ՀԱԿԱԴԻՐ ԲԵՒԵՌՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԿԷՏԸ

Հակառակ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ դրսեւորած բոլորովին այլ վերաբերմունքին՝ եսապաշտ մը եւ անվերապահօրէն իր շրջապատը գոհացնել փորձող բարեպաշտ մը կրնան ունենալ հասարակաց կէտ մը. երկուքն ալ սերած ու դաստիարակուած են այն ծնողներու կողմէ, որոնք ընդունակ չեն «կառավարել» իրենց յոյզերը։

Բարեպաշտ մարդիկ յաճախ կը «ճնշեն» իրենց յոյզերը եւ հոգ կը տանին ուրիշներու զգացումներու եւ հոգեվիճակի մասին։ Հակառակ իրենց նուիրուածութեան, հասկացութեան եւ կարեկցանքին, անոնց առատաձեռնութիւնները կը չարաշահուին։ Բայց անոնց «խեղդող» զոհողութեան «կարողութիւնը» միշտ լուծում չ՚ըլլար։ Այս կարողութիւնը էական է առողջ ընկերային յարաբերութիւններ հաստատելու համար։ Անձերու զգացումները յարգելը եւ առողջ սահմաններ դնելը կրնան ըլլալ անձը պաշտպանելու լաւագոյն «մարտավարութիւնը»։

Եսապաշտը, ընդհանրապէս, անոնց հակառակն է։ Ան կը գերադասէ իր սեփական յոյզերը եւ անոնք, որոնք իրեն դէմ են, կ՚ատուին, կ՚ենթարկուին (կա՛մ հոգեկան կամ ֆիզիքական) բռնութեան եւ կը պատժուին։ Անոնք ի վիճակի չեն գնահատել այլընտրանքային հեռանկարները անձերու միջեւ յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ եւ անոնք միշտ իրենց տեսակէտը կը համարեն՝ որպէս ամենաճիշդ։ Եսապաշտի բարեխղճօրէն գործելու անկարողութիւնը կը բացայայտէ իր հասկացողութեան պակասը։ Անոնք թէեւ երբեմն կրնան հաճելի ըլլալ, սակայն ասոր պատճառը կրնայ ըլլալ՝ իրենց վշտացուցած անձի վստահութիւնը վերականգնելու մտադրութիւնը։ Այդ անձի հետ հաշտուիլը կրնայ նաեւ իրենց թոյլ տալ յարաբերութիւնները կառավարելու «սանձը»։ 

Այս բեւեռները ընկերային յարաբերութիւններու պարագային հակադիր են, բայց իրենց հասերակաց կէտը կարելի է պայմանաւորուած ըլլայ վաղ փորձառութիւնները եւ ծնողներու իրենց սեփական յոյզերը հաւասակաշռելու անկարողութիւնը։ Բարեպաշտ մարդիկ իրենց ծնողներէ տարբեր զգացումներ արտայայտելու համար երբեմն պատժուած, մերժուած կամ օտարացուած են, ինչ որ կարելի է թուլացնել վստահութիւնը սեփական զգացումներու հանդէպ։ Անոնց համար սովորական է կասկածիլ սեփական զգացումներէն եւ ուրիշներունը վեր դասել իրենցմէ։ 

Օրինակ՝ երկու տարեկան երեխան ինքնաշարժի ետեւի նստատեղին կը սկսի լալ մեղուէ մը վախնալով։ Իսկ մայրը, որ կը քշէ ինքնաշարժը, սաստիկ զայրացած է խտացեալ երթեւեկութեան պատճառով։ Այս վիճակի դրդմամբ մայրը կը բարկանայ երեխային՝ առանց նկատի առնելու անոր վարմունքին պատճառը։ Փոքրիկ տղան այլեւս թէ՛ ամօթ եւ թէ վախ կը զգայ։ Մեղուն կը շարունակէ բզզալ եւ երեխան կրկին կը սկսի լալ։ Կատաղած մայրը կը գոռայ. «Լռէ՛, ձայն չհանես»։ Որպէսզի դժուարութիւն չպատճառէ, երեխան կը սորվի «ճնշել» իր յոյզերը։ 

Ենթադրենք, որ մայրը բարկանալու փոխարէն փորձած է հասկնալ երեխային խնդիրը։ Որքան ալ երեխան կարենայ արտայայտել իր վախը մեղուէն, մօրը հետաքրքրուածութիւնը եւ օգնելու ցանկութիւնը երեխային «կը փոխանցէ» իր զգացումներու կարեւորութիւնը։ Ծնողներու վարքագիծը կարեւոր դեր կը խաղայ երեխայի սեփական յոյզերու վստահելու հարցին մէջ։ Չյաջողելով յաղթահարել երեխայի տագնապը, ծնողը յաճախ կը մեղադրէ զայն։ Փոխանակ հասկնալ փորձելու, ան երեխայի յոյզերը կը տեսնէ որպծս «անառակութիւն»։ Երեխան կը դատապերտէ կամ կը պատժէ այն զգացումներու համար, որոնց չի հաւատար ծնողը։ Ան կը սկսի խուսափիլ իր զգացումները արտայայտելէ, որպէսզի ի վերջոյ չմերժուի կամ չպատժուի։ Ան չի գնահատեր իր զգացումները եւ հոգ կը տանի ծնողներու զգացումներու մասին։ Ան կը խուսափի պատիժէ, ամօթէ եւ մերժումէ՝ ճնշելով իր յոյզերը։ Եթէ ծնողի այս վարքագիծը շարունակական է, ապա երեխան կ՚իւրացնէ յարաբերութիւններու այս օրինակը եւ այսպէսով կը կարգաւորէ իր բոլոր շփումները։ Երեխան կը մեծնայ՝ որպէս իր սեփական յոյզերուն չվստահող անհատ եւ կը կարծէ, որ ուրիշներու զգացումները աւելի կարեւոր են։ Այսպէսով կը ձեւաւորուի «բարեպաշտ» մարդոց առանձնայատկութիւնները։ 

Հնարաւոր է, որ այս իրավիճակը այլ արդիւնքներու յանգի:  Ամենավատ բեմագրութեամբ ծնողի ծայրայեղ կարեկցանքը եւ երեխայի կանոնաւոր կերպով ամօթով եւ մեղքով պիտակաւորելու հակումը կրնան անգիտակցաբար ստեղծել ինքնագնահատականի պահպանման ուժեղ պաշտպանական մեքենականութիւն:  Այս համակարգը կը գործէ որպէս վահան՝ շեղելու, արտացոլելու, մերժելու եւ աղաւաղելու այն ամէնը, որոնք կը սպառնան երեխայի փխրուն ինքնազգացողութեան:  Կը դժուարանան յուզական հմտութիւնները, որոնք այժմ անյարմար են երեխայի համար, ինչպէս՝ պատասխանատուութիւնը, կարեկցանքը, ըմբռնումը եւ ինքնագիտակցութիւնը:  Երիտասարդը հիմնականօրէն կը զբաղի այնպիսի գործողութիւններով, որոնք կը սնուցեն իր էկոն եւ կը խուսափի այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը խոչընդոտեն իր ինքնազգացողութիւնը: Այսպէսով կը ձեւաւորուի «եսապաշտ» մարդոց առանձնայատկութիւնները։ Եթէ այս պաշտպանական համակարգը անընդհատ «սնուի» ծնողի կողմէ, այդ կը դառնայ բնաւորութեան, անհատականութեան գիծ։ 

Պէտք է ընդգծել, որ «առողջ» երեխայ դաստիարակելու համար շատ կարեւոր է ըլլալ այնպիսի ծնող մը, որ կը յարգէ յոյզերը՝ միեւնոյն ժամանակ պահպանելով կանոնները եւ արդարացնելով ակնկալիքները։ Անհրաժեշտ է յարգել երեխայի յուզական վիճակը՝ միեւնոյն ժամանակ ուղղելով անոր վարքը։ Յուզական վիճակին տեղեակ ըլլալը եւ զայն արտայայտելու կարողութիւնը կ՚երաշխաւորէ երեխայի առողջ յուզական համակարգ, ինքնագիտակցութիւն եւ յուզական բանականութիւն ունենալը։ Ծնողներ պէտք է գիտակցին, թէ անոնք պէտք է ուղղեն սխալ վարքը՝ ուշադրութիւն դարձնելով իրենց զաւակներու յոյզերուն, պէտք է լսեն հասկնալու, վստահութիւն ներշնչելու եւ պէտք է քաջալերեն զգացումները ազատօրէն արտայայտելու մէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021