Ա­ՆԱ­ՒԱՐՏ ՀԱ­ՄԵՐԳ ԿԱՄ ՄԵԾ ՄԱՐ­ԴԱ­ՍԷ­ՐԸ՝ ԲԺԻՇԿ ԼԻ­ԶԱ

Այ­սօ­րուան հրա­տա­րա­կուե­լիք գի­րը գրե­թէ պատ­րաստ էր, որ հար­ցազ­րոյց մըն էր Ի­րա­քէն Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած պատ­մա­գէ­տի մը հետ, մինչ այդ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը գու­ժե­ցին Ռու­սաս­տա­նէն Սու­րիա ու­ղե­ւո­րուող եւ Սեւ ծո­վուն մէջ կոր­ծա­նած Tu-154 օ­դա­նա­ւի ա­ղէ­տին մա­սին: Նիւ­թը ինք­նա­բե­րա­բար փո­խուե­ցաւ, երբ յայտ­նի դար­ձան յու­զիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կոր­ծա­նած օ­դա­նա­ւուն մէջ գտնուող ան­ձե­րուն մա­սին:

92 մարդ, ո­րոնց կար­գին՝ անձ­նա­կազ­մի բո­լոր ան­դամ­նե­րը, զոհ գա­ցած են դա­ժան ար­կա­ծին: Օ­դա­նա­ւուն մէջ ե­ղած են ռուս յայտ­նի ե­րա­ժիշտ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ռու­սա­կան «Ա­ռա­ջին կա­յա­ն­»ի, «Էն Թի Վի» եւ «Զվեզ­տա» նշա­նա­ւոր կա­յան­նե­րու ի­նը լրագ­րող­ներ եւ նկա­րա­հա­նող­ներ, ո­րոնք կ՚ու­ղեկ­ցէին ե­րա­ժիշտ­նե­րուն լու­սա­բա­նե­լու հա­մար ա­նոնց Ռու­սաս­տա­նէն դուրս տե­ղի ու­նե­նա­լիք հեր­թա­կան հա­մեր­գը:

Ե­րա­ժիշտ­նե­րը կ՚ու­ղե­ւո­րուէին Սու­րիա՝ Կա­ղան­դի առ­թիւ հա­մերգ մը ու­նե­նա­լու Սու­րիոյ «Հմէյ­մի­ն» կա­յա­նին մէջ տե­ղա­կա­յուած ռու­սա­կան ռազ­մա­կան ու­ժե­րու օ­դա­նա­ւա­յին խում­բի զի­նուոր­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք պա­տե­րազ­մա­կան այս օ­րե­րուն նման ո­գե­ւո­րու­թեան յոյժ կա­րիքն ու­նէին...

Ե­րա­ժիշտ­նե­րը ան­ծա­նօթ ա­նուն­ներ չէին. ա­նոնք ռու­սա­կան բա­նա­կի կրկնա­կի շքա-նը­շա­նա­կիր «Ա­լեք­սանտ­րո­վ» եր­գի պա­րի հա­մոյ­թի (Red Army Chorus) ան­դամ­ներն էին, ո­րոնց մեծ մա­սը՝ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­ներ ու պե­տա­կան շքան­շա­նա­կիր­ներ ե­ղած են… Կը յի­շեմ, երբ մէկ տա­րի ա­ռաջ նոյն ե­րա­ժիշտ­նե­րուն փայ­լուն հա­մերգ­նե­րուն շար­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ... մինչ այ­սօր, խում­բին մէկ մա­սը՝ 65 ե­րա­ժիշտ­ներ, զո­հուած է, ինչ­պէս նաեւ՝ խում­բի գե­ղա­րուեա­տա­կան ղե­կա­վար, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան, Ռու­սաս­տա­նի գլխա­ւոր ռազ­մա­կան խմբա­վար Վա­լե­րի Խա­լի­լո­վ: Սու­րիա պի­տի մեկ­նէին եւս ե­րեք հո­գի, ո­րոնք անձ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով չեն մեկ­նած: Ողջ մնա­ցած­նե­րէն մին՝ Ռու­սաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ, նշա­նա­ւոր մե­ներ­գիչ Վա­տիմ Ա­նա­նե­ւ այս օ­րե­րուն զա­ւակ ու­նե­ցած է եւ վճռած մնալ իր նո­րա­ծին որ­դիին քով: Միւս եր­կու մե­նա­կա­տար­նե­րը նոյն­պէս անձ­նա­կան ո­րոշ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով մնա­ցած են Մոս­կուա: Խում­բին հետ Սու­րիա մեկ­նած էր նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մշա­կոյ­թի բա­ժի­նի ղե­կա­վարն ու օգ­նա­կա­նը...

1928 թուա­կա­նին հիմ­նուած «Ա­լեք­սանտ­րո­վ» խում­բը կը կա­տա­րէր զի­նուո­րա­կան եր­գեր, կը պա­րէր ռու­սա­կան ազ­գա­յին պա­րեր եւ կը ներ­կա­յաց­նէր ժա­մա­նա­կա­կից եր­գա­հան­նե­րու գոր­ծեր։ Ան կազ­մուած էր երգ­չա­խում­բէ, պա­րա­խում­բէ եւ նուա­գա­խում­բէ ու կը նկա­տուէր Ռու­սաս­տա­նի ա­մե­նէն մեծ զի­նուո­րա­կան ե­րաժշ­տա­կան խում­բը՝ երկ­րի հպար­տու­թիւ­նը:

1928 թուա­կա­նէն ի վեր, մշտա­պէս հա­մալ­րուե­լով նոր սե­րուն­դի ե­րա­ժիշտ­նե­րով, ան բո­լոր կա­րե­ւոր տօ­նե­րուն կ՚ո­գե­ւո­րէր ռու­սա­կան բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րը՝ ե­լոյթ­ներ ու­նե­նա­լով:

Խում­բը կը կրէ կե­նե­րալ-մա­յոր, զի­նուո­րա­կան ե­րա­ժիշտ, ման­կա­վարժ՝ Ա­լեք­սանտր Ա­լեք­սանտ­րո­վին ա­նու­նը, որ այս խում­բին հիմ­նա­դի­րը ե­ղած է: Յի­րա­ւի դա­ժան ճա­կա­տա­գիր՝ պատ­մա­կան այս հա­մոյ­թի ան­դամ­նե­րուն հա­մար...

Ա­նոնց վեր­ջին մեծ ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նո­յեմ­բե­րին: Մոս­կուա­յի մեծ թատ­րո­նի բե­մին վրայ խում­բը ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ Մոս­կուա­յի ճա­կա­տա­մար­տի 75-ա­մեա­կին նուի­րուած ձեռ­նար­կին:

Սեւ ծո­վուն վրա կոր­ծա­նած Tu-154 օ­դա­նա­ւին մէջ յու­զիչ պատ­մու­թիւն մը եւս ե­ղած է։ Օ­դա­նա­ւին մէջ գտնուած է սի­րա­հար զոյգ մը, որ ծրագ­րած էր մօտ օ­րէն ա­մուս­նա­նալ: Ա­լեք­սանտ­րո­վի ա­նուան հա­մոյ­թին սի­րա­հա­րուած այս ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն պատ­մու­թիւ­նը յու­զեց շա­տե­րը։ 22-ա­մեայ Ռա­լի­նա Կիլ­մա­նո­վա­յի հա­րա­զատ­նե­րը պատ­մած են զի­նուո­րա­կան ե­րաժշտա­կան խում­բի մը մէջ աշ­խա­տե­լու՝ աղջ­կան ե­րա­զանք­նե­րուն մա­սին: Ա­նոր հա­րա­զատ քոյ­րը նշած է, որ աղ­ջի­կը խում­բին մէջ կը պա­րէր, իսկ ա­նոր սի­րե­ցեա­լը կ՚եր­գէր երգ­չախմ­բին մէջ: Ա­նոնք Մոս­կուա­յի մէջ միա­սին կ՚ապ­րէին:

Ռա­լի­նան վեր­ջին ան­գամ հա­րա­զատ­նե­րուն հետ կապ հաս­տա­տած է ող­բեր­գու­թե­նէն ա­ռաջ՝ ե­րե­կո­յեան եւ խոս­տա­ցած է վայ­րէջ­քէն ետք կրկին կապ հաս­տա­տել, բայց տե­ղի ու­նե­ցած է այս դժբախտ դէպ­քը…

Այլ աղ­բիւ­րէ տե­ղե­կա­ցանք օ­դա­նա­ւին մէջ գտնուող Է­լի­զա­պէթ Կլին­քա­յի՝ Ռու­սաս­տա­նի մէջ յայտ­նի Տոք­թոր Լի­զա­յի զոհուե­լուն մա­սին, որ բժշկա­կան օգ­նու­թիւն կը տա­նէր Սու­րիոյ Լա­թա­քիա քա­ղա­քի «Թիշ­րի­ն» ա­նու­նով հա­մալ­սա­րա­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին հա­մար: Այս լու­րը նոյն­պէս ան­հա­ւա­տա­լի կը թուի: Մի քա­նի օր ա­ռաջ էր, երբ ռու­սա­կան հե­ռա­տե­սի­լա­յին ա­լիք­նե­րէն սփռուե­ցաւ Տոք­թոր Լի­զան, երբ ան Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ, Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի ձե­ռամբ կը ստա­նար Ռու­սաս­տա­նի պե­տա­կան պար­գե­ւը՝ Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ իր ու­նե­ցած ակ­նա­ռու նուա­ճում­նե­րուն հա­մար:

Ան միեւ­նոյն ա­տեն Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հին կից Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան զար­գաց­ման խոր­հուր­դի ան­դամ էր:

Այս տա­րուան Ապ­րի­լին Է­լի­զա­պէթ Կլին­քա­յի՝ Տոք­­թոր Լի­զա­յի գլխա­ւո­րած «Ար­դար օգ­նու­թիւ­ն» հիմ­նադ­րա­մը ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է նաեւ Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի վի­րա­ւոր­նե­րուն, եւ այս հիմ­նադ­րա­մը միշտ պատ­րաստ ե­ղած է օգ­նե­լու ար­ցախ­ցի մա­նուկ­նե­րուն: Ինք՝ Տոք­թոր Լի­զան միշտ կա­պի մէջ ե­ղած է Ար­ցա­խի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ:

Մի­ջազ­գա­յին «Ար­դար օգ­նու­թիւ­ն» հա­սա­րա­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը ստեղ­ծուած է 2007 թուա­կա­նին՝ ան­տուն­նե­րուն, ան­յոյս հի­ւանդ­նե­րուն, ա­ռանձ­նա­ցած ծե­րե­րուն եւ հաշ­ման­դամ­նե­րուն օգ­նե­լու հա­մար, ան կը հո­վա­նա­ւո­րուի ռու­սա­կան «Ար­դար Ռու­սաս­տա­ն» կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ:

Է­լի­զա­պէթ Կլին­քա ծնած է Մոս­կուա, 1962 թուա­կա­նին, զի­նուո­րա­կան եւ բժիշկ ըն­տա­նի­քի մը մէջ: Իր մաս­նա­գիու­թեամբ ե­ղած է բժիշկ-վե­րա­կանգ­նող: Ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն ծնող­քին սի­րա­յօ­ժար խնամ­քին ներ­քոյ, իր­մէ ու եղ­բօր­մէն բա­ցի, մեծ­ցած են նաեւ իր ազ­գա­կան­նե­րուն եր­կու ե­րա­խա­նե­րը, ո­րոնք կա­նուխ որ­բա­ցած էին: Ման­կու­թեան այս դրուագն ալ հա­ւա­նա­բար հե­տա­գա­յի խթան­նե­րէն մին ե­ղած է, որ ան միշտ կանգ­նած ըլ­լայ որ­բե­րու, ա­նօգ­նա­կան­նե­րու կող­քին: Հե­տա­գա­յին Տոք­թոր Լի­զան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ մաս­նա­գի­տա­ցած է ա­մո­քիչ (palliative) օգ­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ եւ իր ա­մու­սի­նին՝ ռու­սա­կան ծա­գու­մով ա­մե­րի­կաբ­նակ փաս­տա­բան Կլէպ Կլին­քա­յի հետ վե­րա­դառ­նա­լով Ռու­սաս­տան, այդ փոր­ձը տա­րած է Ռու­սաս­տա­նի եւ Ուք­րայ­նոյ մէջ:

Ռուաս­տա­նի մէջ ան կը նկա­տուէր ա­մո­քիչ օգ­նու­թեան ա­մե­նէն ծա­նօթ մաս­նա­գէ­տը: Ա­մո­քիչ օգ­նու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ բա­րե­լա­ւել կեան­քին սպառ­նա­ցող կամ կեան­քը սահ­մա­նա­փա­կող հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու խնդրին բա­խող հի­ւանդ­նե­րու եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րու կեան­քին ո­րա­կը՝ ցա­ւի եւ այլ ֆի­զի­քա­կան ախ­տա­նիշ­նե­րու կա­նուխ յայտ­նա­բեր­ման, ման­րակր­կիտ գնա­հատ­ման եւ բուժ­ման օգ­նու­թեամբ տա­ռա­պանք­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ու թե­թե­ւաց­ման, ինչ­պէս նաեւ՝ հի­ւան­դին եւ ա­նոր հա­րա­զատ­նե­րուն հո­գե­բա­նա­կան ու հո­գե­ւոր ա­ջակ­ցու­թեան տրա­մադր­ման մի­ջո­ցաւ:

Այս օգ­նու­թիւ­նը սո­վո­րա­բար կը տրա­մադ­րուի բժիշկ­նե­րու, բոյժ­-քոյ­րե­րու եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան մար­զի այլ մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ: Ա­նոնք կը հիմ­նեն հոս­պիս­ներ (դար­մա­նա­տու­ներ՝ ան­բու­ժե­լի հի­ւանդ­նե­րու հա­մար), ուր կը փոր­ձեն թե­թեւց­նել հի­ւանդ­նե­րուն կեան­քը:

Տոք­թոր Լի­զան հիմ­նած է այդ­պի­սի հոս­պիս­ներ Ռու­սաս­տա­նի մէջ եւ դար­ձած՝ երկ­րէն ներս ա­նոնց ա­ռա­ջին հիմ­նա­դի­րը: Նոյն­պէս ան հիմ­նած է Ուք­րայ­նոյ մէջ ա­ռա­ջին նմա­նա­տիպ կեդ­րո­նը, ուր ա­մո­քիչ օգ­նու­թիւն կը ստա­նա­յին ծանր հի­ւանդ­ներն ու ա­նոնց հա­րա­զատ­նե­րը:

Է­լի­զա­պէթ Կլին­քա քա­նի մը ան­գամ մաս կազ­մած է Ռու­սաս­տա­նի հա­րիւր ա­մե­նէն ազ­դե­ցիկ կի­նե­րու ցու­ցա­կին, իսկ ա­նոր բա­րե­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին նկա­րա­հա­նուած վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րը 2009 թուա­կա­նին ար­ժա­նա­ցած է «ՏԷ­ՖԻ» հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կին:

2015 թուա­կա­նէն սկսեալ, Տոք­թոր Լի­զան պար­բե­րա­բար կ­­՚ու­ղե­ւո­րուէր Սու­րիա՝ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն տա­նե­լով պա­տե­րազ­մէն տու­ժած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն: Իր վեր­ջին այ­ցը պա­տե­րազ­մա­կան Սու­րիա ե­ղաւ ճա­կա­տագ­րա­կան՝ մար­դա­սէր այս կնոջ հա­մար:

Իր ե­տին ան ձգած է մար­դա­սէ­րի, բա­րե­գոր­ծի հա­րուստ կեն­սագ­րու­թիւն եւ ե­րեք զա­ւակ­ներ, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը հա­րա­զատ զա­ւակ­ներն էին, իսկ մէ­կը՝ որ­դեգ­րուած:

Հան­րու­թեան առ­ջեւ ու­նե­ցած իր վեր­ջին ե­լոյ­թը դար­ձաւ Քրեմ­լի­նի մէջ այս ամ­սուան սկիզ­բին ա­նոր ար­տա­սա­նած ճա­ռը, ո­րուն ժա­մա­նակ Տոք­թոր Լի­զան անդ­րա­դար­ձեր է Սու­րիոյ եւ Տոն­պա­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ նշե­լով, որ ի­րեն հա­մար չա­փա­զանց դժուար է տես­նել Տոն­պա­սի եւ Սու­րիոյ մէջ սպան­նուած, հի­ւանդ ու վի­րա­ւոր ե­րա­խա­նե­րը.

«Ես այ­սօր չեմ կրնար չյի­շա­տա­կել Սու­րիոյ մէջ մա­հա­ցած իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս՝ Տո­նեց­քի մէջ սպան­նուած բժիշկ­նե­րուն մա­սին, հա­զա­րա­ւոր ե­րա­խա­նե­րու մա­սին, ո­րոնք սպան­նուած են Տոն­պա­սի մէջ եւ հա­զա­րա­ւոր ե­րա­խա­նե­րու մա­սին, ո­րոնք թա­ղուած են Սու­րիոյ մէջ:

«Վա­ղը պի­տի մեկ­նիմ Տո­նեցք, հոն­կէ՝ Սու­րիա, ինչ­պէս որ հա­րիւ­րա­ւոր այլ բա­րե­րար­ներ, ո­րոնք կը զբա­ղին մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ: Մենք եր­բեք վստահ չենք, որ ողջ կը վե­րա­դառ­նանք, ո­րով­հե­տեւ պա­տե­րազ­մը դժոխք է երկ­րի վրայ: Սա­կայն մենք վստահ ենք, որ բա­րու­թիւ­նը, կա­րեկ­ցան­քը եւ բա­րեսր­տու­թիւ­նը ո­րե­ւէ զէն­քէ ա­ւե­լի հզօր ե­ն», Պե­տա­կան պար­գեւ ստա­նա­լու ժա­մա­նակ ը­սած է Է­լի­զա­պէթ Կլին­քան՝ Տոք­թոր Լի­զան: Ա­նոր ե­լոյ­թը յոտն­կայս լսած է Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին:

Ա­նոր մա­հուան գոյ­ժը լսե­լուն պէս, զինք ճանչ­ցող­նե­րը ա­մէն օր, մին­չեւ ուշ ժա­մեր, ծա­ղիկ­ներ կը զե­տե­ղեն իր ղե­կա­վա­րած գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ:

Նոյն­պէս ծա­ղիկ­նե­րու, ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու, մո­մե­րու եւ խա­ղա­լիք­նե­րու կոյ­տեր յա­ռա­ջա­ցած են այն կեդ­րո­նին առ­ջեւ, ուր տե­ղա­կա­յուած էր «Ա­լեք­սանտ­րո­վ» եր­գի, պա­րի եւ նուա­գի խում­բը: Ա­նոնց վեր­ջին հա­մեր­գը դար­ձաւ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խղճի ճչա­ցող ձայն մը եւ մնաց իբ­րեւ ա­նա­ւարտ հա­մերգ: Ա­նա­ւարտ հա­մերգ: Ա­յո՛, այս­պէս կա­րե­լի է ա­նուա­նել նա­խօ­րէին Ռու­սաս­տան-Սու­րիա օ­դա­յին ճա­նա­պար­հին տե­ղի ու­նե­ցած այս մեծ ող­բեր­գու­թիւ­նը:

Սեւ ծո­վը քա­նիցս կլլեց մարդ­կա­յին մար­մին­ներ... Մի­լիո­նա­ւոր ծա­ղիկ­նե­րով ծած­կուե­ցաւ ծո­վը՝ ա­նոնց յի­շա­տա­կին, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի դաշտ կը մեկ­նէին, բայց չհա­սան...

ԲԺԻՇԿ ԼԻ­ԶԱՆ՝ ՀԱՅ ՄԱ­ՆՈՒԿ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

- Հայ ժո­ղո­վուր­դը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շէ օ­դա­նա­ւի ա­ղէ­տին զոհ դար­ձած բժիշկ Լի­զա­ն. ա­նոր ղե­կա­վա­րած «Ար­դար օգ­նու­թիւ­ն» հիմ­նադ­րա­մը ծա­նօթ է Ար­ցա­խի մէջ:

- 1990-ա­կան­նե­րու սկիզ­բը բժիշկ Լի­զան օգ­նած է Մոս­կուա տե­ղա­փո­խուած պա­տե­րազ­մի դաշ­տին մէջ ծանր վի­րա­ւո­րուած զին­ուո­նե­րուն, ո­րոնք շտապ վի­րա­հա­տու­թեան կա­րիք կը զգա­յին։ Ա­նոր մար­դա­սի­րու­թեան շնոր­հիւ յա­ջո­ղուած է փրկել շա­տե­րու կեան­քը։

Պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ ան շա­րու­նա­կած է ա­ջակ­ցիլ Ար­ցա­խին՝ ու­ղար­կե­լով մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն։

- Է­լի­զա­պէթ Կլին­քա Ար­ցախ այ­ցե­լած է նաեւ 2009 թուա­կա­նին, ուր նպաս­տած է ար­ցախ­ցի փոք­րիկ­նե­րու սիր­տի վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­մա­ն։­

- Ա­նոր ա­նու­նը կա­պուած է նաեւ Տոն­պա­սի մէջ 2015 թուա­կա­նի պայ­թիւ­նի հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած 10-ա­մեայ Սե­րիո­ժա Ապ­րէ­սեա­նի փրկու­թեան հետ, ո­ր կորսն­ցու­ցած էր տե­սո­ղու­թիւ­նը։ Բժիշկ Լի­զա­յի ջան­քե­րու շնոր­հիւ Սե­րիո­ժան տե­ղա­փո­խուած էր Մոս­կուա, ուր փրկուած էր տղուն կեան­քը։

- Հայ տղա­յ մը եւս ան կրցած է փրկել 2007 թուա­կա­նին։ 10-ա­մեայ Ցո­լակ Մնա­ցա­կա­նեա­նը, ո­ր ու­ղե­ղի ու­ռուցք ու­նէր, չէին ըն­դու­նած Մոս­կուա­յի ա­ռա­ջին հոս­պիս (դար­­մա­նա­տուն՝ ան­բու­ժե­լի հի­ւանդ­նե­րու հա­մար)։ Այդ ժա­մա­նակ գոր­ծին մի­ջամ­տեց Է­լի­զա­պէթ Կլին­քան՝ ա­պա­հո­վե­լով տղուն անհ­րա­ժեշտ բժշկա­կան օգ­նու­թիւ­նը։ Շու­տով Ցո­լակ Մնա­ցա­կա­նեան դուրս ե­կաւ ան­գի­տա­կից վի­ճա­կէն, իսկ տա­րի մը վերջ ամ­բող­ջու­թեամբ յաղ­թահա­րեց հի­ւան­դու­թիւ­նը։

ՓԱՍ­ՏԵՐ

Ռու­սա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ 2016 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 25-ին, ռու­սա­կան Ատ­լեր քա­ղա­քի օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած եւ 92 մար­դու կեանք խլած Tu-154 օ­դա­նա­ւի ող­բեր­գա­կան ար­կա­ծը 11-րդ ա­ղէտն է, որ կը պա­տա­հի Ռու­սաս­տա­նի մէջ ար­տադրուող եւ 1972 թուա­կա­նէն ի վեր օգ­տա­գոր­ծուող այս տի­պի օ­դա­նա­ւե­րուն հետ:

Լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը հա­ւա­քած են այն ա­ղէտ­նե­րը, ո­րոնք պա­տա­հած են Tu-154 օ­դա­նա­ւի մաս­նակ­ցու­թեամբ.

- 2001 թուա­կա­նի Յու­լի­սի 3-ին, Ե­կա­տե­րին­պուրկ-Իր­քութսք-Վլա­տի­վոս­թոք ուղ­ղու­թեամբ չուերթ կա­տա­րող օ­դա­նա­ւը քա­նի մը ան­գամ շրջած է օ­դին մէջ եւ ին­կած՝ նշա­նակ­ման կէ­տի օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նին շրջա­կայ­քը: Պատ­ճա­ռը ե­ղած է՝ վայ­րէջք կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ օ­դա­չուին սխա­լը:

- 2001 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րի 4-ին, RA-85693 տի­պի օ­դա­նա­ւը, որ կա­տա­րած է Թել Ա­ւիւ-Նո­վո­սի­պիրսկ չուեր­թը, Սեւ ծո­վուն վրայ ար­կա­ծի են­թար­կուած է: Վար­կա­ծը այն էր, որ օ­դա­նա­ւը կոր­ծա­նած է եր­կիր-օդ հրթի­ռի սխալ գոր­ծարկ­ման պատ­ճա­ռով (Ուք­րայ­նոյ Հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ): Պատ­ճա­ռը հաս­տա­տուած է մի­ջազ­գա­յին հա­մա­պա­տաս­խան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ:

- 2002 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րի 12-ին, Ի­րա­նի մէջ՝ Հո­րե­մա­պատ օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նին մօտ, ար­կա­ծի են­թար­կուած է EP-MBS տի­պի օ­դա­նա­ւը: Վար­կա­ծը օ­դա­չուին սխալն էր. վայ­րէջք կա­տա­րած պա­հուն ան լե­րան հա­րուա­ծած է:

- 2002 թուա­կա­նի Յու­լի­սի 1-ին, Գեր­մա­նիոյ մէջ վթա­րի են­թար­կուած է RA-85816 օ­դա­նա­ւը: Պատ­ճա­ռը ա­ռա­քո­ղին (dispatcher) սխա­լը ե­ղած է:

- 2006 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սի 22-ին, RA-8518 օ­դա­նա­ւը, որ կա­տա­րած է Ա­նա­պա-Սեն Փե­թերս­պուրկ չուեր­թը, կոր­ծա­նած է Ուք­րայ­նոյ տա­րած­քին մէջ: Պատ­ճա­ռը՝ օ­դա­չուին սխալն էր:

- 2006 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 1-ին, վայ­րէջք կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ EM-MCF ու­ղե­ւո­րա­տար օ­դա­նա­ւը, որ կա­տա­րած է Պան­տեր-Ա­պաս-Մեշ­հետ չուեր­թը, վթա­րուած է: Պատ­ճա­ռը ան­սար­քու­թիւնն էր, վայ­րէջ­քի ժա­մա­նակ գետ­նի վրայ բա­ցուող ա­նիւ­նե­րը պայ­թած են:

- 2009 թուա­կա­նի Յու­լի­սի 15-ին, կոր­ծա­նած է EP-CPG ու­ղե­ւո­րա­տար օ­դա­նա­ւը, որ կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նէր Թեհ­րան-Ե­րե­ւան չուեր­թը: Պատ­ճա­ռը ե­ղած է շար­ժի­չի ան­սար­քու­թիւ­նը:

- 2010 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 4-ին, Մոս­կուա­յի Տո­մո­տե­տո­վօ օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նին մէջ թռիչ­քէն յե­տոյ Ту-154М օ­դա­նա­ւի շար­ժի­չը խա­փա­նուած էր, ան կը կա­տա­րէր Մոս­կուա-Մա­խաչ­կա­լա չուեր­թը: Օ­դա­նա­ւը կա­րո­ղա­ցած է վե­րա­դառ­նալ օ­դա­նա­ւա­կա­յան, բայց դուրս ե­կած է թռիչ­քի ու­ղիին սահ­ման­նե­րէն:

- 2011 թուա­կա­նի Յու­նուա­րի 1-ին, Սուր­կութ-Մոս­կուա չուեր­թը կա­տա­րող օ­դա­նա­ւը այ­րած է՝ չհասց­նե­լով դուրս գալ Սուր­կութ օ­դա­կա­յա­նի թռիչ­քի ու­ղիին սահ­ման­նե­րէն: Պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րու­թեան հա­մա­ձայն, տա­սը ա­ղէ­տը (բա­ցի վեր­ջի­նէն՝ Դեկ­տեմ­բեր 25-ի ող­բեր­գու­թիւ­նը) խլած է 878 մար­դու կեանք: 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016