ՏԱՔՔԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԵՏՔԸ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ
Անցնող օրերուն լրահոսին մէջ լուր մը ուշադրութիւնս գրաւեց. Պանկլատէշի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիին մէջ, երկար տարիներու դադարէ ետք, պսակի արարողութիւն մը տեղի ունեցած է: Լուրը կը մանրամասնէր, որ քրիստոնէական այդ եկեղեցին Տաքքա քաղաքի հայոց Սուրբ Յարութիւն հին եկեղեցին է, իսկ ամուսնացողը տեղացի զոյգ մըն է՝ Ռոնալտ Տասն ու Մրիտուլա Կայտէնը: Արարողութիւնը տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ վերակացուին արտօնութեամբ. օտար զոյգը պսակած է քարոզիչ Պիսվասը, ապա երջանիկ զոյգը հիւրերուն համար ընդունելութիւն կազմակերպած է: Եկեղեցւոյ լուրերը հաղորդող ընկերային ցանցին էջը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Ռոնալտ Տաս տեղացի բժիշկ մըն է։ Ան յառաջիկայ շաբաթներուն՝ եկեղեցւոյ եւ իր համատեղ ուժերով անվճար բժշկական դարմանատան ծառայութիւններ պիտի մատուցանէ: Այնուհետեւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ լրատուական էջը զետեղած է այդ պսակադրութենէն լուսանկարներ, ուր կ՚երեւի 1781 թուականին կառուցուած հայկական եկեղեցին եւ անոր մէջ պսակուող պանկլատէշցի զոյգը, իրենց հարազատներն ու արարողութենէն մանրամասնութիւններ: Իրենց ազգային սովորոյթներով եւ տարազով կատարուած պսակ մըն էր՝ հայկական խորանին առջեւ, եւ ինչպէս լուրը կը հաղորդէ, երկար ատենէ ի վեր եկեղեցւոյ խորանին առջեւ տեղի ունեցած առաջին պսակադրութիւնն է:
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին ունի իր համացանցային կայքէջը, զոր թերթելով նկատելի է, թէ եկեղեցին շատոնց չի ծառայեր հայերուն եւ դժուար է հաւատալ, որ հոն հայ կը բնակի: Եկեղեցւոյ պահապանը այսօր արժանթինահայ Արմէն Արսլանեանն է, որ մօտ տասը տարի առաջ Տաքքա աշխատանքի գացած է: Ան եկեղեցւոյ բանալիները ստացած է, տարիներ շարունակ եկեղեցին հսկող Տաքքայի վերջին հայէն՝ Միքայէլ Ճոզըֆ Մարթինէն (Մայքըլ Յովսէփ Մարտիրոսեան): Տաքքացի այս հայուն մասին անգլերէն լեզուով պարբերականները անցեալին յօդուածներ կը գրէին, թէ ինչ մեծ խնամքով կը հսկէ իր հայրենակիցներուն կառուցած սուրբ վայրը: Ան Միանմարէն Տաքքա գացած է 1942 թուականին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, հետեւելով իր հօր, որ նախապէս շրջանին մէջ հաստատուած էր: Միքայէլ Ճոզըֆ Մարթին կամաւոր կերպով եկեղեցւոյ վերակացուի պաշտօնը ստանձնած էր 1986 թուականին եւ կը բնակէր եկեղեցւոյ կից գտնուող վերակացուին տան մէջ, որ նախապէս երիցատուն եղած է:
2014 թուականին, արդէն ութսունն անց Միքայէլ Ճոզըֆ Մարթին, կաթուած մը առած է եւ անոր դուստրերը հայրը տեղափոխած են իրենց քով՝ Գանատա, մինչ այդ կինը կորսնցուցած էր եւ մեծ փափաք ունէր թաղուիլ Տաքքայի մէջ, կնոջ քով: Առողջական ծանր վիճակի մէջ չէ մոռցած եկեղեցւոյ բանալիները եւ զայն հսկելու գործը վստահիլ Արմէն Արսլանեանին:
Տաքքայի մէջ բնակող ուրիշ հայու մը մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ: Հակառակ համայնքի բացակայութեան՝ Հայաստանը պաշտօնական կարգով նշանակուած դեսպան ունի Պանկլատէշի մէջ, որու նստավայրը Նիւ Տելհի է. դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան Հնդկաստանի մէջ դեսպանի ծառայութիւնը կը համատեղէ Պանկլատէշի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան ըլլալուն հետ… Ս. Յարութիւն եկեղեցին այսօր կը ծառայէ տեղւոյն քրիստոնեաներուն, եւ դատելով հրապարակուած լուսանկարներէն, ընկերային ծառայութիւններ կը մատուցէ, հոն տաքքացի աղքատներուն համար սնունդի յատկացման, առողջապահական եւ այլ օժանդակութեան ծրագրեր կ՚իրականացուին: Եկեղեցին կառավարական պահպանութեան տակ կը գտնուի եւ արտօնութիւն ստանալէ ետք միայն զբօսաշրջիկներ կրնան այցելել 1700-ականներէն կանգուն մնացած այդ կառոյցը՝ Տաքքայի սիրտին վրայ:
Մտորելու տեղիք կու տայ թէ՛ եկեղեցւոյ գոյութիւնը, թէ՛ այն յիշատակներուն մասին պատմութիւնները, որոնք դարերու ընթացքին հայերը ձգած են իրենց ետին: Ժամանակին, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ՝ Պանկլատէշի մէջ գոյութիւն ունեցած է ծաղկուն հայկական համայնք մը, որ կարեւոր դեր խաղացած է քաղաքի առեւտուրին, քաղաքական եւ կրթական համայնքներուն մէջ: Յայտնի չէ, թէ հայերը ե՛րբ գացած են պատմական Պենկալ, սակայն 18-րդ դարէն սկսեալ Պանկլատէշի մէջ կը ծաղկէր հայկական համայնքը: Այսօր այդ համայնքին վկայութիւնը Սուրբ Յարութիւնն է, որ Հին քաղաքի կեդրոնը կը գտնուի եւ այն վայրը, ուր կառուցուած է, ժամանակին հայաբնակ էր: Թաղամասը կը կոչուի Արմանիտոլա, մինչեւ այսօր այդ անունը պահպանուած է, եւ Տաքքա այցելող զբօսաշրջիկներուն սիրած վայրերէն մին է: Զբօսաշրջիկները չեն կրնար անտարբեր անցնիլ այս քրիստոնէական հին եկեղեցւոյ քովէն: Կ՚ըսեն, թէ զբօսաշրջիկներն ու տեղաբնակները, իրենց ժամացոյցները կը ստուգեն հայկական եկեղեցւոյ աշտարակի ժամացոյցով, որ անխափան կ՚աշխատի: Եկեղեցւոյ բակին մէջ հին տապանաքարեր կան՝ ընդհանրապէս հայերէն գրութեամբ շուրջ 400 տապանաքար: Ըստ տեղեկութիւններուն, եկեղեցին 1781 թուականին կառուցուած է գերեզմանատան կից փայտեայ ժամատան տեղը: Վերջին շիրմաքարը տեղադրուած է 1991 թուականին։ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին օծած է Եփրեմ Եպիսկոպոսը, որ յետագային դարձած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի։ Եկեղեցին հայերուն համար ծառայած է ոչ միայն իբրեւ աղօթավայր, այլ նաեւ իբրեւ հաւաքավայր: 1837 թուականին կը կառուցուի զանգակատունը՝ ժամացոյցով, իսկ 1907 թուականին՝ երիցատուն մը: 1897 թուականին եկեղեցին վնասուած է երկրաշարժէ:
Հիմնականօրէն առեւտուրով զբաղող հայերուն ունեցած յաջողութիւններուն շնորհիւ, որոնք կը բարելաւէին պետութեան տնտեսական վիճակը, Մոնղոլներու կայսրութեան ղեկավարը հայերուն արտօնած է ազատօրէն դաւանել իրենց կրօնքը։ Եկեղեցւոյ կառուցման համար գումար հաւաքած է Պենկալի ամբողջ հայկական համայնքը եւ եկեղեցին դարձած է առաջին ոչ-մահմետական աղօթավայրը քաղաքին մէջ: Իսկ եկեղեցւոյ տարածքը նուիրաբերած է Աղա Մինասը, որուն կինը մահացած է 1764 թուականին եւ յուղարկավորուած եկեղեցւոյ մէջ:
Հայերը, ըստ պատմական աղբիւրներուն, Պենկալ եկած են՝ նախքան որեւէ այլ եւրոպացի առեւտրականներուն գալը եւ կարեւոր դեր խաղացած են ոչ միայն Պենկալի, այլեւ ամբողջ Հնդկաստանի ապրանքներուն արտահանման ու ներմուծման մէջ: Այժմ Կալկաթայի թանգարանին մէջ պահպանուած են 1630-1640-ական թուականներու հայկական արձանագրութիւնները: Ըստ տաքքացի հեղինակ Ահմադ Հասան Տանիի, հայերը Տաքքայի մէջ հաստատուած են 18-րդ դարու սկիզբը եւ հիմնած են իրենց գաղութը: Ուրիշ հեղինակ մը՝ Աննա Պազիլ, կը գրէ, որ առաջին հայ առեւտրականները Տաքքա եկած են 1613 թուականին: Համայնքի ծաղկուն շրջանին հայերը անփոխարինելի էին իրենց մանուածեղէնի առեւտուրին մէջ, մենաշնորհ հաստատած էին աղի, ընկոյզի եւ հնդկականեփի առեւտուրով:
1747 թուականին հայերը Տաքքայէն հագուստի մեծ արտահանողներն էին, աւելի առաջ քան անգլիացիները, հոլանտացիները եւ ֆրանսացիները: Նախքան Արմանիտոլայի եկեղեցւոյ կառուցման՝ հայերը կ՚այցելէին իրենց կողմէ կառուցուած փոքրիկ մատուռ մը: 1781 թուականին հին մատուռին տեղը կառուցեցին Սուրբ Յարութիւնը՝ Միքայէլ Սարգիսի, Աստուածաթոռ Գէորգի, Մարգար Պօղոսի եւ Խոճա Պետրոսի հովանաւորութեամբ: Հայերը նաեւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսերուն առաջինն էին, որոնք Տաքքայի մէջ կը զբաղէին ջութակի առեւտուրով: Այստեղ յայտնի հայեր էին Աբրահամ Պօղոսը, Մարգար Դաւիթը, Մ. Խաչատուրը, Ա. Թովմասը, Միքայէլ Սարգիսը եւ Արատունին: Անոնցմէ Միքայէլ Դաւիթը կը զբաղէր ջութակի՝ դէպի Լոնտոն արտահանումով: Հայերը իրենց ազդեցութիւնը ունէին նաեւ ներքին առեւտուրին վրայ: Անոնք առաջինն էին, որոնք եւրոպական եւ բրիտանական ապրանքները ներմուծեցին Տաքքա եւ իրենց ոճով հիմնեցին քաղաքին առեւտրային կէտերը: Տաքքայի կեանքին մէջ հայերու կարեւորագոյն ներդրումներէն մէկը նաեւ կառքի ներմուծումն է, որ դարձաւ քաղաքի գլխաւոր փոխադրամիջոցը մինչեւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակը: Տաքքայի հայերը մեծապէս նպաստած են նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ու քաղաքային կեանքին: Նիքոլաս Պօղոսը 19-րդ դարու սկիզբը հիմնած է «Պօղոս»ի մասնաւոր դպրոցը, որ այն ատեն Տաքքայի երեք անգլիական դպրոցներէն մին էր եւ մինչեւ այժմ Հին Տաքքայի հեղինակաւոր դպրոցներէն մին է: Նիքոլաս Պօղոսը նաեւ Տաքքայի քաղաքապետարանի հիմնադիր անդամն էր:
Հայերուն ազդեցութիւնը Տաքքայէն դուրս նաեւ դրացի քաղաքներուն վրայ կը տարածուէր: Հայազգի Ստեփան Արատունիի որդին՝ Հերպերթ Միքայէլը եղած է Նարայանկանժի քաղաքապետը: Այսօր քաղաքին մէջ իր անունով փողոց մը կայ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն դպրոցներէն մէկը նոյնպէս անուանակոչուած է իր անունով: Տեղեկութիւններ կան, որ Տաքքայի հայկական համայնքին անկումը սկսած է 1947 թուականին, երբ բրիտանացիները հեռացած են Հնդկաստանէն, տարածքաշրջանը մասնատուած է, եւ Տաքքան Արեւելեան Փաքիստանին միանալէ եւ 1971 թուականին անկախանալէ ետք եղած է Պանկլատէշի մայրաքաղաքը: Սպասաւոր եւ այցելուներ չունենալուն պատճառով, լքուած է նաեւ եկեղեցին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի եկեղեցւոյ այսօրուան վիճակին, ապա, բարւոք վիճակ մը ունի: Տնօրինումը ստանձնելէ ետք, Արմէն Արսլանեան կազմակերպած եւ փոխել տուած է ելեկտրական լարերը, նաեւ վերջին տարիներուն եկեղեցւոյ երկու նկարները վերականգնուած են: Այդ նկարներուն հեղինակութիւնը կը վերագրուի նկարիչ Չարլզ Փոտին եւ Տաքքայի՝ այն ժամանակուան հայկական դպրոցի տնօրէն Պօղոսին։ Արմէն Արսլանեան նպատակ ունի Տաքքայի մէջ նաեւ կրթական ծրագիր մը իրականացնել, ըստ որուն տեղւոյն դպրոցներուն մէջ նաեւ Պենկալի հայոց պատմութեան դասեր կ՚ուզէ ներգրաւել, որպէսզի երեխաները սորվին, որ իրենց քաղաքին մէջ հայերը նշանակալից դեր ունեցած են: Նպատակ կայ պատմաբաններ ներգրաւել, որպէսզի ուսումնասիրեն բոլոր այն մանրամասնութիւնները, թէ ինչպէ՛ս հայերը յայտնուած են հոն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պատմութիւնն ալ տակաւին ուսումնասիրութեան նիւթ է: Դժբախտաբար, բազմաթիւ պատմական փաստաթուղթեր անհետացած են։ Արմէնը յաջողած է գտնել քանի մը ծխական գիրքեր։ Բայց փաստ մը անհերքելի է, որ հայերը հարազատ նկատած են այս երկիրն ու մշակոյթը, հաշտ ու համերաշխ ապրած են մոնղոլներու, բրիտանացիներու եւ Հնդկաստանի իշխաններուն հետ։ «Ես չեմ ուզեր, որ տեղւոյն բնակիչները մտածեն, թէ այդ եկեղեցին օտար է անոնց համար։ Պարտադիր չէ ըլլալ քրիստոնեայ՝ այստեղ գալու համար։ Կարող են գալ եւ աղօթել, եթէ կ՚ուզեն», մամուլին ըսած է Արմէն Արսլանեան:
Տարիներ առաջ Տաքքա այցելութեան ժամանակ Մայր Թերեզան մնացած է այս եկեղեցւոյ մէջ՝ զայն նկատելով խորհրդաւոր անցեալէն մնացած սրբագոյն վայր մը:
ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ ԸՆԴԳՐԿԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
Իսկ ահաւասիկ, օրեր առաջ Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան Տաքքայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Պանկլատէշի Արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Մոմէնի հետ: Նախ՝ Պանկլատէշի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ նշանակուելու առթիւ՝ դեսպան Մարտիրոսեան Ապտուլ Մոմէնին յանձնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի շնորհաւորագիրը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ վիճակն ու անոնց զարգացման հեռանկարները: Արձանագրելով ՄԱԿ-էն ներս Հայաստանի եւ Պանկլատէշի մշտական ներկայացուցիչներուն միջեւ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, դեսպանն ու արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած են երկկողմանի օրակարգի ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին նախարար Մոմէն դեսպանին հետ կիսած է իր յուշերը, Տաքքայի Արմանիտոլա հայկական թաղամասին մէջ տարիներ առաջ բնակող հայերուն մասին, ընդգծելով Պենկալի մէջ անոնց կարեւոր դերը։ Փոխգործակցութեան հեռանկարներու համատեսքին վրայ կողմերը շեշտած են մշակութային բնագաւառի կարեւորութիւնը, նկատի առնելով Պանկլատէշի մէջ առկայ հայկական մշակութային հետքերը:
Ահաւասիկ, Տաքքայի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկելու հարցը քննարկելու նպատակով դեսպան Մարտիրոսեան հանդիպում ունեցած է Պանկլատէշի մշակոյթի նորանշանակ նախարար Կ. Մ. Խալիտի հետ։ Քննարկումներու արդիւնքին նախարար Խալիտ իր կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու այդ գաղափարի կենսագործման։ Ան խոստացած է նաեւ քաղաքային ծառայութիւններուն զուգահեռ միջոցներ ձեռնարկել՝ ուղղուած եկեղեցւոյ կից փողոցներու բարեկարգումին, որ կը նպաստէ հայկական եկեղեցի այցելող զբօսաշրջիկներու թիւի աճին։
Տաքքայի մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է նաեւ հայ փորձագէտներու օգնութեամբ Պանկլատէշի ազգային թանգարանի որոշ իւղանկարներ վերականգնելու, ինչպէս նաեւ թանգարանէն ներս Պենկալի հայ համայնքի պատմութիւնն ու հայկական կերպարուեստի որոշ նմոյշները ներկայացնելու շուրջ։ Կը նախատեսուի նաեւ ընթացիկ տարին Տաքքայի մէջ կազմակերպել հայկական դասական երաժշտութեան համերգներ։ Այս ծրագիրներու իրականացման մէջ իր կարեւորագոյն մասնակցութիւնն ունի Տաքքայի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ նախագահ Արմէն Արսլանեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ