ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ ԵՒ ԱՅԼ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտնած է, որ 22 մարտէն սկսեալ «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» ոսկէ յուշադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է եւ կու գայ լրացնելու Կեդրոնական դրամատան թողարկած յուշադրամներուն ցանկը եւ տուրք մըն է հայ նշանաւոր գործարար, բարերար, հաւաքորդ Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին:

Յատկանշական է, որ յուշադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է Կիւլպէնկեանի ծննդեան օրուան նախորդ օրը: 1869 թուականի մարտի 23-ին ծնած է ան, եւ կեանքի հանգամանքները զինք իր ծննդավայր Պոլիսէն տարած են հեռաւոր ափեր: 150-ամեակին առթիւ, «Հայփոստ»ն ալ, իր կարգին, թողարկած է Հայաստան-Փորթուգալ համատեղ դրոշմաթուղթ մը «Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակը» խորագրով:

Իսկ, այս օրերուն, մեծ բարերարի յիշատակին թողարկուած յուշադրամին վրայ կայ Կիւլպէնկեանի լուսանկարը, հակառակ երեսին՝ «Երախտապարտութիւն» գրութիւնը: Դիմերեսի նկարին հեղինակն է նկարիչ-ձեւաւորող Յարութիւն Սամուէլեան, իսկ դարձերեսինը՝ Վարդան Վարդանեան: Կեդրոնական դրամատունը կը յայտնէ նաեւ, որ այս յուշադրամը հատուած է Լիթվիոյ դրամահատարանին մէջ, անուանական արժէքը 10 հազար դրամ է:

Հետաքրքրական է, որ արուեստի գործերու, հնագոյն իրերու, մանաւանդ՝ յուշադրամներու եւ մետաղադրամներու նշանաւոր հաւաքորդ մը ըլլալով, այսօր ինք՝ Գալուստ Կիւլպէնեկեան արդէն ունի իր անունով յուշադրամ մը: Իր ձեռնարկատիրական գործունէութեան զուգահեռ Գալուստ Կիւլպէնկեան ձեռք բերած է արուեստի գործերու, մետաղադրամներու եւ արուեստագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ այժմ ներկայացուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ, իսկ թանգարանը աշխարհի բացառիկ թանգարաններէն մին է: Իբրեւ հաւաքորդ, ան իր հաւաքածոյին առաջին նմոյշները սկսած է մետաղադրամներ հաւաքելով: Երիտասարդ տարիներէն մինչեւ իր կեանքին վերջը ան տուրք տուած է մետաղադրամներու հանդէպ հետաքրքրութեան, որուն հետեւանքով այսօր անոր հաւաքածոն ունի միայն 1400 յունական մետաղադրամ:

Մասնագէտները Գալուստ Կիւլպէնկեանի հաւաքածոն ուսումնասիրելով եզրակացուցած են, որ ան իբրեւ հնահաւաք, ինչպէս նաեւ իբրեւ գործարար, օժտուած էր տաղանդով մը եւ կարծես այդ մէկը ի ծնէ ունեցած յատկութիւն մըն էր: Արուեստի գործերու հաւաքչութիւնը այլեւս գործ դարձած էր անոր համար, որով զբաղած է մինչեւ կեանքին վերջը: Համակողմանի զարգացած, լեզուներու գիտակ, գեղարուեստական բարձր ճաշակի, մեծ հետաքրքրութիւններու եւ հնարաւորութիւններու տէր անձնաւորութիւն մը ըլլալով ան գնած, պահած-պահպանած է արուեստի աւելի քան վեց հազար բարձրարժէք գործ՝ իւղանկարներ, գծանկարներ, արձաններ ու արձանիկներ, մետաղադրամներ, գիրքեր, կիրառական արուեստի նմոյշներ, որոնք ժամանակագրական առումով կ՚ընդգրկեն Հին Եգիպտոսէն մինչեւ քսաներորդ դարու կէսերը:

Ճիշդ է, որ ան կը ձգտէր արժէքաւոր իրեր հաւաքելու, բայց դարաշրջանները այնքան կարեւոր չէին իրեն համար, որքան իրին գեղեցիկ եւ ճաշակաւոր ըլլալը։ «Ինծի համար նկարը ըլլալու է սիրելի բան մը, ուրախ ու գեղեցիկ, այո՛, գեղեցիկ: Կեանքին մէջ կան բաւական տաղտկացուցիչ բաներ, որոնցմէ մենք այլեւս պէտք չունինք շինելու», ըսած է Կիւլպէնկեան եւ կեանքի ընթացքին ժողված իր գործերը խորհրդանշական կերպով նկատած է իր զաւակները՝ ըսելով, թէ հայրը իր զաւակները հաւասարապէս կը սիրէ:

Լիզպոնի անոր թանգարանին մէջ այսօր կը պահպանուին եւրոպական, արեւելեան եւ հնադարեան բացառիկ մշակութային գործեր։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի թանգարանին համար նոյնպէս այս տարին յոբելենական է՝ կը լրանայ թանգարանի բացման յիսուն տարին: Թանգարանը իր դռները բացած է 1969 թուականի հոկտեմբերի 2-ին եւ իր բնոյթով կը նկատուի հնագոյնը պահպանող եւ ժամանակակիցը ներկայացնող թանգարան: Թանգարանը, ի թիւս կարգ մը ուրիշ հաստատութիւններու, կը ղեկավարուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին կողմէ, ի թիւս կարգ մը այլ հաստատութիւններու, որոնց մէջ են արխիւը, գրադարանը, Կիւլպէնկեանի անունը կրող երաժշտական նախագիծը, պարտէզը, գիտահետազօտական հիմնարկը եւ ուրիշ կառոյցներ, որոնք արուեստի տարածման նպատակը ունին:

Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն, 1956 թուականին Լիզպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը, որ սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններուն, հայկական դպրոցներուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն կրթաթոշակներ, հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն դրամական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ:

Իսկ թանգարանը բացուած է Կիւլպէնկեանի մահէն տասնչորս տարի անց, երբ կը նշուէր անոր ծննդեան 100-ամեակը:

Ծանօթ է, որ 1930 թուականէն սկսեալ, Գալուստ Կիւլպէնկեան իր հաւաքածոն կը պահէր Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Ենայի պողոտային վրայ գտնուող իր տան մէջ, ուր ներկայիս տեղաւորուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի գրասենեակներէն մին: Մինչ այդ ան արդէն կը փնտռէր խաղաղ վայր մը, եւ դիւանագիտական բնոյթի դիպուածի մը պատճառով ան Փորթուգալի մայրաքաղաքը՝ Լիզպոն այցելեց եւ շատ հաւնելով երկիրն ու անոր դրութիւնները, սենեակներ վարձեց Aviz պանդոկին մէջ, ուր ալ անցուց իր կեանքին մնացած ժամանակը: Փորթուգալ եղաւ անոր կեանքին վերջին խաղաղ նաւահանգիստը:

Արուեստի գործերու իր հարուստ հաւաքածոն Կիւլպէնկեան նուիրաբերած է փորթուգալական կառավարութեան, պայմանաւ, որ այդ հաւաքածոն կառավարուի իր անունը կրող հիմնադրամին կողմէ: 1960 թուականէն մինչեւ թանգարանին բացուիլը, հաւաքածոն պահուած է մարքիզ Պոմպալի պալատին մէջ, իսկ 1965-1969 թուականներուն նաեւ հոն ցուցադրուած է:

Ինչպէս թանգարանին շէնքը, այնպէս ալ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունը կրող զբօսայգիին մէջ գտնուող միւս շինութիւնները կառուցուած են ըստ ճարտարապետներ Ալպերթօ Փեսոայի, Փետրօ Սիտի եւ Ռուի տէ Ատուկիայի պատրաստած նախագիծերու, որոնք յաղթող ճանչցուած էին 1959 թուականին տեղի ունեցած միջազգային յատուկ մրցոյթին ընթացքին: Շինարարական աշխատանքները տեւած են տասը տարի, աւարտած՝ 1969 թուականին:

Թանգարանին մէջ տեղ գտած են Կիւլպէնկեանին կողմէ անձամբ գնուած եւ փորթուգալական կառավարութեան նուիրաբերուած աւելի քան վեց հազար ստեղծագործութիւններ, նաեւ մեծ բարերարին մահէն ետք անոր անունը կրող հիմնադրամին կողմէ ձեռք բերուած աւելի քան տասը հազար աշխատանքներ, որոնք հիմնականօրէն կը ներկայացնեն փորթուգալական կերպարուեստը՝ քսաներորդ դարասկիզբէն մինչեւ մեր օրերը եւ կը ցուցադրուին որոշակի ժամանակներու ընթացքին տեղի ունեցող (եւ ոչ մշտական) ցուցահանդէսներու ընթացքին: Որպէսզի ժամանակակից արուեստի հաւաքածոն շարունակականութիւն ունենայ, որոշում առնուած է՝ երբեմն համալրել հաւաքածոն, եւ այսպէսով գոյութիւն ունի թէ՛ հիմնադիրին հաւաքածոն եւ թէ՛ համալրուողը: Հիմնադիրին հաւաքածոն կազմուած է երկու բաժիններէ, որոնցմէ առաջինը կ՚ընդգրկէ հին եգիպտական, յունահռոմէական, Միջագետքի, հայկական եւ հեռաւոր արեւելեան, իսկ երկրորդը՝ 10-16-րդ դարերու եւրոպական արուեստը ներկայացնող թեմաթիք ցուցասրահներ: Ցուցադրուած են ոչ միայն գեղանկարչական աշխատանքներ, այլեւ կահոյքի նմոյշներ, զարդեր (այդ կարգին՝ Ռընէ Լալիքի ոսկեղէնի հաւաքածոն), սպասք (նաեւ՝ ռուսաց վերջին ցարի՝ Նիքոլայ Բ.-ի պալատին արծաթեայ սպասքեղէնը), դրամանմոյշներ, խեցեգործական իրեր, քանդակներ, արձաններ, պաստառներ, ձեռագիր մատեաններ ու հնատիպ գիրքեր...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանի եւրոպական գեղանկարչութեան հաւաքածոյին մէջ կարեւոր տեղ ունին 1930-ական թուականներուն ռուսական Էրմիթաժի հաւաքածոյին վաճառքէն Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ ձեռք բերուած գործերը (Ռիւպենս, Ռամպրանտ, Տերիք Պութս)։ Թանգարանին մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունին արեւմտաեւրոպական կահոյքի եւ 18-րդ դարու զարդարիչ-կիրառական առարկաներ, միջնադարեան ձեռագիրներ, կովկասեան եւ պարսկական գորգեր եւ Ռընէ Լալիքի կողմէ զարդարուած հաւաքածոները։ Ցուցանմոյշներուն մէջ կան նաեւ հին Եգիպտոսի եւ Միջագետքի յուշարձաններ, խեցեգործութիւն, նաեւ՝ հայկական մշակութային գործեր։

Թանգարանի կայքէջին վրայ կոկիկ կերպով նկարագրուած են թանգարանին ցուցասրահները. առաջին ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած են հին եգիպտական արուեստի նմոյշներ՝ հին արձաններ, նոր կայսրութեան եւ նոյնիսկ Հին թագաւորութեան ժամանակներէն:

Երկրորդ ցուցասրահը նուիրուած է յունահռոմէական արուեստին. հոն ցուցադրուած են անօթներ, դրամներ, արձաններ, ապակեղէն, զարդեր:

Երրորդ ցուցասրահը յատկացուած է Միջագետքի արուեստին, իսկ չորրորդ ցուցասրահը՝ իսլամական արուեստին, որ կը ներկայացնէ անօթներ, խեցեգործութիւն, պարսկական, թրքական ու սուրիական գորգեր ու 13-17-րդ դարերու գործուածեղէն:

Կիւլպէնկեանի հաւաքածոյին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի հայկական հաւաքածոն, որ թանգարանի հինգերորդ ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած է: Ճիշդ է, որ այս հաւաքածոն շատ ընդգրկուն չէ, բայց կը ներառնէ նաեւ 17-րդ դարու հայերէն Աստուածաշունչ մը եւ Աւետարաններ:

Վեցերորդ ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած է հեռաւոր արեւելեան արուեստը եւ ներկայացուած են 12-19-րդ դարերու չինական ու ճաբոնական աշխատանքներ:

Եօթներորդ ցուցասրահին մէջ այցելուն կրնայ տեսնել փղոսկրէ իրեր, նկարազարդուած գիրքեր եւ 12-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարու առաջին կէսի եւրոպական արուեստի գործեր:

Ութերորդ ցուցասրահ. Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Ֆինլանտիոյ, Իտալիոյ 15-17-րդ դարերու նկարներ, քանդակներ կը կազմեն այս ցուցասրահի հաւաքածոյին հիմքը:

Ցուցադրուող ստեղծագործութիւններուն մէջ են Տերիք Պութսի «Աւետումը», Ռոճըր վան տեր Վէյտէնի, Ռիւպէնսի («Հելէն Ֆուրմենի դիմանկարը»), Անթոնի վան Տէյկի «Տղամարդու դիմանկարը», Ֆրանս Հալսի «Սառա Հեսսիքսի դիմանկարը», Ռամպրանտի «Փալաս Աթենա»ն ու «Ծերունիի դիմանկարը», Ճիմա տա Քոնելիանոյի «Սրբազան զրոյցը», Վիթթորէ Քարփաչիոյի «Սուրբ ընտանիքը», Տոմենիքօ Կիրլանտաիոյի «Աղջկայ դիմանկարը»...

Իններորդ ցուցասրահը յատկացուած է Վերածնունդի արուեստին եւ հոն, բացի Վերածնունդի վարպետներուն գործերէն, ցուցադրուած են Ճուլիօ Ռոմանոյի նախշազարդերուն հիման վրայ պատրաստուած պաստառներ:

Տասներորդ ցուցասրահին մէջ կայ 18-րդ դարու ֆրանսական զարդարական արուեստը, ուր պաստառներ եւ կահոյքի ու ոսկերչական արուեստի նմոյշներ կան:

Տասնմէկերորդ ցուցասրահին մէջ այցելուն կրնայ տեսնել 18-րդ դարու ֆրանսական գեղանկարներ, քանդակներ, որոնց մէջ ընդգրկուած են նաեւ Իւպերթ Ռոպերթի նկարները, Ժան-Անթուան Ուտոնի, Ժան-Պաթիստ Լըմուանի, Ժան-Պաթիստ Փիկալի, Ժան-Ժաք Քաֆիէրիի քանդակները:

Տասներկրորդ ցուցասրահին մէջ հաւաքուած են 18-19-րդ դարերու ֆրանսական ոսկեղէն, նշանաւոր ոսկեգործ-ձեւաւորողներ Ժաք Ռոտիէի եւ Անթուան-Սեպաստիան Տիւրանի ոսկերչական աշխատանքներուն նմոյշները:

Տանսներրորդ, տասնչորրորդ, տանսհինգերորդ ցուցասրահներուն մէջ նոյնպէս գեղանկարներ ու քանդակներ կան, որոնց մէջ են Ֆրանչեսքօ Կուարտիի, Թոմաս Կէյնսպորոյի, Ժան-Օնորէ Ֆրակոնարի, Քամիյ Քորոյի, Ճոզըֆ Թէօրնըրի, Օկիւստ Ռենուարի, Էտուարտ Մանէի, Էտկար Տեկայի, Քլոտ Մոնէի եւ մեծահամբաւ այլ նկարիչներու գեղանկարչական աշխատանքներ, Քարփիոյի, Տալուի, Ռոտէնի հեղինակած քանդակները:

Տասնվեցերորդ ցուցասրահը ամբողջութեամբ յատկացուած է Ռընէ Լալիքի ոսկերչական հաւաքածոյին: Այդ հաւաքածոն՝ գեղարուեստական ապակեգործութեան ու ոսկերչութեան, աշխարհի կարեւորագոյններէն մին նկատուող հաւաքածոներէն է:

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Կիւլպէնկեան երազած է Հայաստան գալ եւ իր կարողութիւնը նուիրել հայրենիքին: Սակայն այդ մէկը, զանազան պատճառներով, կարելի չէ եղած: Իր կեանքի վերջին վայրին մէջ՝ Փորթուգալ, ան ապրեցաւ ընդամէնը տասներեք տարի: Հակառակ հարուստ եւ բովանդակալից կեանք մը ունենալուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան ըսած է.

«Գիտութեան մարդ մը եւ երազող մը պարտէզի մը մէջ՝ իմ ուզածս: Ահա երկու բաներ՝ կեանքիս մեծ նպատակները, որոնց չկրցայ հասնիլ»: Ան բարերարութեան մասին ըսած է. «Բարեգործութիւնը լուռ պէտք է ըլլայ. երբ գործ մը ընէք, լաւ ըրէք այդ գործը. իմացէք, թէ ո՛ւր պէտք է հասնիք»:

Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեայ յոբելեանին մեկնարկը տրուած է յունուար ամսուն Փորթուգալի մէջ: Լոյս տեսած է բարերարին մասին պատմող գիրքը, այդ առթիւ խօսք ըսած է Փորթուգալի նախագահը, որ խօսած է թէ՛ գիրքին, թէ՛ բարերարին մասին: Յուլիս ամսուն լոյս պիտի տեսնէ գիրք մը եւս, ուր պիտի տպագրուին նաեւ բարերարին նամակները ուղղուած իր թոռան՝ Միքայէլ Եսայեանին: Գիրքին մէջ հրատարակիչները պիտի ամփոփեն նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Ապրիլին Փորթուգալ պիտի հրաւիրուի երգահան Տիգրան Մանսուրեան, հոն պիտի տօնուի իր 80-ամեակը, որ նաեւ յոբելեանական ծրագրին մէջ ներառուած ձեռնարկ մըն է:

Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, նոյեմբեր ամսուն Փորթուգալի մէջ, համերգ կը սարքէ ժամանակակից ճազ երաժիշտ Տիգրան Համասեան, եւ նոյն ամսուն, դարձեալ Փորթուգալի մէջ, տեղի կ՚ունենայ Կոմիտասին նուիրուած ձեռնարկ մը: Այս բոլորին զուգահեռ, Լիզպոնի մէջ ամբողջ տարուան ընթացքին, Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին եւ կատարած գործերուն նուիրուած ցուցադրութիւն մը բաց պիտի ըլլայ:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը այս տարուան ընթացքին նաեւ Հայաստանի մէջ գիտաժողով մը նախատեսած է, սակայն թուականը տակաւին չէ որոշուած: Բարերարին 150-ամեակին առթիւ Հայաստանի Ազգային արխիւէն լոյս տեսած է նաեւ «Տոհմիկ բարերարը» գիրքը, որուն խմբագիրը Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանն է: Գիրքը կազմած է հայագէտ Էմմա Յովսէփեան:

Տակաւին կ՚անդրադառնանք Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակի ձեռնարկներուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019