ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ԶԱԶ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ
Անցնող օրերուն Երեւանը ճազային տրամադրութեան մէջ էր. Հայաստան այցելեց եւ համերգ մը ունեցաւ աշխարհահռչակ ֆրանսացի երգչուհի Զազ: Համերգէն առաջ լրագրողներուն հետ հանդիպումին երգչուհին յայտարարեց, որ ինք շատ ուրախ է, որ կը գտնուի Շարլ Ազնաւուրի հայրենիքին մէջ եւ ատով փաստեց իր մեծ յարգանքը եւ ակնածանքը Ազնաւուրին հանդէպ, որուն հետ զուգերգ կատարած է: Այդ զուգերգը ընդգրկուած է Զազի ալպոմներէն մէկուն մէջ եւ Ազնաւուր օրին բարձր գնահատած էր համագործակցութիւնը երիտասարդ աստղին հետ. «Ես Զազը շատ կը սիրեմ, իսկ երբ ոեւէ մէկը կը սիրեմ, անպայման կը գտնեմ», ըսած է Ազնաւուր: Ազնաւուր, գնահատելով Զազը, նաեւ ըսած է, որ արուեստագէտը կրնայ յայտնի ըլլալ, բայց ոչ՝ հանրայայտ, ու աւելցուցած է, որ Զազը հանրայայտ է.
«Ան ծնած է հանրայայտ, ինչպէս ծնած էր Էտիթ Փիաֆը: Հանդիսատեսը կը սիրէ Զազը այն բանին համար, որ նախ ինք կը սիրէ հանդիսատեսը»: Ասոնք Շարլ Ազնաւուրի խօսքերն են իրմէ կէս դար (56 տարի) պզտիկ երգչուհիին մասին: Սակայն տարիքը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, տաղանդաւոր մարդը գիտէ գնահատել տաղանդը, իսկ Զազը մեր ժամանակներու ֆրանսական երգի տաղանդներէն մէկն է, շարունակողներէն՝ ֆրանսական փոփ երգի:
Զազ Հայաստանի մէջ է երկրորդ անգամ: Առաջին անգամ ան այցելած է Շարլ Ազնաւուրի մահէն շուրջ տասն օր ետք՝ մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու միութեան գագաթաժողովի շրջանակէն ներս Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած համերգին: 2018 թուականի հոկտեմբերին կազմակերպուած այդ համերգին նախատեսուած էր նաեւ Շարլ Ազնաւուրի մասնակցութիւնը, բայց գագաթաժողովէն օրեր առաջ դժբախտաբար մեծ երգիչը հեռացաւ կեանքէն: Երգչուհին 2018 թուականին, համերգէն յետոյ ըսած էր. «Ես այնքա՜ն յուզուած եմ… հոս ես Շարլին քովը պիտի ըլլայի, բայց կեանքը ընտրելու հնարաւորութիւն չձգեց եւ տարաւ զայն։ Շատ յուզուած եմ։ Միաժամանակ տխուր եմ եւ երջանիկ, որովհետեւ երաժշտութիւնը շարունակական է եւ կարեւոր է զայն փոխանցելը։ Եթէ կարելի է՝ գեղեցիկ արժէքներ փոխանցենք մեր երեխաներուն, ինչու ոչ՝ նաեւ մեզի։ Այս է, ինչ որ իրականութեան մէջ կը փափաքիմ ընել երաժշտութեան միջոցով»:
Ահաւասիկ, Զազ կրկին Հայաստան է: Այս անգամ՝ «Հայա» փառատօնի կազմակերպած աստղային համերգաշարի ծիրէն ներս ժամանած էր եւ իր տպաւորիչ ասուլիսով եւ համերգով կրկին գերեց երեւանեան իր երկրպագուն: Զազ նաեւ հարցազրոյց տուաւ «5-րդ ալիք»ի ճանչցուած լրագրող Արտակ Հերիքեանին, որ հարցազրոյցը վարեց ֆրանսերէնով:
Իսկ ասուլիսին ընթացքին ան կը փորձէր հարցումներուն պատասխանը կապել Շարլ Ազնաւուրին հետ: Երգչուհին խոստովանեցաւ, որ Ազնաւուրը իրեն տուած է բազում խորհուրդներ, որոնք իր կեանքին մէջ շատ մեծ նշանակութիւն ունին։ «Ես Ազնաւուրի խորհուրդներէն մէկը շատ լաւ կը յիշեմ. ինծի ըսաւ, որ անգլերէն լաւ սորվիմ, սակայն մինչեւ հիմա չեմ սորված: Ինծի համար յուզիչ է յիշել, թէ ինչպէս ինքը կը խօսէր իմ մասիս, եւ այսօր, իր հայրենիքին մէջ ըլլալը մեծ պատասխանատուութիւն է ինծի համար: Համերգի ընթացքին ես պիտի փորձեմ իմ դրական ներուժս փոխանցել հանդիսատեսին», ըսաւ ֆրանսական երգի տաղանդաշատ մեկնաբանը:
Համերգի տոմսերը արագ սպառած էին եւ «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ ֆրանսացի աստղ երգչուհիին համերգը իսկապէս անցաւ դրական ու արուեստագիտական միջավայրի մէջ: Անոր խռպոտ եւ ինքնատիպ ճազային ձայնը կը թեւածէր նաեւ մարզադաշտին մօտիկ թաղամասերուն մէջ, իսկ հանդիսատեսը անոր հետ կ՚երգէր երգչուհիին սիրուած երգերը, որոնք հնչած են աշխարհի բազմաթիւ բեմերէն:
Սիրոյ, կարօտի, բաժանումի, միացումի եւ կեանքի ամենանուրբ դրուագներուն մասին կ՚երգէ Զազ՝ իր գեղեցիկ ձայնով յիշեցնելով, որ երգը մարդկային սիրտերը կապելու մոգական ազդեցութիւն ունի: Համերգին հագած էր սեւ միակտոր հագուստտաբատ, որ կը փայլէր, ինչպէս երգչուհիին աստղը, որ կը փայլի համաշխարհային երգարուեստի երկնակամարին մէջ: Զազ «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ խօսեցաւ նաեւ հայերէնով: Թուղթէն հայերէնով, բայց ֆրանսական առոգանութեամբ կարդաց հետեւեալը. «Մենք ամէն օր կ՚ապրինք հրաշք մը, բայց այնքան վարժուած ենք, որ կը մոռնանք: Ատոր համար ես հոս բեմին վրայ դրած եմ օդ, հող, ջուր եւ կրակ։ Ես կը պաշտեմ կրակը։ Երբ շատ մութ է, մոմեր կը վառեմ, այդ մէկը ինծի կը յիշեցնէ կրակը, որ իմ մէջս ունիմ: Մենք յաճախ անզօր կը զգանք սարսափին դէմ․ ես կը հաւատամ, որ երգելը եւ պարելը կարող են մեզ զուարճացնել, եւ ատիկա արդէն լաւ է»։ Կրակոտ երգերու արանքին ան ժամանակ առ ժամանակ սէր կը խոստովանէր հայ հանդիսատեսին, կը ջանար ուրիշ հայերէն բառեր արտաբերել եւ ընդհանրապէս, երջանիկ էր… Անցնող երեք տարին Զազ, շատ մը երգիչներու պէս, լուռ էր, եւ ահաւասիկ, համաճարակի աւարտէն ետք, այդ երեք տարուան պակասը լրացնելու օրերը եկած են:
Երգչուհին Երեւանի մէջ նաեւ նշեց, որ նորանոր բեմեր նուաճելու ցանկութիւն ունի, մանաւանդ՝ ափրիկեան երկիրներ երթալու եւ նոր մշակոյթներու հետ հաղորդակցելու փափաք յայտնեց:
Զազի համերգով մեկնարկած «Հայա» փառատօնին շուտով Երեւանի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ աշխարհահռչակ ամերիկացի ռափ երգիչ Ֆիֆթի Սենթ (50 սենթ)՝ յուլիսի 1-ին: Փառատօնի ընթացքին յուլիսի 9-ին կը ներկայացուի նաեւ «Led Zeppelin» սիմֆոնիք նախագիծը: Այս առասպելական խումբին երաժշտութիւնը Երեւանի մէջ պիտի կատարեն երեք երգիչներ Լոնտոնի «Ուէսթ Էնտ» խումբէն եւ կը ներկայացնեն 25 երգ:
«Հայա»ն նոր նախագիծ մըն է, որ նպատակ ունի Հայաստանի մէջ ստեղծել համերգային գործունէութեան նոր ձեւաչափ եւ չափանիշներ: Այս նախագիծը նախատեսուած է տասնեակ հազարաւոր հանդիսատես ունեցող լայնածաւալ միջոցառումներու համար եւ նպատակ ունի ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ տարածաշրջանի մակարդակով Երեւանը դարձնել համաշխարհային աստղերու հանդիպման վայր: Փառատօնը միաժամանակ նոր էջ պիտի բանայ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին համար եւ պիտի ստեղծէ տնտեսական զարգացման նոր խթաններ: Զազի համերգին նկատելի էր Վրաստանէն այցելուներու ներկայութիւնը, նաեւ Հայաստանի մէջ այս ամառնային օրերուն գտնուող բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ օգտուեցան ֆրանսացի աստղը տեսնելու եւ լսելու հնարաւորութենէն:
«Հայա»ն կը շարունակուի նաեւ սեպտեմբերին ու հոկտեմբերին եւ Հայաստան ժամանելիք միւս աստղերուն անունները կը հրապարակուին շուտով: Նախատեսուած են նաեւ համերգներ քաղաքէն դուրս, ուր գեղատեսիլ վայրերու մէջ հանդիսատեսները կրնան գիշերել յատուկ կազմուած փառատօնային քաղաքի մէջ՝ վրաններու տակ:
Այս փառատօնի հիմնադիրն է «Երեւանեան հեռանկարներ» 23-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեան: Ստեղծագործական խումբը կազմուած է Հայաստանի լաւագոյն մասնագէտներէ եւ միջազգային փորձագէտներէ, որոնք կը ջանան փառատօնը հասցնել միջազգային մակարդակի, ինչպէս նաեւ ներկայանալի դարձնել Հայաստանը: Մանաւանդ Հայաստանի համար այս դժուար օրերուն, երբ մթնոլորտը գորշացած է ներքաղաքական վերիվայրումներով եւ յետպատերազմեան տրտմութիւնը չէ մարած, Հայաստանը կարիք ունի մեծ քայլերով դուրս գալու միջազգային մշակութային ասպարէզ:
Ո՞Վ Է ԶԱԶ
Իզապէլ Ժեֆրուա իսկական անունով երգչուհին իրեն համար բեմական անուն ընտրած է «Զազ» կարճ եւ հնչեղ անունը եւ այդպէս ալ ճանչցուած է աշխարհի մէջ՝ ճազային ժանրը համադրելով ֆրանսական երգին հետ: Զազ յայտնի է մանաւանդ իր հիթային «Je veux» երգով, իր առաջին՝ «Zaz» ալպոմէն, որ թողարկուած է 2010 թուականին:
Երգչուհիին մայրը սպանացի ուսուցչուհի էր, հայրը կ՚աշխատէր ելեկտրական ընկերութեան մէջ: Ծնած է ֆրանսական Թուր քաղաքը՝ 1980 թուականին: 1985 թուականին ապագայ երգչուհին իր քրոջ եւ եղբօր հետ ընդունուած է Թուրի երաժշտանոցը, ուր յաճախած է մինչեւ 11 տարեկանը։ Ան ուսումնասիրած է երաժշտութեան տեսութիւնը, նաեւ՝ ջութակ, դաշնամուր, կիթառ եւ երգչախմբային երգեցողութիւն։
1994 թուականին Զազ կը փոխադրուի Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան մասը գտնուող Պորտօ քաղաքը եւ մէկ տարի կը յաճախէ երգեցողութեան դասերու եւ կը զբաղի մարզանքով, կ՚ընտրէ արեւելեան մարզաձեւը եւ արհեստավարժ մարզիչի մը հետ կը պարապի քունկ ֆու: 2000 թուականին տեղի մարզպետարանէն Զազ կրթաթոշակ կը շահի, որ իրեն կարելիութիւն կու տայ դառնալ ժամանակակից երաժշտութեան դպրոցի անդամ՝ Պորտոյի երաժշտական գործունեութէան եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ:
Անոր երաժշտական հետաքրքրութիւններուն մէջ կը մտնէին Վիվալտիի «Տարուայ չորս եղանակները», ճազ երգիչներու կատարումները, ինչպէս նաեւ ափրիկեան, լատինական եւ քուպայական կշռոյթները: 2006 թուականին երգչուհին կը փոխադրուի Փարիզ։
Ան մէկն էր «Իզար-Ատաթց» խումբի երգիչներէն: Այս բազմանդամ խումբը կազմուած էր տասնվեց հոգիէ, որոնց հետ ան երկու տարի մասնակցեցաւ շրջագայութիւններու։
2011 թուականին Զազ յաղթած է «Եւրոպան առանց սահմաններու» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Այդ մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի ի յայտ կը բերէ տասն զարգացող երգիչներ կամ խումբեր, որոնք նախորդ տարիներուն ընթացքին իրենց թողարկած միջազգային ալպոմներով գրաւած են բազմաթիւ հանդիսականներ։
2010 թուականին ֆրանսական «Տելեմա» ամսագիրը յայտարարեց հետեւեալը. «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին լուր մը տարածուած է, որ Զազը անզուգական ձայն ունի եւ ան պիտի ըլլայ ամրան բացայայտումը»։
2010 թուականին Զազ թողարկած է իր առաջին ալպոմը, որ կ՚ընդգրկէ իր իսկ գրած եւ համատեղ կազմած երգերը: Նոյն տարին երգչուհին պայմանագիր կնքած է «Caramba» եւ «Sony ATV» ձայնագրման սթուտիոներուն հետ՝ իր հիւրախաղերը կազմակերպելու համար: Շուտով երգչուհին հրաւիրած են հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային ելոյթներու, որոնք աւելցուցած է անոր ճանաչումը: Զայն կոչած են ֆրանսացի այն արուեստագէտը, որուն երգերը արտասահմանի մէջ 2010 թուականին ամենէն շատ հնչած են եւ այդ նոյն տարին ալ, ըստ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, ան ճանչցուած է որպէս 2010 թուականի ամենայայտնի ֆրանսացի երգչուհին։
Երեւանի համերգին Զազ նաեւ արտայայտեց իր սէրը հայկական տուտուկին հանդէպ, մինչ այդ ըսած էր, որ շատ կը սիրէ այդ ինքնատիպ գործիքը եւ ունի ձայնասկաւառակ մը, ուր կը հնչէ տուտուկ. երբ յոգնած ըլլայ, կը միացնէ եւ տուտուկի երաժշտութեան տակ կը հանգստանայ: Համերգին տուտուկի կատարումով Զազին միացաւ հայ տուտուկահար Կամօ Սէյրանեան, իսկ համերգային երեկոյին բացումը կատարեցին «Եւրոտեսիլ 2022»ին Հայաստանը ներկայացնող Ռոզա Լինը եւ երիտասարդ տաղանդաշատ հայ երաժիշտ Պարգը։
Զազ նաեւ ընթրեց Երեւանի «Շերեփ» ճաշարանին մէջ եւ Հայաստանէն հեռացաւ վառ տպաւորութիւններով՝ խոստանալով, որ կրկին կը վերադառնայ իր երգերը սիրող եւ գնահատող հանդիսատեսին քով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024