ՏՈՍԹՈՅԵՒՍՔԻՆ ՄԻՇՏ ԱՐԴԻԱԿԱՆ (Բ.)

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները յայտնի ռուս գրող Ֆէոտոր Տոսթոյեւսքիի գաղափարներու, ստեղծագործութիւններու արդիականութեան մասին։

Տոսթոյեւսքին ուղեցոյց եղած է նաեւ կարեւոր գրողի մը՝ Ֆրանց Քաֆքայի։ Նիցչէն ըսած էր. «Եթէ մէկը ինծի հոգեբանութեան մասին բան մը սորվեցուցած է, ան Տոսթոյեւսքին է»։ Քաֆքան նոյնպէս չէր թաքցներ իր հիացումը ռուս գրողին նկատմամբ։ Քլայսթի եւ Ֆլաուպէրի հետ ան Տոսթոյեւսքին կը դասէր իրեն ամենամտերիմ գրողներու շարքին։ Միջատի կերպարը, որ բազմիցս կը յայտնուի «Ոճիր եւ պատիժ», «Նոթեր ընդյատակէն» եւ «Քարամազով եղբայրներ» վէպերու տողերուն, կը վերածուի ցնցող փոխաբերութեան՝ Քաֆքայի «Այլափոխութիւն» գիրքին մէջ: Տոսթոյեւսքիի եւ Քաֆքայի գրական «ազգակցական» կապին քննադատները բազմիցս անդրադարձած են (գուցէ չափազանցուած), բայց, միւս կողմէ, կը թուի, թէ բաւական ուշադրութիւն չէ դարձուած այն տողատակերուն, որոնք պէտք չէ անտեսել։

Ըստ Տոսթոյեւսքիի, մարդու «միջատականացում» հնարաւոր է. սա կ՚արտայայտէ իր անհանգստութիւնը կամ նոյնիսկ վախը։ Յիշենք Ռասքոլնիքովի խօսքերը, որ Սոնիային՝ իր սիրած կնոջ, խոստովանեցաւ, թէ ինք սպաննած է ծեր վաշխառու կինը։ «Իմ կարիքը դրամը չէր, որ զիս մղեց ոճիր գործելու, Սոնիա։ Դրամի իմ կարիքը աւելին չէր՝ քան այլ բաներու։ Ես հիմա կը հասկնամ այս բոլորը։ Զիս հասկցի՛ր։ Եթէ ստիպուած ըլլայի դարձեալ անցնիլ այս ճանապարհով, հաւանաբար չէի գործեր նման յանցագործութիւն մը։ Այն ժամանակ ես պէտք է սորվէի ուրիշ բան, այլ բաներ, որոնք կը կառավարէին իմ ձեռքը։ Ես ոջի՞լ էի, թէ մարդ՝ ինչպէս բոլորը: Կրնայի՞ յաղթահարել իմ առջեւ դրուած արգելքը, թէ ոչ… Կրնայի՞ համարձակիլ ծռիլ եւ վերցնել ինքնութիւնս, թէ ոչ։ Ես դողդոջո՞ւն էակ մըն էի, թէ իրաւունք ունեցող մարդ մը»։

Տոսթոյեւսքիի հերոսները կը դիմադրեն «միջատականացման»։ Տոսթոյեւսքիի հերոսը գիտէ, որ իր մասին վերջին խօսքը ինք կ՚ըսէ եւ ան կը փորձէ բարձր պահել վերջին խօսքը ունենալու իր իրաւունքը։ Սակայն, երբ դժբախտ Կրեկոր Սամսան («Այլափոխութիւն») առաւօտ մը արթնցաւ որպէս միջատ, ան նոյնիսկ պատշաճ կերպով չզարմացաւ այս տարօրինակութեան։ Այստեղ սարսափելի անհիմն պարագայ մը կայ։ Սամսայի կողմէ սեփական կերպարանափոխութեան ընդունումը, իր մարդկայնութենէն լուռ հրաժարիլը, անհանգստացուցիչ է նոյնիսկ կերպարանափոխումէն:

Մահապատիժի դատապարտուած երիտասարդ գրողներ, որոնք կը մեղադրուէին արգիլուած հրապարակումներ կարդալով եւ տպագրելով, երիտասարդներ, որոնք յանցագործութիւն կ՚իրականացնէին՝ պարզելու համար, թէ արդեօք միջա՞տ են, թէ մարդ, մարդիկ, որոնք ինքնասպանութիւն գործած են՝ աստուած դառնալու համար… Այս բոլորը կարելի է մեկնաբանել՝ որպէս իրականութեան խախտում, կամ չափազանցուած, ի հարկէ։ Յիշենք իր հրատարակիչի քննադատութիւնը Տոսթոյեւսքիի հասցէին. «Ձեր ստեղծագործութիւնները կը ծանրաբեռնէք ծայրայեղութիւններով, աւելորդաբանութիւններով»։

Ստեֆան Զվէյկ հետեւեալ տողերով զգուշացուցած է իր ընթերցողները. «Գործնական եւ խելամիտ մարդոց համար, բրիտանացիներու եւ ամերիկացիներու համար Քարամազովները չորս տարբեր խելագարներէ զատ բան մը չեն նշանակեր»:

«Անհնար է հասկնալ Տոսթոյեւսքիի հերոսները, քանի դեռ չենք յիշած, որ անոնք ռուսեր են. անոնք անդամ են ազգի մը, որ հազարաւոր տարիներ շարունակուող բարբարոսական անգիտակիցութենէն յառաջդիմած է դէպի եւրոպական քաղաքակրթութիւն: Անոնք ազատուեցան իրենց հին հայրապետական​​ սովորութիւններէն, բայց չկարողացան ընդունիլ մերինները։ Անոնք կանգնած են խաչմերուկի վրայ եւ չեն գիտեր, թէ ո՛ր ճանապարհով պէտք է երթալ։ Առանձին մարդոց անվճռականութիւնն ու երկմտութիւնը կ՚արտայայտէ ամբողջ ժողովուրդի անվճռականութիւնն ու երկմտանքը։ Մենք՝ եւրոպացիներս, կ՚ապրինք այնպէս, կարծես գողտրիկ տան մէջ ենք՝ ըստ մեր սովորութիւններուն։ 19-րդ դարու ռուսը՝ Տոսթոյեւսքիի ժամանակի, այրած է հին բարբարոսական կեանքի «փայտէ խրճիթը», բայց դեռ չէ կառուցած իր նոր տունը։ Անոնց բոլորն ալ արմատախիլ եղած, մոլորուած մարդիկ են», ըսած է նաեւ Զվէյկ։

Զվէյկի «ջերմ եւ քաղաքակիրթ» Եւրոպայի պատկերը «կը փշրուի», երբ նացիները սկսան այրել գիրքերը փողոցներու վրայ։ Հեռաւոր ու օտար Պրազիլի մէջ, ուր ան ներգաղթած էր, մահացաւ յուսահատ՝ տեսնելով, որ ոչ մէկ ապահով նաւահանգիստ մնացած է։ Ան նոյնիսկ ականատես չէր եղած, թէ ինչպէս «գործնական եւ խոհեմ» ամերիկացիները մէկ ռումբով կը սպաննեն 140 հազար մարդ՝ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս առաջ։

Վերադառնալով Տոսթոյեւսքիին՝ նոյնիսկ ներկայիս, ռուս գրողի «երկար ստուերի տակ» մեծցած իր ջանասէր ուսանողները գիտեն, որ ռումբի ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր անոր մահաբերութեամբ։ Ծայրայեղականութիւնն ու մռայլութիւնը ոչ թէ ռումբի կործանարար ուժի մէջ են, այլ՝ առանց վարանելու մեր հաւատալը, թէ ան յանուն խաղաղութեան, կարգ ու կանոնի, ողջախոհութեան, քաղաքակրթութեան եւ ժողովրդավարութեան կը պայթի։ Ամենաակնյայտնի չարիքները կը քօղարկուին ամենասուրբ հասկացութիւններու մէջ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2023