ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ԾԱՓԱԹԱՂԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

Ամառը ոչ միայն արձակուրդի շրջան է, այլեւ հայրենիքի անծանօթ վայրերը ճանչնալու, իւրովի բացայայտելու երկիրը, ուր կը բնակիս: Հայաստան աշխարհին մէջ կան բազում վայրեր, որոնք տակաւին անծանօթ կը մնան. անոնք սովորաբար խնամքի եւ ուշադրութեան կարօտ են: Ահաւասիկ գեղեցիկ կոչումով գիւղ մը՝ Ծափաթաղը: Գեղարքունիքի մարզին, Արտանիշ թերակղզիին վրայ գտնուող բնակավայր մը, ուր կ՚այցելենք վայելելու Հայաստանի արեւելեան մեղմ կլիման եւ Սեւանայ լիճը, որուն ափին կը գտնուի Ծափաթաղը:

Երեւանէն 126 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս գիւղը հասնելու համար մեզմէ մօտ երկու ժամ պահանջուեցաւ, ինչպէս նաեւ յամառ ջանքեր՝ գտնելու համար անբարեկարգ ճանապարհներու եւ սարերու մէջ ծուարած Ծափաթաղը:

Շորժա բնակավայրէն ետք, թաքսիին մէջ տեղադրուած առցանց նաւարկիչ-ուղեցոյցը հրաժարեցաւ ճամբան ցոյց տալէ, հաւանաբար հեռու ըլլալուն պատճառով քարտէսին մէջ դժուար ճանաչելի էր: Ճամբան կը հանդիպէինք հատուկենտ մարդոց, որոնք մեր հարցումին, թէ ո՞ւր է Ծափաթաղը՝ կը պատասխանէին, որ տակաւին պէտք է յառաջանանք: Ճամբան քարքարոտ էր, ամայի եւ որեւէ յոյս չկար, որ հեռաւոր սարերուն եւ դաշտերուն արանքին կրնար բնակավայր մը ըլլալ: Արդէն մութը կ՚իջնէր եւ ա՜յ քեզ զարմանք, յանկարծ լուսաւորուած ցուցանակ մը, ան ալ՝ ամերիկահայ բարերար Ճէյմս Թիւֆէնքեանի ընկերութեան տարբերանշանով, ամայութեան մէջ կը յուշէր, որ հասած ենք Ծափաթաղ:

Զարմանալի ժողովուրդ ենք: Որո՞ւն միտքէն կ՚անցնէր ներդրում ընել աշխարհէն կտրուած այդ գիւղին մէջ, կառուցել ժամանակակից պանդոկ մը, հանգստեան գօտի մը եւ կենդանութիւն հաղորդել Երեւանէն այդքան հեռու այդ բնակավայրին: Ահաւասիկ, նման գաղափար մը յղացած է ամերիկահայ ձեռնարկատէր Ճէյմս Թիւֆէնքեան եւ 2002 թուականին կառուցած այս պանդոկը, որ մաս կը կազմէ Թիւֆէնքեան աւանդական պանդոկներու ցանցին, ուր երեք նոյնանուն պանդոկներ կան: Այս մէկը թէ՛ Թիւֆէնքեանի կառուցած առաջին պանդոկն է Հայաստանի մէջ եւ թէ առաջին տարածքաշրջանային բարձր դասակարգի պութիք-պանդոկը: Թիւֆէնքեանի՝ Հայաստանի մէջ կառուցած երեք պանդոկներն ալ բարձր մակարդակով եւ իւրայատուկ ճաշակով են. այս մէկէն զատ մէկը Երեւանի մէջ է երկրորդը՝ Դիլիջանի:

Պանդոկին պատասխանատուները կը յայտնեն, որ Ճէյմս Թիւֆէնքեանի նպատակն է Թիւֆէնքեան աւանդական պանդոկներուն ծրագիրը գործի դնելու միջոցաւ, նպաստ ունենալ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական ոլորտին ու զբօսաշրջութեան զարգացման գործին, Հայաստանը այցելող հիւրերուն ծանօթացնել Հայաստանի գիւղական վայրերը, որոնք իսկական չբացայայտուած զբօսաշրջային երթուղիներ են: Հակառակ գիւղական վայրին մէջ ըլլալուն՝ պանդոկը կը տրամադրէ շքեղ սենեակներ` ձեւաւորուած Հայաստանի լաւագոյն վարպետներուն պատրաստած ձեռագործ կահոյքով, գորգերով, թանկարժէք նկարներով: Պանդոկին մէջ ամէն ինչ ձեռքի աշխատանք է՝ պահարաններէն մինչեւ տաքուկ ծածկոցներն ու բարձերը, գաւաթներն ու հայելիներուն շրջանակները: Իսկ ճաշարանին մէջ կը պատրաստուին տեղական մթերքով ուտելիքներ՝ արտասահմանցիներու ճաշակին եւ քիմիքին մօտ բաղադրատոմսերով:

Ծափաթաղը Խորհրդային Միութեան վերջին տարիներուն բնակեցուած էր ատրպէյճանցիներով եւ Հայաստանի տասնեակ ատրպէյճանաբնակ գիւղերէն մէկն էր: Գիւղին անունը նախ եղած է Քըզըլքենթ, ապա՝ Պապաճան եւ հայաբնակ դառնալէ ետք փոխուած եւ դարձած է Ծափաթաղ: Այսօր գիւղին մէջ կը պահպան-ւի ատրպէյճանցիներուն գերեզմանոցը, որուն տապանաքարերը թուագրուած են 1960-1988 թուականներով: Ազգային շարժումէն ետք, ազգամիջեան բախումներուն պատճառով, այս գիւղի ատրպէյճանցիները իրենց տուները համաձայնութեամբ մը փոխանակած են Ատրպէյճանի խումբ մը հայ բնակիչներու տուներուն հետ, այստեղ հաստատուած են նաեւ Պաքուէն եկած հայ փախստականները:

Այսօր այդ փախստականներէն քիչեր մնացած են գիւղին մէջ, եղածներն ալ կը զբաղին հողագործութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Իսկ գիւղին սակաւաթիւ երիտասարդները ներգրաւուած են Թիւֆէնքեան պանդոկին եւ պանդոկին կից գործող ճաշարանին մէջ: Ենթակառուցուածքներէն զուրկ այս գիւղին մէջ ուրիշ ոչ մէկ աշխատանք կայ: Քանի որ գիւղին մէջ կազ չկայ, ապա պանդոկը ձմեռը չ՚աշխատիր եւ միայն միւս եղանակներուն է, որ բաց է այցելուներուն: Աշխատանքի օրերուն պանդոկը պարապ սենեակներ չ՚ունենար, հիմնական այցելուները արտասահմանցի օտարներ եւ սփիւռքահայեր են:

Գիւղացիները կ՚ըսեն, որ առաջին տարիներուն, երբ կառուցուած է պանդոկը, իրենք շատ զարմացած են ի տես գիւղ եկած հիւրերուն. չեն կրցած պատկերացնել, թէ ինչ բան կը հրապուրէր զիրենք իրենց անհրապոյր գիւղին մէջ: Բայց, ժամանակի ընթացքին, հասկցած են քաղաքի աղմուկէն հեռու, լեռներու զովին տակ հանգիստ փնտռողներուն ճաշակը, որոնք ամէն անգամ դժուարութեամբ կը հեռանան մաքուր, անապական օդով յագեցած գիւղէն եւ ափսոսանք կը յայտնեն, որ նման մաքուր եւ բնական միջավայրը հեռու է կառավարութեան ուշադրութենէն:

Ծափաթաղին մասին կ՚ըսեն, թէ Հայաստանի ամենաաստղաշատ երկինքը հոս է. իրապէս, գիշերները երկինքը այնքան մօտ կ՚երեւի, որ կարծես մէկը կրնայ երկարել ձեռքը եւ բռնել հազարաւոր աստղերը… Այստեղ նաեւ անտառային պտուղներ կ՚աճին՝ ծորենի, մասուր, վարդենիի այլ պտուղներ, վայրի սալոր եւ այլն: Գիւղը հարուստ է նաեւ ընկոյզով եւ խնձորով:

Գիւղի անտառին ամբողջ երկայնքին Սեւանայ լիճին մէկ ափն է, որ վայրի լողափ է, Թիւֆէնքեան ընկերութիւնը չէ մշակած ափը, եւ իր այցելուներուն խորհուրդ չի տար հոն լողալու, քանի որ Սեւանը այս տարի հիւանդոտ վիճակ մը ունէր՝ փրփրած, տիղմակալած, կանաչած ջուրը ամէն տեղ կը հասնէր եւ ցաւ կը պատճառէր Սեւանայ լիճին ճակատագրով մտահոգուողներուն: Իսկ Սեւանայ լիճին ճակատագիրը իսկապէս մտահոգիչ է: Այս տարուան տաքին, նաեւ՝ բնապահպանական այլ հարցերուն պատճառով, լիճը կանաչած էր եւ վտանգ կը ներկայացնէր թէ՛ ափին հանգստացողներուն եւ թէ հոնկէ ջուր խմող կենդանիներուն համար:

Վերջին տարիներուն բնապահպանները աւելի կեդրոնացած են Սեւանայ լիճի բնապահպանական վիճակին վրայ, որ երթալէն աղէտալի կը դառնայ: Երբեմնի կապուտակ Սեւան կոչուած լեռնային գեղեցկուհին այսօր խեղճացած, աղտոտած վիճակ մը ունի: Անոր մէջ կը լեցուին աղբատարներ, պոչամբարներ եւ հազար ու մէկ շինարարական եւ կենցաղային թափօններ, որոնք ամբողջութեամբ խախտած են լիճին բնութեան համակարգը: Մինչդեռ Սեւանայ լիճը իր ֆիզիքական, քիմիական, կենսաբանական ցուցանիշներով ժամանակին կը նկատուէր խմելու համար պիտանի քաղցրահամ ջուրի հազուագիւտ պաշար: Դաժան շահագործումի պատճառով խախտած է նաեւ լիճին նախաբնիկ ձկնաշխարհը: Այս մէկը նոյնպէս ջուրին որակական փոփոխութիւններուն պատճառ հանդիսացած է, նմանապէս՝ ձկնագողութիւնը, ջրգողութիւնը եւ քրէական բազում գործողութիւններ Սեւանայ լիճը կեցուցած են մահուան վտանգին առջեւ:

Քիչ երկիրներ կան, որոնք օրէնքներ ունին իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող ծովերուն, լիճերուն մասին, մինչդեռ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սեւանայ լիճին մասին ունի յատուկ օրէնք մը, որուն նախաբանին մէջ գրուած է. «Սեւանայ լիճը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղցրահամ ջուրերուն ռազմավարական շտեմարանն է»: Օրէնքը կը սահմանէ նաեւ Սեւանայ լիճին, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանական, տնտեսական, ընկերային, գիտական, պատմամշակութային, գեղագիտական, առողջապահական, կլիմայական, վերականգնողական եւ հոգեւոր արժէք ունեցող ռազմավարական նշանակութեան բնական համակարգի բնականոն զարգացման, վերականգնման, բնական պաշարներու վերարտադրման, օգտագործման պետական քաղաքականութեան իրաւական ու տնտեսական հիմունքները, որոնց մեծ մասը այսօր խախտած են:

Ցաւալի է տեսնել մեր աչքին առջեւ օր ըստ օրէ նահանջող լիճին վիճակը:

Ծափաթաղի մէջ իջեւանած սփիռքահայերէն մին, կեցած Սեւանի ափին եւ նայելով հեռուն, դառնութեամբ ըսաւ. «Լիճը հիւանդ է…»:

Լիճին մասին մտորումներով հասանք պանդոկ, ուր սենեակին մէջ լուրերու ընթացքին հեռատեսիլէն լսեցինք, թէ այդ օրը Սեւանայ լիճին օրն էր: Հայաստանի մէջ 1999 թուականէն սկսեալ ամէն տարուան օգոստոսի վերջին կիրակին կը նշուի Սեւանայ լիճի օր: Իսկ այդ մէկը կը նշանակէ, որ Սեւանայ լիճին պահպանութեան ձեռնարկները այդ օրը աւելի մեծ թափով պիտի ընթանան, այդ կարգին՝ առափնեայ տարածքներուն մաքրումը պէտք է կատարեալ ըլլայ: Սակայն, Ծափաթաղէն Երեւան, տունդարձի ճանապարհին ոչ մէկ գործունէութիւն տեսանք եւ ոչ ալ առափնեայ տարածքներու մաքրութիւն, հակառակը, կար այնպիսի տպաւորութիւն, որ ափերը աւելի աղտոտ են, մարդիկ աւելի վայրենաբար վերաբերած են բնութեան եւ կերակուրի մնացորդներէն մինչեւ կերպընկալ տուփեր նետած են ափամերձ տարածքները: Ոչ միայն ցաւալի, այլեւ ամօթալի է նման տեսարաններ տեսնել այնպիսի գանձի մը ափին, որ հռչակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարստութիւններէն մէկը եւ ամբողջ հայութեան հպարտութիւնն է:

Սեւանայ լիճի մասին օրէնքին վերջին տողով նշուած է, որ օրէնքի պահանջքներուն խախտումը կը յառաջացնէ պատասխանատուութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Սակայն այսքան ժամանակ չլսեցինք, որ ոեւէ մէկը, բացի ձկնագողերէն, Սեւանայ լիճը վնասելու համար որեւէ պատասխանատուութեան ենթարկուի: Ձկնագողերն ալ, պատասխանատուութեան ենթարկուելէ եւ մանր կաշառքով ազատելէ ետք կը շարունակեն իրենց գործը, որովհետեւ կան բնակավայրեր, ուր ապրող մարդոց համար ձուկ վաճառելը ապրուստի միակ միջոցն է…

Տարիներով ունեցած զանազան հարցերուն կարգին Սեւանի համար այսօր մեծագոյն հարց մը աւելցած է. այդ մէկը Ամուլսար հանքավայրի շահագործման նախագիծն է, որ այսօր տակնուվրայ ըրած է Հայաստանի բնապահպանները: Բնապահպաններու խումբ մը օրուգիշեր կը հսկէ Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրին շրջակայքը, որպէսզի հսկայական այդ ծրագիրը, որ արտասահմանեան ներդրում մըն է, կեանքի չկոչուի: Սեւանայ լիճին փրկութեան հարցով իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, յանձնարարելով անյապաղ աշխատանքներու սկսիլ լիճը խեղդող հարցերը թեթեւցնելու համար:

Իսկ այդ հարցերը երկու կամ երեք չեն. լիճին մակարդակին ցած ըլլալը, ջրածածկ անտառներուն քայքայումը եւ սնուցիչ նիւթերու տարրալուծումն ու տարածումը լիճին մէջ. մէկ կողմէն՝ աւազանի բնակավայրերուն, ձեռնարկութիւններուն կենցաղային կեղտաջրերուն անարգել հոսքը դէպի լիճ, միւս կողմէն՝ անվերահսկելի դարձուցած են որեւէ փրկութեան ծրագիր: Ատոր ալ գումարուած են աւազանին շուրջ գիւղատնտեսութիւնն ու անասնապահութիւնը, մեծ թափով ընթացող հանքարդիւնաբերութիւնը եւ աւազանի գետերուն վրայ կառուցուած փոքր ջրաելեկտրակայաններուն շահագործումը եւ դժուար չէ երեւակայել այն կործանումը, որ լիճը լուռ կը կրէ իր անհուն խորութեան մէջ…

Մտորումները կը տանին հոն, ուր լիճին փրկութիւնը կառավարութեան ուժերէն վեր է, օտարերկրեայ ներդրում մը, մեծ դրամաշնորհ մը եւ ժամանակակից փորձագէտներու զինուած խումբ մը միայն կրնայ այս ճահիճէն հանել Սեւանայ լիճը:

Ծափաթաղի՝ Թիւֆէնքեան պանդոկին տնօրէնը ըսաւ, որ իրենք կրնան բարելաւել պանդոկին մօտ գտնուող ափերը եւ մաքրել, զտել այդ կողմի ջուրը, բայց այդ մէկը անիմաստ կը տեսնեն, քանի որ ջուրին հոսքը միւս կողմէն կրկին տիղմ, մամուռ, ցեխ, աղտ եւ ապականած ջուր կը բերէ: Ան նոյնպէս համընդհանուր մեծ ծրագիրի մը միջոցով կը տեսնէր լիճին փրկութիւնը:

Ամէն տարի տարօրինակ գոյներ կը ստանայ Սեւանայ լիճը, իսկ այս տարուան տհաճ նորութիւնը փրփուրն էր, կարծես օճառաջուր լեցուցած էին լիճին մէջ եւ փրփուրը ելած էր ջուրին վրայ: Այդ մէկը տեսանելի էր մանաւանդ Արտանիշի թերակղզիի ափերուն: Մեռնողի մը կանչն է հաւանաբար փրփուրը, ահազանգ մը, որ չլսելը անընդունելի է…

Մինչ այս տխուր իրողութեան մասին կը մտածէինք, միեւնոյն ատեն լրահոսէն տեղեկացանք, որ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորը նոյն օրը ջրադահուկներով սահած է Սեւանայ լիճին վրայ: Ֆիլիփ թագաւորին մարզական բացառիկ ունակութիւնները յաճախ կը կազմեն արքայական տօնական լուսանկարչական ծրարին կարեւոր մասը, եւ այդ առումով վերջին հոլովակը նկարահանուած է Հայաստան: Հոլովակը, որ պաշտօնապէս տարածուած է թագաւորական ընտանիքին կողմէ, ի ցոյց կը դնէ 58-ամեայ թագաւորին օր ըստ օրէ աճող հըմ-տութիւնները:

Այո, Պելժիոյ թագաւորական ընտանիքը անցնող օրերուն Հայաստանի մէջ էր: Ոչ պաշտօնական այցը գրեթէ չլուսաբանուեցաւ մամուլին կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ իր կարգին տեղեակ չէր թագաւորին, թագուհիին եւ անոնց չորս երեխաներուն հայաստանեան այցելութեան մասին, քանի որ այցը մասնաւոր բնոյթ կը կրէր եւ ընթացաւ անաղմուկ, տեղ մըն ալ՝ ծածուկ: Թագաւորական ընտանիքը Հայաստանի մէջ գտնուած օրերուն կրցաւ վարպետօրէն խուսափիլ լրագրողներէն, հանրային հայեացքներէն, իսկ այն վայրերուն մէջ ուր կը գտնուէր, հաւանաբար տեղացիները անծանօթ էին համեստ այդ մարդոց: Յետագային, պարզ դարձաւ, որ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորը, Մաթիլտա թագուհին եւ անոնց չորս երեխաները այցելած են Նորավանքի վանական համալիրը եւ թանգարաններ Երեւանի մէջ, նաեւ՝ գինիի գործարան մը Արագածոտնի մարզին մէջ: Սեւանայ լիճին վրայ թագաւորին ջրային դահուկներուն սահքի տեսանիւթէն ալ յայտնի դարձաւ, որ անոնք նաեւ Սեւանայ լիճ գացած են: Պելժիոյ թագաւորական ընտանիքը Հայաստան ժամանած է ֆրանսական կղզիին վրայ որոշ ժամանակ մը անցընելէ ետք: Թագաւորական ընտանիքը Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկ պաշտօնեայ չէ ընդունած: Մամուլը, անկարող ըլլալով հասնիլ այն վայրերը, ուր ժամանած են բարձրաստիճան հիւրերը, բաւարարուեցաւ միայն անոնց մասին նիւթեր հրապարակելով՝ յիշելով, որ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորը գահ բարձրացած է 2013 թուականի յուլիսին։ Թագաւորական գահին վրայ ան փոխարինած է իր հայրը՝ Ալպերթ Բ.-ը։ Ան Ալպերթ թագաւորի աւագ որդին է։ Երիտասարդ տարիքին, Ֆիլիփ միակ արքայազնն էր, որ պարզ կրթութիւն մը ստացած է պարզ դպրոցի մը մէջ: Յետագային ուսանած է Օքսֆորտի եւ Սթենֆորի մէջ՝ քաղաքագիտութիւն մասնագիտութեամբ: Իր կնոջ՝ Մաթիլտային հետ ապագայ արքան ծանօթացած է թենիսի խաղահրապարակին վրայ՝ 1996 թուականին: Անոնց ծանօթութիւնը եւ հանդիպումները երեք տարի թաքուն եղած են հասարակութենէն եւ թագաւորական շրջանակներէն: Մաթիլտան նոյնպէս որակաւոր համալսարանական կրթութիւն ստացած է: Անոնք ունին 10-17 տարեկան չորս երեխայ: Թագաւորական ընտանիքին մօտ աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի մէջ թագաւորական ընտանիքը տպաւորուած է տեղական խոհանոցով եւ մանաւանդ՝ գինիներով: Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի աշխատակազմը, այնուամենայնիւ, կրցած է Հայաստանէն գացած պահուն լուսանկար մը որսալ, հրապարակել զայն եւ այսպիսի գրառում մը կատարել «Բարի թռիչք…»:

Իրապէս, հետաքրքրական է Հայաստանի ամառնային կեանքը: Մէկ կողմէն կը սկսիս եւ կը հասնիս ուրիշ վայր մը… Բազմապիսի հիւրերը անպակաս են մեր երկրէն: Կը մնայ, որ մեր երկիրն ալ օրէ օր բարեկեցիկ դառնայ, թօթափէ բոլոր հոգերը, տհաճութիւնները եւ աշխարհին ներկայանայ իր ողջ թաքուն գրաւչութեամբ եւ անակնկալ այցերը, ինչպիսին կատարեց թագաւորական ընտանիքը, շատ ըլլան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018