ԲԱՐԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Հեռաւոր գիւղի մը մէջ կը բնակի Քաջազնունիներու գեղեցիկ, հաշտ ու համերաշխ բազմանդամ ընտանիքը։ Ի դէպ, նշեմ, որ այս երջանիկ մարդոց խումբը ոչ մէկ ազգակցական կապ ունի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920/21 թթ.) առաջին վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի հետ։ Սակայն բացառիկ մականուն կրող բազմազաւակ հայրը, որ կը զբաղի հովուութեամբ, լաւագոյնս ուսումնասիրելով առաջին վարչապետ՝ պարոն Քաջազնունիի կեանքն ու գործունէութիւնը, պարապ ժամերուն բաւական պատկերաւոր վերջինիս մասին կը պատմէ իր զաւակներուն։ Անուս, իմաստուն հօր բաղձանքն է, որ իր եօթ զաւակները եւ ութերորդը, որ շուտով լոյս աշխարհ պիտի գայ, ստանան բարձրագոյն կրթութիւն։ Գերազանց յառաջադիմութեամբ աւարտեն կեանքի դպրոցը, դառնան մեծանուն ու յարգարժան մարդիկ։ Այս փափաքի իրագործման ճանապարհին ան կ՚ընէ հնարաւոր ամէն բան։ Եւ որպէս ներշնչանքի աղբիւր ընտրած է՝ Յովհաննէս Քաջազնունին։ Նոյնիսկ առաջին վարչապետի իւղաներկով գծած պատկերը կը զարդարէ իրենց համեստ հիւրասենեակի գլխաւոր պատը։

Երբ յոգնած ու դադրած բազմազաւակ հայրը երեկոյեան սարերէն տուն կը վերադառնայ, ճաշասեղանի գլուխը ամէն անգամ զիջելով տան երէցին, ինք կը զբաղեցնէ սեղանի ստորին հատուածը։

-Որդիս, ժամանակն է, որ սեղանի ճակատային մասը դուն զբաղեցնես։ Ես այլեւս 70 անց ծերունի մըն եմ։ Իսկ աթոռը կարիք ունի թարմացման։

-Ո՛չ, հայր իմ։ Դուն մեր գերդաստանի գլխաւոր յենասիւնն ես, մեր բարտին, սոճին։ Եւ միմիայն քու ստուերի տակ է, որ չի խամրիր մեր փայլը։

-Շնորհակալ եմ տղաս,- հազիւ լսելի ձայնով մը ու գորովալից ժպիտով ըսաւ ընտանիքի աւագը։

-Ես շնորհակալ եմ, որ ամէն երեկոյ դուն ու մայրս, ձեր ներկայութեամբ կը զարդարեք մեր սեղանը,- հպարտութեամբ նշեց որդին ու շարունակեց,- սիրելի ընտանիք, ձեզի բարի ախորժակ։

-Հայրիկ, հայրիկ, վայրկեան մը։ Մեր հանապազօրեայ հացի համար Աստուած պապիկին առանց շնորհակալութիւն յայտնելու, չենք կրնար ճաշել,- մանկական թոթովանքով նկատեց չորսամեայ Նարեկը։

-Ներողամիտ գտնուէ զաւակս։ Գլուխս պահ մը կեցաւ,- խնդալով պատասխանեց հայրը։

Առ Աստուած երախտիքի աղօթք հնչեցնելէ վերջ սեղանակիցները անցան ճաշի։

Հարկ է նշել, որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ սեղանի շուրջ իր տեղը ունի։ Ինչպէս վերը նշեցինք, ճակատային մասը կը զբաղեցնէ տան երեցը։ Անոր աջ կողմը կը նստի գերդաստանի մեծ մայրը։ Ձախակողմեան աթոռը կը զբաղեցնէ պապի անունը պատուով կրող աւագ թոռը՝ Իշխանը։ Այնուհետեւ ըստ տարիքի երեխաները կը զբաղեցնեն իրենց տեղերը։

Ամէն Աստուծոյ օր յոգնատանջ, բազմանդամ ընտանիքի բոլոր անդամները ընթրելէ վերջ, իրարու օգնելով կը ժողվեն սեղանը։ Քանզի եօթ ասպետներու մայրը յղի է, կը սպասէ իր դստրիկին, այդ իսկ պատճառաւ երեխաները զայն հանգստի կոչած են, արձակելով ամէն տեսակ աշխատանքէ։ Եօթ դիւցազունները իրենց մեծ մօրը օգնելով կը ժողվեն սեղանը։

Աւագ թոռը իր երկու եղբայրներուն հետ միասին սեղանը կը ժողվէ։ Մեծ մայրը խոհանոցին մէջ կը լուայ պնակները։ Թոռներէն մէկը կը չորցնէ սպասները, միւսը գետին թափած փշրանքները կը սրբէ… Այսպէս ամէն օր՝ առտուընէ իրիկուն, իրարու օգնելով անոնք կը վայելեն իրենց երեկոները, գաւաթ մը սուրճի կամ թէյի հետ ճաշակելով իրենց մայրիկի կամ մեծ մայրիկի պատրաստած անմահական խմորեղէնները, կարկանդակներն ու անուշեղէնները։

Քաջազնունիներու խաղաղ երեկոները կ՚ուղեկցուին երգ ու պարով, խինդ ու ծիծաղով, ոտանաւորներով ու ասմունքներով. երբեմն ալ բանը կը հասնի քաղաքականութեան կամ այլ հետաքրքրական նիւթերու…

Գրեթէ ամէն երեկոյ, ընտանիքը կը կազմակերպէ գրական երեկոներ, քննարկումներ։ Յաճախ երեքամեայ Յովհաննէսը, դէպի իրեն սեւեռելով բոլորի ուշադրութիւնը ակնածանքով կը յայտարարէ.

-Ես Յովհաննէս Քաջազնունին եմ, Հայաստանի փոքրիկ վարչապետը։ Հայրիկ քիչ մըն ալ կը պատմես պարոն վարչապետի մասին։

Սիրալիր հայրը դիմելով համացանցի օգնութեան՝ անմիջապէս ի կատար կ՚ածէ կրտսեր որդւոյն խնդրանքը։

Եւս մէկ խաղաղ գիշեր ճանապարհելէ վերջ, առաւօտեան, աքաղականչի հետ կ՚ար-թըննայ աշխատասէր ընտանիքը։ Մէկզմէկու բարի լոյս ու բարի օր կը մաղթեն։ Նախաճաշէն անմիջապէս վերջ, երեխաները մինչ դպրոց երթալը, կ՚օգնեն մեծերուն։ Փոքրիկ Յովհաննէսը ամէն օր պարտաճանաչ, իր եղբայրներէն մէկուն հետ հաւերուն կուտ կու տայ։ Իշխանը գոմը կը մաքրէ. կովերուն թրիքը մէկ կողմ ժողվելով, կը վերածէ պարարտանիւթի, որպէսզի առատ բերք ստանալու համար գարնան օգտագործեն։

Երբ առօրեայ գործերը մասամբ կը լմննան, դպրոցահասակ երեխաներն ալ կը շտապեն վարժարան, երեքամեայ Յովիկը, գաւաթ մը տաք կաթ ձեռքին կը բախէ իր մայրիկի ննջասենեակին դուռը։

-Հրամեցէք,- քնաթաթախ ներս կը հրաւիրէ մայրը։

-Բարի լոյս մայրիկ,- ուրախ ու զուարթ կ՚ըսէ Յովիկ,- քեզ ու իմ քոյրիկին կաթիկ բերի, որպէսզի խմէք եւ առողջ ըլլաք։

-Բարեւ երջանկութիւն, ես ալ քեզի կը սպասէի…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019