ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Դ.)

Գ) ԵՓԵՍՈՍԻ ԺՈՂՈՎ

Տիեզերական երրորդ Ժողովը գումարուեցաւ Եփեսոսի մէջ, 431 թուին, Թէոդոսիոս Կրտսերի հրամանով՝ Նեստորի եւ իր հետեւորդներուն աղանդը քննելու ու դատապարտելու համար:

Ո՞վ էր Նեստոր եւ ի՞նչ էր իր ուսուցումը

Նեստոր Անտիոքի մէջ քահանայ ու քարոզիչ էր։ Խելացի մարդ էր եւ բոլոր աղանդներուն ամենէն եռանդուն հակառակորդներէն մէկը։ Անոր մասին Թէոդոսիոս Կրտսերը կը լսէ եւ զինք պատրիարք կ՚ընտրէ Կ. Պոլսոյ թափուր աթոռին համար՝ յաջորդելով Սիսինիոսի, 428-ին։ Նեստոր ժողովուրդին կողմէ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ։ Հաւատացեալները իր քարոզները Յովհան Ոսկեբերանի քարոզներուն կը նմանցնէին։ Ժամանակ մը ետք, Նեստոր իր հետ կը բերէ Անաստաս անունով քահանայ մը, որ Եկեղեցւոյ մէջ քարոզութեան ընթացքին կը յայտնէ, թէ Մարիամը մարդ էր եւ այդ իսկ պատճառով չէր կրնար Աստուած ծնանիլ։ Ուստի, ժողովուրդին կը պատուիրէ Մարիամը «Աստ-ւածածին» չկոչել, այլ՝ «Քրիստոսածին»։ Ժողովուրդը այս նոր մտքին չի համաձայնիր։

Իսկ Նեստոր Ծննդեան օր մը քարոզի ընթացքին, Պօղոս Սամոստացիի խօսքերը օրինակ առնելով՝ կ՚ըսէ, թէ Մարիամ Աստուած չէ ծնած, մարմինէն ծնողը մարմին է, արարածը կարելի չէ որ արարիչ ստեղծէ, այլ՝ մարդ։ Ուրիշ ատեն, դարձեալ քարոզի ընթացքին կ՚ըսէ, թէ Աւետարանի մէջ Քրիստոսի համար ըսուած է, թէ Ան ոչ թէ Աստուած է, այլ Քրիստոս, Որդի եւ Տէր։ Եկեղեցւոյ մէջ Եւսեբիոս անունով փաստաբան մը կար, որ քաջ գիտէր ուղղափառ դաւանանքը։ Բոլորին նամակ կը գրէ՝ Նեստորը հերետիկոս անուանելու համար, որ միաժամանակ Պօղոս Սամոստացիին գաղափարակից էր։ Նշենք, թէ Պօղոս Սամոստացի Պաւղիկեան աղանդի հիմնադիրն էր։

Կարգ մը պատմիչներ կը կարծեն, թէ Պօղոս հայ է եղած, իսկ ոմանք կը մերժեն։ Պաւղիկեաններ կը մերժէին Եկեղեցւոյ խորհուրդները, սրբապատկերները եւ խաչի նշանը։ Ասոնք արաբներուն միանալով այնքան զօրացան, որ Ը. եւ Թ. դարերուն Բիւզանդական պետութեան դէմ մեծ բանակ կազմեցին եւ խոշոր ճակատամարտներ մղեցին։

Նեստոր իր հմայիչ քարոզներով կը կարողանայ ժողովուրդն ու կայսրը իր կողմը քաշել։ Ան կ՚ուսուցանէր, թէ «Աստուած ի մարդն բնակեալ է միայն եւ անմասն է ամէն մարդկային բնութեան գործերէ, որով երկու տարբեր անձեր կ՚ենթադրէր ի Քրիստոս, եւ մարդեղութիւնը եւ միաւորութիւնը ջնջած կ՚ըլլար, փրկագործ տնօրէնութիւնն ալ միայնոյ մարդոյ վերագրելով»։ Պայքարը դարձեալ կը սկսի։ Լուրը Աղեքսանդրիայի Կիւրեղ Եպիսկոպոսին կը հասնի, որ իր հերթին շրջաբերական նամակ մը կը հրապարակէ եւ Քրիստոսը Աստուած ու Մարիամը Աստուածածին կը դաւանի։ Ապա Աթանասի եւ այլ ուղղափառ հայրերու կը պատուիրէ նոր մտքեր չընդունիլ եւ կառ-չած մնալ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ ուսուցումներուն։ Ահա այս ժամանակ իր նշանաւոր բնաբանը կը հաստատէ՝ ըսելով. «Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ»։

Այսպիսով, թղթակցութիւններ կը սկսին Կիւրեղի, Նեստորի եւ Կելեստինա Պապին միջեւ։ Կիւրեղ Պապէն լիազօրութիւն ստանալով՝ գրաւոր յայտարարութեամբ կը պահանջէ, որ Նեստոր 10 օրուան ընթացքին հրաժարի իր մտքերէն, այլապէս Եկեղեցիէն պիտի մերժուի։ Իսկ կայսրը Նեստորը արդար կը համարէ, իսկ Կիւրեղը՝ խռովարար ու Պապին կողմնակից։ Կայսրը ժողովի միջոցաւ կ՚ուզէ ուղղափառութիւնը վերահաստատել։ Հետեւաբար, հրաւիրագիր կը ղրկէ ամէնուրեք եւ 431-ին, Եփեսոսի մէջ ժողով գումարել կու տայ։ Այդ ժամանակ, Նեստորի կը հասնի այն նամակը, ուր Կիւրեղ կը պարտադրէր իրեն իր մտքերէն հեռանալ։ Նեստոր իսկոյն ժողով մը կը գումարէ եւ 12 նզովքներով Կիւրեղը կ՚անիծէ։

Կիւրեղ 40 եպիսկոպոսներով ժողովի կը մասնակցի։ Զանազան շրջաններէ եպիսկոպոսներ կու գան։ Բոլորին թիւը կը հասնէր շուրջ 200 հոգիի։ Սակայն Յովհաննէս Անտիոքացի Պատրիարքը կ՚ուշանայ։ Ժողովը երեք անգամ Նեստորը կը հրաւիրէ, բայց ան ներկայ չի գտնուիր։ Կիւրեղ Աղեքսանդրացին, որուն կողմը Եփեսոսի Մեմնոն Եպիսկոպոսը անցած էր, չսպասելով Հռոմի եւ Ասորիքի եպիսկոպոսներու ժամանելուն, ժողովը բացուած կը յայտարարէ։ Ժողովի ընթացքին բոլոր փաստագրերը կ՚ընթերցուին, կը քննուին ու կը լսուին եւ վերջապէս Նեստորը մեղադրելով՝ զինք կարգալոյծ կը հռչակեն ու կը բանադրեն՝ որպէս «հայհոյիչ Որդւոյն Աստուծոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ Սուրբ Աստուածածին Մարիամու»։ Ապա զինք աթոռէն կը զրկեն ու կ՚աքսորեն։

Մի քանի օր անց, Յունիս 26-ին, ուշացած Պատրիարքը՝ Յովհաննէս Անտիոքացին Ասորիքի 34 եպիսկոպոսներով կը հասնի, տեղի ունեցած ժողովը անօրինական կը յայտարարէ, Նեստորի կը միանայ, ժողով կը գումարէ, Կիւրեղ Աղեքսանդրացին, Մեմնոնը եւ անոր կողմնակիցները կը բանադրէ եւ իր որոշումը Թէոդոսիոս կայսրին կը ղրկէ։ Կայսրը մէկ թուղթով երկու ժողովներու վճիռներն ալ կ՚ընդունի եւ աթոռներէն կը զրկէ թէ՛ Նեստորը եւ թէ Կիւրեղը, ինչպէս նաեւ՝ Եփեսոսի Եպիսկոպոս Մեմնոնը։ Սակայն Կիւրեղի կողմնակիցները, չհամաձայնելով այդ որոշման հետ եւ իրենց յաղթանակին վստահ, Կայսրին կը ստիպեն իր վճիռը վերանայելու համար։ Այն ատեն Հռոմի լեգատները կը հասնին եւ ուղղափառներուն կը միանան։ Կը ստորագրեն Նեստորի կարգալոյծ ըլլալն ու բանադրանքը։ Սակայն կայսրը երկար ժամանակ ուղղափառներուն վճիռը չի վաւերացներ։ Ի վերջոյ, Թէոդոսիոս Բ.-ը Կիւրեղ Աղեքսանդրացիին նախագահած ժողովի որոշումները կ՚ընդունի, այդ ժողովը տիեզերական կը հռչակէ, իսկ Կիւրեղն ու Մեմնոնը կրկին իրենց աթոռներուն կը բազմեցնէ։

Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովը նոր հանգանակ մը չի հաստատեր, այլ հաւանութիւն կու տայ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիին նզովքներուն՝ որպէս հաւատքի սահմանում եւ ուղղափառ դաւանութիւն։ Ժողովի որոշումները ընդհանրապէս անտիոքեան աստուածաբանութեան մերժումն էին, քան՝ սոսկ Նեստորի վարդապետութեան դատապարտումը։ Այս Ժողովին մէջ անգամ մը եւս կը շեշտուի, թէ Քրիստոս Որդին Աստուած է ըստ բնութեան, թէեւ եղաւ մարդ (մարդացեալ Աստուած), եւ Անոր մէջ միաւորուած երկու բնութիւնները կը գործէին։ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները առանձին-առանձին գոյութիւն չունին, այլ միաւորուած են Աստուծոյ Բանին, անշփոթ, անխառն, անփոփոխ եւ անայլայլելի ձեւով։ Ոչ թէ երկու որդի եւ երկու Քրիստոս, մէկը՝ շնորհիւ որդեգրութեան՝ Աստուած, ճշմարիտ եւ երկրպագելի (աստուածացած մարդ), միւսը՝ ծնունդով մարդ, ոչ երկրպագելի, ոչ թէ երկու առանձին, իրարմէ անջատ բնութիւններ, այլ՝ Աստուածամարդ՝ բնութեանց անշփոթ եւ անբաժանելի միաւորութեամբ. մէկ Տէր, մէկ Յիսուս, մէկ դէմք եւ միացեալ աստուածամարդկային բնութիւն (ընդդէմ Նեստորի)։ Ս. Կոյս Մարիամը Աստուածածին է եւ ոչ թէ սոսկ մարդածին ու քրիստոսածին (հակառակ Նեստորի), որովհետեւ ան ոչ թէ սկզբնաւորեց աստուածազգեստ մարդը, այլ Մարմնացեալ Բանին ծնունդ տուաւ, այսինքն՝ մարդու յաւիտենականներէն առաջ ծնած Աստուծոյ Որդիին՝ Քրիստոսին մարդու կերպարանք տուաւ (Կիւրեղ-եփեսոսեան դաւանութիւն)։

Ժողովը ընդունած է վեց կանոն՝ բոլորը ուղղուած Նեստորի եւ անոր համախոհներուն դէմ։ Կանոննները արգիլած են ոեւէ մէկ հոգեւորականի նեստորականներու հետ կապ ունենալ կամ անոնց գրութիւնները կարդալ։ Եթէ մէկը վերոթուարկեալ կանոնները խախտէր, կ՚աստիճանազրկուէր եւ Եկեղեցիէն կ՚արտաքսուէր։

Հայ Եկեղեցին Տիեզերական երրորդ Ժողովին չէ մասնակցած, սակայն նախորդ երկու Տիեզերական Ժողովներու հետ միասին ընդունած է անոր Տիեզերական հեղինակութիւնը։  Խորենացին կը յիշէ, որ մեր թարգմանիչները՝ Սահակ Կաթողիկոսի վեց աշակերտները՝ Յովհան, Յովսէփ, Ղեւոնդ, Եզնիկ, Արձան եւ Կորիւն, որոնք 426-էն առաջ Բիւզանդիա եկած էին ուսմամբ եւ թարգմանութեամբ պարապելով, իրենց հետ Ժողովին թուղթերը, որոշումներն ու կանոնները կը բերեն եւ Սահակ Կաթողիկոսին ու Մեսրոպ Մաշտոցին կը յանձնեն։ Թուղթերուն հետ նաեւ վեց սահմանուած կանոնները կը ներկայացնեն, որպէսզի սոյն աղանդաւորական շարժումին առաջքը առնեն, որ տակաւ առ տակաւ սկսած էր Բիւզանդական սահմաններէն փախչիլ ու տարածուիլ դէպի արեւելեան սահմանները։

Այստեղ կ՚ուզենք մէջբերել Գիշերային Ժամերգութեան սկիզբը ընթերցուող «Դաւանութիւն Հաւատոյ»ն՝ մեր հայորդիները աւելի մօտէն ծանօթացնելու Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ դաւանանքին։

«Խոստովանիմք եւ հաւատամք ամենակատար սրտիւ զՀայրն Աստուած անեղ, անծին, եւ անսկիզբն, այլ եւ ծնող Որդւոյ եւ բխող Հոգւոյն Սրբոյ:

Հաւատամք զԲանն Աստուած անեղ, ծնեալ եւ սկսեալ ի Հօրէ նախքան զյաւիտեանս. ո՛չ յետոյ եւ ո՛չ կրտսեր, այլ որքա՛ն Հայրն Հայր՝ ընդ նմին եւ Որդին Որդի:

Հաւատամք զՍուրբ Հոգին Աստուած անեղ, անժամանակ, ո՛չ ծնեալ, այ բխեալ ի Հօրէ, էակից Հօր եւ փառակից Որդւոյ:

Հաւատամք զԵրրորդութիւնն Սուրբ մի բնութիւն, մի աստուածութիւն, ո՛չ երեք աստուածք, այլ մի Աստուած, մի կամք, մի թագաւորութիւն, մի իշխանութիւն, արարիչ երեւելեաց եւ աներեւութից:

Հաւատամք յԵկեղեցի Սուրբ, զթողութիւն մեղաց հաղորդութեամբ սրբոց:

Հաւատամք զմինն յերից անձանց զԲանն Աստուած ծնեալ ի Հօրէ նախքան զյաւիտեանս, ի ժամանակի իջեալ յԱստուածածին Կոյսն Մարիամ, առեալ յարենէ նորա՝ միաւորեաց ընդ իւրում աստուածութեանն, իննամսեայ ժուժկալեալ յարգանդի անարատ կուսին եւ եղեւ Աստուածն կատարեալ մարդ կատարեալ հոգւով եւ մտօք եւ մարմնով. մի անձն, մի դէմ եւ միաւորեալ մի բնութիւն: Աստուածն մարդացեալ առանց փոփոխման եւ առանց այլայլութեան, անսերմն յղութիւն եւ անապական ծնունդ. որպէս ո՛չ է սկիզբն աստուածութեան Նորա, եւ ո՛չ վախճան մարդկութեան Նորա։ (Զի Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր՝ նոյն եւ յաւիտեան)։

Հաւատամք զՏէրն մեր Յիսուս Քրիստոս շրջալ ի վերայ երկրի, յետ երեսուն ամաց եկեալ ի մկրտութիւն. Հայր ի վերուստ վկայեալ՝ Դա՛ է Որդի իմ սիրելի. եւ Հոգին Սուրբ աղաւնակերպ իջեալ ի վերայ Նորա. փորձեալ ի սատանայէ եւ յաղթեալ նմա. քարոզեալ մարդկան զփրկութիւն. աշխատեալ մարմնով, վաստակեալ, քաղցեալ եւ ծարաւեալ. յետոյ եկեալ կամաւ ի չարչարանս. խաչեալ եւ մեռեալ մարմնովն, եւ կենդանի աստուածութեամբն. մարմինն եդեալ ի գերեզմանի միաւորեալ աստուածութեամբն եւ Հոգւովն իջեալ ի դժոխս անբաժանելի աստուածութեամբն, քարոզեալ հոգւոցն, աւերեալ զդժոխս եւ ազատեալ զհոգիսն. յետ երից աւուրց յարուցեալ ի մեռելոց եւ երեւեալ աշակերտացն:

Հաւատամք զՏէրն մեր Յիսուս Քրիստոս նովին մարմնովն համբարձեալ յերկինս եւ նստեալ ընդ աջմէ Հօր: Այլ եւ գալոց է նովին մարմնովն եւ փառօք Հօր ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս: Որ եւ յարութիւն ամենայն մարդկան:

Հաւատամք եւ զհատուցումն գործոց, արդարոցն՝ կեանք յաւիտենական, եւ մեղաւորացն՝ տանջանք յաւիտենական»:

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018