ՔԱՄԵԼ, ՔԱՄՈՒԻԼ

Կը հանէ սառնարանէն լեմոն մը, կը լուայ զայն, կը դնէ սեղանին։

Կ՚ իջեցնէ ապակեայ խոշոր սափորը ամենավերի դարակէն. զայն եւս կը լուայ, կը դնէ չորնալու։

Ամառը հասնող է նորէն...

Լեմոնը կ՚առնէ, դանակով կը կտրէ անկէ բարակ-բարակ շերտեր, զորս կը նետէ սափորին մէջ, որ արեւուն տակ չորցեր է արդէն գրեթէ։

Ծորակը կը բանայ. կ՚արտօնէ, որ վազէ ջուրը մինչեւ պաղի, մինչեւ սառի, մինչեւ լեռնաղբիւրի համին մօտենայ գոնէ, մօտենայ միայն, քանի որ անոր իրապէս հասնիլը անկարելի է։

Յղի սափորը կը դնէ տակը։ Սառնաջուրը կը ռմբահարէ լեմոնի կտորները, որոնք թափալողի մը մէջ կ՚իյնան, մէկ վեր, մէկ վար, գլուխկոնծի, կը զարնուին իրարու եւ պատերուն ապակեայ, մինչեւ կը լեցուի սափորը «ատքան մը որ հիւթին տեղ մնայ»։ Ու կը յիշէ ձայնը մօր, որ կը տանի զինք լեռ, մանկութիւն։

Գիւղի տունն իրենց, երբ ամէն ինչ դեղին էր ու պայծառ. կեանքը ամառնային՝ չորս եղանակներուն։ Ինք, մեծը երեքին, եւ երկու փոքր քոյրերը, լեմոններն ու սափորը կը տանէին մօտակայ աղբիւր, կը լուային զանոնք ու լեցնէին զայն պաղ ջուրով (իրենցմէ ո՞րն էր որ միշտ պիտի կապկէր խրատը մօր՝ սափորն ինչքան լեցնելու մասին), եւ իրենց պարտքը կատարած վերադառնային տուն, որ մաման ամառնային հրաշքը պատրաստէր։ Կտրէր լեմոնները ու զետեղէր զանոնք սափորին մէջ իր բարակ մատներով. նոյն անոնցմով, որոնք շոյեցին իր դէմքը շաբաթ մը առաջ, ծերանոց-հիւանդանոց հերթական այցի ժամանակ։

Կէս կտրած լեմոնը կը տանի քամիչին, ուժեղ ճնշելով կը պտտէ զայն, հիւթը կը քամէ։ Յետոյ կամաց կը պարպէ հեղուկը սափորին մէջ, ջուր ու լեմոնին վրայ։ Ինք ու մայրը, ի տարբերութիւն հօր ու քոյրերուն, միշտ այսպէս նախընտրած են. հիւթը՝ ամենէն վերջն ու բոլորին վրան, որպէսզի առաջին մի քանի գաւաթը թթու ըլլայ։

Կը լեցնէ բաժակ մը, կ՚երթայ կը նստի պատուհանին մօտ։ Կը նայի դուրս, արեւուն. մարդոց, որոնք կ՚անցնին ու կ՚երթան. ինչպէս միշտ։

Աչքերը կ՚ ուղղէ կիսած-քամած լեմոնին, որ հիմա հիւծած, յոգնած, անհաղորդ պառկած է սեղանին։ Ու դարձեալ մայրը կը յիշէ. մոռցե՞ր էր ինչու, կը հեռանա՞յ ան մտքէն այս օրերուն, որոնք, երթալէն աւելի կը համոզուի, վերջիններն են արդէն...

Յուզուած, հեռախօսը կը վերցնէ ու զանգ կու տայ։

«Պիտի գա՞ս», կը հարցնէ յոգնած ձայնը մօր...

«Պիտի գամ» կը պատասխանէ, եւ կ՚ուղղուի դէպի դուռ, հետը բանալին, դրամապանակն ու, առանց տատամսելու, սափորը տանելով։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021