ՄՏԱԾԵԼ ԶԱՅՐՈՅԹԻ ՄԱՍԻՆ -Գ-
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնը զայրոյթի զանազան երեսակներուն եւ ազդեցութեան մասին։
Դէպքի մը կամ մէկու մը հանդէպ ատելութենէն դրդուած գործելը իրականութեան մէջ յաճախ կործանարար արդիւնքներու ծնունդ կու տայ: Ինչպէս ժողովրդական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Զայրոյթով ոտքի կանգնողը վնասով կը նստի»։ Եթէ մեր կեանքը կառուցենք դէմք մը, դէպք մը եւ այլն ատելու շուրջ, ապա կը դառնանք վատասիրտ անհատներ: Ատելութենէ սնուող զայրոյթը կը տանի դէպի կործանում, աւերում եւ երբեմն՝ անհետացում։ Որքան ալ զայրանալով ատենք բարիի կամ խաղաղութեան համար, ինչ ալ ըլլան պայմանները, կը դառնանք անխիղճ կամ յոռի մարդիկ։ Այս առումով մենք կրնանք դասեր քաղել ընթացիկ իրադարձութիւններէն։
Արդեօք բարեկամութիւնը կառուցուած է թշնամութեա՞ն վրայ: Արդեօք ընկերութիւնը կը հաստատուի միայն սեփական շահո՞ւ համար։ Նման ընկերութիւնները անկարելի է երկարատեւ ըլլան: Եթէ մենք սորվէինք պատմութիւնը ուսումնասիրել ու դասեր քաղել անկէ, ապա հեշտութեամբ կը պատասխանէինք այս հարցման: Եթէ լաւապէս ըմբռնելով լսէինք այս հարցման պատասխանող մեր նախնիները, ապա դարձեալ նոյն սխալները չէինք գործեր։ Պարզապէս, եթէ լաւ հասկնայինք անցեալը, ապագայի համար անհանգստանալու կարիք չէինք ունենար։ Եթէ անցեալ իրադարձութիւններէն դասեր քաղէինք, ո՛չ վախնալու կարիք կ՚ունենայինք, ո՛չ ալ «թշնամի» գոյութիւն կ՚ունենար։
Ի՞նչ է մեր աշխարհագրութեան, տարածաշրջանի վիճակը ներկայիս։ Գրեթէ բոլորը կը սպաննեն զիրար։ Հարեւաններ թշնամութեամբ տրամադրուած են իրարու դէմ։ Նոյն կրօնի դաւանող մարդիկ զիրար անհաւատ կը յայտարարեն։ Ատելութիւն կը սերմանուի, մահ կը պահանջուի։ Այսպիսի խայտառակութիւնը մեր տան, մեր աշխարհագրութեան մէջ կը բխի «իմ թշնամիի թշնամին իմ ընկերն է» հասկացութենէն։ Աշխարհի սակաւաթիւ հզօր պետութիւններ անմիջապէս կը յայտնուին՝ որպէս իրենց թշնամիներու թշնամին։ Երբ մենք որպէս դաշնակից կ՚ընտրենք կայսերական պետութիւն մը, անխուսափելի է անհետացումը։ Այսպէս դաշնակից ընտրուածները իրականութեան մէջ կը տանին դէպի աւերում, ոչնչացում։
Վնասակար են այն փոխյարաբերութիւնները, որոնք կը հաստատուին «իմ թշնամիի թշնամին իմ ընկերն է» հասկացութեամբ։ Աշխարհ կը դիտէ, թէ ինչպէս ռուսամէտները եւ ամերիկամէտները զիրար կը սպաննեն: Զայրոյթի, թշնամութեան եւ ատելութեան արդիւնքին ձեռք բերուած «նուաճումները» երբեք բարեբեր չեն եղած որեւէ երկրի կամ անոր ժողովուրդին նկատմամբ։ Մի գուցէ կրնանք անդորրութեան մէջ ապրիլ, եթէ ուրիշի կեանքը փճացնելու փոխարէն փորձենք բարելաւել նախ մերինը:
Զայրոյթի դէմ պայքարը առհասարակ կը պահանջէ ինքնատիրապետում եւ յամառ ջանք՝ հակազդելու համար սեփական վատ սովորութիւններուն եւ համատարած ճնշումներուն, անկախ այդ զայրոյթի անձնական կամ քաղաքական հանգամանքէն։ Բազմաթիւ առաջնորդներ հասկցած են այս պայքարը, բայց ոչ մէկը զայրոյթի ազդեցութեան չէ անդրադարձած՝ որքան Նելսըն Մանտելան: Ան միշտ ըսած է, որ լաւ կը ճանչնայ զայրոյթը եւ պէտք է պայքարիլ վրէժխնդրութեան ներքին մղումի դէմ։ Ան յայտնած է, որ իր 27 տարուայ կալանքի ժամանակաշրջանին պարբերաբար զբաղած է խոկումով, խորհրդածութեամբ, որպէսզի կարողանայ նայիլ յառաջ եւ զերծ մնայ զայրոյթի ծուղակը իյնալէ։
Մանտելա վճռական էր, տրամադրուած էր այս մենամարտին յաղթական դուրս գալու համար: Ան կ՚ուզէր ունենալ յաջող ազգ մը եւ գիտէր, որ հասարակութիւնը կասկածով, ատելութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ չի կրնար յաջողութեան հասնիլ՝ նոյնիսկ եթէ սխալները սարսափելի ըլլան: Համերաշխութիւնը էական է ազգ դառնալու համար: Մանտելա բանտի մէջ ուսումնասիրած էր կործանիչ, դաժան ու անսիրտ առաջնորդներու մտածելակերպը։ Ան բարեկամութիւն հաստատած էր բանտի պահակներու հետ: Ան համոզուած էր, թէ առատաձեռնութիւնն ու համերաշխութիւնը չէին կրնար ամոքել անցեալը, բայց էական էին ապագային միտուած յառաջընթացի համար:
Մանտելա իրատես էր։ Ան երբեք չէր թելադրած Հիթլերը փոխել բարեսրտութեամբ՝ ինչպէս կ՚ընէր Կանտին։ Եւ, ի հարկէ, ան պատրաստ էր բռնութիւն կիրառել, երբ ոչ-բռնի լուծումը ձախողէր: Ըստ իրեն, միայն զայրոյթէն ձերբազատուիլը չ՚ապահովեր անդորրութիւն կամ խաղաղութիւն: Այնուամենայնիւ, Մանտելայի բռնութեան դիմելու ռազմավարութեան ետին կար նաեւ այն ակնկալիքը, որ մարդիկ կեդրոնանան հասարակաց ապագայի կառուցման վրայ, այլ ոչ թէ դիմեն զայրոյթով վրէժ լուծելու անընդունելի ու սարսափելի արարքներուն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•վերջ