ՍԷՐԿԷՅ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեան յառաջիկայ օրերուն համերգներով հանդէս պիտի գայ Միացեալ Նահանգներու եւ Սպանիոյ մէջ։ Միացեալ Նահանգներէ ներս ան պիտի նուագէ Պալթիմորի մէջ։ Իր երեք համերգները նախատեսուած են Պալթիմորի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։ Սէրկէյ Խաչատրեան Պալթիմորի մէջ պիտի նուագէ այս շաբաթավերջին՝ վաղուընէ սկսեալ անընդմէջ երեք օր։
ԱՄՆ-ի այս ելոյթներէն վերջ կարգը պիտի գայ Սպանիոյ համերգներուն։ Սէրկէյ Խաչատրեան Մատրիտի մէջ պիտի նուագէ Սիպելիուսի ջութակի գործը։ Սպանիոյ իր ելոյթները տեղի պիտի ունենան Փետրուարի 26-ին, 27-ին եւ 28-ին։
Ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեան ներկայիս կը բնակի Գերմանիոյ մէջ։ Ան ջութակ նուագել սկսած է վեց տարեկանին՝ Փրոֆ. Պետրոս Հայկազեանի մօտ։ Հետագային իր ուսումը շարունակած է Վիւրցպուրկ քաղաքին մէջ։ Ինն տարեկանին Խաչատրեան առաջին անգամ հանդէս եկած է սիմֆոնիք նուագախումբի մը հետ՝ որպէս մենակատար։ Փոքր տարիքէ սկսեալ նուագած է աշխարհի շուրջ յիսուն երկիրներուն մէջ։ Որպէս կանոն տարեկան մէկ-երկու համերգով անպայման հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ։ 2013 թուականին Սէրկէյ Խաչատրեան արժանացած էր Credit Swiss զուիցերական դրամատան տարեկան մրցանակին՝ տիրանալով «Աշխարհի լաւագոյն երաժիշտ»ի կոչման։