Աստրախանի ՄԷջ ցուցահանդէս
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Արմէնփրէս» հայկական լրատուական գործակալութեան ջանքերով՝ Ռուսաստանի Աստրախան քաղաքին մէջ Սեպտեմբերի 24-ին բացուած է «Հայաստա՛ն, յաւերժական իմ սէր» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն: Ցուցահանդէսը նպատակաուղղուած է տեղեկատուութիւն տրամադրելու անկախութեան տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսութեան, գիտութեան, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, մարզաշխարհի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ ձեռքբերուներուն մասին: ««Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը մեծ պատուով եւ պատասխանատուութեամբ մօտեցած է այս ցուցահանդէսներու կազմակերպման: «Շնորհակալ ենք Սփիւռքի նախարարութեան մեր գործընկերներուն, որ կրցան իրականացնել այս յոյժ կարեւոր նախագիծը: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը եւ Արցախի ազատագրական պայքարը յիրաւի պատմական նշանակութիւն ունին մեր ժողովուրդին համար, եւ յոյժ կարեւոր է, որպէսզի թէ՛ մեր հայրենակիցները Ռուսաստանի հայաշատ համայնքներուն մէջ, թէ՛ մեր բարեկամ եւ դաշնակից Ռուսաստանի քաղաքացիները «Արմէնփրէս»ի լուսանկարներուն միջոցով ծանօթանան անկախ Հայաստանի եւ Արցախի տարեգրութեան, աւելի լաւ պատկերացնեն այն արժէքները, նուաճումները, ինչ որ ունի ժողովուրդը եւ տեսնեն այն փայլուն ապագան, որ կը սպասէ մեր բոլորին», յայտնած է «Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան:
Ցուցադրութիւնը պիտի ունենայ վեց թեմաթիկ բաժին՝ «Անկախութիւնը՝ բարձրագոյն արժէք», «Դժուարին յաղթանակ», «Ազգային հերոսները», «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», «Յոյսի Հայաստան», «Հաւատքի Հայաստան. ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր»: Պիտի ներկայացուի շուրջ հարիւր լուսանկար: Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի Վոլկոկրատի մէջ: