ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ - 1

Գիտէի, որ Աստուած կայ՝ գոյութիւն ունի, քանզի Անոր անունը մեր տունի մէջ շատ կը գործածուէր: Սակայն պատկերացում չունէի, թէ ո՛ւր կը բնակի Տէրը, ինչպէ՛ս կրնամ զինքը ճանչնալ ու սիրել: Դպրոցէն ալ անգիր սերտած էի Տէրունական աղօթքը: Ի դէպ՝ դպրոցի մէջ իմ ու բոլոր համադասարանցիներուս ամենաանսիրելի առարկան կրօնն էր: Սա առարկայի հանդէպ բացասական վերաբերմունքը կապուած էր մեր ուսուցչուհիի՝ ընկեր Իսպիրեանի կերպարի հետ: Ընկեր Իսպիրեանը չէին սիրեր Ստեփանակերտի թիւ 8 միջնակարգ դպրոցի բոլոր աշակերտները: Մեր դասարանի համար շաբաթուայ մէջ ամենածանր ու անտանելի օրը հինգշաբթին էր, քանզի այդ օրը մենք՝ հինգերորդ ժամուն ունէինք կրօնի դաս: Անշուշտ ուսուցիչի բացասական կերպարը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ յոյժ կարեւոր առարկայի մը վրայ: Ինչեւէ...

Իմ պատանեկութեան տարիներուն, օր մը, իմ ոտքերը զիս հասցուցին Աստուծոյ տուն՝ եկեղեցի: Ես կապուեցայ եկեղեցիին: Սկսայ յաճախակի այցելել: Այն ժամանակ իմ բոլոր աղօթքներու մէջ կը գերակշռէր անձնական շահի հետապնդումը. անդադար Տիրոջմէ կը խնդրէի բան մը՝ առանց փորձելու զինքը ճանչնալ, սիրել ու փառաբանել...

Ամէն անգամ եկեղեցի կ՚այցելէի գաղտագողի: Իմ հաւատքը, Տիրոջ տուն այցելութիւնները կը շարժէր իմ ընտանիքի պարագաներու ծիծաղն ու քամահրանքը։ Ամէն անգամ զիս կը ծաղրէին ու կը կոչէին աղանդաւոր, պատկերացում մը անգամ չունենալով՝ ինչ ըսել է աղանդ ու աղանդաւորական: Շատ կը յուզուէի ու կը վշտանայի: Սակայն արտաքին դիմադրութիւնը զիս չկոտրեց. շարունակեցի մնալ անսասան իմ բռնած ուղիի մէջ: Իսկ այսօր անոնք, որոնք զիս ժամանակին կը ծաղրէին ու կ՚արհամարհէին՝ ապաշխարած են: Ինծի հետ միասին կ՚աղօթեն ու կը մասնակցին կիրակնօրեայ սուրբ պատարագներուն: Պատերազմը փոխեց մեզ ու մեր արժէքները:

Տէր իմ, կ՚ուզեմ հաւատքով խոստովանիլ, թէ մինչեւ Արցախի քառասունչորսօրեայ չարաբաստիկ պատերազմը իմ հաւատքը բաւականին երերուն ու շահադիտական էր: Քեզի կը դիմէի ցրած ուշադրութեամբ, կ՚աղօթէի շուրթերով, եւ միայն իմ անթիւ ու անհամար փափաքներն էր, զորս կը բխէին իմ հոգիէն ու սիրտէն: Ողորմէ՛ ինծի յանցաւորիս:

Քու տան ճամբան կը յիշէի նեղութեան պահուն: Անհեթեթ պատճառներով չէի մասնակցեր սուրբ պատարագներուդ: Իսկ մասնակցութեան պարագային ալ կ՚ապահովուէր լոկ իմ ֆիզիքական ներկայութիւնը: Կը ձանձրանայի: Միտքս զբաղած էր տարատեսակ առօրեայ ու կենցաղային հոգերով: Պատարագի աւարտի համար կը համրէի վայրկեանները: Ողորմէ՛ ինծի բազմամեղիս:

Քեզ ճանչնալու համար տարիներ առաջ եկեղեցիէն ձեռք բերի Սուրբ Գիրքը, սակայն ընթերցանութեան համար հազուադէպ կրցայ գտնել ժամանակ ու կեդրոնացում: Ներէ՛ ինձ Տէր:

Ինչպէս նաեւ ներէ՛, չար ուժերու ազդեցութեան պատճառաւ, Քու սուրբ գոյութիւնը կասկածի տակ դնելուս համար: Ներէ՛, որ ստորադասեցի Քու ծառաներդ: Ներէ՛, որ հաւատքով զօրանալու փոխարէն յաճախ տկարացայ եւ դիւրութեամբ տրուեցայ սատանայի գայթակղութեան եւ չար ուժերու ազդեցութեան:

Յիրաւի տկարացայ իմ հաւատքի մէջ, նոյնիսկ սկսայ զայն մաշեցնել: Իմ մեղքերու առուակը՝ կաթիլ-կաթիլ լեցուելով վերածուեցաւ լճակի, լիճի, այնուհետեւ դարձաւ ծով: Սակայն անտեսելով արտաքին ու ներքին բոլոր դժուարութիւնները, բարակ մազի հաստութեամբ իմ հաւատքի թելը չփրթաւ, ընդհակառակը, 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-էն սկսեալ ան նոր շունչ առաւ... 

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021