ԳՆԱՀԱՏԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Ժամանակը աղբիւր է, որ հնարաւոր չէ դադրեցնել, շրջել, տեղափոխել, գնել, փոխարինել: Բազմաթիւ մտածողներ մարդու երջանկութիւնը կը կապեն ժամանակի գնահատման, իսկ «աղէտը»՝ ժամանակ կորսնցնելու հետ։ Բայց երբեք կը մտածե՞նք, թէ անդառնալի է ժամանակի մսխումը։ Արդեօք տեղեա՞կ ենք, թէ որքան կարեւոր է ժամանակը՝ անկախ մեր զբաղեցուցած պաշտօններէն, մեր ունեցած մասնագիտութենէն, դիրքէն, հարստութենէն… Արդեօք գիտե՞նք, թէ անցած վայրկեան մը, նոյնիսկ րոպէ մը կարելի չէ վերադարձնել։ Արդեօք օրացոյցի կամ ժամացոյցի գիւտի եւ օգտագործման հիմնական պատճառներէն մին ժամանակի գնահատումը չէ՞։
115 տարի… Սա ոմանց համար կրնայ պարզ թիւ մը նշանակել, բայց այդ 115 տարուան մէջ ինչե՜ր չեն արձանագրուած պատմութեան էջերուն. ոմանք մոռցուած են, ոմանք կը պայքարին չմոռցուելու համար, իսկ ոմանց անունը այդ էջերուն փորագրուած է ոսկի տառերով։
115 տարիներու ընթացքին, իւրաքանչիւր վայրկեան վեհ նպատակի մը համար օգտագործել, որդեգրած սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով ու պատասխանատուութեան գիտակցումով՝ անձնուիրաբար, անդադար աշխատիլ եւ մանաւանդ՝ «ժամանակի» գիտակցութեամբ ու գնահատումով արդիւնաւորապէս ծառայել իր նպատակին՝ անդուլ, անխոնջ ու անզիջում… Ահաւասիկ, ճիշդ այսպէս է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 115 տարուայ ճանապարհորդութեան համառօտ նկարագրութիւնը։ 115 տարի ծառայել իր ընթերցողներուն՝ անդրադառնալով ազգային, եկեղեցական, մշակութային, քաղաքական կեանքին…
Գօչունեան ընտանիքի արժանաւոր զաւակներուն կողմէ իրագործուած, մարմին ստացած տեսիլքը՝ 115 տարի շարունակ…
Ահաւասիկ, տարի մը եւս անցաւ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երկար ճամբորդութեան վրայ աւելցաւ տարի մը եւս…
Հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր՝ 2022 թուականը, աւելի քան դարէ մը ի վեր ԺԱՄԱՆԱԿ յաջողած է իր նպատակին մէջ եւ լաւագոյնս կատարած է իր դերը՝ միշտ եռանդուն, անխափան ծառայելով նաեւ հանրութեան, ինչ որ, անշուշտ, լուրջ ու բծախնդիր աշխատանք, ուշադրութիւն ու կարգապահութիւն կը պահանջէ։
Որպէս երկարակեաց հաստատութիւն, միշտ գնահատելի են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի օգտաշատ, արդիւնաբեր տարիները, նաեւ որքա՜ն գովելի են անոր կեանք տուած, գոյապահպանման ու գոյատեւման նպաստածները, թէ՛ իրենց մարդուժով եւ թէ՛ սեփական միջոցներով անոր սատարողները…
Անշուշտ, դիւրին գործ մը չէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նման դարաւոր պատմութեամբ հաստատութեան մը պարտաճանաչօրէն, անխափան իր գործունէութեան շարունակելը, ամէն օր իր ընթերցողներուն մատուցել բծախնդիր աշխատանքի մը արդիւնքը։ Հակառակ բազմաթիւ նեղութիւններու ու դժուարութիւններու, աննկուն կամքով ու հայ գիրին ու գրականութեան նկատմամբ ունեցած հաւատարմութեամբ յաղթահարած է այդ բոլորը եւ ահաւասիկ այսօր՝ 28 հոկտեմբերի մը եւս վերստին մարտահրաւէր կը կարդայ սրընթաց ժամանակին եւ կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը։
Մամուլը ընկերային աշխարհի լոյսն է։ Եւ խաւարը յաղթելու եւ լոյսին յաղթանակը հռչակելու ճանապարհին մարդկութեան ճամբան լուսաւորող փարոս մըն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ լոյս սփռած է ու կը շարունակէ սփռել ժամանակին վրայ՝ անցեալին ու ներկային, մարդկային ընկերութեան։ Աւելի քան դարէ մը ի վեր իր ծանրակշիռ դերակատարութեամբ, ընթերցողներն ու աշխատակիցները իր անուան տակ համախմբելով մեծ ընտանիքի մը վերածուած ԺԱՄԱՆԱԿ-ը խաւարի դէմ տարած մաքառումով, նուիրումի ոգիով, միտքերու լուսաւորումով այս տարի եւս խանդավառութեամբ կը նշէ երկարակեացութեան յաղթանակը իր աշխարհատարած «ընտանիքով»։
Իմ անկեղծ մաղթանքն է, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը շարունակէ իր ընթացքը անշեղ, հաստատ ու վճռական քայլերով ու ողջունէ նորանոր յոբելեաններ՝ միշտ վայելելով տարեդարձի երջանկութիւնն ու խանդավառութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ