերը, խազերն ու երաժշտութիւնը», անգլերէն հատորս, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ տաղից բնագիրը, խազերը եւ եղանակները իրարու հետ առնչել կը ջանայ՝ քննական եղանակաւ, զանազան ցարդ անծանօթ աղբիւրներու օգնութեամբ: Երկրորդ՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի՝ բանաստեղծ Սուրբը» չեխերէն հատորս, որ Սրբոյն մասին ընդարձակ մենագրութիւն մըն է եւ «Մատեան Ողբերգութեան» երկասիրութենէն հատուածներու եւ բոլոր տաղից չեխերէն թարգմանութիւնները պիտի ընդգրկէ: «Խոհք եւ խօսք»ի մեր անգլերէն թարգմանութիւնը պէտք է վերստուգել եւ ծանօթագրել: Իսկ աւելի հեռաւոր հորիզոններու վրայ՝ դանդաղօրէն կ՚աշխատիմ վերոյիշեալ տաղից նոր, քննական բնագրի խմբագրութեանս վրայ: Շարակնոցի մասին համապարփակ եւ ստուար՝ սակայն ցարդ թերաւարտ ուսումնասիրութիւն մըն ալ ունիմ: Վերջինս Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան վանուց աւանդութիւնները պոլսական աւանդութեան կողքին կը զետեղէ, բիւզանդական եւ դասական օսմանեան երաժշտական աւանդութեանց հետ աղերսները մանրակրկտօրէն կը քննէ մեզի հասած գրաւոր եւ բերանացի երաժշտական նիւթոց հիման վրայ եւ Շարակնոցի պարունակած Աստուածաբանութեան եւ մանրանկարչական արուեստի առանձնայատկութեանց մասին բաժիններ ալ ունի: Սակայն բաւական տաժանագին ջանուց կը կարօտի, մինչեւ որ համալրուելով, խմբագրուելով ու նկարներով եւ պատշաճ մակարդակով վերարտադրուած երաժշտական օրինակներով օժտուելով հրատարակութեան պատրաստ ըլլայ: Նկատի առնելու է նաեւ, որ երաժշտավարական եւ դասախօսական աշխատանքներս զիս բաւական կլանած են, եւ հետազօտական եւ գրական աշխատանքներս միայն ուշ գիշերային ժամերուն եւ կամ արձակուրդներու ընթացքին կրնամ յառաջացնել: Բարեբախտաբար, սակայն, գիտենք թէ առանց աճապարանքի կատարուած, երկար մտածուած, բազմիցս քննութեան ենթարկուած եւ դանդաղօրէն հասունցած գործոց բարեյաջող պտղաբերման մասին յոյսերը սովորաբար աւելի արդարացի կ՚ըլլան...

-Այսօր հայութիւնը ցնցուած է Արցախեան պատերազմէն, ի՞նչ են Ձեր մտածումները այս պատերազմի մասին:

-Բնականաբար, ներկայ պատերազմը ողբերգային է եւ մեծ սրտի կսկիծ կը պատճառէ մեր բոլորին: Կը սգամ, երբ խոստմնալից երիտասարդներ իրենց մատղաշ հասակին տարաբախտօրէն մահանան՝ անկախ իրենց ազգութենէն կամ կրօնական դաւանանքէն: Ջերմեռանդ յոյսս այն է նաեւ, որ Թուրքիոյ հայ համայնքի եւ պետութեան միջեւ յարաբերութիւնները ըլլան միշտ դրական եւ չվնասուին արտաքին իրադարձութեանց պատճառաւ: Մեր համայնքը, մեր եկեղեցիներն ու Պատրիարքական Աթոռը անհունօրէն թանկագին են, թէ՛ համայն հայութեան համար եւ թէ՛ Թուրքիոյ հիանալիօրէն հարուստ եւ բազմազան մշակութային կենդանի ժառանգութեան համար:

Անձնապէս համոզուած եմ, որ մեր մոլորակի բոլո՛ր ժողովուրդները հիմնական իրաւունքը ունին խաղաղօրէն եւ ապահովութեամբ իրենց պապենական օրրաներուն վրայ ապրելու, կերտելու եւ ստեղծագործելու: Արդէն իսկ երիցս ես իմ «այրւոյ լումաս» յղեցի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, վասն զի քանդուածները վերականգնելը հսկայական ջանուց կը կարօտի, ինչպէս նաեւ վիրաւորներու խնամքը եւ այրւոց ու որբոց հոգատարութիւնը, զորս մեզի վիճակուած բարոյական պարտականութիւն կը համարիմ: Նոյնպէս կը մաղթեմ, որ բոլոր մեծ պետութիւնները հակամարտութեանց կասեցման ձգտին՝ փոխանակ անտարբեր դիրք որդեգրելու եւ կամ նոյնիսկ ատելութիւն գրգռելու: Բնականաբար բոլորս ալ մնայուն եւ բարւօք խաղաղութեան եւ համերաշխութեան համար կ՚աղօթենք: Յիրաւի, այսօր աշխարհը «խաղաղութեան դեսպան»ներու կը կարօտի: Ինչպէս կարծեմ նոյնպէս վերջերս ըսուեցաւ՝ իսկութեան մէջ «պատերազմները յաղթական կողմ չեն ունենար, մինչդեռ խաղաղութեամբ ո՛չ ոք կորուստով կ՚ելլէ»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020