ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ԱՊԱԳԱՆ

Մեծն Բրի­տա­նիոյ հնա­գոյն կրթա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կուն՝ Օքս­ֆորտ քա­ղա­քի նոյ­նա­նուն նշա­նա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի Փեմպ­րուք գո­լէ­ճին մէջ, ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին՝ Յու­նուա­րի 21-23-ը, հայ­կա­կան շունչ կը տի­րէր: Մինչ ժո­ղո­վի սկսի­լը, դէ­պի գո­լէճ տա­նող մուտ­քին տե­ղադ­րուե­ցաւ հա­յե­րէ­նով ցու­ցա­նակ մը՝ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» գրու­թեամբ, ո­ր ցոյց կու տար այն սրա­հի ճամ­բան, ուր ե­րեք օ­րեր շա­րու­նա­կուե­ցան հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման ու պահ­պան­ման մա­սին քննար­կում­նե­րը, նաեւ օ­տար հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­ր ե­րեք օր շա­րու­նակ ա­կա­նա­տես ե­ղան հա­յե­րէն գի­րե­րով ցու­ցա­նա­կին:

Օքս­ֆոր­տի մէջ հա­ւա­քուած էր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման հար­ցե­րով մտա­հոգ Սփիւռ­քի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ընտ­րա­նիէն խումբ մը, հրա­ւի­րեալ­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն: Ա­նոնք կրթա­կան, գի­տա­կան աս­պա­րէ­զի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ էին, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մա­մու­լի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, հրա­տա­րա­կիչ­ներ ինչ­պէս նաեւ՝ գրա­կան գոր­ծիչ­ներ:

Հա­մա­ժո­ղով­նե­րու, քննար­կում­նե­րու ձե­ւա­չա­փը ընտ­րուած էր աշ­խա­տա­րա­նի ձե­ւով, ին­չ որ շատ գործ­նա­կան դար­ձուց քննար­կում­նե­րը, հան­դի­պու­մը չմնաց դա­սա­կան հա­մա­ժո­ղով­նե­րու ծի­րին մէջ եւ այդ մէ­կը շա­հե­կան էր թէ՛ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ թէ մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար:

Ինչ­պէս նշուե­ցաւ հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, նման հա­մա­ժո­ղով կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղա­փա­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու հա­մար ա­ջա­կից փնտռե­լու հար­ցին մէջ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժ­նին դի­մե­լը պա­տա­հա­կան չէ ե­ղած, քա­նի որ վեր­ջին շրջա­նին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հան­դէպ մաս­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն մը կայ այդ հիմ­նար­կին կող­մէ, մա­նա­ւանդ հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, լե­զուի պահ­պան­ման ուղ­ղուած ժո­ղով­նե­րու, տպա­գիր ու ե­լեկտ­րո­նա­յին մա­մու­լի ա­ջակց­ման հար­ցե­րու շուրջ:

Իր կար­գին, «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժա­նմունքի ղե­կա­վար Ռազ­միկ Փա­նո­սեան նշեց, որ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ աշ­խա­տան­քը ստանձ­նե­լու պա­հուն չէ մտա­ծած, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման, ա­նոր ա­ջակց­ման մա­սին ծրագ­րե­րը կրնան օ­րա­կարգ դառ­նալ եւ երբ ինք աշ­խա­տան­քը ստանձ­նե­լէ ետք վեց ա­միս­ներ շա­րու­նակ այ­ցե­լած է հայ­կա­կան զա­նա­զան հա­մայնք­ներ, հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ա­մե­նէն շատ ար­ծար­ծուած հար­ցը, հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը ե­ղած է հա­յե­րէ­նի այդ ճիւ­ղի ան­կու­մը եւ ա­տոր փո­խա­րէն մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կե­լը, այդ­ժամ մտա­ծած է մի­ջոց­ներ ներդ­նե­լու եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­ներ տա­նե­լու մա­սին: Ռազ­միկ Փա­նո­սեան կա­րե­ւո­րեց հա­մայն­քին լսե­լու հա­մես­տու­թիւ­նը եւ նաեւ հա­մայն­քի կար­ծիքն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան շատ հար­ցե­րու լուծ­ման ճա­նա­պար­հին ներդ­նե­լու կա­րի­քը:

Հա­մա­ժո­ղո­վի գրե­թէ բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ալ ա­ռա­ջարկ­ներ ու­նէին ար­դի հա­յե­րէ­նի այդ ճիւ­ղի պահ­պան­ման, տա­րած­ման, զար­գաց­ման, մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սար­դու­թեան շրջա­նա­կին մէջ զայն գրա­ւիչ դարձ­նե­լու եւ այդ մի­ջո­ցով հա­յե­րէ­նէ հե­ռա­ցած կամ խու­սա­փող ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը լե­զուին մօ­տեց­նե­լու հա­մար:

Ա­ռա­ջարկ­ներ հնչե­ցին լե­զուի այդ գրաւ­չու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ արթն­ցնե­լու հա­մար հա­մա­ցան­ցա­յին զա­նա­զան ծրագ­րեր մա­տու­ցել հայ ժա­մա­նա­կա­կից ե­րի­տա­սար­դին, ինչ­պէս օ­րի­նակ, հա­մա­ցան­ցա­յին ա­լիք մը հիմ­նե­լու, հա­յե­րէ­նով բա­նա­ւոր խօսք մա­տու­ցե­լու մի­ջո­ցով: Այս ա­ռա­ջար­կի առ­թիւ ը­սուե­ցաւ նաեւ, որ ոչ միայն դա­սա­կան խօս­քը, մա­քուր, գրա­կան հա­յե­րէ­նը պէտք է մա­տու­ցել ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, այլ նաեւ՝ խօ­սակ­ցա­կա­նը, եր­բեմն, ո­րոշ ա­ռիթ­ներով նաեւ՝ փո­ղո­ցի հա­յե­րէ­նը, կեն­ցա­ղի մէջ գոր­ծա­ծուող լե­զուն: Միա­ժա­մա­նակ կա­րիք կայ ո­րոշ բնա­գա­ւառ­նե­րու, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ փոր­ձա­գի­տու­թեան մէջ գոր­ծա­ծուող բա­ռե­րու հա­յե­րէն եզ­րե­րը մշա­կե­լու, ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բա­ռե­րը քով քո­վի բե­րե­լու, տրա­մա­բա­նա­կան հիմ­քե­րու վրայ ի հար­կին նո­րե­րը ստեղ­ծե­լու եւ զայն մա­մու­լի, ա­ռօ­րեա­յի մէջ որ­դեգ­րե­լու: Ա­տոր հա­մար ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ պզտիկ խումբ մը կամ կա­ռոյց մը ստեղ­ծե­լ:

Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին եր­կար քննար­կում­նե­րու նիւթ դար­ձաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով տպագ­րուող մա­մու­լի այ­սօ­րուան լե­զուն: Հնչե­ցին մտա­հո­գու­թիւն­ներ այս առ­թիւ՝ նշե­լով, որ որ­քան կա­րե­ւոր է մա­քուր գրա­կան լե­զուա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու շա­րու­նա­կու­մը՝ մա­մու­լի մէջ, նոյն­քան կա­րե­ւոր է նաեւ ըն­թեր­ցո­ղի հետ խօ­սիլ իր լե­զուով, լե­զուա­կան զա­նա­զան շեր­տեր ներ­մու­ծել հրա­պա­րա­կում­նե­րու մէջ, որ­պէս­զի լե­զուն, իբ­րեւ կեն­դա­նի, կեն­սա­կան մար­մին, իր ա­ռողջ շնչա­ռու­թիւ­նը ապ­րի մա­մու­լին մէջ: Իբ­րեւ խնդիր նշուե­ցան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մա­մու­լի մէջ հրա­պա­րա­կուող նիւ­թե­րու ոչ բազ­մա­զան վի­ճա­կը, ին­չ որ ան­հե­տաքր­քիր կը դարձ­նէ թեր­թը նոր սե­րուն­դին հա­մար, եւ ա­ռա­ջարկ­ներ հնչե­ցին բազ­մա­զան նիւ­թեր հրա­պա­րա­կե­լու, հե­տաքն­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու, Սփիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ մար­դու ա­ռօ­րեան թեր­թի է­ջե­րուն մէջ քննար­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Մաս­նա­գէտ­ներ այն կար­ծի­քին էին, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը այն­քան հա­րուստ լե­զու մըն է, որ լե­զուա­կան իր շեր­տե­րով կու տայ ա­տոր հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, կը մնայ զայն գոր­ծա­ծել:

Ինչ­պէս մա­մու­լի մէջ, այն­պէս ալ՝ զա­նա­զան հրա­տա­րա­կչա­կան ծրագ­րե­րու ծի­րէն ներս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն նկա­տուե­ցաւ ման­կա­կան, պա­տա­նե­կան նիւ­թե­րու տպագ­րու­մը, խօ­սուե­ցաւ, որ մա­նա­ւանդ պա­տա­նեակ տա­րի­քի տղոց հա­մար ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով նիւ­թե­րու խիստ պա­կաս կայ եւ այդ բա­ցը լրաց­նե­լու հա­մար պէտք է շատ աշ­խա­տանք տա­րուի: Ա­ռա­ջարկ­ներ հնչե­ցին գիր­քե­րու, ժա­պա­ւէն­նե­րու, խե­լա­խօս նո­րա­գոյն սար­քե­րու մէջ ներ­մու­ծել պա­տա­նիին, ե­րի­տա­սար­դին մա­տու­ցուե­լիք նիւ­թը, որ­պէս­զի կրկին սի­րե­լի դարձ­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը՝ նոր սե­րուն­դի նա­խընտ­րած գոր­ծիք­նե­րու մի­ջո­ցաւ: Խօ­սուե­ցաւ մրցանք­նե­րու, լե­զուի զար­գաց­ման մէջ քա­ջա­լե­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին:

Հիմ­նա­կան քննար­կում­նե­րէն մին դար­ձաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն նիւ­թի թուայ­նա­ցու­մը առ­հա­սա­րակ, թէ՛ մա­մու­լի ճամ­բով եւ թէ ալ այլ շտե­մա­րան­նե­րու, թուա­յին ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցաւ: Գրե­թէ իբ­րեւ բա­նա­ձեւ հնչեց այն տե­սա­կէ­տը, թէ ա­պա­գան թուա­յին աշ­խար­հինն է, եւ գիր­քը, տպա­գիր թուղ­թը, որ­քան որ ալ ա­ւան­դա­կան են ու ի­րենց մէջ դա­րաշր­ջան­նե­րու ան­ցած ու­ղին ու պատ­մու­թիւ­նը կը նե­րա­ռեն, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան­խու­սա­փե­լի է լե­զուա­կան նիւ­թե­րու թուայ­նա­ցու­մը, ո­րու հետ այ­սօր կը քա­լէ ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հը: Ա­ռա­ջարկ­ներ հնչե­ցին թուա­յին զա­նա­զան հար­թակ­ներ ստեղ­ծե­լու, մաս­նա­գի­տա­կան ցան­ցեր բա­նա­լու, ա­կա­դե­մա­կան ու գրա­կան թուա­յին դաշ­տեր կազ­մե­լու մա­սին, ուր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն կար­դա­ցո­ղը, սո­րվիլ փա­փա­քո­ղը կամ պար­զա­պէս նիւթ փնտռո­ղը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նայ ժա­մա­նա­կա­կից գոր­ծիք­նե­րով ա­զատ նա­ւար­կե­լու եւ ա­րագ տե­ղա­փո­խում­ներ կա­տա­րե­լու: Այդ ա­ռու­մով մաս­նա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին թուա­յին բնագ­րեր կազ­մե­լու ժա­մա­նակ օգ­տուիլ սրբագ­րիչ գոր­ծիք­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ շատ կա­րե­ւոր բան մը նկա­տուե­ցաւ հա­յե­րէն տա­ռե­րու ստեղ­նա­շա­րե­րու ա­զատ հա­սա­նե­լիու­թեան հար­ցը, որ­պէս­զի հա­յե­րէ­նը հա­մա­ցան­ցի, նա­մա­կագ­րու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ չգոր­ծա­ծուի լա­տի­նա­տառ: Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կան, որ լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նը որ­դեգ­րած են մա­նա­ւանդ ա­նոնք, ո­րոնք ստեղ­նա­շա­րե­րէ օգ­տուե­լու դժուա­րու­թիւն ու­նին, ուս­տի անհ­րա­ժեշտ է ստեղ­նա­շա­րե­րը տե­սա­նե­լի, ներ­բեռ­նե­լի, փո­փո­խե­լի դարձ­նե­լու ծրա­գի­րը:

Մաս­նա­կից­նե­րը խօ­սե­ցան նաեւ այն մա­սին, թէ նոյն թուա­յին աշ­խար­հին մէջ կը պակ­սի մէկ ամ­բող­ջա­կան հայ­կա­կան հար­թա­կի գո­յու­թիւ­նը, եւ ա­ռա­ջարկ­ներ կա­յին յղում­նե­րու շտե­մա­րան պատ­րաս­տել, ո­ր հայ­կա­կան նիւ­թե­րով հե­տաքրք­րուած մար­դի­կը կ՚ուղ­ղոր­դէ հա­մա­պա­տաս­խան նիւ­թին եւ ան, որ հա­յե­րէն լե­զուով ո­րե­ւէ մէկ նիւ­թի կա­րիքն ու­նի, կը դի­մէ յղման շտե­մա­րա­նին, ո­ր կ­՚օգ­նէ ու­զած թե­ման, նիւ­թը, կայ­քը գտնե­լու: Ա­ռա­ջարկ հնչեց նաեւ հա­յե­րէ­նով հրա­տա­րա­կուող գիր­քե­րու մա­սին տեղ մը ըլ­լայ մշտա­կան թար­մա­ցուող տե­ղե­կա­տուու­թիւն եւ հա­յաշ­խար­հի մէջ ա­մէն մարդ, որ հա­յե­րէն նոր հրա­տա­րա­կուած գիր­քի մա­սին կ՚ու­զէ գիտ­նալ, օգ­տուի այդ հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն եւ տե­ղեակ ըլ­լայ նոր հրա­տա­րա­կուող գիր­քե­րու մա­սին:

Ստեղ­ծուե­լիք թուա­յին ցան­ցե­րը ուղ­ղուած պի­տի ըլ­լան ինչ­պէս լե­զուն կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու, այն­պէս ալ՝ թարգ­մա­նա­կան, գրա­կան, գի­տա­կան, ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րը մի­մեանց հետ կա­պե­լու, միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում կա­տա­րե­լու եւ մէկ թուա­յին տա­րած­քի մէջ նոյն նիւ­թի շուրջ գոր­ծե­լու հա­մար:

Հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին խօ­սուե­ցաւ, որ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հե­տա­զօ­տու­թեան պա­կա­սը կայ, պի­տի քա­ջա­լե­րուին այն ձեռ­նարկ­նե­րը, ո­րոնք հե­տա­զօ­տա­կան բնոյթ կը կրեն:

Մէկ այլ քննարկ­ման նիւթ էր Հա­յաս­տա­նի դե­րը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յէ­րե­նի պահ­պան­ման պա­րա­գա­յին: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրող մտա­ւո­րա­կան­ներ յա­ճախ այս ա­ռու­մով յո­ռե­տե­սօ­րէն տրա­մադ­րուած են եւ շատ ալ ակն­կա­լիք չու­նին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րէն, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն տե­սան Հա­յաս­տա­նի մէջ գո­նէ մէկ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն դպրոց բա­նա­լու քայ­լը: Տա­րի­ներ ա­ռաջ յա­տուկ սու­րիա­հայ ե­րա­խա­նե­րու հա­մար բա­ցուած եւ ո­րոշ ժա­մա­նակ գոր­ծե­լէ ետք դադ­րած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն դպրո­ցը տխուր օ­րի­նակ է այս ա­ռու­մով, բայց պէտք չէ նա­խա­դէպ դառ­նայ, քա­նի որ, ինչ­պէս նշե­ցին տե­ղեակ­նե­րը, այդ դպրո­ցը ժա­մա­նա­կա­ւոր լու­ծում մըն էր սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րը սու­րիա­կան պե­տա­կան կրթա­կան հա­մա­կար­գին մօտ պա­հե­լու հա­մար, քա­նի որ ո­րե­ւէ պա­հու ա­նոնք կրնա­յին վե­րա­դառ­նալ Սու­րիա եւ այդ օ­րի­նա­կը պէտք չէ դի­տել իբ­րեւ ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուի զար­գաց­ման ուղ­ղուած դպրոց: Դպրո­ցի դե­րը լե­զուի պահ­պան­ման ա­ռու­մով խիստ կա­րե­ւո­րե­լով, մաս­նա­կից­նե­րը շեշ­տե­ցին Սփիւռ­քի մէջ նուա­զող հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ան­կու­մը դադ­րեց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Որ­քան կա­րե­ւոր է հայ ա­շա­կեր­տի հետ տա­րուող աշ­խա­տան­քը, նոյն­քան կա­րե­ւոր նկա­տուե­ցաւ նաեւ նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ու­սու­ցիչ պատ­րաս­տե­լը, ու­սու­ցիչ, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դա­սա­ւան­դե­լու գոր­ծին մէջ նո­րա­գոյն կրթա­կան մի­ջոց­ներ կ՚որ­դեգ­րէ եւ ա­շա­կեր­տը կը մղէ մտա­ծե­լու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու, լե­զուա­կան հարս­տու­թե­նէն հա­ճոյք ստա­նա­լու:

Գա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման հար­ցե­րուն, խօ­սուե­ցաւ նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման մա­սին վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցող քննար­կում­նե­րուն շուրջ եւ այդ մա­սին հա­մա­ժո­ղո­վի ման­սա­կից­նե­րը միան­շա­նակ մօ­տե­ցում մը չու­նէին, ո­րով­հե­տեւ վստահ էին, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պէտք է ապ­րի եւ կեն­սու­նակ մնայ իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ եւ թե­րեւս ո­րե­ւէ մէկ մեր­ձե­ցում կրնայ ըլ­լալ ի վնաս լե­զուին: Միա­ժա­մա­նակ անժխ­տե­լի է, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­մազ­գա­յին ար­ժէք է եւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պէտք է ստանձ­նէ այլ հա­մազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու հետ միա­սին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նե­լու դե­րը: Այդ ա­ռու­մով կա­րիք կայ ճշդե­լու, թէ ի՛նչ է Հա­յաս­տա­նի դե­րը այս հար­ցին մէջ: Նշում մը կա­տա­րուե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Լե­զուի մա­սին օ­րէն­քի մէջ ար­դէն ամ­րագ­րուած կայ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նը կը հան­դի­սա­նայ իր սահ­ման­նե­րէն դուրս ապ­րող հա­յե­րու լե­զուի պահ­պան­մա­ն, ու­րեմն պէտք է օգ­տուիլ հայ­րե­նի օ­րէն­քի ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն եւ մղել, որ­պէս­զի ան գոր­ծէ:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ծրագ­րեր գոր­ծի դրուե­լու ճա­նա­պար­հին յա­տուկ շե­շտուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին ղե­կա­վա­րու­թեան հետ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կա­պը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, թէ կայ այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն, որ հայ ղե­կա­վա­րու­թեան հետ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կա­պը կտրուած է եւ մաս­նա­ւոր աշ­խա­տան­քի կա­րիք կայ, որ­պէս­զի հայ մտա­ւո­րա­կա­նը ոչ այն­քան քննա­դա­տէ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, այլ ձեւ ու լե­զու գտնէ՝ ա­նոր հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու։ Ինչ­պէս նշե­ցին հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, նշուած բո­լոր ա­ռա­ջարկ­նե­րը գոր­ծի դնե­լու հա­մար կայ նիւ­թա­կան մեծ մի­ջոց­նե­րու կա­րի­քը, ինչ ո­ր հ­նա­րա­ւոր չէ ի­րա­կա­նաց­նել ա­ռանց ղե­կա­վա­րու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան: Այդ ա­ռու­մով մաս­նա­կից­նե­րը ան­գամ մը եւս շեշ­տե­ցին «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քին դե­րը, ա­ռանց ո­րու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան անհ­նար պի­տի դառ­նար ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հար­ցե­րուն նուի­րուած հեր­թա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը: Ու­րա­խու­թեամբ նշուե­ցաւ, որ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րուն» հա­մա­ժո­ղո­վը դար­ձաւ այն ե­զա­կի հա­մա­ժո­ղով­նե­րէն մին, ո­րու բո­լոր նիս­տե­րու, նաեւ նիս­տե­րէն դուրս ա­զատ շփում­նե­րու լե­զուն հա­յե­րէնն էր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016