ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԸՆՏԱՆԻՔ
Հայաստանի ամենէն հիւսիսային կէտը Դարիկ գիւղն է: Ան սահմանամերձ է մէկ կողմէն Վրաստանին, իսկ միւս կողմէն՝ Թուրքիոյ: Տասնամեակներ շարունակ այս գիւղը եղած է թրքական բնակավայր մը եւ կրած է Էօքսիւզ անուանումը: Սումկայիթի դէպքերը սկսելէ ետք, գիւղին մէջ բնակող թուրքերը լքած են բնակավայրը: Այժմ գիւղին մէջ կը պահպանուին թրքական գերեզմանները, որոնք չեն քանդուած, եւ իբրեւ այս տարածքի պատմութեան վկայ, կը պահպանուին գիւղի հայ տէրերուն կողմէ: Գիւղը Դարիկ անուանուած է 1991 թուականին, դարաւանդ՝ բարձր տեղ, բարձունք բառէն ելլելով:
Շիրակի մարզի մէջ գտնուող սահմանամերձ այս գիւղը ինքնատիպ է ո՛չ միայն իր պատմութեամբ, բնութեամբ, այլեւ գիւղին մէջ ապրող եւ գիւղին տիրութիւն ընող միակ ընտանիքը այստեղ հիմնած է Հայաստանի Հանրապետութեան ամենէն հետաքրքրական տնտեսութիւններէն մէկը: Դարիկ գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատած են Հայաստանի մէջ գործարարի եւ ստեղծարարի բարի համբաւ ունեցող Արմէն Խեչոյեան եւ իր տիկինը՝ Իրինա Թադէոսեան: Ժամանակին անոնք թուրքերու պարպուած տուներու մէջ բնակութիւն հաստատելու պայմաններ ստեղծած են նաեւ այլ հայ ընտանիքներու համար, սակայն ընտանիքները երկար ատեն չեն կրցած դիմագրաւել գիւղի պայմաններուն, որովհետեւ Դարիկը իր ունեցած հեռաւորութեան, ցուրտ ձմրան եւ կառոյցներու բացակայութեան պատճառաւ տարբեր ապրելու պայմաններ ունի: Եւ հակառակ անոր, որ Արմէն Խեչոյեան նաեւ դպրոց հիմնած էր գիւղին մէջ՝ բնակչութիւնը պահելու նպատակով, սակայն որոշ ժամանակ գործելէ ետք, բաւարար աշակերտ չըլլալու պատճառաւ այդ ալ գոցուած է:
Բայց ամուսինները չեն հեռացած գիւղէն: Անոնք այսօր Դարիկը կը նկատեն Հայաստանի ամենէն չքնաղ վայրը եւ միակ տեղը, ուր ինքզինքնին երջանիկ կը զգան:
Ամուսինները, ծնած ըլլալով Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան համալսարանը աւարտելէ ետք, տակաւին երիտասարդ տարիքին, որոշած են մեկնիլ հեռաւոր գիւղ մը եւ իրենց գիտելիքները ներդնել այդ գիւղին մէջ: Անոնք ընտրած են բարձրալեռնային բուսականութիւն ունեցող (ալպեան) ամենէն բարձր հայաստանեան կէտը, որ բարենպաստ պիտի ըլլար կովերու եւ հիմնուելիք տնտեսութեան համար:
1993 թուականէն մինչ այսօր կատարած աշխատանքի եւ ունեցած արդիւնքներու հիման վրայ Արմէն Խեչոյեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, ինչէպս՝ աշխարհի մէջ սովի դէմ պայքարի ՄԱԿ-ի շքանշանին: Ան 2011 թուականին արժանացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Անանիա Շիրակացի» յուշամետայլին: Արմէն Խեչոյեան գիւղատնտեսական գիտութիւններու թեկնածու է, Հայաստանի մէջ կաթի արտադրութեան ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներէն, ունի անասնաբոյժի եւ սննդամթերքի անվտանգութեան կառավարման մասնագէտի որակաւորումներ:
ԺԱՄԱՆԱԿ Դարիկի մէջ հիւրընկալուեցաւ Արմէն Խեչոյեանի ընտանիքին կողմէ, ծանօթացաւ անոր հիմնած տնտեսութեան եւ հարցազրոյց մը ունեցաւ թէ՛ Արմէն Խեչոյեանին եւ թէ՛ Իրինա Թադէոսեանին հետ: Իրինա Թադէոսեան Հայաստանի մէջ Վանայ կատուներու պահպանման հիմնադրամի եւ Վանայ կատուներու ընկերակցութեան հիմնադիր նախագահն է: Ան հետաքրքրական մանրամասնութիւններ պատմեց, թէ ինչպէս իր ընտանիքը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ սկսած է շատցնել եւ պահպանել Վանայ կատուները, հայկական գամփռերը եւ այլ կենդանիներ:
-Ինչպէ՞ս որոշուեցաւ Երեւանէն տեղափոխուիլ Դարիկ, եւ ի՞նչ արդիւնքներ ունեցած էք անցնող տարիներու ընթացքին:
Իրինա Թադէոսեան- Ամէն ինչ սկսաւ երազանքէն: Շատ կը սիրէինք մեր մասնագիտութիւնը, երիտասարդ էինք եւ խանդավառութեամբ լի, մեծ փափաք ունէինք զբաղիլ գիւղատնտեսութեամբ, եւ միեւնոյն ատեն կ՚ուզէինք Հայաստանի լքուած տարածքները զարգացնել: Ընտրուեցաւ Դարիկը, որովհետեւ ամենէն լաւ կլիմայական պայմանները հոս էին կաթնտու ցեղատեսակի կովերու համար, որոնք պիտի արածէին լաւագոյն դաշտերուն մէջ եւ ամենէն որակեալ կաթը պիտի տային: Այս տարածքը ընտրեցինք նաեւ այն պատճառով, որ հոս ջուրը լեռնային մաքուր եւ անխառն է՝ առանց քիմիական յաւելումներու եւ այլ նիւթերու, բուժիչ յատկութիւններ ունի: Օդն ալ, բնականաբար, մաքուր է, եւ այդ պայմաններուն մէջ նպատակ կար աճեցնել մաքուր կանաչեղէն, բանջարեղէն եւ տարածել ամբողջ Հայաստանի մէջ: Մեծ փափաք ունէինք ամբողջ երկրի գիւղերուն մէջ քարոզել մեր օրինակը, մանաւանդ գիւղական հնարաւորութիւնները ճիշդ գործածելու եւ առաւելագոյն արդիւնք ստանալու առումով:
Արմէն Խեչոյեան- Ամենէն սկիզբը կովերու բուծմամբ սկսանք: Այսօր ալ կրնանք ըսել, որ տոհմային անասնաբուծութեան մէջ մենք յառաջատար ենք: Սկիզիբի համար ներդնելով մեր բոլոր միջոցները՝ դուրսէն բարձր մսատու եւ բարձր կաթընտու ցեղատեսակներ ներմուծեցինք Հայաստան եւ սկսանք բուծել, կառուցեցինք կաթի վերամշակման գործարան, աշխատողներ բերինք: Բայց այս տարածքին վրայ երկար չաշխատեցաւ գործարանը, քանի որ ձմրան այս ճանապարհները վեց ամիս կը փակուին եւ կաթն ու պանիրը այլ վայրեր հասցնելու հարց կ՚ըլլար: Ունինք կովեր, հորթեր, ցուլեր Դարիկի մէջ, բայց անասուններու բուծման եւ կաթի վերամշակման մեր հիմնական գործունէութիւնը տեղափոխած ենք Սպիտակ քաղաքը եւ այլ վայրեր։ Սպիտակի կաթի մշակման գործարանը, կրնամ ըսել, որ Հայաստանի լաւագոյն ու որակեալ գործարանն է, որ բարձրակարգ կաթնամթերք կ՚արտադրէ: Կովերու տարեկան միջին կաթնտուութիւնը հասցուցած ենք 6500 լիթրի։ Հայաստանի մէջ վերջին քսան-քսանհինգ տարիներու ընթացքին այդպիսի ցուցանիշ չէ արձանագրուած: Ատկէ զատ, մեր երկրէն արտաքին շուկայ երբեք տոհմային անասուն չէ վաճառուած, մինչդեռ, մենք արդէն վաճառած ենք յիսուն գլուխէն աւելի տոհմային կենդանի: Կը կարծեմ, որ այս մէկը ամենէն մեծ գնահատականն է՝ մեր տնտեսութեան համար: Կը զբաղինք նաեւ ոչխարաբուծութեամբ, խոզաբուծութեամբ: Դարիկի մէջ ունինք արօտավայրեր, զորս կը հնձենք եւ որակեալ անասնակեր կը պատրաստենք: Մենք առաջին անգամ Հայաստանի մէջ ներմուծած ենք նորագոյն գիւղական սարքաւորումներ, որպէսզի զանոնք տարածենք գիւղերու մէջ, որպէզի դիւրին ըլլայ գիւղացիին գործը։ Բայց մեր կատարած աշխատանքը միշտ ճիշդ չէ գնահատուած: Կ՚ուզէինք, որ մեր կատարած գործը ճիշդ գնահատուէր, մենք գնահատման կարիք ունինք: Այսօր Հայաստանի մէջ դժուար է նոր ու յառաջատար բան մը ընել այն պարագային, երբ երկիրը արագ քայլերով առաջ չ՚ընթանար: Դուն միշտ յառաջ կ՚ընթանաս, սակայն կը նշմարես, որ միւսները տակաւին ետ մնացած են, ստիպուած դուն կանգ կ՚առնես, որպէսզի միւսները գան քեզի հաւասարին, որովհետեւ միայն քու զարգանալովդ չ՚ըլլար, միւսներն ալ պէտք է հաւասարապէս զարգանան քեզի հետ:
-Դուք Հայաստանի մէջ Հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն հայկական շունի՝ գամփռի պահպանման ջատագովներէն էք: Վերջին տասնամեակներու ընթացքին, երբ այդ շունը անհետացման եզրին էր, Դուք ձեռնարկեցինք զայն փրկելու, բազմացնելու, տարածելու միջոցներուն: Ինչպէ՞ս այդ մէկը տեղի ունեցաւ, եւ հայկական գամփռ ցեղատեսակը այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է:
Իրինա Թադէոսեան- Նախ ըսեմ, թէ գամփռը ընդհանուր անուանումն է այն խոշոր շունին, որ բնորոշ է Հայկական լեռնաշխարհին: Գամփռերը կ՚ըլլան գելխեղդ (գայլի դէմ պայքարող եւ յաղթող), հովուաշուն (որ անասունները կը հսկեն) փոթորկաշուն (որ փոթորիկներու, վատ եղանակի ժամանակ մարդոց կ՚ուղեկցի): Եւ այս պարտականութիւնները անոնց մէջ կան ի ծնէ: Ոչ ոք զանոնք կը վարժեցնէ, որ ան պիտի հսկէ հոտը կամ սարի գլխուն պիտի նստի ու գիւղը պիտի պաշտպանէ գայլերէն: Շունը լաւ գիտէ, որ ինք ծնած է ասոնց համար:
Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայաստանէն ցորեն եւ պարէն կը ղրկէին պատերազմի դաշտ, բաւարար մարդ չկար, եւ գամփռ շուներ կը նստեցնէին գնացքի մուտքերուն քով, որպէսզի անոնք հսկէին այդ ապրանքները, մինչեւ որ երթալիք տեղը հասնէր: Այդպէս հայկական գամփռը հասաւ Ռուսաստան եւ այլ երկիրներ ու Հայաստանի մէջ յայտնուեցաւ անհետացման եզրին: Երբ մենք սկսանք մեր գիւղական գործունէութեան, շատ պարզ ու հայրենասիրական միտք ունէինք՝ գտնել եւ բազմացնել հայկական հնագոյն այդ շունը: Պտըտեցանք ամբողջ գիւղերը, գտանք շուներ, որոնք արտաքինէն կը յիշեցնէին գամփռը։ Գացինք, բերինք զանոնք, քննութեան ենթարկեցինք, խառնեցինք, զտեցինք եւ ձագերու միջոցով ստացանք մեր ուզած շունը, որ իսկական հնագոյն, անխառն տեսակն է: Հազարաւոր գամփռեր բուծանած ենք, անոնք հասած են զանազան երկիրներ, որովհետեւ գամփռի սիրահարները եւ գնահատողները իսկապէս շատ են: Իսկ գամփռը արժանի է, որ զինքը յարգես, նկատի առնես եւ լաւ վարուիս անոր հետ, որպէսզի ինք դարձեալ չյայտնուի վերացման եզրին:
Գամփռը վարժեցնելու կարիք չունի։ Ան խելացի շուն մըն է, եթէ ան հովիւին անասունները կը հսկէ, ինք գիտէ, որ այդ մէկը իր գործառոյթն է, բնածին կերպով իր մօտ կայ այդ հասկացութիւնը: Մենք, օրինակ, այս հեռաւոր գիւղին մէջ, սահմանի վրայ, ո՛չ մէկ վախ ունինք, որովհետեւ շունը դուրսն է, ո՛չ գայլ կրնայ մտնել տարածք, ո՛չ ալ՝ անծանօթ մէկը: Տունին դուռն ալ չենք կղպեր: Գամփռը առանձնայատուկ է նաեւ իր առողջութեամբ: Ան ամուր եւ արտակարգ առողջութիւն ունի եւ չի հիւանդանար այն հիւանդութիւններով, որոնցմով կը վարակուին տնային շուները: Գամփռը տունին մէջ չես պահեր ուրիշ շուներու պէս, որովհետեւ ան կը ծերանայ եւ իր կեանքի տեւողութիւնը կը կարճնայ:
Տակաւին հին հայկական առասպելներէն գիտենք, որ գամփռը ուղեկցած է Սանատրուկին, ճանապարհորդութեան ժամանակ, իբրեւ փոթորկաշուն եւ անոր շնորհիւ ալ Սանատրուկ փրկուած է: Սանատրուկի երկրորդ անունը եղած է Շանատրուկ: Շատ-շատ հին պատմութիւն ունի մեր գամփռը, տակաւին հին հայկական ժայռապատկերներու վրայ կայ անոր նկարը, հնագոյն պեղումներու ժամանակ գտնուած են գամփռի գանկեր: Քսանհինգ տարուան մեր աշխատանքի արդիւնքին այսօր մենք ունինք զտարիւն, անխառն գամփռ: Կրնամ ըսել, որ լաւ վիճակի մէջ է հայկական շունը, որովհետեւ այսօր միայն մենք չէ, ուրիշ մարդիկ ալ կը զբաղին շունի պահպանութեամբ:
Արմէն Խեչոյեան- Մենք ոչ միայն հայկական գամփռի սիրահար ենք, այլեւ այն ամէն բանին, ինչ որ հայկական է եւ հնարաւոր է, որ անհետացման եզրին յայտնուի օր մը: Գամփռը հազարաւոր տարիներ առաջ ստեղծուած է, ան տեղւոյն բնական կլիմայական պայմաններու մէջ ի յայտ եկած տեսակ մըն է, եւ կարիք չունի վարժեցման: Միայն պէտք է ճիշդ դաստիարակել եւ անոր նեարդային համակարգը կայուն պահել, որպէսզի ան յարձակողական չըլլայ:
Աշխարհի մէջ ամէն երկիր իր ապրանքանիշը կը ստեղծէ, մենք կրնանք մեր գամփռը արձանագրել իբրեւ այս բարձրավանդակին բնորոշ շուն: Անշուշտ, այլ երկիրներու մէջ ալ կան այս շունի ծիներուն բնորոշ շուներ, օրինակ, Թուրքիոյ մէջ կայ քարապաշը, կովկասեան ազգերու մօտ կայ կովկասեան հովուաշունը, Ռուսաստանի մէջ կայ ռուսական ջրասոյզ շունը, ասոնք բոլորը ազգակից են: Լաւ կ՚ըլլար, որ մեր կառավարութիւնը հայկական գամփռը որդեգրէր իբրեւ այս լեռնաշխարհի շուն: Շատ մը երկիրներ արդէն ընդունած են գամփռը, իբրեւ հայկական շուն, բայց Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով այդ մէկը չէ կատարուած: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Վանայ կատուներուն: Ան, հայկական մշակոյթի անբաժան մաս ըլլալով, այսօր մեր երկրին մէջ ընդունուած չէ իբրեւ հայկական տեսակ:
-Դուք Հայաստանի մէջ նաեւ Վանայ կատուներու ամենէն մեծ տնտեսութիւնը ունիք: Ո՞րն է Վանայ կատու պահելու առանձնայատկութիւնը:
Իրինա Թադէոսեան- Մենք Վանայ կատուներով կը զբաղինք 1996 թուականէն ի վեր: Վանայ կատուներու բազմաթիւ սերունդներ ունեցած ենք, մեծ քարոզչութիւն կատարած ենք՝ ներկայացնելով Վանայ կատուն Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ, տպագրած ենք յօդուածներ, ամսագրեր, օրացոյցներ, բազմաթիւ ցուցահանդէսներու մասնակցած ենք մեր կատուներով, թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանէ դուրս: Ես հասկցայ, որ իրաւունք ունիմ ստեղծելու հիմնադրամն ու ընկերակցութիւնը եւ մեր աշխատանքները շարունակել անոր միջոցով:
Մեր ընկերակցութեան Վանայ կատուները շատ նշանաւոր են ու տարածուած են Հայաստանի զանազան վայրերու մէջ, Հայաստանէն դուրս, նոյնիսկ մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Վանայ կատուի գլխաւոր յատկանիշը այն է, որ առաջին հերթին ան հայկական կատու է, տակաւին ուրարտական ժամանակներէն ան ապրած է այս տարածքաշրջանին մէջ, մեր նախնիներուն քով: Այսօր ան Կարմիր Գիրքին մէջ գրանցուած կենդանի մըն է, կը նկատուի ոչնչացող տեսակ: Ինչպէս ծանօթ է, անոնք միակ կատուազգին են, որ կը լողան, կը սիրեն ջուրի հետ շփումը: Շատեր այն կարծիքը ունին, թէ Վանայ կատուն զանազան գոյնի աչքեր ունեցող կատուն է: Բայց այդ մէկը պարտադիր յատկանիշ մը չէ: Ան կրնայ ունենալ երկու դեղին, երկու կապոյտ կամ մէկ դեղին ու մէկ կապոյտ աչք: Կարեւորը մարմնի կառուցուածքը, նարնջագոյն ականջները, պոչը եւ բնաւորութիւնն են: Վանայ կատուները մարդոց շատ շուտ կը կապուին, կը սիրեն զանոնք եւ անոնց հետ ընկերութիւն կ՚ընեն: Մեր բուծարանը Եղուարդի մէջ է, յաճախ նաեւ նուէր կու տանք Վանայ կատուն, մանաւանդ այն ընտանիքներուն, որոնք ունին դժուար բնաւորութիւն ունեցող երախաներ, որոնք խնդիրներ կը յարուցեն: Կատուները բարենպաստ յատկութիւն ունին այդ պարագային:
Ես Դարիկի մէջ կ՚իրականացնամ ամառնային ճամբարներ, ուր երախաներ կը սորվին կատուներու, շուներու հետ վարուիլ, տիրութիւն ընել անոնց, կերակրել զանոնք։ Այս բոլորը բուժական յատկութիւններ ունին երախային տեսակէտէ: Հոգեբուժական հիւանդանոցներէ հիւանդներ բերած եմ եւ տասը օր պահած եմ Դարիկի մէջ, ձիաբուժութիւն կատարած եմ, եւ ըստ տուեալներու, կենդանիներու հետ շփումէն անոնց վիճակին մէջ դրական նշաններ ի յայտ եկած են:
-Կրնաք պատմել գիւղական զբօսաշրջութեան մասին, որ հիմնած էք Դարիկի մէջ:
Իրինա Թադէոսեան- Երկար տարիներու փորձառութեան հիման վրայ որոշեցի հիւրեր ընդունիլ հոս։ Գիւղական ոճով կառուցեցինք պզտիկ հիւրատուն մը, ուր ամէն ինչ պարզ ու բնական է եւ այսօր արդէն ունին բաւական այցելուներ, որոնք կու գան տարբեր երկիրներէ: Անոնք, որոնք կը սիրեն գիւղական զբօսաշրջութիւնը, յաճախ կու գան մեր մօտ: Այս զբօսաշրջութեան սիրահարները իւրայատուկ են. անոնք կը սիրեն առտուն արթննալ, կովը կթել, կաթը տաքցնել, խմել, իրենց ձեռքով պտուղ հաւաքել, ուտել, հաւկիթը առնել հաւնոցէն՝ հաւուն տակէն: Այդ ծրագրին համար ձիեր բազմացուցինք, քանի որ այս տարածքին մէջ զբօսաշրջիկները կ՚երթեւեկեն ձիերով, կը հեծնեն ձին, կը զբօսնուն, մինչեւ մօտակայ Արփի լիճ կը հասնին: Ամառը երեք ամիս լեցուն է իմ հիւրատունը, նպատակ ունիմ ընդարձակել զայն:
-Ի՞նչ է Դարիկը Ձեզի համար:
-Արմէն Խեչոյեան- Աշխարհի կեդրոնն է: Այստեղը իմ տունս է, ուր ես երջանիկ կը զգամ: Չեմ գիտեր իմ երիտասարդութեան երազանքս հոս ինչ չափով յաջողեցաւ, թերեւս ուրիշ շրջաններու մէջ աւելի յաջողեր, քան՝ Դարիկի մէջ, բայց Դարիկը մնաց միակ տեղը, ուր ես զիս ամենէն լաւը կը զգամ: Թէեւ ծնած եմ մայրաքաղաքին մէջ, սակայն այսօր ինծի համար տանելի չէ քաղաքին ձայները, քաղաքին կեանքը։ Կը զբաղինք նաեւ Դարիկի շրջակայքի յուշարձաններու պահպանութեամբ: Չորսհազարամեայ վիշապաքար մը տեղադրեցինք այս վայրին մէջ: Նպատակ կայ վերանորոգել այս վայրի գերեզմանները եւ կապ ստեղծել ննջեցեալներու հարազատներուն հետ, որոնք թուրքեր են, հնարաւորութիւն ունենան հոս գալ ու այցելել իրենց գերեզմանները:
Իրինա Թադէոսեան- Դարիկը տեղ մըն է, ուր դուն պարզ ես ու մաքուր, չունիս յետին միտքեր. այդ մէկը բնութիւնը եւ կենդանիները կու տան քեզ:ի Ինչքան պարզ եւ բնական՝ այնքան գեղեցիկ… Շատ երկար ապրելով հոս այս մէկը լաւ զգացի: Հասկցայ, որ երջանկութիւնը դրամատան հաշիւներուն հետ ոչ մէկ կապ ունի: Դուն կրնաս ոչինչ ունենալ, բայց ըլլաս յագեցած ու լիակատար բաւարարուած քու ըրած գործէդ, քու կեանքէդ, քու երախաներէդ: Դարիկը ինծի ուժ կու տայ: Ասիկա վայր մըն է, զոր չես կրնար ձգել ու երթալ, այդ մէկը կ՚ըլլայ դաւաճանութիւն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ