ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ

Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­րիա­հա­յոց հեր­թա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը։ «Սու­րիա­հայ մշա­կոյ­թի շուն­չը Ե­րե­ւա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռը այս ան­գամ եւս ար­ժա­նա­ցաւ բո­լո­րի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կը կեան­քի կո­չուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէի մուտ­քաս­րա­հին մէջ։ Ձեռ­նար­կը պա­տուեց Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ շրջայց մը կա­տա­րեց տա­ղա­ւար­նե­րով եւ բարձր գնա­հա­տեց սու­րիա­հա­յոց կող­մէ կա­տա­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը։ Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ը­սաւ.

«Զիս կը հիաց­նեն սու­րիա­հա­յոց աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, նուի­րու­մը եւ ճա­շա­կը։ Մենք ի­րենց­մէ սոր­վե­լու շատ բան ու­նինք, յատ­կա­պէս հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ու­տես­տե­ղէն­նե­րը պատ­րաս­տե­լու հար­ցին մէջ։ Կը փա­փա­քիմ, որ մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ա­ռա­ւել աշ­խոյժ գնում­ներ կա­տա­րէ։ Սու­րիա­հա­յե­րը ար­դէն սկսած են կեն­ցա­ղա­յին ի­րե­րու, կօ­շիկ­նե­րու ար­տադ­րու­թիւն ստեղ­ծել, հիւ­սուա­ծե­ղէ­նի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան գետ­նին վրայ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել»։

Նա­խա­րար Յա­կո­բեան լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ ա­ճած է ցու­ցա­հան­դէ­սի մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ կազ­մա­կեր­պուած ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սին հա­զիւ տասն-տաս­ներ­կու սու­րիա­հայ մաս­նակ­ցած էր, ա­պա այ­սօր այդ թի­ւը գե­րա­զան­ցած է յի­սու­նի սահ­մա­նը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի շրջագ­ծով այ­ցե­լու­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած են ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ, Ս. Զատ­կի տօ­նին բնո­րոշ ի­րեր, զար­դեր, հրու­շա­կե­ղէն եւ ա­րե­ւե­լեան խո­հա­նո­ցին բնո­րոշ ու­տեստ­ներ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016