ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

«Ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծ» հռչա­կուած մեծն Թու­մա­նեա­նը իր խո­հե­րով, նա­մակ­նե­րով, եւ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ ժա­մա­նա­կա­կից կը մնայ ու հա­մա­հունչ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան տագ­նապ­նե­րուն:

Այ­սօր ալ, երբ կրկին խռո­վուած է հա­յու սիրտն ու հո­գին, երբ ա­լե­կոծ օ­րեր կ՚ապ­րի ողջ հա­յու­թիւ­նը, երբ Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ չեն դադ­րիր զէն­քով եւ այլ մի­ջոց­նե­րով ար­դա­րու­թեան հաս­նե­լու բո­ղոք­ներն ու կո­չե­րը,  երբ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը լուռ է, կամ ծայ­րա­յեղ պա­րա­գա­յին զգու­շա­ւոր կե­ցուածք­ներ կ՚ըն­դու­նի, նո­րէն ձեռքդ կ­­՚եր­կա­րի դէ­պի գրա­դա­րա­կը, ո­րուն ա­մե­նէն կա­րե­ւոր մէկ փեղ­կին մէջ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ի­մաս­տուն խո­հե­րը զե­տե­ղուած են՝ նա­մակ­ներն ու յօ­դուած­նե­րը: Թու­մա­նեա­նի ժա­մա­նակ­նե­րուն նոյն­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը ապ­րած է նոյն տագ­նապ­ներն ու դժուա­րու­թիւն­նե­րը, զորս այ­սօր կ՚ապ­րի, նոյ­նիսկ կը թուի, թէ միշտ մեր ժո­ղո­վուր­դը ե­ղած է այդ վի­ճա­կին մէջ: Եւ մտա­ւո­րա­կա­նի, գրո­ղի բարձր խօս­քը, ծանր հի­ւան­դու­թե­նէն դուրս գա­լու հա­մար միշտ մատ­նան­շած է ազ­գա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը, հո­գիի ա­րիու­թիւ­նը եւ ա­ռողջ բնազդ­նե­րը, ծանր հի­ւան­դու­թեան դէմ կռուե­լու, ա­ռող­ջա­նա­լու ա­ռա­ջին պայ­մա­նը, ըստ Թու­մա­նեա­նի, այն է, որ մենք թէ՛ մեր սիր­տե­րուն մէջ, թէ՛ աշ­խար­հի ա­ռջեւ ան­կեղծ խոս­տո­վա­նինք ու ճանչ­նանք մեր դժբախ­տու­թիւ­նը։  Ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գոր­ծում: Ա­հա Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­ռա­ջար­կա­ծը բո­լոր ի­րա­վի­ճակ­նե­րէն սթափ ու յաղ­թա­կան դուրս գա­լու հա­մար: Մեծն Թու­մա­նեա­նի եր­կու նա­մակ­նե­րը՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նին եւ Զօ­րա­վար Անդ­րա­նի­կին ուղ­ղուած, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր եր­կու յօ­դուած­նե­րը՝ «Դառ­նա­ցած ժո­ղո­վուր­դ» եւ «Վրի­ժա­ռու­թեան ախ­տը» կար­ծես գրուած են այ­սօ­րուան հա­մար: Եւ այ­սօր, ա­ռա­ւել քան եր­բե­ւէ, մեր ժո­ղո­վուր­դը, իր բո­լոր խա­ւե­րով, հա­մայնք­նե­րով, Հա­յաս­տան, Սփիւռք, Ար­ցա­խով, կա­րիքն ու­նի այս խօս­քին: 

ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱ­ՆԻ ՆԱ­ՄԱ­ԿԸ՝ ԶՕ­ՐԱ­ՎԱՐ ԱՆԴ­ՐԱ­ՆԻ­ԿԻՆ

«Սի­րե­լի Անդ­րա­նիկ

Ա­հա­ւոր մո­մեն­թի առ­ջեւ ա­մէն մարդ պէտք է ընդ­հա­նուր սե­ղա­նին բե­րէ ինչ որ ու­նի եւ կա­րող է՝ թէ՛ վե­րա­հաս վտան­գը կան­խե­լու եւ թէ բաղ­ձա­լի յաղ­թու­թեա­ն հաս­նե­լու հա­մար։

Ես չորս տղայ ու­նիմ, չորսն ալ երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան, Ազ­գա­յին խոր­հուր­դի եւ քու տրա­մադ­րու­թեան տակ են, իսկ չորս աղ­ջիկս ալ պատ­րաս­տա­կամ կ՚եր­թան թի­կուն­քի աշ­խա­տան­քե­րուն՝ ին­չի որ ըն­դու­նա­կու­թիւն ու­նին։ Ես ալ, ան­շուշտ, ա­նոնց­մէ թանկ ո­չինչ ու­նիմ, հե­տե­ւա­բար ո­չինչ կը խնա­յեմ, միայն թէ կա­րո­ղա­նանք բո­լոր ազ­նիւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ ա­զա­տա­սէր հո­գի­նե­րու հետ միա­սին ետ մղել վե­րա­հաս վտան­գը եւ պաշտ­պա­նել ա­մէն­քիս սրբա­զան ի­րա­ւունք­ներն ու ա­զա­տու­թիւն­նե­րը։ Ես ան­սա­սան կը հա­ւա­տամ Քու՝ շատ փո­թո­րիկ­նե­րու մէջ ձեռք բե­րած փոր­ձու­թեա­ն, վառ հայ­րե­նա­սի­րու­թեանն ու ա­զա­տա­սի­րու­թեա­ն, այ­լեւ բնա­կան մար­դա­սի­րու­թեա­ն ու զի­նուո­րա­կան բարձր տա­ղան­դին, եւ պատ­րաստ եմ գա­լու, ե՛րբ եւ ուր­կէ՛ որ կո­չէ Քու եղ­բայ­րա­կան ձայ­նը։

Կը համ­բու­րեմ հե­րո­սա­կան ճա­կատդ,

միշտ Քու Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան

Յ.Գ. Ա­սոր հետ միա­սին, ո­րով­հե­տեւ ես այն կար­ծի­քին եմ, որ ա­մէն Հայ այժմ պէտք է՝ ի­նքզինք դնէ կա­մա­ւոր տուր­քի տակ, կը պար­տա­ւո­րեմ ամ­սա­կան հա­րիւր ռուբ­լի տալ այս նպա­տա­կով մեր ընդ­հա­նուր գան­ձա­րա­նի­ն»:

ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱ­ՆԻ ՆԱ­ՄԱ­ԿԸ՝ Ա­ՒԵ­ՏԻՔ Ի­ՍԱ­ՀԱ­ԿԵԱ­ՆԻՆ

.…Ես չեմ ու­զեր եւ չեմ կրնար եր­կար ու բա­րակ գրել մեր երկ­րէն, թէեւ դուն կը հարց­նես: Կարճ ը­սեմ՝ մենք թէ դուր­սէն, թէ ներ­սէն քան­դե­ցինք մեր եր­կի­րը: Գլխա­ւո­րա­պէս մենք: Մենք կ՚ը­սեմ, եւ ա­սոր մէջն է ճշմար­տու­թիւ­նը: Մի մա­սը՝ խան­գա­րող սրի­կա­ներ, մի մա­սը՝ գո­ղեր ու ա­ւա­զակ­ներ, մի մա­սը՝ ա­պի­կար թշուա­ռա­կան­ներ, եւ ան­յայտ բազ­մու­թիւն մը, գո­նէ խմբակ մը, որ վե­րած­նուող շունչն ու բա­րո­յա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը յայտ­նա­բե­րէր: Այս­քան ա­ղէտ­նե­րու ու պար­տու­թիւն­նե­րու մէջ ոչ մէկ մե­ղա­ւոր ե­րե­ւաց, ոչ ոք ո՛չ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կան­չուե­ցաւ, ոչ պա­տաս­խան տուաւ: Եւ կը շա­րու­նա­կէ. այժմ ալ նոյն մար­դի­կը նոյն ճա­նա­պարհ­նե­րով…

Եւ ոչ մէ­կը գո­նէ անձ­նաս­պան ե­ղաւ, որ ա­պա­ցու­ցեր, որ գո­նէ ա­մօթ ու խղճմտանք կայ այս մարդ­կանց մէջ: Բայց ես ինչ որ ը­սի-չկա­րո­ղա­ցան գո­նէ վշտա­նալ կամ վշտա­ցած ե­րե­ւա­լ»:

ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ. ՎՐԻ­ԺԱ­ՌՈՒ­ԹԵԱՆ ԱԽ­ՏԸ. ՅՕ­ԴՈՒԱԾ

Խո­րա­պէս ցա­ւե­լով պէտք է խոս­տո­վա­նինք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի մէջ սաս­տիկ զար­գա­ցած է վրէժխնդ­րու­թեան զգաց­մուն­քը եւ մեր մար­դը, վրէժ առ­նե­լու հա­մար, յա­ճախ կանգ չ՚առ­ներ ոչ մէկ մի­ջո­ցի առ­ջեւ։ Եւ ա­ւե­լի եւս զզուե­լին այն է, որ ան կը սի­րէ իր վրէ­ժը լու­ծել ու հա­րուա­ծը տալ ու­րի­շի ձեռ­քով, ին­քը միշտ մու­թի մէջ։

Ա­սիա­կան այս գար­շե­լի յատ­կու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­պէս աչ­քի ին­կաւ եւ շատ ո­ճիր­նե­րու պատ­ճառ դար­ձաւ մա­նա­ւանդ վեր­ջին շարժ­ման խառ­նակ տա­րի­նե­րուն, երբ ի­րա­րու թշնա­մի մար­դիկ ի­րենց ձեռ­քին գոր­ծիք կը դարձ­նէին այս կամ այն կազ­մա­կեր­պու­թեան մարդ­կանց ու «գա­ղա­փա­րի» ա­նու­նով ի­րենց հա­շիւ­նե­րը կը մաք­րէին ա­մե­նայն անգ­թու­թեամբ։

Բայց միայն խառ­նակ տա­րի­նե­րը չեն. միշտ ալ գոր­ծի վրայ են այդ չար, ան­հան­գիստ հո­գի­նե­րը եւ չեն քա­շուիր մո­լո­րու­թեան մէջ ձգե­լու նոյ­նիսկ կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նեա­նե­րը։ Եւ որ­քա՛ն ջանք ու ե­ռանդ, որ­քա՛ն, նոյ­նիսկ, նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ կ՚եր­թան ա­նոնց սար­քած դա­ւե­րու վրայ, թէ ինչ է- այ­սին­չը կ՚ու­զէ վրէժ հա­նել այ­նին­չէն։

Եւ ի՜նչ խո­րամ­տու­թիւն, ի՜նչ սուր հա­յեացք, ի՜նչ խոր ծա­նօ­թու­թիւն հար­կա­ւոր է գոր­ծի ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րու՝ այդ բո­լոր մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րու տա­կէն ճշմար­տու­թիւնն ու ար­դա­րու­թիւ­նը հա­նե­լու հա­մար։

Եւ, յի­րա­ւի, ար­դա­րու­թիւ­նը մեր երկ­րին մէջ շատ կը տու­ժէ մեր այս ցած յատ­կու­թեան պատ­ճա­ռով, այ­լեւ կը կորսց­նենք մեր բա­րո­յա­կան վարկն ու խօս­քի ար­ժէ­քը ար­դա­րա­դա­տու­թեան ա­ռաջ։

Եւ ա­մէ­նու­րեք է այս ախ­տը մեր կեան­քին մէջ ու լոկ մտա­ծելն ան­գամ սաս­տիկ, սաս­տիկ ծանր է։

Եւ­րո­պա­կան եւ ռու­սա­կան թեր­թե­րու է­ջե­րը մեծ մա­սամբ բռնուած են քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով։ Ին­չո՞ւ, ո­րով­հե­տեւ այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կ՚ապ­րին քա­ղա­քա­կան մեծ պայ­քար­նե­րով, եր­կիր­ներ ու ազ­գեր տի­րե­լու եւ կա­ռա­վա­րե­լու ծրա­գիր­ներ ու­նին, ա­ռեւ­տու­րի մեծ շու­կա­ներ ու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու աս­պա­րէզ­ներ ձեռք բե­րե­լու խնդիր­ներ ու­նին, մի­լիառ­նե­րով փո­խա­ռու­թիւն ը­նե­լու, դաշ­նակ­ցու­թիւն­ներ կա­պե­լու հոգ­եր ու­նին, կը խա­ղան ի­րենց ահ­ռե­լի ու­ժե­րով, աշ­խարհ­ներ ու ազ­գեր կը շար­ժեն եւ ար­թուն ու­շի՛ ու­շով կը հե­տե­ւին ա­մէն մէ­կը միւ­սի կամ ամ­բողջ աշ­խարհ­ի քա­ղա­քա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին, ման­րա­մասն հա­շուի կ՚առ­նեն դի­մա­ցի­նի այս կամ այն շար­ժու­մը, նա­ւե­րու թիւն ու զօ­րա­բա­նա­կը, կ՚աշ­խա­տին գու­շա­կել մէ­կը միւ­սի տե­սակ­ցու­թիւնն ու խօ­սակ­ցու­թիւ­նը, կը զբա­ղին ա­նով, խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ կ՚ը­նեն, եւ այդ պատ­ճա­ռով ի­րենց թեր­թերն ու յօ­դուած­ներն ալ կը նուի­րուին ա­նոնց։

Այս ա­մէ­նը շատ պարզ է ու շատ հաս­կնա­լի է։ Բայց մի բան, որ շատ ան­հաս­կ­­նա­լի է ու ան­հե­թեթ, այն է, որ մեր մա­մուլն ալ, մենք ալ ա­մե­նայն ե­ռան­դով միշտ հե­տե­ւած ենք եւ հայ ըն­թեր­ցող­նե­րու հետ զրոյց ը­րած ենք, հա­շիւ տե­սած ենք քա­ղա­քա­կան այդ բո­լոր դէպ­քե­րու ու դէմ­քե­րու մա­սին, շա­րու­նակ ա­ռաջ­նոր­դող­ներ նուի­րած ենք մէ­կու ու միւ­սի քա­ղա­քա­կա­նու­թեա­ն, խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­րած, եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ հա­նած, սխալ­ներ գտած, եւ, թող զար­մա­նա­լի չթուի, նոյ­նիսկ զգու­շաց­ու­ցած ու սպառ­նա­լիք­ներ ը­րած։

Եւ այս սո­վո­րու­թիւ­նը, այս ա­տա­թը այն­պէս ար­մա­տա­ցել է մեր մէջ, այն­պէս տի­րած է մեր ու­ղե­ղին, որ, շատ հա­ւա­նա­կան է՝ շա­տե­րու զար­ման­քը կը յա­րու­ցա­նե­ն մեր տո­ղե­րը, թէ՝ հա­պա ի՞նչ կերպ կրնայ ըլ­լալ։ Կ­­՚ը­սեն՝ մենք կուլ­տու­րա­կան ժո­ղո­վուրդ ենք, մենք մա­մուլ ու­նինք, ինչ­պէս չհե­տե­ւինք լու­սա­ւոր ազ­գե­րու քա­ղա­քա­կան կեան­քին։ Բայց երբ այդ կուլ­տու­րա­կան ժո­ղո­վուր­դի մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցուց­ի­չը, բա­րե­րա­րը ու գիւ­ղատն­տե­սը դուրս կ՚ը­նեն հայ գիւ­ղէն, նոր կը խոս­տո­վա­նին, թէ չեն ճա­ն­չ­ցած հայ գիւ­ղա­ցին ու հայ գիւ­ղը, մի խոս­տո­վա­նու­թիւն, որ նո­րերս ը­րին «Մշա­կում», կամ թէ չէ, այդ քա­ղա­քա­կիրթ բազ­մու­թիւ­նը, որ քա­նի-քա­նի ան­գամ տե­սած է եւ­րո­պա­կան ազ­գե­րու կուլ­տու­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծե­րու հա­շի­ւը, նոր կ՚ի­մա­նայ, որ իր թե­մա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ աշ­խար­հա­բար հա­յե­րէն լե­զու չկայ, եւ հա­լա­ծուած ե­ղած է իր գրա­կա­նու­թիւ­նը ա­նոնց մէջ, ինչ­պէս վեր­ջերս բա­ցուե­ցաւ «Հո­րի­զո­նի» է­ջե­րուն մէջ։

Իսկ ե­թէ մենք պէտք է զբա­ղուէինք քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, այդ ա­մե­նէն ա­ռաջ այն ըլ­լա­լու էր, որ ճշմա­րիտ հա­յեացք մը ստեղ­ծած ըլ­լա­յին, պարզ վե­րա­բեր­մունք մը  մշա­կած ըլ­լա­յինք դէ­պի այն պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ձեռ­քին տակ կը գտնուինք։ Մի գի­տակ­ցա­կան, մտա­ծուած վե­րա­բեր­մունք, որ գո­յու­թիւն չու­նի ա­մե­նե­ւին, եւ միշտ կ՚ա­ռաջ­նոր­դուինք քա­միի հո­սանք­նե­րով, նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով ու թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րով, ա­մէն ան­գամ ալ դառ­նու­թեամբ հա­շուե­լով մեր կո­պիտ սխալ­ներն ու կո­րուստ­նե­րը, ա­մէն ան­գամ ալ ա­մէն մէկս ե­տին թուով հան­դի­սա­նա­լով խե­լօք ու հե­ռա­տես, երբ ե­ղա­ծը ան­ցած է ան­դառ­նա­լի։ Եւ ուր­կէ՞ պէտք է ըլ­լայ այդ գի­տակ­ցու­թիւնն ու մտա­ծուած վե­րա­բեր­մուն­քը, քա­նի որ միան­գա­մայն տգէտ ենք մեր նոյ­նիսկ մօ­տիկ ան­ցեա­լին եւ այ­սօ­րուայ ան­ցած դար­ձա­ծին։

Այս­պէս է, դժբախ­տա­բար, եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ խորհր­դա­ծող կուլ­տու­րա­կան ժո­ղո­վուր­դը։ Ե­զո­պո­սի աստ­ղա­բաշ­խի նման, որ դի­տա­կը աչ­քե­րուն, աստ­ղե­րը դի­տե­լով, ա­ռանց իր ո­տքին տա­կի ճա­նա­պար­հը նա­յե­լու, ա­ռաջ կ՚եր­թայ ու կ՚եր­թայ կ՚իյ­նայ ջրհո­րը։

Ան­շուշտ, քա­ղա­քա­կան աշ­խարհ­էն պէտք է եր­բեմն-եր­բեմն տալ տե­սու­թիւն­ներ եւ այդ շատ հեշտ է, ո­րով­հե­տեւ պատ­րաստ կու գայ տպուած, բայց ա­ռա­ջին ու մեծ տե­ղը պէտք է բռնեն մեր աշ­խարհ­ը, մեր կեան­քը, այդ կեան­քի հար­ցերն ու ա­նոնց լուրջ, ա­մե­նա­կող­մա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, այն, որ դժուար է եւ գու­ցէ ա­նոր հա­մար ալ ա­մե­նէն քիչ տեղ ու­նե­ցած է մեր մա­մու­լի մէջ։

ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ. ԴԱՌ­ՆԱ­ՑԱԾ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐԴ

Մտած­մունք­ներ կան, որ սաս­տիկ ծանր են, բայց դուք դա­տա­պար­տուած էք մտա­ծե­լու, չէք կրնար փախ­չիլ ա­նոնց­մէ։ Ա­նոնք էն ծանր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու նման են, երբ դուք գի­տէք, որ ձեր մարմ­նի մէջ կը կրէք քաղց­կե­ղի խո­ցը, բա­րա­կա­ցա­ւի բա­ցիլ­նե­րը կամ ժան­տախ­տի թոյ­նը։ Չէք կրնար անց­նիլ ու ար­հա­մար­հել, կամ ա­նոնք պէտք է ձեզ յաղ­թա­հա­րեն ու սպան­նեն, կամ դուք պէտք է մարդ­կա­յին հան­ճա­րի տուած ա­մէն մի­ջոց­նե­րով վեր կե­նաք ցա­ւե­րու դէմ ու ա­զա­տիք, ա­ռող­ջա­նաք. ի հար­կէ, ե­թէ այդ­քան ա­րիու­թիւն ու հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ու­նիք։

Այն մար­դիկ, որ եր­կար ու լուրջ զբա­ղած են մեր ժո­ղո­վուր­դով, մեր մար­դով, միշտ ե­կած են ծանր եզ­րա­կա­ցու­թեան մը, թէ շատ չա­րու­թիւն կայ մեր հո­գիին մէջ։

Այս­պէս կ՚ը­սեն ա­նոնք եւ կ՚ը­սեն խո­ր ցա­ւով, ինչ ցա­ւով որ կա­րե­լի էր ը­սել, թէ բա­րա­կա­ցա­ւի բա­ցիլ­ներ կան իմ կուրծ­քին մէջ։

Բայց քիչ են այս տե­սակ ազ­նիւ ու քաջ մար­դի­կը։ Մեծ մա­սամբ ախ­տի գո­յու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լով հան­դերձ, ինք­զինք­նին ա­ռողջ կը հա­մա­րեն ու միշտ ու­րիշ­նե­րը կը հռչա­կեն հի­ւանդ։ Ա­մէն մէ­կը ին­քը չար չէ, կեղ­ծա­ւոր չէ, հայ­հո­յող չէ, ստա­խօս չէ, թայ­ֆա­յա­կան չէ, այդ ա­մէ­նը ի­րե­նցմէ դուրս ու­րիշ­ներն են։

Բայց, ի հար­կէ, ա­նոնց պէտք չէ հա­ւա­տալ, ոչ ալ ա­կանջ դնել։ Ճշմա­րի­տը այն է, որ մեր ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը տա­ռա­պի ծանր ու խոր բա­րո­յա­կան հի­ւան­դու­թիւ­նով մը։

Նա­յե­ցէ՛ք։

Գիւ­ղա­ցի ռանջ­պար մար­դիկ են, հա­րե­ւան, միա­սին մե­ծցած, ի­րա­րու հետ օխ­տը բե­ռը աղ ու հաց կե­րած, բայց ե­թէ մէ­կուն ար­տը լաւ է կամ ա­նա­սու­նը կը բազ­մա­նայ՝ միւ­սը նա­խան­ձէն կը հի­ւան­դա­նայ կամ ինչ­պէս ի­րենք կ՚ը­սեն՝ «ար­նով է ընկ­նու­մ»։

Վա­ճա­ռա­կան­ներ են, ա­ռու­տուր կ՚ը­նեն, թէ­կուզ մրցա­կից­ներ ալ չեն, բայց մէ­կը միւ­սի յա­ջո­ղու­թիւ­նը լսե­լուն քու­նը կը կորսնց­նէ ու այն­քան ալ իր գոր­ծի վրայ չի մտա­ծեր, որ­քան ա­նոր յա­ջո­ղու­թեան վրայ դարդ կ՚ը­նէ, ու երբ տե­ղը ե­ղած է ո­չինչ կը խնա­յէ ա­նոր գոր­ծին վնա­սե­լու հա­մար։

Հո­գե­ւո­րա­կան է. ինչ­քան վարձ ու պա­տիւ կ­­՚ու­զէք տուէք-միշտ դժգոհ է, կը բո­ղո­քէ, կը գան­գա­տի ա­նար­դա­րու­թե­նէն, եւ գի­տէ՞ք այդ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը որն է, որ իր ըն­կերն ալ նոյ­նը կը ստա­նայ կամ ան ալ կրնայ ապ­րիլ։

Քա­ղա­քա­ցի թէ գիւ­ղա­ցի՝ եր­կու­քը վէճ ու­նին ի­րա­րու հետ։ Ոչ մէկ դա­տաս­տա­նի մէջ կը վեր­ջա­նայ ա­նոնց վէ­ճը, կը տե­ւէ եր­կար տա­րի­ներ եւ յա­ճախ ի­րենց ամ­բողջ կեանքն ու կայ­քը կը դնեն այդ վէ­ճի վրայ, մին­չեւ որ կը կա­րո­ղա­նայ մէ­կը միւ­սը խեղ­դել, գետ­նին հա­ւա­սա­րեց­նել կամ եր­կուքն ել կը փճա­նան։

Մա­մուլ կայ։ Տաս­նեակ տա­րի­նե­րով ու ան­հա­մար դէպ­քե­րով փոր­ձուած է, ա՛լ հայ­հո­յանք, ա՛լ զրպար­տու­թիւն, ա՛լ ա­փաշ­կա­րա սուտ, ա՛լ չա­րա­խօ­սու­թիւն, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն։ Նեղ թայ­ֆա­կա­նու­թիւն ոչ մէկ գիւ­ղի մէջ գու­ցէ այն­քան ան­վա­յել կեր­պա­րանք ա­ռած է, որ­քան ա­նոր մէջ։ Յայտ­նի հրա­պա­րա­կա­խօս մը կը պատ­մէր, թէ պարզ կը խօ­սէին մեր խմբագ­րա­տա­նը մէջ, թէ այս կամ այն գրո­ղին, ինչ­քան ալ լաւ գրուածք հրա­տա­րա­կէ, միշտ պէտք է զար­նել, ծաղ­րել կամ լռել, մէկ խօս­քով ա­մէն կերպ աշ­խա­տիլ սպան­նել, միայն ա­նոր հա­մար, որ մե­զի հետ չէ, մեր թայ­ֆա­յէն չէ։

Այդ­պէս ալ մտէք ազ­գա­յին, հա­սա­րա­կա­կան, գրա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մէջ։ Մէ­կը միւ­սի հռչակն ու յա­ջո­ղու­թիւ­նը չի կրնար տա­նիլ։

Հի­մի ե­կէք ու­սու­ցիչ­նե­րը տե­սէք։ Դա­սե­րէն ա­ւե­լի շատ ա՛յն աշ­խա­տան­քի վրայ են, որ ի­րա­րու ո­տքի տակ փո­րեն, եւ շա­րու­նակ ո­րե­ւէ չնչին դէպք մը, որ կա­րե­լի էր ըն­կե­րա­կան շրջա­նին մէջ հեշտ վեր­ջաց­նել, ազ­գա­յին հարց դարձ­ու­ցած, տա­րի­նե­րով կը ձգտին պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­պար­հով, դա­տա­րա­նով ու մա­մու­լի է­ջե­րուն մէջ մէ­կը միւ­սին ան­ուա­նար­կել, հա­լա­ծել աս­պա­րէ­զէն ու սպան­նել բա­րո­յա­պէս… ո՛չ մի մեղ­մու­թիւն, ո՛չ մի նե­րո­ղամ­տու­թիւն, ո՛չ մի սահ­ման չա­րու­թեա­ն։­

Ին­չո՞ւ է այս­պէս։

Պարզ հաս­կ­­նա­լու հա­մար ե­րե­ւոյ­թի վրայ պէտք է նա­յիլ բնու­թեան ու պատ­մու­թեան օ­րէնք­նե­րու բարձ­րու­թե­նէն, այն լայն, խա­ղաղ ու խոր հա­յեաց­քով, որ ա­նոնք միայն կրնան տալ։ Ու­րիշ ընդ­հա­նուր հան­գա­մանք­նե­րու հետ զար­հու­րե­լի ծնող ե­ղած է մե­զի հա­մար մեր պատ­մու­թիւ­նը։ Ան եր­կար դա­րե­րով մեզ դրած է բար­բա­րոս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ոտ­քե­րուն տակ։ Իսկ ա­մէն կեն­դա­նի գո­յու­թիւն, որ ոտ­նա­տակ կ՚իյ­նայ, ե­թէ չի մեռ­նիր, կ՚այ­լան­դա­կուի, կը դառ­նա­նայ ու կը փճա­նայ։ Այս­պէս է բնու­թեան օ­րէն­քը։

Ան հա­սա­րակ վա­րուն­գի թուփն ինչ է. յայտ­նի է, որ ե­թէ ան ալ ո­տքի տակ իյ­նայ՝ ալ ա­նոր պտու­ղը չ՚ու­տուիր, այն­քան կը դառ­նա­նայ։ Ա­նոր հա­մար ալ ձե­զի թոյլ չեն տար, որ ա­նոր թու­փը ո­տքի տա­կ ը­նէք։ Այն­պէս կը դառ­նա­նայ ու կը դա­ժա­նա­նայ նաեւ մար­դը, ա­նոր հո­գին, սիր­տը, միտ­քը, ու ներ­քին դառ­նու­թիւ­նը դուրս կու տայ, կը յայտ­նուի թէ՛ աչ­քե­րուն, թէ՛ դէմ­քին, թէ՛ խօս­քե­րուն, թէ՛ գոր­ծե­րուն մէջ, ա­մէն տեղ, ա­մէն աս­պա­րէ­զէ ներս, ու ամ­բողջ կեան­քը կը դարձ­նէ դառն ու դա­ժան։ Եւ այս տե­սակ կեան­քը կ­­՚ու­նե­նայ, ա­յո՛, շատ բան, թէ՛ «յա­ռա­ջա­դի­մու­թիւ­ն», թէ՛ «կուլ­տու­րա», թէ՛ «մա­մու­լ», թէ՛ «գրա­կա­նու­թիւ­ն», թէ՛ «դպրո­ց», թէ՛ «բա­րե­գոր­ծու­թիւ­ն», բայց այդ բո­լո­րը ներ­սէն ճի­ճիի կե­րած պտու­ղի նման են, եւ կը տա­ռա­պին հիմ­նա­կան պա­կա­սու­թիւն­նե­րով, ընդ­հա­նուր ցա­ւով մը, ո­րու ճա­րը դուր­սէն ը­նել կա­րե­լի չէ։ Այդ տե­սակ կեան­քը կու տայ նաեւ տա­ղան­դա­ւոր մար­դիկ, սա­կայն ա­նոնք ալ կ՚ըլ­լան դառն ու դա­ժան։ Բայց ան չի կրնար ծնիլ ազ­նիւ մար­դիկ, բա­րի սրտեր ու բարձր ո­գի­ներ, հենց ա՛յն, ին­չ որ կեանք մը կը դարձ­նէ գե­ղե­ցիկ ու հրա­պու­րիչ եւ ժո­ղո­վուրդ մը՝ թանկ ու հա­մակ­րե­լի։

Արդ՝ ե­թէ մենք ու­նինք ազ­գա­յին ի­մաս­տու­թիւն, հո­գիի ա­րիու­թիւն եւ ա­ռողջ բնազդ­ներ, ան­կա­րե­լի է մեր աչք­ե­րը փա­կենք մեր այս ծանր հի­ւան­դու­թեան ա­ռաջ եւ չզգանք, որ մեր հո­գին շատ դառ­նա­ցած է, մեր ներ­քին մար­դը շատ փճա­ցած է, եւ ա­նոր դէմ կռուե­լու, ա­ռող­ջա­նա­լու ա­ռա­ջին պայ­մա­նը այն է, որ մենք թէ՛ մեր սրտե­րուն, թէ՛ աշ­խարհ­ի ա­ռաջ ան­կեղծ խոս­տո­վա­նինք ու ճա­ն­չ­նանք մեր դժբախ­տու­թիւ­նը։ Ա­պա թէ այդ փրկա­րար գի­տակ­ցու­թեա­ն կը հե­տե­ւին ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան բարձր ցան­կու­թիւնն ու ազ­նիւ գոր­ծը։

Ու­րիշ ճա­նա­պարհ չկայ. ներ­սէն ըլ­լա­լու է հաս­տատ փրկու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ներ­սէն փճա­ցած ենք:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016