ԼԵԶՈ՞ՒԴ Է ՔՈՒ ՍԱՆՁԴ, ԹԷ՞ ՈՉ ԴՈՒՆ՝ ԼԵԶՈՒԻԴ

Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, որ նոյն ակէն անուշ եւ լեղի ջուր չի՛ բխիր (Հմմտ. Յկ 3.21), սակայն մարմնիդ փոքրիկ մասնիկէն՝ ճկուն մկանէն՝ լեզուէն կ՚արտաբերուին թէ՛ մեղրածոր խօսքեր եւ թէ չարախինդ ասոյթներ, որոնք հատու սուսեր նման կը խոցոտեն սիրտդ, կեղծանոյշ խօսքերով քեզ կը խաբեն, համոզկեր լեզուով կը փորձեն «ամոքել»  դժուարութիւններդ, ակնթարթի մը մէջ քեզ գեհենի հրաբորբ կրակին մէջ կը նետեն, մելանոյշ խօսքերով քեզ ժահաբոյր գերեզմանի կը վերածեն, միաժամանակ լպրծուն օձերու նման կը սողոսկին քու ներաշխարհդ՝ տրամադրութիւնդ մահաբեր թոյներով քանդելու համար։  

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներու կողմէ հրիտակուած ու սահմանուած «Ժամագիրք»ին առաջին իսկ էջերուն մէջ հաւաքական խոստովանանքին բնագրին մէջ լայն տեղ տրուած է լեզուին կողմէ մեղանչումներուն մասին։ Այնտեղ կը կարդանք. «Մեղանչեցի լեզուովս. չարախօսութեամբ, ստախօսութեամբ, սուտ երդումով, երդմնազանցութեամբ, հակառակախօսութեամբ, շողոքորթութեամբ, քսութեամբ, դատարկաբանութեամբ եւ ծաղրով, զրպարտութեամբ, պառակտիչ խօսքերով եւ անէծքով։ Տրտնջալով, դժգոհելով, բամբասելով եւ հայհոյելով՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ»։ Տասնվեց մեծ ու փոքր մեղքեր, որոնք շատերու կողմէ աննկատ կրնան թուիլ, սակայն իրենց փոքրութեամբ իսկ կրնան պատճառ դառնալ Աստուծոյ դէմ մեղանչումիդ ու յաւիտենական կորստեանդ։

Անպարկեշտ մտքերէ ծնած անվայել բառեր, զրաբանութիւններ, ասացուածքներ, կարճ նախադասութիւններ, դիմառնական ոճով ըսուած խօսքեր, ըղձական եղանակով արտասանուած անկատար նախադասութիւններ ստէպ կը լղորճուին մարդոց բերնին մէջ՝ զանոնք մատնելով մեղսակիր վիճակի։ Զարմանալին այն է, որ շատեր այդ «չքմեղանք»ները իրենց վրայէն թօթափելու համար, իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն՝ ըսելով. «Մարդ ենք, կրնանք օր մը սխալիլ եւ օր մըն ալ բարիք գործել։ Մեղանչական բնութեամբ ստեղծուած ենք, մեր ձեռքը չէ մեղանչելը։ Լեզու է, բարկութեան պահուն կրնանք ջղուտ վիճակի մէջ գտնուիլ եւ հայհոյել, սակայն երբ հանդարտութեան վիճակի մէջ գտնուինք՝ կրնանք այս նոյն լեզուով շատերու հարցերը լուծել ու օգտակար դառնալ»։ Պատճառաբանութիւն պատճառաբանութեանց։

Մարդ արարածը իր ծնունդի առաջին իսկ օրէն կը տարբերի երկրի վրայ միւս շնչաւոր գոյակներէն։ Նոյնը չէ ան՝ իր արտաքին երեւոյթով եւ նկարագրով, նոյնը չէ՝ իր ներքին հոգեկան իրավիճակով ու գալարումներով, նոյնը չէ՝ իր մտածելակերպով ու դատելու եղանակով, նոյնը չէ՝ իր իմացական կարողութիւններով ու գաղափարախօսութիւններով, նոյնը չէ՝ իր արտայայտչականութեամբ եւ լեզուի դարձուածքներով։ Որքա՜ն ալ մարդ տարբերի այլ արարածներէ, չի դադրիր կշռադատող, դատասատան ընող, տրամախոհական վերլուծումներ կատարող եւ հաստատական որոշումներ կայացնող արարած ըլլալէ։ Սա նշանակ է, թէ մարդ իր բազմապիսի թերութիւններով ու անկատարութիւններով հանդերձ կրնայ իշխել իր լեզուին, սանձահարել դիւրագրգիռ իր լեզուն եւ ըստ այնմ չափաւորել իր մտածումներն ու տրամախօսութիւնները։

Հոգեբանական պրիսմակէն դիտուած՝ լեզուն ու մտածումը իրարու հետ աղերսուած գործօններ են։ Մարդ արարածը լեզուո՛վ կը մտածէ ու կը գործէ։ Մտածողութիւնն ու լեզուն իրենց գործառոյթները համատեղ կը կատարեն եւ զանոնք կարելի չէ տարանջատել, որովհետեւ երկուքն ալ իրերալրացուցիչ եւ զիրար համալրող գործօններ են։ Այլ խօսքով, կարելի չէ չխօսիլ ու չմտածել: Իսկ եթէ կը մտածես, ուրեմն՝ կը խօսիս, որովհետեւ մտածելը իսկութեան մէջ խօսիլն է: Խօսելով կը մտածես եւ մտածելով կը խօսիս։ Չկայ առանձին լեզու եւ չկայ առանձին մտածողութիւն, այլ կայ՝ ԼԵԶՈՒԱՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ։ Սէպիր Ուորֆի համաձայն՝ լեզուի կառո՛յցն է, որ մտածողութիւնը կ՚որոշէ ու կը դառնայ իրականութիւնը ճանչնալու միջոց։ Այս տրամաբանութեամբ՝ տարբեր լեզուներով խօսող մարդիկ տարբեր ձեւով կ՚ընկալեն աշխարհը եւ տարբեր ձեւով կը մտածեն։ Իսկ Ուիլհելմ Հումպոլտ լեզուի ուսումնասիրութիւնը կը պատկերացնէ մարդու գիտակցութեան ու մտածողութեան, անոր մշակոյթի եւ հոգեւոր կեանքի հետ սերտ կապին մէջ, ուր կ՚ընդգծէ լեզուի ու ազգային բնաւորութեան փոխկապակցուածութիւնը: Եթէ լեզուն առկայ է մտքի ծագման գործընթացին մէջ, ապա միտքը չի կրնար չյարմարուիլ լեզուական արտայայտութեան ձեւին հետ: Ըստ Հումպոլտի՝ լեզուն մարդկային հոգիի կենդանի գործունէութիւնն է եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի խթանիչ ուժը։

Շինիչ մտածումները եւ մարդանպաստ գործունէութիւնները այս նոյն միացեալ լեզուով ու մտքով՝ լեզուամտածողութեամբ ծնունդ կ՚առնեն, կ՚արտաբերուին ու մարմին կը ստանան։ Լեզուամտածողութիւնը խօսքի կը վերածուի, իսկ խօսքը կազմուած է նախադասութիւններէ, նախադասութիւնները՝ բառակապակցութիւններէ եւ բառերէ, բառերը՝ հնչիւններէ։ Այստեղ կը կայանան մարդու զգօնութիւնն ու լեզուն սանձելու ուժականութիւնը։ Եթէ բառակապակցութիւններդ եւ հնչիւններդ մթաստեղծ մտքերու արդիւնքն են, այդ կը նշանակէ, որ մարդակործան ու մեղմեխածին արարքներու ծնունդ կու տան։ Իսկ եթէ բարոյական արժէքներու միտող գաղափարներու արգասիքն են, այդ ժամանակ կը դառնան բարութեան գործիքի, որ հասանելի ու լսելի կը դառնայ  բոլորին՝ թէ՛ առողջ մարդուն, թէ՛ կոյրին եւ թէ՛ խուլին։ 

Լեզուի կարեւորագոյն դերը մարդկութեան կեանքին մէջ գիտակցած են աշխարհի բոլոր ազգերը, որոնք ստեղծած են բազմաթիւ դիպուկ առածներ՝ բնութագրելով լեզուի հակադիր՝ լաւ ու վատ կողմերը: Հայկական առածը լեզուն կը նկարագրէ՝ ըսելով. «Խօսք կայ՝ սարի գլուխը կը հանէ. խօսք կայ՝ սարէն վար կը բերէ: Լեզուի խայթոցին դեղ չկայ: Աշխարհի շինողն ու քանդողը լեզուն է: Թուրի կտրածը կը լաւանայ, լեզուի կտրածը չի լաւանար: Քաղցր լեզուն օձը բունէն կը հանէ»: Մոլտովականը՝ «Լաւ խօսքը կրակը կը մարէ»։ Չեչենականը՝ «Զէնքը մէկը կը սպաննէ, լեզուն՝ հազարը»: Վրացականը՝ «Փաղաքշական խօսքով լեռնային եղնիկին անգամ կարելի է մօտենալ»: Եգիպտականը՝ «Մարդու լեզուն իր նաւի ղեկն է»: Վիեթնամականը՝ «Դանակը մէկ սայր ունի, իսկ լեզուն՝ հարիւր»: Արամականը՝ «Լեզուն առիւծ է։ Եթէ կապես զինք՝ քեզ կը պահպանէ, եթէ ձգես՝ կը յօշոտէ»։ Չինականը՝ «Խօսքը գործիք է, որուն միջոցաւ սիրտը կը բանան»: Պարսկականը՝ «Երկար լեզուն կեանքը կը կարճացնէ»…:

Զուր տեղ չէ ըսուած. «Լռութիւնը ոսկի է, խօսիլը՝ արծաթ»։ Ասոյթ մը, զոր շատեր կը սիրեն բազմապիսի նպատակներով գործածել։ Շատեր կ՚օգտագործեն զայն անել վիճակի մէջ գտնուած պահուն՝ երբ չունին համոզիչ պատասխան մը տուեալ կացութեան։ Ոմանք իրենց անգիտութիւնը ծածկելու համար, պարզապէս ունկնդիր կը դառնան իրենց իսկ չհասկցած զրոյցին կամ խօսակցութեան։ Ընդոծին լռակեացներ են անոնք, որոնք համրախօսէ մը աւելի կը պահուըտին լռութեան վարագոյրին ներքեւ՝ իրենց բթացած միտքը ու տգիտութիւնը քօղարկելու համար։ Իսկ ուրիշներ իրո՛ղապէս խաղաղարար ոգիով եւ քրիստոսատիպ մօտեցումով լուռ կը մնան՝ հաշտարար եզրափակում մը կատարելով հակադիր երկխօսութեան։

Աւետարանին մէջ քանի մը առիթներով յիշուած է, թէ Քրիստոս եւս լռութիւնը օգտագործեց որպէս յաղթանակի միջոց։ «Օրինապաշտ» եւ «աւանդապաշտ» Փարիսեցիներ շնութեան մէջ բռնուած կին մը Յիսուսի առջեւ բերելով, կը պահանջէին որ Իր տեսակէտը յայտնէ՝ Մովսէսի ձեռքով սահմանուած այդպիսիները քարկոծելու օրէնքին մասին։ Յովհաննէս աւետարանիչ կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս փոխանակ իսկոյն պատասխան տալու՝ լուռ կը մնայ եւ գետնին վրայ գիրեր կը գրէ (Հմմտ. Յհ 8.6)։ Նախ լռութեամբ կը խորտակէ անոնց լռութեան ու կեղծմտութեան պատնէշը, մտածել կու տայ իրենց հարցումին մասին, Իր խոհականութեամբ պարտութեան ու ամօթի կը մատնէ զանոնք եւ ապա հեղինակաւոր Իր պատասխանը կու տայ անոնց՝ ըսելով. «Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէ անոր վրայ» (Յհ 8.7)։ Ականջ ունեցողը թող լսէ…։

Յակոբոս առաքեալ իր նամակին մէջ կը խօսի լեզուին գործած աւերիչ հետեւանքներուն մասին՝ նախազգուշացնելով նորափթիթ հաւատաւորները լեզուի կործանարար պատրոյքներէն. «Տե՛ս, թէ ի՛նչպէս ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք՝ որպէսզի մեզի ենթարկուին, եւ անով ձիուն բոլոր շարժումները կը կառավարենք։ Կամ դիտէ՛ նաւերը, ո՛րքան ալ մեծ ըլլան եւ ինչպիսի՛ զօրաւոր հովերէ ալ քշուին, փոքրիկ ղեկ մը զիրենք կ՚ուղղէ դէպի հոն՝ ուր նաւավարը կը փափաքի տանիլ։ Նոյնպէս ալ լեզուն, թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ» (Յհ 3.3-4)։

Սանձը ձիուն բերանը կը դրուի, որպէսզի ամբողջ ձին մեր իշխանութեան եւ տրամադրութեան տակ ըլլայ։ Նոյնպէս ալ եթէ լեզուն, որ փոքր անդամ է, կարենանք զսպել՝ խորքին մէջ տէր կանգնած կ՚ըլլանք մեր ամբողջ մարմնին՝ աղէտաբեր հետեւանքներէ զերծ թողելով զայն։ Ձին քեզմէ աւելի հուժկու ու զօրեղ է, սակայն փոքր սանձով մը կրնայ զսպուիլ։ Այնպէս ալ լեզուիդ սանձահարումովը, կրնաս հեռո՛ւ մնալ չարաբարոյ բարբանջանքներէ, պղծաշուրթն շաղփաղփութիւններէ եւ չարանենգ ունայնաբանութիւններէ, որոնք կամայ թէ ակամայ բերնէ՛դ կ՚արտաբերուին՝ զազրելի վիճակի մէջ լքելով քեզ։

Առաքեալը նաեւ լեզուն կը նմանցնէ ղեկի, իսկ մարմնի միւս անդամները՝ նաւու։ Եթէ ղեկը լեզուն է, նաւը՝ մարմինը, ապա ղեկավարը մարդուն կամքն է։ Ինչպէս եթէ ղեկավարը նաւուն ղեկը ճիշդ ժամանակին չգործածէ կամ իր ազատ կամքին ձգէ՝ նաւը կրնայ կործանիլ եւ ջրամոյն ըլլալ, նոյնպէս ալ անկշիռ ու անհիմն խօսք մը, անզուսպ լեզու մը, կրնայ արհաւրալի վնասներ հասցնել թէ՛ քու անձիդ եւ թէ շրջապատիդ։

Թէկուզ լեզուն ձեռքին չափ երկար չէ, ո՛չ ալ կարծր է՝ ոսկորի պէս, ոչ ալ հաստատուն է՝ ոտքի պէս, այլ տկար է եւ փոքր, փափուկ է եւ դիւրադարձ, սակայն մեծ աւերներ կրնայ գործել, դատարկաբանութեամբ ու պոռոտախօսութեամբ կը շրջագայի եւ մեծամեծ «սխրագործութիւններով»՝ ոչինչո՛վ կը պարծենայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Յակոբոս առաքեալ շարունակելով իր խօսքը՝ լեզուն կը նմանցնէ անկէզ հուրի մը. «Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել։ Լեզուն ալ կրակ է։ Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա։ Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ» (Յկ 3.5-6)։ Կրակը, երբ չափաւոր կերպով գործածուի՝ օգտակար է, որովհետեւ ե՛ւ կը ջերմացնէ, ե՛ւ կը լուսաւորէ։ Սակայն երբ սաստկանայ, առաւել քան որ պէտք է՝ կը վնասէ ու կը կործանէ։ Նոյնպէս է լեզուի պարագան. լեզուն բարեպաշտութեան զարդ է, սփոփարար սպեղանի է, ճշմարտութեան մեկնաբան է այն ատեն՝ երբ բարի նպատակով գործածուի, իսկ երբ չարութեամբ սաստկանայ՝ անիրաւութեան, դատարկախօսութեան, լուտանքի ու կեղծպարիշտութեան գործիք կը դառնայ։

Օր մը Հին Յունաստանի անուանի իմաստասէրներէն Քսանթոս ճաշկերոյթի պատրաստութիւն կը տեսնէ։ Իր ծառային՝ Եզովբոսին կը յանձնարարէ շուկայէն աշխարհի ամենալաւ բանը բերել, որպէսզի իր հիւրերուն հրամցնէ։ Ճաշի ժամանակ իւրաքանչիւրի դիմաց մէկ աման լեզու կը դրուի: Քսանթոսը զարմացած Եզովբոսին կը հարցնէ, թէ ա՞յս էր աշխարհի ամենալաւ բանը: Ծառան կը պատասխանէ.

-Անշուշտ, ասկէ աւելի լաւ բան չկայ: Լեզուէն դուրս կու գայ ամէն տեսակի իմաստութիւն ու զուարթ երգ: Լեզուով քաղաքներ կը կառուցուին եւ մարդիկ իրենց միտքն ու զգացմունքները լեզուով կ՚արտայայտեն:

Յաջորդ օր, Քսանթոս Եզովբոսէն կը պահանջէ, որ շուկայ երթայ եւ աշխարհի ամենավատ բանը բերէ: Ծառան դարձեալ լեզու կը բերէ: Քսանթոս կը շփոթուի ու կը բարկանայ, բայց վերջինս հանդարտութեամբ կը բացատրէ.

-Մի զայրանար, տէր իմ։ Այս երկնակամարին վրայ լեզուէն աւելի վատ ի՞նչ կայ։ Լեզուով է, որ բազմաթիւ քաղաքներ կը կործանին, իսկ ստախօսութիւններն ու հայհոյանքները այս նոյն վատ լեզուէն կ՚արտաբերուին։ Լեզուն աշխարհի թէ՛ ամենալաւ եւ թէ ամենավատ բանն է,  նայած թէ ինչպիսի՞ բերանի մէջ կը գտնուի եւ ո՞վ է անոր տէրը:

Սիրելի՛ ընթերցող, դժոխքի կրակը անողորմ է, գութ չունի, նոյնպէս ալ դժոխքի կրակով բռնկած լեզուդ՝ գութ չի կրնար ունենալ։ Անգամ մը որ լեզուդ բռնկի, կը սկսի կատարել այնպիսի արարքներ, որոնք Սատանան կը զուարճացնեն, բայց զԱստուած կը տխրեցը-նեն։ Ինչպէս որ կարելի չէ զսպել կրակը՝ երբ դաշտ մը չորցած է, այնպէս ալ կարելի չէ զսպել կործանում մը, ահեղավազ յորձանք մը՝ երբ չար լեզուէ մը սկսած է։ Անզուսպ լեզուն Սատանայի գործիք է, որ մարդիկը կ՚օձտէ ու կը կործանէ։ Կործանումէն ետք ո՛ւշ կ՚ըլլայ դարմանը։ Թունալից լեզուովդ ընկերդ վիրաւորելէդ, անուանարկելէդ ու քամահրելէդ ետք՝ անիմաստ է ներողութիւն խնդրելը, որովհետեւ կործանումը արդէն իսկ կատարուած է։ Անխոհեմ մէկ խօսքդ՝ կրնայ համակ կեանքդ կործանել։ Զգո՛յշ եղիր։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017