ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԴԱՏԵՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ

Մի՛ դատեր, որ չդատուիս:

Ուրիշի սխալները նշմարելը, դիմացինը մեղադրելը, դատապարտելը դիւրին է, իսկ սեփական հոգիի խորքը ընկղմիլը՝ բաւական բարդ: Կը գերադասենք կոյր մնալ սեփական անձի, սխալներու նկատմամբ: Եթէ նոյնիսկ զգանք մեր յանցանքը, կը փորձենք զայն արդարացնել, կամ խնամքով թաքցնել:

 Մենք յաճախ չենք նկատեր մեր խոշոր թերութիւնները, սակայն դիւրութեամբ կը նշմարենք եւ մատնացոյց կ՚ընենք դիմացինի պակասութիւնները: Այսինքն մեր աչքի գերանը տեսնելու փոխարէն, ուրիշի աչքի փուշը կը տեսնանք: Ահա թէ ինչ կ՚ըսէ այս մասին Սուրբ Պորֆիրիոս Կավսոկալիվացի.

«Ուրիշները դատապարտողը չի սիրեր Քրիստոսը: Երբ ոեւէ մէկը անպատուէ մեզ, այսինքն՝ վիրաւորէ ինչ-որ կերպ՝ զրպարտելով, վիրաւորելով, ապա խորհինք, որ ան մեր եղբայրն է: Որուն տիրած է թշնամին: Ան դարձած է թշնամիի զոհ:

Այդ իսկ պատճառաւ ճիշդ կ՚ըլլայ ցաւակցիլ վերջինիս եւ աղօթել Տիրոջ, որպէսզի Ան ողորմէ թէ՛մեզի, թէ անոր: Եւ Աստուած կ՚օգնէ երկուքին ալ:

Իսկ եթէ զայրանանք անոր վրայ, ապա թշնամին անկէ կը ցատկէ մեր վրայ ու կը սկսի երկուքս ալ «խաղցնել»:

Որիշները դատապարտողը չի սիեր Քրիստոսը, քանզի յանցաւորը դատապարտել եսասիրութիւն է: Ատկէ կը սկսի դատապարտութիւնը:

Պզտիկ օրինակ մը բերեմ ձեզի: Նայեցէ՛ք, ենթադրենք մարդ մը մինակ մնացած է անապատի մէջ, ոչ մէկը կայ շուրջբոլորը: Յանկարծ ան կ՚իմանայ, թէ ինչպէս մէկը հեռուն կու լայ ու կը գոռայ: Կը մօտենայ ու սարսափելի տեսարանի մը ականատես կ՚ըլլայ. վագրը բռնած է ինչ-որ մէկուն եւ կը պատառոտէ կատաղօրէն: Վերջինս ալ օգնութեան կը կանչէ յուսակտուր: Քանի մը վայրկեանէն վագրը կը պատառոտէ խեղճը...

Ի՞նչ ընել անոր օգնելու համար:

Վազել մօտի՞կ: Ինչպէ՞ս: Անհնար է:

Օգնութեա՞ն կանչել: Որո՞ւ: Այլեւս ոչ մէկը կայ շուրջբոլորը...

Իսկ մի գուցէ քար մը առնել ու խփե՞լ մարդու գլուխին, որպէսզի անոր վերջը տանք:

«Ո՛չ, ի հարկէ ո՛չ», կը բացագանչենք մենք:

Սակայն ճիշդ այդպէս կ՚ըլլայ մեր կեանքի մէջ, երբ չենք հասկնար, թէ այն ուրիշը, որ զինքը վատ դրսեւորած է մեզի նկատմամբ, ինկած է վագրի՝ սատանայի ճանկը:

Չենք գիտակցիր, որ երբ կ՚ընկալենք զայն առանց սիրոյ, ապա այդ նոյնն է, թէ քարով հարուածենք անոր վէրքերը:

Այդ ժամանակ մենք մեծ, կրկնակի՝ չարիք կը պատճառենք վերջինիս: «Վագրը՞ կը յարձակի մեր վրայ եւ մենք կ՚ընենք նոյնը, նոյնիսկ աւելի վատը... Ուստի ո՞րն է մեր սէրը մերձաւորի, մասնաւորապէս Տիրոջ հանդէպ»:

Ուրիշի չարիքը պէտք է ընդունինք որպէս հիւանդութիւն, որ կը տանջէ զինք: Ան կը տառապի եւ չի կրնար ազատիլ ատկէ: Ուստի, մեր եղբայրներուն նայինք կարեկցանքո՛վ: Ըլլանք յարգալից անոնց նկատմամբ՝ ներքուստ պարզութեամբ ըսելով՝ «Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս», որպէսզի Ան զօրացնէ՛ մեր հոգին աստուածային շնորհով, որպէսզի չդատենք ոչ մէկը:

Ահաւասիկ, գաղտնիքն այն է, որ ուրիշի չարիքը պէտք է ընդունինք որպէս հիւանդութիւն: Բոլորը սուրբ տեսնենք: Այո, այո՛, բոլորը սուրբ տեսնենք:

Չէ՞ որ բոլորս ալ ներքուստ կը կրենք հին մարդը: Մերձաւորը ինչպիսին ալ ըլլայ, մեր միս ու արիւնէն է, մեր եղբայրն է եւ մենք «ոչ մէկուն կը մնանք պարտապան, բացի զմիմեանց սիրելէ», համաձայն Պօղոս առաքեալի (Հռոմ. 13։8):

Մենք չենք կրնար մեղադրել ուրիշները, քանզի «ոչ մէկը երբեք կ՚ատէ իր անձը», (Եփես. 5:29)...

Երբ մարդ ունի որեւէ կիրք, ջանա՛նք սիրոյ եւ գթասրտութեան շողերով պատել զայն, որպէսզի ապաքինինք եւ ազատագրուինք: Սակայն գաղտնիքն այն է, որ այդ հնարաւոր է միայն շնորհիւ Աստուծոյ:

Խորհեցէ՛ք, որ Ան ձեզմէ շատ կը տառապի: Երբ մէկը մեղք կը գործէ մենաստանի մէջ, չըսենք անոր, որ մեղաւոր է: Ընդհակառակը, ցուցաբերենք ուշադրութիւն վերջինիս նկատմամբ, վերաբերինք՝ յարգանքով ու աղօթքով: Ջանանք չարիք չգործել: Երբ ըլլանք համբերատար մեր եղբօր նկատմամբ, որ կը սիրէ հակաճառել, այն մեզ համար կը դիտուի որպէս նահատակութիւն:

Ուրախութեամբ վարուինք այդպէս:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021