ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԷՉ. ՊԱՐԸ ԿԵԱՆՔ Է. ԱՆ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ՍՐՏԻ ԶԱՐԿԵՐՈՒՆ

Մշտարթուն, խնդումերես, սրամիտ, լաւատես ու առնակազմ՝ Յակոբ Կիւլէչ։ Մարդ՝ որ կ՚ապրի՛, կը շնչէ՛ պարով։ Պարով կը սկսի ու կ՚աւարտի անոր իւրաքանչիւր օրը։

Յակոբ Կիւլէչ հայկական մշակոյթը պահպանելու ու գալիք սերունդներուն փոխանցելու վեհանձն մտայնութեամբ գեղեցիկ առաքելութիւն մը որդեգրած է՝ մայր հայրենիքէն հեռու, օտարութեան մէջ, տուեալ պարագային Պոլսոյ մէջ բնակող հայ սերունդներուն սորվեցնել ու հնարաւորինս անոնց շրջանին տարածել հայկական աւանդական պարերը։ Օտար, ամայի ճամբաներու վրայ հանդիսանալով հայկական պարարուեստի դրօշակիրը, Պարոն Յակոբ մշակութասէրներուն ոչ միայն պարի զանազան շարժումներ կը սորվեցնէ, այլեւ անոնց կ՚առթէ հայկական ոգին։ Հասարակ թուացեալ շարժումները նոր շունչով ու եռանդով կը կոփեն պարողը։ Բաց աստի, պարգեւելով երանելի պահեր՝ զարկ կու տան վսեմագոյն զգացումներու. հայրենասիրութեան, ինքնագիտակցութեան ու ինքնաճանաչողութեան արմատացման։

 Ի՞նչ է պարը, հարցումին Յակոբ Կիւլէչ հետեւեալ կերպ պատասխանած է. «Պարը կեանք է. ան կը նմանի սրտի աշխատանքին։ Սրտի ամէն մէկ զարկը, բաբախը իւր սանդղակային տատանումներով հանդերձ՝ պար է։ Զոր օրինակ, երբ շարժանկարներուն մէջ սրտի աշխատանքը զանազան կշռոյթներով՝ թըք-թըք, թըք-թըք կ՚աշխատի, այնուհետեւ կը կենայ ու երկար թըըըըըըք ձայն մը կ՚արձակէ. ըսել է, թէ կեանքը վերջացաւ՝ պարը լմնցած է։ Մեր բովանդակալից կեանքի ամբողջ ընթացքը քանի մը վայրկեաննոց պարի բեմադրութիւն է։ Իւրաքանչիւր մարդ ունի տարբեր երանգներով ու մեղեդիներով միահիւսուած անհատական ու անկրկնելի պար մը։ Նմանատիպ եզրայանգման եկայ, երբ առաջին անգամ ունկնդրեցի տակաւին չծնած դստերս փխրուն սրտի զարկերը»։

 Մայրական կողմէ արմատներով թեքիրտաղցի, իսկ հայրական կողմէ բնիկ պոլսեցի պարուսոյցը ծնած է 1973 թուականի մայիսի 15-ին Իսթանպուլի Եշիլգիւղ թաղամասին մէջ։ Սաթենիկ եւ Հրանդ Կիւլէչ ամոլի երկրորդ զաւակն է։ Հայրը ատաղձագործութեամբ կը զբաղէր, իսկ մայրը՝ տանտիկնութեամբ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի երդիքին տակ, այնուհետեւ միջնակարգն ու լիսէն աւարտած է Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը՝ ազատ ուսուցմամբ շարունակած է Անատոլու համալսարանին մէջ, աւարտելով Հաշուակալութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժինը։ Նախապէս մուտք գործելով առեւտուրի աշխարհ, հմտանալէ ետք 18 տարեկան հասակին Պարոն Յակոբ սեփական ջանքերով Գոց շուկայի մէջ բացաւ իր առաջին խանութը։ Սակայն ժամանակի ընթացքին տաղանդաշատ պարուսոյցը զգաց, թէ առեւտուրի ասպարէզը դուրս կը մնայ իր երազներու սահմաններէն։ Այլեւս նուիրուեցաւ սիրած աշխատանքին՝ պարին։

Հայկական աւանդական պարերուն մէջ խորասուզուելու նպատակաւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի եւ Ռաֆֆի-Հերմոն Արաքսի քաջալերմամբ, 2017 թուականին ընդունուեցաւ եւ մինչեւ այսօր մագիստրոսական կրթութիւն կը ստանայ՝ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի Հայկական ժողովրդական պար եւ մանկավարժութիւն բաժնին մէջ։ Զինուորական ծառայութիւնը կատարած է Տենիզլի քաղաքին մէջ։

-Պարոն Յակոբ ձեր ընտանիքին մէջ, ձեզմէ զատ ուրիշ արուեստագէտներ, մասնաւորապէս պարողներ կա՞ն։

-Անշո՛ւշտ, կինս՝ Նարօտը նոյնպէս կը պարէ։ Ընտանիքիս մէջ ուրիշ պարողներ չկային, փոխարէնը ունէինք արուեստին ու արհեստին նեցուկ եղողներ։ Հայրս կը պատմէր, թէ մեծ մայրիկիս տաղանդաշատ մօրեղբայրները Ղալաթիոյ կամուրջի զարդանախշ երկաթները շինած են։

Տղայ եղած ժամանակ շատ լաւ դաշնակ կը նուագէի, հայրիկս կը պնդէր, թէ ես վստահաբար երաժշտական ձիրքս ժառանգած եմ մեծ մայրիկիս մէկ ուրիշ մօրեղբայրէն, որ ատենօք ռուս ցարի մը ապարանքի՝ նուագախումբին մէջ զանազան երաժշտական գործիքներ կը նուագէր։

-Դուք քոյր կամ եղբայր ունի՞ք։

-Ինձմէ վեց տարի մեծ քոյր մը ունիմ՝ Արփինէն։ Ներկայիս Կեդրոնական վարժարանի մէջ անգլերէնի ուսուցչուհի է։

-Քանի՞ տարեկանէն սկսաք պարել եւ ե՞րբ առաջին անգամ բեմ բարձրացաք։

-Ես բաւական անառակ ու շարժուն երեխայ էի, բնաւ տեղս չէի կենար։ Աստուած հոգին լուսաւորէ, ուսուցչուհիս՝ Անայիս Չեքիճեանը օր մը մայրիկս դպրոց հրաւիրեց, ներկայացուց դպրոցի կացութիւնս եւ մօրս յանձնարարեց, որպէսզի զիս խումբի մը արձանագրէ։ Նախապէս մայրս զիս տարաւ ժուտոյի, ուր ես աղուոր մը ծեծուեցայ։ Ժուտոյին յաջորդեց պասքեթպոլը։ Այնուհետեւ, Անայիս Չեքիճեան յանձնարարեց, որ հայկական մշակոյթին հետ կապուած տեղ մը յաճախեմ։

Ինչպէս յայտնի է, 1980 թուականին Թուրքիոյ մէջ գրեթէ բոլոր միութիւնները գոցուած էին։ Երբ քանի մը տարի ետք սանուցները սկսան վերաբացուիլ, մեծ ջանք ու եռանդ թափուեցաւ անոնց անդամները մէկտեղելու համար։ Մեր համայնքին մէջ ալ տակաւին տղոց համար յատուկ պարի կեդրոններ չկային, միայն կար «Մարալ» երգի-պարի համոյթը, որ աւելի բարձր տարիքային խումբերու համար նախատեսուած էր։ 11 տարեկան էի, երբ մայրս զիս անդամագրեց «Մարալ» պարախումբին։ Երբ առաջին անգամ ոտք դրի «Մարալ», «Հօ՜յ Նազան» պարը կը պարէին։ Այդ օրուընէ ի վեր սիրահարուեցայ պարին ու այլեւս երբեք չկրցայ զատուիլ։ Նոյն թուականի տարեվերջեան համերգին ալ՝ առաջին անգամ բեմ բարձրացայ։

-Ինչպիսի՞ պարեր կը պարէք մեծամասնութեամբ։

-Առհասարակ շատ կը սիրեմ պարելը։ Զանազան ոճերու պարեր կը նախընտրեմ։ Ժամանակին պարած եմ՝ սալսա, վալս, արդիական պարեր։ Սակայն այսօր բոլոր ուժերս կեդրոնացուցած եմ հայկական աւանդական պարերուն վրայ։

-Պարոն Յակոբ պարելու ընթացքին ի՞նչ կը զգաք։

-Պարելու ընթացքին ամէն բան՝ աշխարհը կը մոռնամ ու կը սկսիմ ճախրել երկինքին մէջ։ Իւրաքանչիւր պար՝ ապրելով, զգալով կը պարեմ։ Փափաքս է, իմ պարով, եռանդով քաջալերել իմ շուրջինները, քանզի պարը կեանք է, երջանկութիւն ու բարութիւն։

-Կա՞ն այնպիսի մարդիկ, որոնք ուղեցոյց եղած են ձեր կեանքին։

-Այո՛, կան այդպիսիներ. օրինակ՝ 1980-ական թուականներուն Ռաֆֆի-Հերմոն Արաքսը, Պէզճեան սանուց միութեան պարախումբի ղեկավար՝ Մինաս Օֆլազը։ Մեծ ազդեցութիւն կրած եմ անսպառ եռանդով լեցուն Կարէն Գէորգեանէն։ Ինծի համար պարողներու տիպար օրինակներ են՝ Պարիշնիքով, Գագիկ Կինոսեան եւ ուրիշներ։

-Քիչ մըն ալ խօսինք ձեր բաւական ծանրաբեռնուած առօրեայէն. ինչպէ՞ս կը սկսի ու կ՚աւարտի։ Ո՞ր հայկական կրթօճախներուն մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէք։

-Ցերեկային ժամերուն, մինչեւ դպրոցներուն աւարտիլը, քանզի 46-ամեայ ուսանող եմ, տունը դաս կ՚աշխատիմ. քննութիւններուս կը պատրաստուիմ։ Ի դէպ՝ ամէն ամիս շաբաթ մը կը մեկնիմ Երեւան, որպէսզի հնարաւորինս ետ չմնամ դասերէն։ Այնուհետեւ երկուշաբթի, շուտով նաեւ ուրբաթ օրերը՝ Տատեան, երեքշաբթի՝ Գարակէօզեան, չորեքշաբթի՝ Եշիլգիւղի, հինգշաբթի՝ Մէրամէթճեան վարժարաններու մէջ տղոցը հայկական ժողովրդական պարեր կ՚ուսուցանեմ։ Երեկոյեան ժամերուն ալ, զանազան կրթական ու մշակութային կեդրոններու ծիրէն ներս՝ 18-65 տարիքային խումբերու հետ կ՚աշխատիմ կնոջս՝ Նարօտի հետ միասին։

-Առաջին անգամ ե՞րբ Հայաստան այցելեցիք։

-Մեր պարախումբերուն նոր շունչ ու եռանդ փոխանցելու նպատակաւ՝ կնոջս հետ միասին՝ առաջին անգամ 2016 թուականին ժամանեցինք Հայաստան։ Խանդավառուեցայ «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Կինոսեանի կատարած նուիրեալ աշխատանքէն։ Ան իւրաքանչիւր ամսուան վերջին ուրբաթ օրը փափաքողներուն՝ բարենպաստ ամիսներուն՝ Կասկատի, իսկ ցուրտ եղանակային պայմաններուն՝ Նարեկացի մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ազգային պարեր կ՚ուսուցանէ։ Մենք ալ Պոլիսի մէջ, ինչպէս վերեւ յիշեցի, չափահասներուն սկսանք ազգային պարեր սորվեցնել։ Հայաստանի վերաբերեալ իմ տպաւորութիւններն ու զգացումները աննկարագրելի էին։ Ի՞նչ զգացի գիտէք։ Ապրելով օտարութեան մէջ, մենք մեր իսկ հոգիները բանտարկած ենք սեփական մարմիններու մէջ։ Իսկ Հայաստանի մէջ մարդոց հոգիները ազատ են՝ անկախ։

-Ո՞ր հայկական պարերը կը պարէք։

-Մեծ մասամբ կը պարենք՝ Էջմիածին, Բաբուրի, Փալիաչօ, Ծաղկաձոր, 3 ոտք, 12 ոտք պարերը։

-Քանի մը խօսք ձեր ընտանիքին մասին. ո՞վ է ձեր կինը։ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծանօթացաք։

-Կողակցիս՝ Նարօտ Նայիրի հետ, որ ինձմէ եօթ տարի պզտիկ է, ծանօթացանք պարելու ժամանակ։ Երկու տարի ընկերութիւն ընելէ ետք սիրահարուեցանք։ 2005 թուականին ամուսնացանք։ 2007 թուականին ծնաւ մեր առջինեկը՝ Նարէն։ Դուստրս Նարէ կոչեցինք ի պատիւ առաջին անգամ նոյն խումբի մէջ «Ա՜յ Նարէ, Նարէ, ճիկեարս տաղ է» երգի մեղեդիներով մեր պարած պարին։

2010 թուականին ծնաւ Արին, որու անունը մայրիկս դրած է։ Իմ փափաքիս համաձայն, տղաքս որպէս երկրորդ անուն ունեցան իրենց մօր մականունը՝ Նայիր։

-Վախեր ունի՞ք, ինչէ՞ն կը վախնաք։

-Մութէն եւ օր մը այլեւս չկարենալ պարելէ։

-Պարոն Յակոբ, դուք երջանիկ մարդ է՞ք։

-Ի հարկէ, ո՛չ միայն երջանիկ, այլեւ՝ յաջողակ։

-Արդեօք ունի՞ք այնպիսի իր, զոր միշտ ձեզի հետ է։

-Կռնակի պայուսակս, զոր տարիներ շարունակ անբաժան կ՚ընկերակցի ինծի։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019