ԴԷՊԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ -2
Իմ երկրորդ աշակերտը՝ Էրիքը, Արցախի Մարտունիի շրջանէն է: Ան նոյնպէս շատ կը սիրէ իր հողն ու ջուրը, պատերազմի մասնակից է: Պատերազմէն վերջ որոշեց սորվիլ թրքերէն: Մեր դասերը մինչեւ այսօր կը շարունակուին վերջինիս հետ: Բաւական յառաջադիմած է: Մեծ հետաքրքրութեամբ ու սիրով կը սերտէ այս լեզուն: Այլեւս կը կարդայ, կը գրէ, կը հետեւի լուրերուն, հեռատեսիլ կը դիտէ եւ ամենակարեւորը՝ կրնայ հանգիստ հաղորդակցիլ լեզուակիրներու հետ: Այստեղ՝ օրէ օր աւելցող իմ աշակերտներու մասին պատմութիւններով որոշած եմ սահմանափակուիլ: Երբեմն Արին կատակով կը նշէ, թէ լեզուակիր ըլլալով հանդերձ, ինք չկրցաւ մէկէ աւելի աշակերտ ունենալ, իսկ ես՝ իմ կէսկատար թրքերէնով պարապ ժամ չունիմ: Մինչեւ լեզուի ուսուցումին անցնիլս, ինքզինքս գտնայ թարգմանչութեան ոլորտին մէջ. թրքերէնէ հայերէն գիրք մը կը թարգմանեցի: Իմ թարգմանչական գործը բաւական յաջող անցաւ: Աւա՜ղ, հեղինակի հետ ունեցած անհամաձայնութիւններու պատճառաւ այդ մէկը լոյս չտեսաւ: Թարգմանչական գործը ինծի առաւել հոգեհարազատ է, քան ուսուցչագործութիւնը:
Մասնաւոր պարապմունքներէն սկսելով իմ նոր ուղին ինծի հասցուց Երեւանի թիւ երկու աւագ դպրոց: 2021-2022 ուսումնական տարիէն սկսեալ, որպէս պարտադիր առարկայ, Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու մէջ ներառնուեցաւ թրքերէնի կամ ատրպէյճաներէնի ուսուցումը: Աւագ դպրոցի աշակերտները այլեւս պարտադիր կերպով կը սերտեն այս լեզուներէն մին: Լեզուներու ընտրութիւնը կը պատկանի դպրոցի տնօրէնութեան: Մեր դպրոցը ընտրած է թրքերէն լեզուն: Ըստ իս, ճիշդ ընտրութիւն է:
Անձամբ ես կ՚ողջունեմ հանրակրթական դպրոցներու մէջ այս լեզուներուն ուսուցումը: Ըստ իս, այս ուսուցման պէտք էր սկսիլ երեսուն տարի առաջ, եւ չորրորդ դասարանէն սկսեալ, որպէսզի դպրոց աւարտելով աշակերտը այլեւս հանգիստօրէն կարենար տիրապետել լեզուին: Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւններու կողմէ միակ ճիշդ որոշումն էր այս մէկը: Թէպէտ, խիստ կասկածելի է, թէ անոնց կողմէ մեր դրացի երկիրներու լեզուներու ուսուցման պարտադրանքը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ: Ես կրնամ գուշակել, սակայն այսօր կը նախընտրեմ չբարձրաձայնել:
Դպրոցի մէջ աշխատելու երկու տարուայ փորձառութիւն ունիմ, Պոլիսի Մէրամէթճեան վարժարանի մէջ իմ ունեցած փորձը վկայ: Սակայն որպէս ուսուցչուհի, այլ ալ աւագ դպրոցի մը մէջ, առաջին անգամ կ՚ուսուցչագործեմ: Ակամայ, կը թուի, թէ իմ աշխատանքը շատ դիւրին է, շաբաթը երեք անգամ, օր մը չորս, մնացեալը հինգ ժամ կը մտնեմ դասարան: Ընդամէնը եօթ դասարան, շաբաթական տասնչորս ժամ. կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր դասարանի շաբաթական յատկացուած է երկու ժամ թրքերէնի սերտում:
Կը սիրեմ իմ այս նոր աշխատանքը, նոր ուղին: Ուսուցչագործութիւնը հոգեհարազատ է իմ էութեան, իմ հոգիին: Սակայն դպրոցի մը մէջ դասաւանդելն ու մասնաւոր պարապմունքները իրարմէ հեռու են հազարաւոր քիլօմեթրեր: Մասնաւորը դիւրին է՝ խաղ ու պար: Իսկ դպրոցը քեզմէ կը պահանջէ բաւական մեծ ջանք ու ճիգ: Դիւրին չէ մէկ անգամէն լեզու գտնել 167 զանազան ընտանիքներու զաւակներուն հետ: Աշակերտները թիւով շատ են՝ դասարանի մը մէջ 28-30 աշակերտ: Թիւով քիչ եղող դասարաններուն մէջ՝ 12-18 հոգի, մեր ուսուցումը կը կազմակերպուի շատ հետաքրքիր ու խաղաղ պայմաններու մէջ: Այդպիսի դասարաններու մէջ նորեկ ուսուցչուհիի մը համար հաճոյք է դասաւանդելը: Պատկերը էապէս կը փոխուի մեծ դասարաններուն մէջ: Այստեղ ես ունիմ լուրջ կարգապահական խնդիր: Լեզուի նկատմամբ որոշ աշակերտներու բացասական վերաբերմունքը ստուեր կ՚ածէ նաեւ իմ վրայ: Զոր օրինակ, գերազանց յաջող աշակերտ մը օր մը մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Ես այս լեզուն չեմ սիրեր, պիտի չսորվիմ»: Այսպէս արտայայտուեցան նաեւ ուրիշներ:
Թրքերէնի ուսուցումը հանրակրթական դպրոցներու մէջ անակնկալի բերաւ աշակերտութիւնը: Անոնք տակաւին հոգեպէս պատրաստ չէին այսպիսի շրջադարձի: Տակաւին չեմ յաջողած գտնել դէպի անոնց սիրտերը տանող ուղին, ես անդադար փնտռտուքներու մէջ եմ: Սակայն, եթէ Տէրը կամենայ, ես պիտի կարենամ յաջողութեան հասնիլ այս հարցին մէջ եւ նոյնիսկ ամենաանհնազանդ դասարաններու մէջ յաջողութիւններ արձանագրեմ: Օրուայ աւարտին տուն կը վերադառնամ ուժասպառ, տխուր, բարկացած, օր մըն ալ տամուկ աչքերով, սակայն չեմ յանձնուիր, կը շարունակեմ իմ պայքարը՝ նուաճել աշակերտութեան սէրն ու ակնածանքը ինչպէս անձիս, այնպէս ալ իմ դասաւանդած առարկայի նկատմամբ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
- վերջ -
Երեւան