ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՔԻՉ ՄԸ ԵՒՍ ՅԱՌԱՋԱՑԱՒ, ԲԱՅՑ…
Ապրիլ 2-6 Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքին կազմակերպուած ատրպէյճանական բանակի զինուորական եւ ամենաարդիական սպառազինութեամբ ու անակնկալի առաւելութեամբ կատարուած գրոհը Ղարաբաղի վրայ, տեւեց հազիւ մէկուկէս օր, երբ Արցախի բանակը ազդու հակայարձակումով երկու օրուայ մէջ ետ մղեց քանի մը հարիւր մեթր Թալիշի ուղղութեամբ սահմանէն ներս թափանցած թշնամի բանակը, որ շատ աւելի ծանր կորուստներ կրեց քան հայկական կողմը: Ատրպէյճանի բանակը նահանջեց եւ սահմանը վերադարձաւ իր նախնական գծին: Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ առաջարկուած զինադադարը անմիջապէս ընդունուեցաւ ազէրի նախագահին կողմէ, որպէսզի դադրի իր բանակին կրած վնասները, հակառակ ազէրի բանակի ամենաարդիական զինամթերքին եւ հայկական կողմի 1980-ական թուականներու զէնքերուն:
Երկուստեք տեղի ունեցած զինուորական կորուստներու թիւը թէեւ տակաւին ճշգրիտ կերպով չէ ներկայացուած, սակայն կասկածէ վեր է, թէ երկու կողմերն ալ ունեցան մեծ թիւով սպաննուածներ: Հայկական կողմը ունեցաւ նաեւ անմեղ քաղաքացիներու դիտաւորեալ սպանութիւններ, օգտագործումով հրթիռային եւ անօդաչու սաւառնակներու կողմէ կատարուած ռմբակոծումներ Թալիշի, Մարտակերտի, Մատաղիսի, Մարտունիի եւ այլ շրջաններու խաղաղ բնակչութեան դէմ, մարդկային զոհեր յառաջացնելով:
Հաստատուեցաւ նաեւ թէ ազէրի բանակին մէջ կային մեծ թիւով այլազգի վարձկան զինուորներ եւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումի ոճրագործներ, որոնք կը կրէին տարբեր համազգեստներ: Ամենանողկալին՝ հայ զինուորի մը գլխատումն է եւ նահատակուած հայ զինուորներու մարմիններու ահաւոր խոշտանգումներու եւ անդամահատումներու երեւոյթներն են:
Այս բոլորը անառարկելի փաստեր են որ գործադրուած վայրագութիւնները Պատերազմական Ոճիրներ են, որոնց մասին կան շատ յստակ միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնքներ եւ պատժամիջոցներ: Թէ անոնք ո՛ր չափով պիտի կիրարկուին, կախում պիտի ունենայ թէ մեծ պետութիւններու շահերը ի՛նչ կը պահանջեն: Մինչեւ հիմա անոնք հետաքրքրուած չեն այդ հարցով, այլ Ռուսաստանը, Իսրայէլը եւ ուրիշ զէնք հայթայթողներ գոհունակութեամբ կը յայտնեն, թէ պիտի շարունակեն զէնքերու վաճառքը:
Ամենամտահոգիչը, սակայն, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մեծ արտորանքն է դաշինք մը գոյացնելու Ատրպէյճանի եւ հայկական կողմի միջեւ: Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտնած է, թէ համաձայնագիրը անցեալի փորձառութեան վրայ հիմնուած, գրեթէ պատրաստ է, եւ որուն համաձայն են Միացեալ Նահանգները, եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը: Կարելի է եզրակացնել, թէ ակնարկուած համաձայնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին, «Մատրիտեան սկզբունքներ»ու վրայ առաջարկուած դաշնագիրին մէկ տարբերակը կրնայ ըլլալ, որ կ՚ենթադրէ Արցախի շուրջ ազատագրուած հայկական եօթ շրջաններու յանձնումը Ատրպէյճանի, եւ Արցախի կիսանկախ կարգավիճակի մը կայացումը: Լեւոն Տէր-Պետրոսեան համաձայն էր նման դաշինք մը ընդունելու այդ օրերու պայմաններուն համեմատ, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի մնացեալ պետական շրջանակը հակառակ էր, որուն պատճառաւ նախագահ Տէր-Պետրոսեան ներկայացուց իր հրաժարականը:
Պատմութիւնը պիտի կրկնէ՞ ինքզինք եւ մեր ժողովուրդը դնէ անընդունելի երկընտրանքի առջեւ: Արիւնով վաստկուած հայկական պատմական հողերը պիտի յանձնուի՞ն Ատրպէյճանի, իսկ Արցախի «կիսանկախ» վիճակը արիւնարբու Ատրպէյճանի՞ ենթակայ պիտի ըլլայ: Որքանո՞վ Ռուսաստանի ծանր թաթը եւ այլ մեծ պետութիւններու սեփական շահերը պիտի որոշեն մեր պատմական հողերու ճակատագիրը:
Առաջին հերթին, Արցախ պէ՛տք է մասնակցի կատարուելիք բանակցութիւններուն որպէս պատերազմող եւ յաղթող կողմ. կարելի չէ ընդունիլ միակողմանի «բանակցութիւն» մը, այդ ալ՝ պարտուած կողմէն: Գալով Արցախի Ատրպէյճանի որեւէ ձեւով ենթակայութեան, ՄԱԿ-ի օրէնքները յստակօրէն կը պարզեն, թէ երկրի մը ծիրէն ներս փոքրամասնութիւն մը պէտք է իր ինքնութեան յատկանիշները ազատօրէն պահպանելու եւ կիրարկելու ամբողջական իրաւունքները ունենայ եւ նոյնիսկ այդ նպատակին համար օժանդակութիւններ վայելէ հովանաւորող պետութեան կողմէ: Այս պարագային, երբ Ատրպէյճան Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու յստակ նպատակներ կը հետապնդէ, ամբողջովին կորսնցուցած կ՚ըլլայ Արցախը «հովանաւորելու» իր իրաւունքը: Աւելին՝ ան պատժամիջոցներու պէտք է ենթարկուի նախայարձակ ըլլալու յանցանքին համար:
Ապրիլ 2-6, 2016-ի Արցախի պատերազմը շահեցանք համայն հայութեան միասնական զօրակցութեամբ: Այսօր օտար շրջանակներու մէջն իսկ աւելի յաճախակիօրէն կը խօսուի Արցախի անկախութեան մասին, որպէս վերջնական լուծում մը: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է բանալին հանդիսանայ վերջնական խաղաղութեան յանգելու գործընթացին:
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Ապագայ»