ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑԱՆՑ

Օ­րերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պե­ցանք Հայ­կա­կան գոր­ծա­րար գոր­ծա­կա­լու­թեան (Armenian Business Agency) եւ Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռեւտ­րա-ար­դիւ­նա­բե­րա­կան պա­լա­տի նա­խա­գահ, ֆրան­սա­հայ «Այբ» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի տնօ­րէն Վար­դան Գաբ­րիէ­լեա­նին, որ Ե­րե­ւան կը գտնուէր յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 15-ին Փա­րի­զի Westin Paris-Vendome պան­դո­կին մէջ տե­ղի  ու­նե­նա­լիք  Հայ­կա­կան-մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րար­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վի գոր­ծե­րով:

Այդ հա­մա­ժո­ղո­վը պի­տի  հա­մախմ­բէ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէն հայ եւ օ­տար գոր­ծա­րար­ներ եւ ներդ­րում­ներ կա­տա­րող­ներ, ո­րոնց պի­տի ներ­կա­յա­ցուին  նա­խօ­րօք պատ­րաս­տուած եւ ու­սում­նա­սի­րուած ար­հես­տա­վարժ ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­ներ: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Վար­դան Գարբ­րիէ­լան ը­սաւ, որ այդ հա­մա­ժո­ղո­վին պի­տի  մաս­նակ­ցին քսան եր­կիր­նե­րէ շոորջ  հա­րիւր գոր­ծա­րար­ներ եւ ա­յդ ժա­մա­նակ նոր ծրա­գիր­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց նա­խա­գի­ծե­րը՝ հնա­րա­ւոր ներդ­րող­նե­րը  գրա­ւե­լու   նպա­տա­կով։ Տե­ղե­կա­ցանք նաեւ, թէ  ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ հայ­կա­կան կա­ռոյց մը ար­հես­տա­վարժ եւ հմուտ  մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կը ստեղ­ծէ գոր­ծա­րար հար­ցե­րով զբա­ղող գոր­ծա­կա­լու­թիւն մը (Armenian Business Agency), ո­րու ընդ­հա­նուր նպա­տակն է ա­ջակ­ցիլ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի հա­յե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ծրագ­րե­րուն, ստեղ­ծել հայ գոր­ծա­րար­նե­րու հա­մաշ­խա­րա­յին ցանց մը, ուր զա­նա­զան կա­պե­րով միա­ցած կ՚ըլ­լան հայ եւ օ­տար գոր­ծա­րար­ներ ի շահ Հա­յաս­տա­նի եւ հայ­կա­կան գոր­ծա­րա­րու­թեան: Ա­ռա­ւել ման­րա­մասն Վար­դան Գաբ­րիէ­լեան պատ­մեց յա­տուկ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին։

-Պա­րոն Գաբ­րիէ­լեան, ար­դէն պատ­րա՞ստ են այն ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յա­ցուին  հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:

-Ա­յո՛, ար­դէն պատ­րաստ են մեր մաս­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ ման­րակր­կիտ ու­սում­նա­սի­րու­թեան են­թար­կուած ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք ու­նին high added value (բարձր ա­ւե­լա­ցուած ար­ժէք), ո­րոնք պէտք է ներդ­րող­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­նան, որ­մէ ետք այդ գոր­ծա­րա­րու­թիւն-ծրա­գիր­ներ ներ­կա­յաց­նող­նե­րը եւ ներդ­րող­նե­րը միա­սին ի­րենց ճա­նա­պար­հը կը շա­րու­նա­կեն խո­րաց­նե­լու քննար­կում­նե­րը եւ հա­ւա­նա­բար հաս­նե­լու փոխ­շա­հա­ւէտ պայ­մա­նագ­րա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան:

-Յղա­նա­լով նման հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը, ի սկզբա­նէ ի՞նչ նպա­տակ­ներ ու­նե­ցած էք:   

-Մեր նպա­տակն է ցան­կագ­րել, հա­ւա­քագ­րել աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող, գոր­ծող հայ ձեռ­նե­րէց­ներ, կեդ­րոն­ներ եւ բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վար­ներ, ո­րոնք բազ­մա­հա­զար են, եւ առ այ­սօր չկայ ո­րե­ւէ հա­մախմ­բում, որ այս գոր­ծա­րար­նե­րու կամ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ցան­կագ­րում եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մի­ջա­վայր ստեղ­ծէ:

Հայ­կա­կան գոր­ծա­րար գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը  նպա­տա­կադ­րած է աշ­խու­ժաց­նել հայ­կա­կան գոր­ծա­րա­րու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ, հա­ւա­քել ամ­բողջ աշ­խար­հի հայ ձեռ­նե­րէց­նե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռիթ ստեղ­ծել ա­նոնց մի­ջեւ: Բայց նաեւ ի մտի ու­նի հա­յաս­տա­նեան գոր­ծա­րա­րու­թիւ­նը զար­գաց­նել, խրա­խու­սել  Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղուած ներդ­րում­նե­րը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու ա­ռիթ­նե­րը, չնա­յած որ այս մէ­կը եր­կա­րա­տեւ գոր­ծըն­թաց մըն է: Այս է նպա­տա­կը, ո­րուն հա­մար մենք ե­կած ենք Հա­յաս­տան, որ­պէս­զի նաեւ Հա­յաս­տա­նէն ծրա­գիր­ներ գտնենք, մշա­կենք, կամ վե­րամ­շա­կենք, ուղ­ղոր­դենք եւ ներ­կա­յաց­նենք մեր ներդ­րող­նե­րուն, որ­պէս­զի բարձր ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ծրա­գիր­նե­րը չըլ­լան միայն Սփիւռ­քէն, այլ ըլ­լան նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նէն:

-Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կը վե­րա­բե­րի  ձեր աշ­խա­տան­քին:

-Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մա­կար­դա­կով՝ ինչ­պէս  նա­խորդ, այն­պէս ալ՝  ներ­կայ նա­խա­րա­րի, զա­նա­զան պաշ­տօ­նեա­նե­րու, Ար­դիւ­նա­բե­րա­կան պա­լա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, բո­լո­րին վե­րա­բեր­մուն­քը դրա­կան է: Ի­րենք հասկ­ցած են աս­կէ ա­ռաջ, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը շատ օգ­տա­կար ծրա­գիր մըն է,  նա­խա­պէս՝ չի­րա­գոր­ծուած ծրա­գիր մը, ո­րուն ար­դէն պէտք է նա­խա­ձեռ­նէին մար­դիկ, ա­հա­ւա­սիկ մենք նա­խա­ձեռ­նած ենք:  Մենք շա­տոնց սկսած ենք հա­ւա­քագր­ման, ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման, փնտռտու­քի, քննար­կում­նե­րու աշ­խա­տան­քին:

-Բո­լոր եր­կիր­նե­րը դի­տար­կուա՞ծ են, իբ­րեւ հնա­րա­ւոր ան­դամ­ներ ու­նե­ցող եր­կիր­ներ:

-Ա­յո՛, մենք մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով սկսած ենք այս գոր­ծու­նէու­թեան, բայց չենք կրնար ը­սել, որ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հա­սած ենք: Օ­րի­նա­կի հա­մար, զար­մա­ցած ենք, որ Հուն­գա­րիա­յէն, Լե­հաս­տա­նէն եւ Կիպ­րո­սէն  մաս­նակ­ցու­թեան յայ­տեր ե­կած են: Նա­խա­պէս մեր ա­ռա­ջին թի­րախ­նե­րը ե­ղած են Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, Ֆրան­սան, Լի­բա­նա­նը, Ռու­սաս­տա­նը եւ այն­պի­սի եր­կիր­ներ, ուր հայ­կա­կան  մեծ գա­ղութ­ներ կան, նաեւ՝ Հա­յաս­տան, բայց զար­մա­նա­լիօ­րէն նաեւ փոքր եր­կիր­նե­րէ կամ ան­հա­ւա­նա­կան եր­կիր­նե­րէ յայ­տեր կան: Գոր­ծը եր­կի­րով չէ, ան­հատ­նե­րով է, կան ան­հատ­ներ, ո­րոնք քա­նի մը երկ­րի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նին, կ­­՚ըն­դու­նին գա­ղա­փա­րը,  կը հասկ­նան, որ այս մէ­կը անհ­րա­ժեշտ է:

-Մօ­տա­ւո­րա­պէս ար­դէն կրնաք խօ­սիլ քա­նի՞ գոր­ծա­րա­րի մա­սին, ո­րոնք հի­մա ցան­ցի մէջ են:

-Խօս­քը եօ­թա­նա­սու­նէն մին­չեւ հա­րիւր գոր­ծա­րար­նե­րու մա­սին է, բայց մեր թի­րա­խը եօ­թա­նա­սու­նին շուրջ կը դառ­նայ: Ը­սեմ նաեւ, որ այս ֆո­րու­մին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը անվ­ճար չէ, 700 եւ­րօ է, ինչ որ ետ կը պա­հէ բա­ւա­կան մաս­նա­կից­ներ, ո­րոնք ի­մաստ չեն տես­ներ այդ գու­մա­րը վճա­րե­լու  եւ մաս­նակ­ցե­լու։ Մինչ­դեռ շատ մը մար­դիկ այլ ձե­ւով կը մօ­տե­նան, կը վճա­րեն ու կը մաս­նակ­ցին։ Ու  մենք կը գոր­ծակ­ցինք այն մար­դոց հետ, ո­րոնք ի­մաստ կը տես­նեն եւ կը հա­ւա­տան այս գոր­ծին:

Մեր նպա­տակն է նաեւ հա­յու­թեամբ եւ Հա­յաս­տա­նով ա­ռայժմ չհե­տաքրք­րուած մար­դոց ա­ռիթ տալ: Մեր նպա­տա­կը միայն Հա­յաս­տա­նի շուրջ աշ­խա­տի­լը չէ: Ա­յո՛, մեր վերջ­նա­կան նպա­տա­կը Հա­յաս­տանն է, բայց ա­ռանց ա­ւե­լորդ կո­չե­րու:  Գոր­ծա­րար­նե­րուն հետ  շատ խօ­սած ենք,  բո­լո­րը նկա­տած են, որ  կո­չեր կա­տա­րած են շա­տեր, բայց բո­լոր այդ լո­զունգ­նե­րը ար­ձա­գանգ չեն գտած, ո­րով Հա­յաս­տա­նի հետ միայն կո­չե­րով հնա­րա­ւոր չէ գոր­ծա­րա­րու­թիւն ը­նել։ Գոր­ծա­րա­րի հետ պէտք է խօ­սիլ գոր­ծա­րա­րու­թեան լե­զուով: Շա­հու, ռիս­քե­րու գո­յու­թեան-չգո­յու­թեան, մի­ջա­վայ­րի, ա­պա ներդ­րում­նե­րը ձեռք ձգե­լու, յե­տա­դարձ կապ ու­նե­նա­լու հե­ռան­կա­րը՝ այս բո­լոր հար­ցեր են, ո­րոնք կրնան խրա­խու­սել ձեռ­նե­րէց­նե­րը՝ գալ Հա­յաս­տան կամ մաս­նակ­ցիլ այս կամ այն ծրա­գրին: Ու­րիշ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն չու­նինք մենք, ո­րով­հե­տեւ միւս հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կը տա­նին մեզ ժա­մա­նա­կի կո­րուս­տի, կը տա­նին մեզ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու եւ ա­պար­դիւն աշ­խա­տան­քի: Մենք պէտք է կա­րե­նանք ճիշդ ուղ­ղոր­դել, որ­պէս­զի ձեռ­նե­րէցն ալ հասկ­նայ, թէ մենք հասկ­ցած ենք իր ակն­կա­լիք­նե­րը, ու այդ  ակն­կա­լիք­նե­րուն հի­ման վրայ է, որ այդ մի­ջա­վայ­րը կ­­՚ու­զենք ստեղ­ծել:

-Նման հա­մախմ­բում­նե­րու փոր­ձեր ե­ղած են նախ­կի­նին եւս: Դուք բա­ւա­րար չէ՞ք գնա­հա­տեր նախ­կին փոր­ձե­րը:

-Բազ­մա­թիւ փոր­ձեր ե­ղած են, թէ՛ պե­տա­կան, թէ՛ Հա­յաս­տան-Սփիւռք ձե­ւա­չա­փով, թէ՛ Սփիւռ­քէն... Չեմ ու­զեր գնա­հա­տել զա­նոնք՝ յա­ջո՞ղ են,  թէ՞ ձա­խող:

Ե­թէ խօս­քը դէ­պի Հա­յաս­տան գոր­ծա­րա­րու­թիւն ը­նե­լու մա­սին է, հա­յաս­տա­նեան տնտե­սու­թիւ­նը թող ինք վկա­յէ, թէ որ­քա՛ն յա­ջող է:  Երկ­րորդ, միջս­փիւռ­քեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քը կը տես­նենք՝ ե­թէ կան ցան­ցեր, այդ ցան­ցե­րը շատ հա­մեստ են,  նոյ­նիսկ փոքր են ա­նոնք: Բայց կրնան նաեւ մեծ ըլ­լալ ի­րենց ա­լիք­նե­րով, ի­րենց մաս­նա­կից­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, պար­զա­պէս չեն ներգ­րա­ւուած մեծ թի­ւով ձեռ­նե­րէց­ներ աշ­խար­հի մէջ եւ կա­րե­լի է ը­սել, որ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը այն­քան ալ մեծ չեն ե­ղած: Այ­սօր ու­նինք թէ՛ զբօ­սաշր­ջու­թեան, թէ՛ տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու մէջ նեդ­րում­նե­րու մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն, եւ միա­ժա­մա­նակ՝ կա­րիք: Ե­թէ կան ա­մե­րի­կեան կամ ար­տա­քին ո­րոշ ներդ­րում­ներ, ան­բա­ւա­րար են, որ­պէս­զի  կա­րո­ղա­նան ազ­դել Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան վրայ:

Մեր հա­մախմ­բու­մը հայ գոր­ծա­րար­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ գոր­ծա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րու ստեղծ­ման հա­մար է՝  ի շահ հայ գոր­ծա­րա­րու­թեան, կա­րե­ւոր չէ, թէ ո՞ւր է այդ մէ­կը: Ե­թէ Ղա­զա­խիս­տա­նի մէջ մէ­կը ու­նի փայ­լուն ծրա­գիր մը, կամ ե­թէ հա­յը կրնայ մտնել ի­րա­նեան կամ ափ­րի­կեան շու­կայ, գրա­ւել, իր տե­ղը ու­նե­նալ, յե­տոյ եր­րորդ հա­յը մտնէ Հա­յաս­տան եւ այս­պէս ստեղ­ծուի գոր­ծակ­ցու­թեան ցանց մը... 

Ե­թէ մէ­կը կեան­քին ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան չէ ե­կած, գոր­ծա­րա­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ չէ ու­նե­ցած հա­յե­րու հետ, ինչ­պէ՞ս կ­­՚ու­զէք, որ այդ մար­դը Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րում կա­տա­րէ: Նախ ինք պէտք է վստա­հու­թիւն շա­հի, պի­տի տես­նէ Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­ջո­ղե­լու գրա­ւա­կա­նը, պի­տի տես­նէ հա­յե­րու հետ աշ­խա­տե­լու կա­րե­լի նե­րու­ժը եւ ոչ թէ ա­ռաջ­նոր­դուի իր լսա­ծով, թէ՝ հա­յե­րու հետ կա­րե­լի չէ աշ­խա­տիլ:

Մեր  հիմ­նա­կան նպա­տա­կը ձեռ­նե­րէց­նե­րու կա­րիք­նե­րուն պա­տաս­խան ու  գո­հա­ցում տալն է: Ե­թէ դուք ար­տադ­րէք ակ­նոց, ժա­մա­ցոյց կամ հա­գուստ, ե­թէ դուք կա­րիք ու­նիք բաշ­խող­նե­րու  Լե­հաս­տա­նի կամ Գեր­մա­նիոյ մէջ, ցան­ցի մէջ կրնայ իր կա­րիք­նե­րու գո­հա­ցու­մը գտնել։ Մենք գի­տենք, թէ որ­քան բարդ է ձեռ­նե­րէ­ցի հա­մար շու­կայ գտնե­լը: Մենք մեր ստեղ­ծած ցան­ցը կը  գոր­ծա­ծենք ա­ռա­ջին հեր­թին խորհր­դա­տուու­թեան, կար­ծիք­նե­րու,  հան­դի­պում­նե­րը դիւ­րաց­նե­լու հա­մար, թի­րա­խա­յին հան­դի­պում­նե­րը ա­րագ կեր­պով կազ­մա­կեր­պե­լու եւ վեր­ջա­պէս ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու եւ շու­կա­ներ մտնե­լու հա­մար: Ցան­ցե­րու ճամ­բով  այդ ա­մէ­նը   հնա­րա­ւոր է, իսկ մենք, ա­հա­ւա­սիկ կը ստեղ­ծենք այդ ցան­ցե­րը, ո­րոնք  գո­յու­թիւն չու­նէին հայ­կա­կան ա­ռու­մով: Բայց ը­սեմ, որ օ­տար­ներ ալ կրնար մաս­նա­կից դառ­նալ եւ օգ­տուիլ այդ ցան­ցէն:

-Ով­քե՞ր ա­ջակ­ցած են Ձե­զի, ստեղ­ծե­լու հա­մար նման ցանց մը:

-Կան գա­ղա­փա­րին հա­ւա­տա­ցող­ներ, տա­կա­ւին այս գա­ղա­փա­րին չհա­մակ­րող­ներ չեմ տե­սած: Կաս­կա­ծող­ներ՝ թե­րեւս, բայց չհա­մակ­րող չէ ե­ղած:   Ես ա­ռան­ձին չեմ, մեր մէջ կան շատ ար­հես­տա­վարժ, շատ փոր­ձա­ռու մար­դիկ, ո­րոնք խում­բին ան­դամ­ներն են, մեր ա­մէ­նօ­րեայ աշ­խա­տա­կից­ներն են, եւ ը­սեմ, որ ոչ միայն Փա­րի­զի մէջ են ա­նոնք, այլ՝ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ:

Գրա­սե­նեա­կը կը գտնուի Փա­րի­զի մէջ, ու­նինք եր­կու մնա­յուն աշ­խա­տող, մե­կը պա­տաս­պա­նա­տու, մէ­կը՝ օգ­նա­կան, եւ ու­նինք մե­զի հետ առ­նուազն վեց մնա­յուն  աշ­խա­տող­ներ, ո­րոնք մաս­նա­գէտ­ներ են եւ գոր­ծա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­ներ քննար­կող­ներ, վեր­լու­ծող­ներ: Ու­նինք, ըստ բնա­գա­ւա­ռի խորհր­դա­տուու­թիւն կա­տա­րող բա­րե­կամ­ներ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը մէկ բնա­գա­ւա­ռի մաս­նա­գէտ է: Մէ­կը ի­րա­նեան շու­կա­յի, մէ­կը  ը­սենք շի­նա­րա­կա­կան շու­կա­յի եւ այլն:  Եւ ու­նինք Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող փոք­րիկ աշ­խա­տա­խումբ մը, որ տուեալ­նե­րու շտե­մա­րա­նի կա­ռա­վար­մամբ կը զբա­ղի: Մենք ար­դէն այս տա­րուան Յու­նուար ա­մի­սէն ի վեր ցան­կագ­րած ենք հա­զա­րա­ւոր գոր­ծա­րար­ներ ու խո­շոր ու մի­ջին չա­փի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ՝ աշ­խար­հով մէկ:   Մենք այդ թի­ւը պի­տի հասց­նենք տա­սը հա­զա­րի, բայց այդ մէ­կը ժա­մա­նա­կի խնդիր է: Մենք կը փոր­ձենք  այ­սօ­րուան կա­պի մի­ջոց­նե­րով հա­սա­նե­լի դառ­նալ բո­լո­րին եւ փո­խա­դարձ քննար­կում­նե­րով իւ­րա­քան­չիւ­րի պա­հանջ­նե­րը նաեւ գիտ­նալ:

-Ա­մէն տա­րի՞ պի­տի ըլ­լայ հա­մա­ժո­ղո­վը: 

-Ա­յո՛, ա­մէն տա­րի պի­տի ըլ­լայ: Ծրագ­րած ենք  յա­ջորդ ֆո­րում­նե­րէն մէ­կը շատ ա­ւե­լի եր­կար ժա­մա­նա­կով եւ շատ ա­ւե­լի իւ­րօ­րի­նակ տար­բե­րա­կով կազ­մա­կեր­պել  Ե­րե­ւա­նի մէջ:

-Պո­լի­սէն կա՞ն հե­տաքրք­րուող­ներ:

-Ա­յո՛, կան հե­տաքրք­րուող­ներ: Ոե­ւէ պոլ­սա­հայ կամ թրքաբ­նակ հայ գոր­ծա­րար կրնայ մաս­նակ­ցիլ, միայն ու­րախ կ՚ըլ­լանք, որ մաս­նակ­ցին, ո­րով­հե­տեւ, բա­ցի զգա­ցա­կան մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն Պոլ­սոյ հետ, նաեւ կը հա­ւա­տանք, որ Պոլ­սոյ հայ գոր­ծա­րար­նե­րը, թէ՛ ոս­կե­րիչ­նե­րը, թէ՛ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ աշ­խա­տող­նե­րը յա­ջող գոր­ծա­րար­ներ են, ի­րենց փոր­ձը շատ հե­տաքրք­րա­կան է մե­զի հա­մար, եւ թե­րեւս ի­րենք ալ կա­րիքն ու­նին կա­պե­րու, ապ­րանք­նե­րու ի­րաց­ման եւ այլն:

-Ե­թէ մէ­կը ու­զէ մաս­նակ­ցիլ, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ ա­ռա­ջին քայ­լը:

-armenian-international-business-forum.com կայ­քէ­ջին մէջ կա­րե­լի է ար­ձա­նագ­րուիլ եւ ծա­նօ­թա­նա­լով պայ­ման­նե­րուն՝ մաս­նա­կից դառ­նալ: Կրկին շեշ­տեմ, որ այս ցան­ցը  հա­յե­րու մէջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ո­րակ ստեղ­ծե­լու, վստա­հու­թիւն ամ­րապն­դե­լու քայլ մըն է, որ մեզ՝ բո­լո­րս պի­տի տա­նի դէ­պի Հա­յաս­տան, որ ա­մէն ին­չի կեդ­րոնն է եւ ա­պա­գան: Ա­ռայժմ ա­մէն տեղ զօ­րա­ւոր ըլ­լանք հա­յերս, որ­մէ ետք ար­դէն կը դառ­նանք մեր վերջ­նա­կան նպա­տա­կա­կէ­տին: Հասկ­նանք մեր հայ­կա­կան ու­ժը,  գոր­ծենք ա­ռանց զգաց­մունք­նե­րու՝ յա­նուն վա­ղուան Հա­յաս­տա­նի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2016