ՆՈՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՄԱՐԱՍԸ ՄՆԱՑ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ…

Մեսրոպեան հնագոյն դպրոցներէն եղած է Ամարասը, ուր Ե. դարուն Մեսրոպ Մաշտոց բացած է Արցախի առաջին դպրոցը: Վանքը Արցախի ամենահին ու հաւատացեալներու կողմէ ամենասիրուած քրիստոնէական կոթողներէն մէկն է… Սեպտեմբերի 19-20-ը տեւած ռազմական գործողութիւններու ժամանակ Ամարասը գրաւուեցաւ Ատրպէյճանին կողմէ: Պատմական վանքը մնաց սահմանէն անդին՝ արժանանալով 44-օրեայ պատերազմէն ետք հոն մնացած միւս հայկական վանքերու, եկեղեցիներու, կոթողներու ճակատագրին: Ամարասը Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղին մօտ, Խազազ եւ Լուսաւորիչ սարերուն միջեւ ինկած գոգահովիւտին վրայ կառուցուած հնագոյն վանական համալիրն է, որ հին ժամանակ մտած է Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Միւս Հաբանդ գաւառի մէջ…

Հայ պատմիչներու վկայութիւններուն համաձայն՝ Ամարասի վանքին եկեղեցին հիմնած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ Դ. դարու սկիզբը. կառուցումը իր աւարտին հասցուցած է անոր թոռը՝ Գրիգորիս Եպիսկոպոսը։ Եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը թաղուած է Գրիգորիսը՝ Աղուանքի մէջ քրիստոնէութիւն տարածելու իր առաքելութեան ընթացքին՝ 338 թուականին նահատակուած:

Ըստ աւանդութեան, Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի մէջ դպրոցը հիմնած է Ե. դարու սկիզբը: Վանքը Դադիվանքի ու Գանձասարի նման դարեր շարունակ կազմակերպած է Արցախի եւ մերձակայքի հայութեան հոգեւոր կեանքը, կրթած բազմաթիւ սերունդներ, հայ քրիստոնեայ պահած արցախցին:

Ըստ Մովսէս Կաղանկատուացիի՝ 489-ին Աղուանքի Վաչագան Գ. բարեպաշտ թագաւորը Ամարասի մէջ վերագտնելով Գրիգորիսի գերեզմանին տեղը, վրան մատուռ մը կառուցած է, միաժամանակ աւարտին հասցուցած՝ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները։ Ե. դարէն ի վեր Ամարասի վանքը դարձած է շրջանին ամենէն մեծ կրօնական կեդրոնը։

821-ին վանքը ասպատակած են արաբները։ Ըստ Ստեփանոս Օրբելեանի վկայութեան՝ 1293-ին մոնկոլ-թաթարներու Պայտու խանը կողոպտած է վանքը՝ իբրեւ աւար վերցնելով Ս. Գրիգորիսի գաւազանն ու երեսունվեց ակներով ընդելուզուած ոսկեձոյլ խաչ մը։ Ամարասի վանքը աւերուած է նաեւ 1387-ին՝ Լենկթիմուրի արշաւանքներուն ատեն։ Ըստ աւանդութեան, Լենկթիմուր իր զօրքերը շարած է Ամարասէն մինչեւ Արաքս գետ եւ հրամայած է վանքին քարուքանդ պատերուն քարերը իրարու փոխանցելով թափել Արաքսին մէջ։ Սակայն, դարձեալ ըստ աւանդութեան, ասպատակիչները հազիւ հեռացած, վանքը վերստին կանգնուած է իր նախկին շուքով։ Վանքը բարեկարգուած է ԺԶ. դարու երկրորդ կէսին։ Վարանդայի մելիքներէն մէկը զայն նորոգած եւ պարսպապատած է ԺԸ. դարուն, կառուցած բազմաթիւ օժանդակ շինութիւններ։

Վանքը իր անընդմէջ գործող դպրոցով շարունակած է մնալ իբրեւ կրօնական եւ մշակութային կեդրոն։ ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերուն հոս գրուած եւ ընդօրինակուած են բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ։ ԺԷ. դարու երրորդ քառորդին վանքը նորոգուած է Գանձասարի Պետրոս Կաթողիկոսին կողմէ։

ԺԹ. դարու երկրորդ քառորդին Ամարասի վանքային համալիրը, որ ունէր Ժէ. դարուն կառուցուած բաւական ուժեղ պաշտպանական համակարգ մը, օգտագործուած է իբրեւ ամրոց, իսկ 1832-1847 թուականներուն ծառայած է իբրեւ ռուս-պարսկական սահմանի մաքսատուն։ 1848-ին վանքը յանձնուած է Գանձասարի Մետրապոլիտ Պաղտասարին։ Խարխլած եկեղեցին վերականգնուած է 1858-ին՝ շուշեցի հայերու օժանդակութեամբ, իսկ 1898-ին շուշեցի ճարտարապետ Միքայէլ Տէր-Իսրայէլեանցի կողմէ պատրաստուած է Գրիգորիսի նոր տապանաքարը։ ԺԹ. դարու վերջը վանքը ունէր կալուածներ՝ վարելահողեր, այգի եւ ջրաղաց։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք լքուած եւ ամայացած էր՝ արձանագրուած Ատրպէյճանի հայկական թեմին մէջ: Վերաբացուած է 1992 թուականին իբրեւ Արցախի թեմի գործող վանք։ Ատկէ ետք հարիւրաւոր այցելուներ կ՚ունենար վանքը, զայն ուխտավայր էր եւ անցեալի յիշատակներուն հաղորդակցուելու բացառիկ սրբատեղի: Հոն կը կազմակերպուէին արցախեան մշակութային փառատօներ, հոգեւոր ձեռնարկներ…

2019 թուականէն ի վեր կը տարուէին Ամարասը վերանորոգելու աշխատանքներ, որոնք 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի պատճառով որոշ ժամանակով ընդհատուեցան, ապա վերսկսան՝ պատերազմի աւարտէն շրջան մը անց: Մինչ սեպտեմբերեան վերջին դէպքերը՝ աշխոյժ կերպով կ՚ընթանային վերանորոգման աշխատանքները:

2021 թուականի յունիսին Արցախ կատարած եռօրեայ այցի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելած էր Ամարասի վանական համալիր… Վեհափառ Հայրապետը Արցախ տարած էր մեր հաւատի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուող մասունքները՝ որպէս օրհնութեան եւ մխիթարութեան աղբիւր Արցախի բարեպաշտ ժողովուրդին համար։

Իննամսեայ շրջափակման ընթացքին արցախցին իր մխիթարութիւնը եւ լաւ օրերու յոյսը գտած է նաեւ Ամարաս այցելելով եւ հոն աղօթելով… Ամարասէն խաղաղութիւն կը հայցէին արցախահայերը: Սեպտեմբերեան պատերազմը վերջ դրաւ ամէն ինչին… Յոյսեր կը փայփայենք, որ Ատրպէյճանը չ՚ոչնչացներ հայոց այս վանքը, որով Արցախի մէջ սկիզբ դրուեցաւ հայոց դպրութեան:

Այսօր արդէն մարդիկ կրկին կը մտաբերեն այն օրերը, երբ Ամարասն ու Արցախի հայկական վանքերը արձանագրուած էին Ատրպէյճանի թեմին մէջ:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԵՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ

Ժամանակակից Ատրպէյճանի տարածքին առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուած է տակաւին 500-ին, երբ չկար Ատրպէյճանը, բայց կար Պաքու հնագոյն քաղաքը եւ հոն ալ առաջինը կը կառուցուի հայկական եկեղեցին: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր հայկական բնակավայր այդ տարածքին ունեցած է առնուազն մէկ եկեղեցի՝ շրջապատուած սրբավայրերով ու ուխտատեղիներով։ Հայկական եկեղեցիները ընդգրկուած եղած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շամախի թեմին մէջ։ Թեմի սկզբնաւորման ստոյգ թուականը յայտնի չէ։ Սակայն ստոյգ է, որ 16-րդ դարուն այն գոյութիւն ունեցած է, եւ իր ենթակայութեան ներքոյ գտնուած են Շաքիի (Նուխի) եկեղեցիներն ու վանքերը։ Շամախի թեմի առաջնորդանիստն էր 1660-էն Սաղիանի (Սաղեան) Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքը։ Ցարական կառավարութեան՝ 1836-ի մարտի 11-ի ընդունած կանոնադրութեամբ Քուր գետի ձախափնեակի հայահոծ շրջաններուն մէջ ստեղծուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին ենթակայ երկու առաջնորդական թեմեր (Արցախի, Շամախի) եւ մէկ յաջորդական վիճակ։ Շամախի կամ Շիրվանի թեմը ընդգրկած է Կէօքչայի, Շամախի, Ղուպայի, Սաղիանի, Պաքուի շրջանները եւ Տերպենտ քաղաքը։ Կանոնադրութեամբ Շաքին եւ Լենկորանը յանձնուած են Արցախի թեմին։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովհաննէս Եպսկ. Շահխաթունեանցի օրօք 1838-ին առաջնորդանիստը Սաղիանէն տեղափոխուած է Շամախի, եւ տեղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին (որ կառուցուած է 1701-ին) դարձած է առաջնորդանիստ։ Նոյն թուականէն գործած է թեմի վիճակային ատեանը: 1853-ին թեմէն ներս գործած են 34 եկեղեցի, եղած է 31 հոգեւորական։ 1869-ին Պաքուի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցումէն յետոյ, եկեղեցական գործերը վարելու նպատակով, 1872-ին Էջմիածնի Սինոդի հրամանագրով ստեղծուած է Պաքուի հայոց եկեղեցիներու գործակալութիւն։ 1890-ին թեմի տարածքին կային հայաշատ բնակչութիւն ունեցող չորս քաղաք (Պաքու, Ղոպբա, Շամախի, Տերպենտ), 48 հայկական գիւղ, 39 եկեղեցի եւ երկու վանք (Սաղիանի Ս. Ստեփանոս Նախավկան եւ 1688-ին հիմնուած Մէյսարիի Ս. Աստուածածինը)։

1905-ին հիմնադրուած է Պաքուի հայոց ծխական հոգաբարձութիւնը։ Զբաղած է եկեղեցիներու, դպրոցական շէնքերու, աղքատանոցներու կառուցման, պահպանման ու վերաբացման աշխատանքներով։

Պաքուէն 24 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ Պուզովնա նախկին հայկական գիւղին մէջ յայտնաբերուած են 12-13-րդ դարերուն թուագրուող եկեղեցւոյ աւերակներ։ Նոյն ժամանակաշրջանին կը պատկանին Զայզիտ գիւղի (Շաքիի շրջան) Ս. Գէորգ եկեղեցին, Ս. Եղիշէ Առաքելոց վանքը եւ 1311-ին գիւղի մերձակայքը կառուցուած մատուռը: Ուռեկան (Մեծ Սէօկութլու) գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1482-ին, նոյն տեղը նոյնանուն եկեղեցի կառուցուած է 1671-ին:

1914-ին թեմի տարածքին հայերու թիւը 133 հազար էր: 1916-ին գործած է 39 եկեղեցի, որմէ 14-ը՝ Շամախիի, 17-ը՝ Կէօքչայի, 2-ը՝ Ղուպայի գաւառներուն մէջ, 5-ը՝ Պաքու եւ 1-ը՝ Տերպենտ։ 1917-ին Պաքուի մէջ գործած է «Պաքուի հայ քահանաներու միութիւն»ը։

1918-ի մարտի վերջին Շամախիի մէջ բռնկած հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ թաթարները այրած են թեմի առաջնորդարանն ու վիճակային ատեանը։ Թեմը մեծ վնասներ կրած է 1918-ի յունիս-սեպտեմբեր ամիսներուն: Թեմակալ Տ. Բագրատ Եպսկ. Վարդազարեան Կէօքչայ եւ Շամախի գաւառներու կոտորածներէն փրկուած հայերուն հետ գաղթած է Պաքու, 1918-ին Շամախիէն Պաքու տեղափոխած է թեմի առաջնորդարանն ու վիճակային ատեանը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին դարձուցած՝ առաջնորդանիստ։

Պաքուի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն յետոյ թեմի առաջնորդարանն ու վիճակային ատեանը դադրած են գործելէ։ 1920 թուականի օգոստոսին թեմը ժամանակաւորապէս միացած է Գանձակի փոխանորդութեան, իսկ Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Սուրենեանց Կաթողիկոսի՝ սեպտեմբերի 3-ի կոնդակով Թաշքենթի, Սամարղանտի, Անտիժանի, Կոկանտի, Աշխապատի, Չարջոուի, Ղըզլ Արւատի, Նոր Պուխարայի, Քրասնովոտսքի եւ Չաքիչլարի հայկական եկեղեցիները, վանքերը, մատուռներն ու ուխտատեղիները միացուած են Շամախի թեմին եւ միասնաբար կոչուած՝ Պաքուի եւ Թուրքեստանի թեմ։ 1921-ին Գանձակի փոխանորդութիւնը առանձնացուած եւ կամզած է համանուն առանձին թեմ։ 1922-ին ստեղծուած է Պաքուի եւ Թուրքեստանի թեմական խորհուրդը, քանդուած են հայկական եկեղեցիները (Պաքուի Ս. Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս, Շամախիի Ս. Աստուածածին եւ այլն), աքսորուած եւ գնդակահարուած են մեծ թիւով հոգեւորականներ։ 1941-1945 թուականներու մեծ պատերազմէն յետոյ Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Կաթողիկոսը ձեռնամուխ եղած է Հայ Եկեղեցւոյ թեմերու վերակազմաւորման եւ վերաբացման աշխատանքներուն։ 1945-ին Արցախի ու Գանձակի թեմերը միաւորուած են Պաքուի եւ Թուրքեստանի թեմին, ուր գործած են միայն Պաքուի եւ Գանձակի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները (1945-էն)։ Թուրքեստանի մէջ հայկական գործող եկեղեցիներ չըլլալու պատճառով թեմը կոչուած է Ատրպէյճանի թեմ, առաջնորդանիստը մնացած է Պաքուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Այդ ժամանակ ալ թեմական խորհուրդի հրաւէրով Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութիւններ կատարած է Ատրպէյճանի թեմ: 1988-1990-ին յայտնի դէպքերէն ետք, շուրջ 350 հազար հայերու բռնագաղթի պատճառով թեմը դադրած է գործելէ: 1989-ի դեկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հրկիզուած է ատրպէյճանցիներու կողմէ: Թեմի վերջին առաջնորդն էր Տ. Անանիա Եպսկ. Արապաճեանը (1981-1989 դեկտեմբեր):

(Ըստ Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի նիւթերու)

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ԱՅՑԸ ԱՐՑԱԽ

1957 թուականի սեպտեմբերին Ատրպէյճանի հայոց թեմը կ՚ապրի պատմական օրեր. թեմ կ՚այցելէ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը: Ամէնուր ջերմ ընդունելութիւն էր, տեղի կ՚ունենար նաեւ Հայրապետական պատարագ, ժամերգութիւններ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ:

Սեպտեմբերի 25-ին կաթողիկոսը իր շքախումբով կը հատէ Ղարաբաղի սահմանը: Վեհափառ Հայրապետը կը հանգրուանէ Ստեփանակերտի մէջ, կ՚այցելէ Շուշի, Գանձասար եւ Ամարաս:

Ամարասի հնագոյն վանքը այդ ժամանակ կը գործածուէր իբրեւ ծխախոտի չորանոց: Ամարասի մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը հանդիպի քանի մը հողագործներու:

Առանձնապէս տխուր էր պատկերը Շուշիի մէջ.

«Մենք դառն կսկիծով ականատես եղանք աննկարագրելի տեսարանի մը: Փլած գմբէթէն զատ, եկեղեցւոյ բոլոր դռներն ու պատուհանները հանուած էին, երբեմնի այս աղօթավայրը ուղղակի վերածուած էր անասուններու ախոռի: Մենք եւ մեր ուղեկիցները ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս երկու կովեր կը նիրհէին եկեղեցւոյ սեղանին վրայ, իսկ եկեղեցւոյ ամբողջ յատակը լեցուն էր անասնաղբով», յուշերուն մէջ գրած է Վեհափառ Հայրապետը:

Տակաւին Ստեփանակերտին մէջ Վազգէն Ա. Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կը ներկայացնէ հայկական եկեղեցիներու ցանկ մը՝ ակնկալելով անոնց բացումը: Ան կը խնդրէր Հայ Եկեղեցւոյ տնօրինումին վերադարձնել Գանձասարը, Ամարասը, Ստեփանակերտի աղօթատունը, Կիրովապատի շրջանը գտնուող Չոլակ կոչուող ուխտավայրը, Նուխի, Զաքաթալա, Նախիջեւան քաղաքի եկեղեցիները: Կը խնդրէ նաեւ «տեղական իշխանութիւններու օգնութեամբ Շուշիի հայկական մայր եկեղեցին մաքրել աղբէն, դռներ ու լուսամուտներ պատրաստել՝ այնտեղ նախիրի մուտքը արգիլելու համար»:

Վեհափառի խնդրանքը, բնականաբար, կ՚անտեսուի: Եւ միայն 1989 թուականին, Արցախի շարժումէն յետոյ, Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին բախտ կը վիճակի Հայրապետական կոնդակով վերահաստատել Արցախի թեմը:

Արցախի թեմը, ինչպէս ողջ Արցախը, այսօր ծանր օրեր կ՚ապրի: Թեմի առաջնորդանիստ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին գրաւուած է… 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջնորդանիստը Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածինը դարձաւ, ուր վերջին պատարագը պատերազմէն երկու օր առաջ մատուցուեցաւ՝ Խաչվերացի տօնին…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023