ՔԻՉ ՄԸ ԾԻԾԱՂ
Երեւանի մէջ օրը այսօր սովորականի պէս չժպտաց ինծի։ 2019 թուականի աշնան աւարտին մնացին հաշուուած օրեր։ Կարծեմ այս փաստէն է, որ այսօր աշունը որոշած է կիտել յօնքերը։ Նոյնիսկ հրաման չտուաւ, որ արեգակը հեռուէն, ինչպէս միշտ, թոյլ ժպտի մեզի։ Ընդհակառակն՝ թախծոտ աշնան թոյլտուութեամբ ամպերը այժմ խնջոյք կ՚ընեն. երկինք ու երկիր պատելով մոխրագոյնի յիսուն երանգներով։
Պատուհանէս դուրս օրը տխուր է։ Սենեակիս ջերաստիճանն ալ՝ 18 աստիճան, այսինքն պաղ։ Այս տողերը գրելու ընթացքին կը մսին մատներս։ Սակայն վերմակի տակ հաճելիօրէն տաք է։ Պէտք է խոստովանիմ, որ բաւական կարօտցած էի հայաստանեան պաղ օդը, մասնաւորապէս անոր միախառնումը տաքի հետ՝ ներսը տաք, դուրսը պաղ։
Առտուընէ ի վեր կը խորհիմ ի՞նչ գրել։ Նոյնիսկ քանի մը անգամ գրեցի-սրբեցի։ Ի վերջոյ որոշեցի թախծոտ օրը ներկել ծիծաղով, ան ալ ոչ հասարակ՝ այլ լիաթոք։
Եւ այսպէս, սիրելի ընթերցողներ, կը ցանկամ ձեզի հետ կիսուիլ քանի մը զուարճախօսութիւններ, որոնց գլխաւոր հերոսները մեծաւ մասամբ սփիւռքահայերն ու հայաստանցիներն են։
***
Սփիւռքահայ մը կու գայ Հայաստան ու վստահաբար կը յայտարարէ.
-Համբերէ՛ ու տե՛ս, թէ ինչպէս տարի մը վերջ մենք ոտքի պիտի ելլենք, պիտի բարգաւաճինք։
Տարի մը անց վերջինիս ընկերը կը հեռաձայնէ իրեն.
-Հը՞ կրցաք ոտքի ելլել։
-Անշուշտ, երէկ վերջին աթոռն ալ ծախեցինք։ Այլեւս ոտքի ենք։
***
Այս զուարճախօսութիւնն ալ կը վերաբերի առաջին անգամ Հայաստան այցելած, Հայաստանը վարդագոյն ակնոցներով դիտած սփիւռքահայուն։
Եւ այսպէս, մէկը կը մեռնի ու կը յայտնուի դրախտի մէջ: Ատեն մը վերջ կը ձանձրանայ միապաղաղ դրախտային կեանքէն ու կը դիմէ պատասխանատուներուն.
-Կ՚ուզեմ անգամ մը երթալ դժոխք։ Նայիմ հոն ինչ կայ չկայ։
Պատասխանատուները կը յարգեն վերջինիս խնդրանքը եւ զայն մէկ օրով կը ղրկեն դժոխք։ Մարդը կ՚երթայ ու ի՞նչ տեսնէ. բոլորը նստած քէֆ-ուրախութիւն կ՚ընեն, կ՚երգեն ու կը պարեն։ Անտարբեր չմնալով ան ալ կը միանայ զուարճացողներուն ու աղուոր մը կ՚ուրախանայ…
Կը վերադառնայ դրախտ, դիմում կը գրէ, թէ կ՚ուզէ դժոխք երթալ։ Պատասխանատուները կը զգուշացնեն.
-Յարգելիս, գիտցած ըլլաս, որ դժոխք երթալը անվերադարձ է։
-Հոգ չէ,- ինքնավստահ կ՚ըսէ ան։
Կը ղրկեն։ Երբ դժոխքի դուռը կը բացուի, սատանան կը բռնէ անոր օձիքէն եւ ուղիղ կը տանի դէպի եռացող կաթսայ։
-Կեցէ՛ք, կեցէ՛ք, իսկ ո՞ւր մնաց խորովածը, գինին, քէֆ-ուրախութիւնը…
-Այ մարդ, այն ատեն դուն զբօսաշրջիկ էիր, զբօսաշրջիկ…
***
Սփիւռքահայ մը կու գայ Հայաստան հարսանիքի։ Հայաստանցի բարեկամը կ՚ըսէ.
-Եկուր, երթանք քեզի շոր մը առնենք։
Սփիւռքահայը մինչեւ հոգւոյն խորքը կը վշտանայ։
-Չես ամչնար, զիս կը ծաղրես…
***
Երկու հայաստանցի տղամարդ ու սփիւռքահայ կին մը վերելակ կը նըս-տին։ Ձեռքերը տոպրակներով լեցուն կինը կ՚ըսէ.
-Խնդրեմ, կոխեցէ՛ք։
Հայաստանցի տղամարդիկ իրարու նայելով կը շուարին…
(Հայաստանի մէջ կոխել բառը բաւական գռեհիկ կը հնչէ։ Հայաստանցիները ի փոխարէն կոխելու, կը գործածեն՝ սեղմել)։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան