ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ (Բ.)

ԺԱ) ՓԱՐԱՒՈՆԻՆ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ, ԱՊԱ՝ ԶՂՋՈՒՄԸ

Այս բոլոր պատահարներէն ետք, փարաւոնը կ՚արտօնէ իսրայէլացիներուն դուրս ելլել Եգիպտոսէն՝ երթալ պաշտելու համար իրենց Աստուածը։ Ահաւասիկ, այսպէս կը սկսի Ելքի պատմութիւնը։

Երբ փարաւոնը ժողովուրդը կ՚արձակէ, հակառակ անոր որ փղշտացիներու երկրին ճամբան աւելի կարճ էր, սակայն Աստուած զիրենք այդ ճամբով չ՚առաջնորդեր, որպէսզի այնտեղի պատերազմը տեսնելով՝ չզղջան ու չդառնան (Հմմտ. Ել 13.17), որովհետեւ անոնք տակաւին անկարող էին դիմադրելու փղշտացիներուն։

Աստուած զանոնք Կարմիր ծովուն անապատին մէջ կը պտտցնէ, որպէսզի դաստիարակուին, կրթուին եւ վարժութիւն ու փորձառութիւն ձեռք ձգեն։ Եւ ահա, այսպէս, Իսրայէլի որդիները գունդ առ գունդ երկրէն կ՚ելլեն։ Տէրը կը հրամայէ Մովսէսին, որ ծովուն քով բանակին։ Երբ փարաւոնը կը լսէ իսրայէլացիներուն փախուստը, կառքերով ու ձիերով ճամբայ կ՚ելլէ՝ անոնց վրայ յարձակելու համար, սակայն Տէրը Մովսէսին հրաշագործ զօրութիւն տալով՝ ծովը երկուքի կը բաժնէ եւ իսրայէլացիները բացուած անցքէն կ՚անցնին ծովուն միւս ափը, իսկ երբ եգիպտացիներ կը հասնին, Տիրոջ հրամանովը Մովսէս կը միացնէ ծովուն ջուրերը, բոլոր եգիպտացիները կը թաղուին ջուրերուն մէջ եւ ոչ ոք ողջ կը մնայ։

ԺԲ) ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԹԱՓԱՌՈՒՄԸ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ

Տէրը անոնց առջեւէն կ՚երթար, ցերեկը ամպի սիւնով անոնց ճամբան ցոյց տալու համար, իսկ գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէսզի ցերեկ ու գիշեր ընթանային ճիշդ ճամբայէն։

Այս եւ նման շատ մը նշաններով ի յայտ կու գայ Տիրոջ նախախնամութիւնը՝ հանդէպ Իսրայէլի ժողովուրդին։ Տէրը անապատին մէջ անոնց խնդրանքները կը կատարէ. անոնք ջուր կ՚ուզեն՝ ջուր կու տայ, կերակուր կ՚ուզեն՝ կերակուր կու տայ։ Այսպէսով, անոնք 40 տարի կ՚աստանդին անապատին մէջ, մինչեւ որ կը հասնին Աստուծոյ իրենց խոստացած երկիրը։

Ահաւասիկ այս միջադէպերէն ի յայտ կու գայ Աստուծոյ նախախնամութիւնը՝ հանդէպ Իրեն հնազանդողներուն, որոնց փափաքները զանց չ՚ըներ, կը պատասխանէ բոլորին եւ նոյնիսկ Իր շնորհքները աւելիով կը բաշխէ։

ԺԳ) ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ԴԷՊՔԵՐԸ

Իսրայէլի ժողովուրդին անապատի մէջ թափառած միջոցին զանազան պատահարներ տեղի կ՚ունենան. օրինակ՝ պատերազմներ շատ մը երկիրներու դէմ, որոնց բոլորէն ալ յաղթական դուրս կու գան՝ շնորհիւ Աստուծոյ օգնութեան։ Անոնց կը տրուին Տասնաբանեայ Պատուիրանները եւ կը կնքուի օրինապահութեան համաձայնութեան Ուխտը։

Անոնց անհնազանդութեան հետեւանքով սակայն, փոխան 40 օր մնալու անապատին մէջ, իւրաքանչիւր օրը կը փոխարինուի տարիով մը եւ 40 օրը կը վերածուի 40 տարիներու։ Սակայն այս տնօրինումը կը հետապնդէր նպատակ մը, ա՛յն՝ թէ պէտք է ամբողջ սերունդ մը անցնէր, որպէսզի անոնց զաւակները ժառանգէին իրենց հայրերուն խոստացուած երկիրը, որպէսզի ամբողջութեամբ մոռցուէր իրենց հայրերուն տրտունջը ընդդէմ Աստուծոյ եւ ամբողջովին նոր մտքով, պատրաստակամութեամբ ու ոգիով լծուէին Աստուծոյ ծրագրին իրագործման։

Ճշդուած 40 օրուան ժամկէտի փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ, որովհետեւ ժողովուրդը բազմիցս կ՚ընկրկի, կը տրտնջայ եւ Աստուծոյ զայրոյթը կը բորբոքէ, ուստի, Աստուած կ՚որոշէ պատժել զիրենք։ Այս փոխանակութիւնը պիտի չըլլար, եթէ երբեք անոնք հնազանդէին, չընդվզէին եւ կատարէին Աստուծոյ կամքը, որով 40 օր շրջելէ ետք պիտի ժառանգէին Աստուծոյ կողմէ խոստացուած երկիրը։ Սակայն անոնք  հակառակ ուղղութեամբ կ՚ընթանային։

Արդ, այդ 40 տարիներու թափառումները կ՚ըլլան կազմակերպումի ու նախապատրաստութեան տարիներ։ Որովհետեւ գերի ժողովուրդի մը համար դիւրին չէր յանկարծ տէր դառնալ հայրենիքի մը։ Հետեւաբար, այդ նպատակին իրագործման համար, հարկ էր, որ անոնք կազմակերպուէին ու պատրաստուէին, որովհետեւ Քանաանի բնիկները իրենց պէս անկազմակերպ խուժաններ չէին, այլ՝ պետական կեանք վարող ազգեր, ինչպէս փղշտացիք, մովաբացիք եւ այլ ազգեր։ Եւ ասոնց երկիրը գրաւելու համար, հարկ էր զինուորական վարժութիւն ունենալ՝ կարենալ պատերազմելու համար անոնց դէմ։ Այս նպատակին իրականացման համար պէտք էր, որ հին սերունդը անապատին մէջ ամբողջութեամբ չքանար եւ տեղը յառաջ գար նոր սերունդ մը, որովհետեւ հին սերունդը հազիւ դժուարութեան մը հանդիպած՝ կը տրտնջար եւ կ՚ուզէր վերադառնալ իր ստրկութեան նախկին վիճակին։ Այսպէսով, Մովսէսի մեծագոյն գործը պիտի ըլլար այդ խուժանէն ազգ կազմակերպելը։ Իր ժողովուրդը պէտք ունէր օրէնքի եւ կարգապահութեան։

Ահաւասիկ, իսրայէլացիներուն համար անապատը կ՚ըլլայ մեծ դպրոց մը, այլ խօսքով՝ նախապատրաստութեան անհրաժեշտ շրջան մը։ Եւ այսպէս, շատ մը դժուարութիւններէ ետք, վերջապէս Յեսուի օրով, կը յաջողին մուտք գործել իրենց խոստացուած երկիրը՝ Քանաան։

Այժմ պէտք է անդրադառնալ որոշ կէտերու։

1.- Եգիպտոսի, Քանաանի Եւ Կարմիր ծովու աշխարհագրական դիրքերը

Եգիպտոսը կը գտնուի Ափրիկէի հիւսիս-արեւելքը։ Կարմիր ծովը կը գտնուի Արաբական թերակղզիին արեւմուտքը եւ Ափրիկէի հիւսիս-արեւելքը։ Իսկ Քանաանը կը գտնուի Երուսաղէմի արեւմուտքը, Միջերկրականի ափին։

2.- Իսրայէլացիներուն եւ եգիպտացիներուն կրօններուն տարբերութիւնը

Իսրայելացիին զոհերը գարշելի կը թուէին եգիպտացիներուն աչքին, որովհետեւ մինչ իսրայէլացիներուն զոհերը առհասարակ կ՚ըլլային ցուլ, ոչխար, այծ, եւ այլ կենդանիներ։ Եգիպտացիներուն մօտ այդ կենդանիները որպէս աստուածներ կը պաշտուէին։ Իսրայէլի ժողովուրդին կրօնը կը հիմնուէր միաստուածութեան գաղափարին վրայ, մինչ եգիպտացիներունը՝ բազմաստուածեան։

3.- Ելքին թուականը

Ելքի թուականին մասին կան զանազան կարծիքներ, ինչպէս 1290 եւ 1495։ Հիմնուելով այն կարծիքին վրայ, թէ Սողոմոն գահ բարձրացած է 1015-ին եւ չորս տարի ետք սկսած է տաճարի շինութեան, ուստի՝ ըստ Աստուածաշունչի տուեալին, այսինքն՝ անկէ 480 տարի առաջ հաշուելով (Գ. Թգ 12.1), իբրեւ տարեթիւ կը ճշդեն 1495-ը։ Եւ ըստ Նոր Կտակարանի մէջ յիշուած ցանկին՝ 1446 տարին, նկատի առնելով, որ Սողոմոնի թագաւորութեան սկիզբը 970 տարին է։ Սակայն գիտնականներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՚ընդունի, որ տեղի ունեցած է 1438-ին, Սողոմոնի թագաւորութեան սկիզբ ճշդերով 961 թուականը։                                                 

4.- Ինչո՞ւ համար իսրայէլացիները կարճ ճամբան ձգելով երկար ճամբան նախընտրեցին

Նախապէս նշուած թիւ 13 հատուածին մէջ մեր հիմնաւորումը արդէն տուինք, սակայն կ՚ուզենք մէջբերել նաեւ Բիւզանդ Եղիայեանի կարծիքը, որպէս քննական մօտեցում այս հարցին։ Ըստ Բիւզանդ Եղիայեանի, իսրայէլացիներ Միջերկրականի եզերքը քելելով, ուղղակի դէպի Քանաան տանող ճամբայէն չգացին, որովհետեւ  այդ ճամբան հսկուած էր եգիպտական բանակներու պահակախումբերուն կողմէ։ Հետեւաբար, եթէ իսրայէլացիները այդ շրջանէն անցնէին՝ կատաղի պատերազմ մը պիտի ծագէր, եւ իսրայէլացիներէն շատեր ալ թերեւս զոհ երթային, տրտնջալով Աստուծոյ դէմ, եւ ամբողջ ծրագիրը պիտի խափանուէր։ Երկրորդ, որովհետեւ Մովսէսի ուզած ճամբան չէր։  Մովսէս կ՚ուզէր իր ժողովուրդը տանիլ իր աներոջ՝ մադիանացւոց երկիրը, այսինքն՝ Եհովայի իշխանութեան սահմանը, Սինայի թերակղզին։ Եւ ճիշդ այս հաշիւները նկատի առնելով էր, որ անոնք Կարմիր ծովէն անցան։

5.- Թէ իսրայէլացիներ իսկապէս Կարմիր ծովէն անցա՞ն, թէ՞ ուրիշ տեղէ

Աստուածաշնչական ուսուցումներու վրայ հիմնուելով  կրնանք ըսել, թէ Կարմիր ծովը ճեղքելու այդ հրաշքը իսկապէս պատահեցաւ։ Սակայն Բիւզանդ Եղիայեան, քննական պրիսմակէն դիտելով հարցը, աւելի շրջահայեաց ու քննական բացատրութիւն մը կ՚ուզէ տալ, ըսելով թէ իսրայէլացիներ Գեսեմի դաշտերէն անցան, Սոկքովթի շուրջ կուտակուեցան եւ անկէ Սինայի թերակղզին անցան, այսինքն՝ ամայի ու ճախճախուտ վայրերէն, ուր միայն պապիրոսի եղէգնուտներ կային։ Բիւզանդ Եղիայեան չի յիշեր անոնց Կարմիր ծովէն անցնիլը, այլ՝ ամայի ու ճախճախուտ վայրերէ։ Այս մէկը կ՚ըսէ, հիմնուելով այն կարծիքին վրայ, որ իրական «Կարմիր ծով»ը կը գտնուէր այս յիշուած կէտէն բաւական հեռու։ Հետեւաբար, եբրայերէնէն յունարէն եւ ապա՝ հայերէն թարգմանութեանց մէջ տեղի ունեցած տառի մը սխալագրութեան պատճառն է այս կարծիքը, որովհետեւ եբրայերէնին մէջ գործածուած է «Եամ Սոֆ» անունը, որուն «Եամ» բառը կը նշանակէ «ծով», իսկ «Սոֆ» կը նշանակէ «պրտու-եղէգ», մինչ թարգմանութեան ատեն, «Սոֆ» բառին փոխարէն «Ցոֆ» բառը կարդացուած եւ թարգմանուած է, որ կը նշանակէ՝ «Կարմիր», եւ այս իսկ պատճառով յառաջացած է այս հարցը։ Ոմանք կ՚ենթադրեն, թէ Կարմիր ծով անունը առնուած է եւ կամ առաջացած է կարմիր բուստերէն, որոնք կը պատէին եւ կամ կը սահմանագծէին անոր ծովափները եւ կը ծածկէին ծովուն գետինը։ Կան տակաւին ուրիշներ, որոնք կ՚ըսեն, թէ այդ անունը կու գայ «Edomite» եւ «Arabian» լեռներու գոյնէն, որոնք կը մօտենան անոնց «E» կոչուած ծովափներուն, ինչպէս նաեւ երկինքի ջերմութեան, որ կ՚արտացոլայ ջուրին մէջ։

Դարձեալ ըստ Բիւզանդ Եղիայեանի, տրամաբանականը այն է, որ եանցքը. տեղի ունեցած է ճահճային այդ «Եղէգնուտի ծովէն», ուրկէ կարաւանը իջաւ դէպի Սինայի թերակղզին, եւ միայն այդպիսի ճահճային վայրերու մէջ է, որ կրնար պատահիլ կառքերու անիւներուն աւազախրումը։ Եթէ իսրայէլացիներուն անցքը իսկապէս «Եղէգնուտի ծովէն» եղած է, այդ մէկը Lake Timsah-ի շրջակայքը պէտք է ըլլայ, կամ անոր մօտ տեղ մը։ Իսկ եթէ իսրայէլացիները Կարմիր ծովէն անցան կամ Եղէգնուտի ծովէն, այդ մասին չենք կրնար մանրամասնօրէն վիճիլ, սակայն կարելի է նշել որոշ բաներ, որոնք ուղղակի կը փաստեն Կարմիր ծովէն իրենց անցքը, ինչպէս օրինակ Աւետարանի այս իրողութեան անդրադարձող համարները (Գրծ 7.36, Եբր 11.29)։ Նաեւ համաձայն Ելից 10.29-ին, թէ հովը մարախները Եգիպտոսէն Կարմիր ծով ղրկեց, ուստի կը թուի, թէ ջուրը բաւարար էր մարախները խեղդելու, եւ այդ մէկը պիտի ըլլար Կարմիր ծովը եւ ո՛չ թէ Եղէգնուտի։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 28, 2018