ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍԻՆ ՎՐԱՅ

Ե­րե­ւան ե­րաժշ­տա­կան շքեղ տօ­նի մը մէջ է. Մարտ 26-ին մեկ­նար­կած է եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նը, որ Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն փա­ռա­տօն­նե­րէն մին է: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ այ­ցե­լեց «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նի գրա­սե­նեա­կը, ուր ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­չա­կան մարմ­նի ե­րի­տա­սարդ ու գոր­ծու­նեայ աշ­խա­տա­կից­նե­րը մե­զի տրա­մադ­րե­ցին տե­ղե­կու­թիւն­ներ այս տա­րուան ծրագ­րին եւ փա­ռա­տօ­նին մա­սին:

Հիմ­նուե­լով 2000 թուա­կա­նին եւ ու­նե­նա­լով յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, փա­ռա­տօ­նը 2007 թուա­կա­նին դար­ձած է Եւ­րո­պա­յի Փա­ռա­տօ­ննե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ՝ Սերժ Սարգ­սեան փա­ռա­տօ­նի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը նկա­տի առ­նե­լով, իր բարձր հո­վա­նին շնոր­հած է «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռանը-կար­­ներ»ուն: Ան ամ­բողջ տա­րին գոր­ծող փա­ռա­տօն է, որ Հա­յաս­տան կը հրա­ւի­րէ նշա­նա­ւոր դա­սա­կան ե­րա­ժիշտ­ներ, նուա­գա­խում­բեր, ե­րաժշ­տա­կան այլ խում­բեր: Փա­ռա­տօ­նը կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նէ նաեւ յա­տուկ նա­խա­գի­ծեր Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ այլ կա­ռոյց­նե­րու հետ: 2015 թուա­կա­նին «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռանկար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նը իր ա­կա­դե­միան բա­ցած է Բիւ­րա­կա­նի մէջ, ուր նշա­նա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րը վար­պե­տաց դա­սեր կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նեն, այս­տեղ տե­ղի ու­նե­ցած են նաեւ «Փա­ռա­տօ­նա­յին ըն­թեր­ցում­նե­ր» եւ այլ ձեռ­նարկ­ներ: Եր­գա­հան, Փրոֆ. Ստե­փան Ռոս­տո­մեան հիմ­նած է «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նը: Սկզբնա­կան շրջա­նին ան կո­չուած է «XXI-ի հե­ռան­կար­նե­ր», իսկ 2010 թուա­կա­նին վե­րա­նուա­ն-ւած է՝ «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր»: Ինչ­պէս տե­ղե­կա­ցանք, այս փա­ռա­տօ­նը փաս­տօ­րէն, Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք Հա­յաս­տա­նի մէջ հիմ­նուած ա­ռա­ջին փա­ռա­տօն­նե­րէն մէկն էր:

Ըն­թա­ցիկ տա­րուան Փետ­րուա­րի վեր­ջա­ւո­րոււ­թեան «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նը չոր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի, մար­զան­քի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գոր­ծա­կալ (կո­մի­սար)՝ Թի­պոր Նաւ­րա­չի­չի ա­մե­նա­մեայ բա­ցա­ռիկ կլոր սե­ղա­նին՝ Եւ­րո­պա­յի յա­ռա­ջա­տար փա­ռա­տօն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ ա­րուես­տի ո­լոր­տի կար­կա­ռուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար» փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ՝ Սօ­նա Յով­հան­նի­սեան կը նշէ, որ Եւ­րո­միու­թեան մէջ կը շեշ­տուի, որ Հա­յաս­տա­նը, չըլ­լա­լով Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր, կը հրա­ւի­րուի եւ կը մաս­նակ­ցի եւ­րո­կո­մի­սա­րի կլոր սե­ղա­նին, ո­րուն ոչ թէ պար­զա­պէս փա­ռա­տօն­ներ կը մաս­նակ­ցին, այլ կը մաս­նակ­ցին Եւ­րո­պա­յի լա­ւա­գոյն տա­սը փա­ռա­տօն­նե­րը, ո­րոնց մէջ նաեւ ընդգր­կուած է հա­յաս­տա­նեա­նը: Այդ մէ­կը կը վկա­յէ փա­ռա­տօ­նի ըն­դու­նուած ըլ­լա­լուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ քայլ մըն է մշա­կու­թա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ: «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նի գրա­սե­նեա­կին մէջ հպար­տու­թեամբ ցոյց կու տան եւ­րո­կո­մի­սար Նաւ­րա­չի­չի 2015 թուա­կա­նին փա­ռա­տօ­նի 15-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ յղուած շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ-ու­ղեր­ձը, ո­րուն մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սուած է. «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նը Եւ­րո­պա­յի յա­ռա­ջա­տար փա­ռա­տօն­նե­րէն մին է, որ Հա­յաս­տա­նը հաս­տա­տուն կեր­պով ամ­րագ­րած է Եւ­րո­պա­յի մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղա­րուես­տա­կան քար­տէ­սին վրա­յ»:

Ինչ­պէս անց­նող տա­րի­նե­րուն, այս տա­րի եւս բա­ցա­ռիկ հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր մը պատ­րաս­տուած է հա­յաս­տա­նեան հան­դի­սա­տե­սին հա­մար: Ի դէպ, հա­մաշ­խար­հա­յին ծա­նօթ աստ­ղեր փա­ռա­տօ­նին հրա­ւի­րուած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ, դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան սի­րա­հար ո­րոշ ար­տա­սահ­ման­ցի­ներ ի­րենց հա­յաս­տա­նեան այ­ցը նոյն այս շրջա­նին կը ծրագ­րեն, որ­պէս­զի ներ­կայ գտնուին նշա­նա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու եւ խում­բե­րու հա­մեր­գին Ե­րե­ւա­նի մէջ: Այս փա­ռա­տօ­նը ան­շուշտ, Հա­յաս­տա­նին զբօ­սաշր­ջա­յին գրաւ­չու­թիւն կը հա­ղոր­դէ: Նկա­տի ու­նե­նա­լով նաեւ, որ հա­մերգ­նե­րու տոմ­սե­րը, հա­մե­մա­տե­լով եւ­րո­պա­կան այլ դահ­լիճ­նե­րու նմա­նա­տիպ հա­մերգ­նե­րու տոմ­սե­րու գի­նե­րուն հետ, շատ ա­ւե­լի ա­ժան են, մեծ թի­ւով մար­դիկ նա­խօ­րօք կ՚ամ­­րագ­րեն հա­մերգ­նե­րու տոմ­սե­րը: Փա­ռա­տօ­նի տոմ­սին մի­ջին ար­ժէ­քը մօ­տա­ւո­րա­պէս 1500 հայ­կա­կան դրամ է (շուրջ 3.5 տո­լար):

«Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» 18-րդ փա­ռա­տօ­նը բա­ցուե­ցաւ իս­րա­յէ­լա­ցի ա­ռաս­պե­լա­կան ջու­թա­կա­հար, Կրեմ­միի կրկնա­կի մրցա­նա­կա­կիր Պին­քաս Զու­քեր­մա­նի ե­լոյ­թով: Ե­րա­ժիշ­տը այս փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս եր­կու զա­նա­զան նուա­գա­խում­բե­րու հետ 2013 թուա­կա­նին կրկին հան­դէս ե­կած է Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Այս ան­գամ Պին­քաս Զու­քեր­ման հան­դէս ե­կաւ իր ե­րա­ժիշտ կնոջ (որ ի դէպ, ա­նոր եր­րորդ կինն է)՝ թաւ­ջու­թա­կա­հա­րու­հի Ա­ման­տա Ֆոր­սայ­թի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բին հետ, խմբա­վար՝ Է­տուարտ Թոփ­չեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: Հնչե­ցին Եո­հան Պրամ­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մի քա­նին:

Հա­յաս­տան ժա­մա­նած են նաեւ Իս­րա­յէ­լի Սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բը, հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Ար­կա­տի Ո­լո­տո­սը, որ մե­նա­հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ, Մոս­կուա­յի Չայ­քովս­քիի ա­նուան մեծ սիմ­ֆո­նիկ նուա­գա­խում­բը՝ կրկին ա­կա­նա­ւոր խմբա­վար Վլա­տի­միր Ֆե­տո­սե­ւի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ութ ան­գամ Կրեմ­մի մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած Է­մեր­սոն լա­րա­յին քա­ռեա­կը եւ այլ կա­տա­րող­ներ:

Փա­ռա­տօ­նի վեր­ջին հա­մեր­գը վե­րա­պա­հո­ւած է ռու­սա­կան ծա­գու­մով իս­րա­յէ­լա­ցի հան­ճա­րեղ դաշ­նա­կա­հար, հա­յազ­գի մեծ բա­րե­կամ՝ Եւ­կե­նի Կի­սի­նին, որ մե­նա­հա­մերգ մը պի­տի ու­նե­նայ: Ի դէպ, շա­բաթ­ներ ա­ռաջ Եւ­կե­նի Կի­սին Փրա­կի մէջ, ուր կը բնա­կի, ա­մուս­նա­ցած է հայ­կա­կան ծա­գու­մով կնոջ մը՝ Կա­րի­նա Ար­զու­մա­նո­վա­յի հետ: Ա­նոր երկր­պա­գու­նե­րը եւ նաեւ՝ լրագ­րող­նե­րը կը սպա­սեն, որ Կի­սին Հա­յաս­տան ժա­մա­նէ իր հա­յազ­գի կնոջ հետ:

Ինչ­պէս ան­ցեա­լին, այս տա­րի եւս Բիւ­րա­կա­նի ա­կա­դե­միոյ մէջ վար­պե­տաց դա­սեր տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան, ինչ­պէս նաեւ հա­մերգ­ներ՝ մար­զե­րէն ներս:

Անդ­րա­դառ­նա­լով փա­ռա­տօ­նի ա­ռա­ջին հիւ­րին՝ Պին­քաս Զու­քեր­մա­նին, որ նաեւ այ­սօր աշ­խար­հի ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր ջու­թա­կա­հա­րը կը նկա­տուի, փա­ռա­տօ­նի գրա­սե­նեա­կէն ներս հիաց­մուն­քով կը խօ­սին Հա­յաս­տա­նի մէջ միշտ ե­լոյթ ու­նե­նա­լու պատ­րաստ ջու­թա­կա­հա­րին մա­սին, ո­րուն փայ­լուն կա­տա­րու­մով բա­ցուե­ցաւ փա­ռա­տօ­նը: Չորս տաս­նա­մեա­կէ ի վեր այս ա­ռաս­պե­լա­կան ե­րա­ժիշ­տը հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րաժշ­տու­թեան բնե­րե­ւոյթ կը նկա­տո­ւի։ Ա­նոր ե­րաժշ­տա­կան հան­ճա­րը, վիթ­խա­րի կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուես­տը եւ ան­սա­սան գե­ղա­րուես­տա­կան չա­փա­նի­շե­րը հրա­շա­լիք են ունկն­դիր­նե­րու եւ քննա­դատ­նե­րու հա­մար: Ա­նոր ա­նու­նը հա­ւա­սա­րա­զօր յար­գանք կը վա­յե­լէ թէ՛ որ­պէս ջու­թա­կա­հար, թէ՛ որ­պէս խմբա­վար, թէ՛ իբ­րեւ ման­կա­վարժ եւ թէ սե­նե­կա­յին ե­րա­ժիշտ:

Զու­քեր­մա­նի 2016-2017 թուա­կա­նի հա­մեր­գաշր­ջա­նը ար­դէն յստա­կօ­րէն նա­-խագծուած է եւ կը նե­րառ­նէ ա­ւե­լի քան հա­րիւր ե­լոյթ­ներ՝ ողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին: Ու­թե­րորդ տա­րին է, որ ան կը հան­դի­սա­նայ Լոն­տո­նի Թա­գա­ւո­րա­կան ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի գլխա­ւոր հրա­ւի­րեալ խմբա­վա­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Գա­նա­տա­յի Ա­րուեստ­նե­րու կեդ­րո­նի նուա­գա­խում­բին պա­տուա­ւոր խմբա­վա­րը, ո­րուն ե­րաժշ­տա­կան տնօ­րէ­նը ե­ղած է 1999-2015 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ: 2017 թուա­կա­նին Զու­քեր­մա­ն գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն է Նիւ Ճըր­զիի Սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բի «Ձմե­ռնա­յին փա­ռա­տօ­ն­»ին եւ կրթա­կան ծրագ­րին: Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն իբ­րեւ մե­նա­կա­տար եւ խմբա­վար ան հան­դէս պի­տի գայ նաեւ Պեր­լի­նի եւ Իս­րա­յէ­լի, Թո­քիո­յի ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բե­րուն, Պոս­թո­նի, Մոնթ­րէա­լի, Քլիվ­լըն­տի, Փիթս­պուր­կի, Սիտ­նիի սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բե­րուն հետ, Կա­մե­րա­տա Սալց­պուրկ, Քո­րէա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բի ու նշա­նա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Ե­ֆիմ Փրոնֆ­մա­նի հետ՝ սե­նե­կա­յին խում­բով:

Պին­քաս Զու­քեր­ման ծնած է 1948 թուա­կա­նին, Թել Ա­ւիւ: Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ մեկ­նած է 1962 թուա­կա­նին, ու­սա­նած է Ճու­լիըր­տի դպրո­ցին մէջ ա­նուա­նի հայ ու­սու­ցիչ՝ Ի­ւան Ղա­լա­մեա­նի քով։ Զու­քեր­ման իբ­րեւ մե­նա­կա­տար նուա­գած է աշ­խար­հի ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր նուա­գա­խում­բե­րու հետ, ա­նուա­նի խմբա­վար­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ:

Ան քսան­մէկ ան­գամ ե­ղած է Կրեմ­միի մրցա­նա­կի թեկ­նա­ծու, եւ եր­կու ան­գամ՝ մրցա­նա­կա­կիր: Ձայ­նագ­րուած է Angel, CBS, Decca, Deutsche Grammophon, London, Philips, Sony, BMG Classics/RCA Victor Red Seal ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ 2016 թուա­կա­նին Deutsche Grammophon եւ Philips ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը թո­ղար­կած են քսա­ներ­կու ձայ­նե­րի­զի­նե­րէ բաղ­կա­ցած ժո­ղո­վա­ծոն:

Պին­քաս Զու­քեր­ման հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տը եւ մեծ ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը ո­գեշնչման աղ­բիւր է ե­րի­տա­սարդ ա­րուես­տա­գէ­տե­րուն հա­մար: Ան Մեն­հե­թը­նի ե­րաժշ­տա­կան ա­կա­դե­միոյ մէջ կը ղե­կա­վա­րէ «Պին­քաս Զու­քեր­մա­ն» կա­տա­րո­ղա­կան ծրա­գի­րը: Գա­նա­տա­յի մէջ հիմ­նադ­րած է նուա­գա­խմ­­բա­յին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու NAC եւ Ա­մառ­նա­յին ե­րաժշ­տա­կան հիմ­նարկ­նե­րը. վեր­ջինս ծրա­գիր­ներ կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նէ ե­րի­տա­սարդ ա­րուես­տա­գէ­տե­րու, խմբա­վար­նե­րու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րու հա­մար։

Իբ­րեւ կա­տա­րող, նաեւ հան­դի­սա­վար Զու­­քեր­ման հրա­ւի­րուած է Կրեմ­մի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ Քե­նե­տիի Պա­տուոյ կեդ­րոն։ 2004 թուա­կա­նին CBC ըն­կե­րու­թիւ­նը ձայ­նագ­րած է տա­սը մա­սէ բաղ­կա­ցած ժա­պա­ւէն­նե­րու շարք՝ «Քոն­ցերթ ըստ Պին­քա­սի», որ հե­ռար­ձա­կուած է ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին։ Զու­քեր­մա­նի ջու­թա­կը կը հնչէ «Մա­կըն­թա­ցու­թեան տի­րա­կա­լը» եւ «Ա­րա­գա­ցուած խնամ­ք» շար­ժան­կար­նե­րուն մէջ։ Իբ­րեւ սե­նե­կա­յին ե­րա­ժիշտ ան նուա­գած է ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի այն­պի­սի մե­ծու­թիւն­նե­րու հետ, ինչ­պէ­ս՝ Տա­նիէլ Պա­րեն­պոյմ, Վլա­տի­միր Աշ­քե­նա­զի, Իս­հաք Պեռլ­ման, «Թո­քիօ» լա­րա­յին քա­ռեա­կը, Ե­ֆիմ Պրոնֆ­մա­ն, Ժագ­լին տիւ Փրէ։ 2003 թուա­կա­նին ջու­թա­կա­հա­րը հիմ­նած է «Զու­քեր­ման սե­նե­կա­յին նուա­գող­նե­ր» հա­մոյ­թը, որ վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է աշ­խար­հի ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր բե­մե­րուն վրայ եւ փա­ռա­տօն­նե­րու ժա­մա­նակ։

Պին­քաս Զու­քեր­ման պար­գե­ւատ­րուած է Ի­սա­հակ Սթեր­նի ա­նուան գե­ղա­րուես­տա­կան գե­րա­զան­ցու­թեան մրցա­նա­կով, ստա­ցած է «Սո­ղո­մոն թա­գա­ւո­ր» պար­գե­ւը: 1983 թուա­կա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Ռա­նըլտ Ռե­կըն զինք պար­գե­ւատ­րած է Ա­րուես­տի ազ­գա­յին մե­տայ­լով: Ան ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ «Ռո­լեքս մեն­թոր եւ ա­րուես­տի նա­խա­ձեռ­նու­թեան հո­վա­նա­ւո­ր» ծրագ­րի ա­ռա­ջին գոր­ծի­քա­յին ու­սու­ցիչն է:

Յատ­կան­շա­կան տե­ղե­կու­թիւն մը Ե­րե­ւան ժա­մա­նած գե­րաստ­ղին մա­սին. Պին­քաս Զու­քեր­ման կը նուա­գէ 1742 թուա­կա­նի Կուառ­նե­րուս տել Ճե­զուի «Տուշ­կի­ն» ջու­թա­կով։

«Զու­քեր­ման կար­ծես յա­ւերժ ե­րի­տա­սարդ գե­ղա­գէտ ըլ­լայ՝ ար­տա­յայտ­չա­կա­նօ­րէն ճար­պիկ, վա­րա­կիչ կեր­պով ե­րաժշ­տա­կան, կա­տա­րո­ղա­կան ո­ճով՝ ան­բա­սիր, թե­թե­ւա­սահ։ Ինչ­պէս միշտ, ա­նոր ե­րաժշ­տա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան մէջ ըլ­լա­լը մեծ ու­րա­խու­թիւն է» («Լոս Ան­ճե­լըս Թայմ­զ»):

Հա­յաս­տան հրա­ւի­րե­լով նման հա­մաշ­խար­հա­յին մե­ծու­թիւն­նե­րը, փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր կա­ռա­վա­րիչ Սօ­նա Յով­հան­նի­սեան վստահ է, որ մշա­կոյ­թը այս ձե­ւով կը դառ­նայ Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նէն ռազ­մա­վա­րա­կան աս­պա­րէ­զը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ մենք պէտք է ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րենք մեր միւս հար­ցե­րուն վրայ: Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը վստահ են, որ Հա­յաս­տան ու­նի ա­մէն նե­րուժ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­նուն­նե­րու կող­քին իր ա­նու­նը դնե­լու հա­մար: «Իսկ փա­ռա­տօ­նը շարք մը չէ միայն հա­մերգ­նե­րու, ո­րոնք մէկ շա­բաթ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան եւ կը վեր­ջա­նա­յ։ Փա­ռա­տօ­նը հա­մա­կարգ է, գա­ղա­փա­րը, որ կը ներդ­րուի եւ երբ 2000 թուա­կա­նին մենք Ստե­փան Ռոս­տո­մեա­նի հետ կը հիմ­նէինք «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռանը-կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նը, մենք ար­դէն ա՛յս օ­րը կը տես­նիէնք, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նը դառ­նայ Եւ­րո­պա­յի մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րէն մի­ն», կ­­՚ը­սէ Սօ­նա Յով­հան­նի­սեան: Ինչ որ ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նա­լու ճա­նա­պար­հին է:

Ի դէպ, Պին­քաս Զու­քեր­մա­նի՝ Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­լու առ­թիւ «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռանը-կար­նե­ր» փա­ռա­տօ­նի գրա­սե­նա­կին մէջ յի­շե­ցին հե­տաքրք­րա­կան ու յու­զիչ դէպք մը, երբ 2013 թուա­կա­նին Զու­քեր­ման Ե­րե­ւան ե­կած է, հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րը ա­նոր քով տա­րած են հա­յաս­տան­ցի տա­ղան­դա­ւոր ջու­թա­կա­հա­րու­հի, ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցի սան Տիա­նա Ա­դա­մեա­նը, որ այդ ժա­մա­նակ տաս­նե­րեք տա­րե­կան ե­ղած է: Զու­քեր­ման լսած է ա­նոր կա­տա­րու­մը, հաւ­նած է եւ աղջ­նա­կը Գա­նա­տա տա­րած է՝ իր կա­տա­րո­ղա­կան դպրո­ցին մէջ ու­սա­նե­լու հա­մար: Այ­նու­հե­տեւ երբ Զու­քեր­ման Լոն­տո­նի մէջ հա­մերգ մը պի­տի ու­նե­նար, «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­ներ» փա­ռա­տօ­նը ա­ռա­ջար­կած է, որ­պէս­զի իր խում­բին հետ նուա­գէ նաեւ Տիա­նան։ Զու­քեր­ման քիչ մը դժուա­րու­թեամբ, բայց ի վեր­ջոյ հա­մա­ձայ­նած է եւ այդ­պէս հայ փոք­րիկ աղջ­նա­կը նոյն բե­մին վրայ նուա­գած է աշ­խար­հի ա­մե­նան­շա­նա­ւոր ջու­թա­կա­հա­րին՝ Զու­քեր­մա­նին հետ: Այ­նու­հե­տեւ ա­նոնք եր­կու­քով BBC ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին կա­յա­նին մէջ հա­մերգ-հար­ցազ­րոյց տուած են։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հ Սերժ Սարգսեանի խօս­քը

Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր­»ը նոր էջ բա­ցաւ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի պատմու­թեան մէջ՝ մեր եր­կի­րը դա­սե­լով աշ­խար­հի ե­րաժշ­տա­կան հսկա­նե­րու շար­քին:

 Ձե­ւա­ւո­րուած իւ­րա­յա­տուկ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մի­ջա­վայ­րը եւ ստեղ­ծուած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը հզօր խթան դար­ձան մեր կա­յա­ցած ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին յա­ռաջ­խա­ղաց­ման հա­մար: Ա­ռա­ջին ան­գամ մեր երկ­րին մէջ հան­դէս ե­կան աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն կա­տա­րո­ղա­կան ու­ժե­րը՝ նուա­գա­խում­բեր, խմբա­վար­ներ, մե­նա­կա­տար­ներ եւ եր­գա­հան­ներ, ո­րոնց այ­ցե­րը բա­ցա­ռիկ էին նաեւ ողջ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին հա­մար:

Մշա­կոյ­թը մեր երկ­րին հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան ո­լորտ մըն է, ո­րուն հզօ­րաց­ման մէջ մեծ է «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­նե­ր» ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի ներդ­րու­մը: Ան դար­ձաւ մեր երկ­րի խորհր­դա­նի­շե­րէն մին, որ­ով ա­ռա­ւել ճանչ­ցուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նը եւ կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի ըն­թաց­քին շա­տե­րու հա­մար սի­րե­լի դար­ձա­ւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017