ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ «ՀԱՆԴԷՍ ԱՄՍՕՐԵԱՅ»Ի ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ

Յատկանշական է, որ Վիեննայի մէջ 1887 թուականին հիմնուած «Հանդէս ամսօրեայ» ամսագիրը այսօր կը տպուի Հայաստանի մէջ: Ամսագիրը, որ հայ մամուլի պատմութեան կարեւորագոյն անուններէն մին է, մաս կը կազմէ նաեւ աւստրահայ մամուլին, ինչպէս նաեւ իր ուրոյն տեղը ունի Աւստրիոյ մամուլի պատմութեան մէջ: Վիեննայի մէջ ծնած եւ հայրենիքի մէջ հանգրուանած ամսագիրը այսօր 135 տարեկան է:

Հայաստանի Ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի մեծ ցուցասրահին մէջ բացուած է հնագոյն հայագիտական ամսագիրներէն մէկուն՝ «Հանդէս ամսօրեայ»ի 135-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած է աւելի քան 70 միաւոր գրականութիւն, որուն մէջ՝ ամսագիրի զանազան տարիներու հրատարակութիւններ, ամսագիրի մասին յիշատակումներ ունեցող գիրքեր, թերթեր, լուսանկարներ, ուշագրաւ փաստաթուղթեր: Ցուցահանդէսին բացումի խօսք ըսած է գրադարանի գիտական եւ ընթացիկ մամուլի ընթերցասրահի վարիչ Արեւիկ Զախարեան, որմէ յետոյ հայագիտութեան մէջ «Հանդէս ամսօրեայ»ին դերը եւ նշանակութիւնը ներկայացուցած է օրուան բանախօսը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան։

Բանախօսը շեշտելով հայագիտական մամուլի, մասնաւորապէս «Հանդէս ամսօրեայ»ին եւ «Բազմավէպի»ին դերը մեր պատմութեան ընթացքին, նշած է. «Հանդէս ամսօրեայ»ի ընթերցողներն ու գիտական հանրութիւնը կը շնորհաւորեմ ամսագիրի 135-ամեակին առթիւ։ «Հանդէս ամսօրեայ»ն միշտ ո՛չ միայն տպագրած է հայ գիտնականներուն յօդուածները, այլեւ խնամքով, կարելի է ըսել՝ խուզարկու աչքով դիտարկելով եւրոպական հրատարակութիւնները եւ մամուլը, թարգմանաբար ներկայացուցած է Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող հայագիտական հրատարակութիւնները, որոնք վերաբերած են հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ գրականութեան։ Հետեւելով «Հանդէս ամսօրեայ»ի հրատարակութիւններուն, կրնանք հետեւիլ Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան պատմութեան»։

Վարդան Դեւրիկեան Ազգային գրադարանի ղեկավարութեան յորդորած է յառաջիկայ մատենագիտական ծրագիրներուն մէջ ներառել «Հանդէս ամսօրեայ»ի ամբողջական վերլուծական մատենագիտութեան կազմման աշխատանքը, ինչ որ շատ անհրաժեշտ է հայագիտութեան համար: Ինչպէս նաեւ առաջարկ կատարուած է նշուած հնագոյն ամսագիրները ընդգրկել միջազգային գիտական ամսագիրներու թուային շտեմարաններուն մէջ, որ արդէն ամսագիր մը միջազգայնօրէն ճանաչելի դարձնելու նորագոյն ձեւերէն է:

Յատկանշական է, որ Վենետիկի եւ Վիեննայի մէջ Մխիթարեան հայրերու կողմէ հրատարակուած են աւելի քան մէկ տասնեակ պարբերականներ, որոնցմէ «Բազմավէպ» (1843 թուական, Վենետիկ) եւ «Հանդէս ամսօրեայ» հանդէսները լոյս կը տեսնեն մինչեւ օրս: Ցուցահանդէսին յատուկ նշուեցաւ նաեւ «Բազմավէպ»ին դերը՝ հայ մամուլի պատմութեան մէջ. «Բազմավէպ»ը նոյնպէս կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունեցած է հայոց պատմութեան մէջ եւ այսօր ալ, լոյս տեսնելով, կը շարունակէ նպաստել մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան զարգացման: «Բազմավէպ»ի առաջին խմբագիրը եղած է հայ մեծանուն ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի եղբայրը՝ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Գաբրիէլ Այվազովսքին (1812-1880թթ.): «Բազմավէպ»ը իր էջերուն մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է գիւղատնտեսութեան, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան:

Յետագային, արդէն, 1887 թուականէն լոյս տեսնելով, «Հանդէս ամսօրեայ»ն առաւել կեդրոնացած է լեզուական եւ մշակութային հարցերու քննարկման վրայ:

Ի դէպ, 1847-1863 թուականներուն Մխիթարեանները հրատարակած են նաեւ «Եւրոպա» շաբաթաթերթը:

Հայաստանի Ազգային գրադարանը պարբերական ցուցադրութիւններ եւ ձեռնարկներ կ՚ունենայ՝ նուիրուած Մխիթարեաններու հրատարակած մամուլին, բայց մասնաւորապէս «Բազմավէպ»ն ու «Հանդէս ամսօրեայ»ն, իբրեւ ցայսօր լոյս տեսնող ամենահին հայկական ամսագիրներ, մշտական ցուցադրուած են Հայ գրատպութեան թանգարանին մէջ՝ մինչեւ օրս լոյս տեսնող ամենահին օրաթերթի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ:

«Հանդէս ամսօրեայ»ին հիմնադիրը եղած է Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հ. Արսէն Այտընեան (1825-1902թթ.)՝ գլխաւոր աշխատակից ունենալով Հ. Սերովբէ Տերվիշեանը, Հ. Գրիգոր Գովրիկեանը, Հ. Գրիգորիս Գալէմքեարեանը, Հ. Գաբրիէլ Մենեւիշեանը, Հ. Յակոբոս Տաշեանը, Հ. Ղեւոնդ Յովնանեանը եւ ուրիշներ:

Ամբողջ հայ լրագրութեան եւ պարբերաթերթերու հաւաքածոյին մէջ «Հանդէս ամսօրեայ»ի հրատարակութիւնը միշտ նուիրուած է հայ ազգի պատմութեան, լեզուին ու աշխարհագրութեան ուսումնասիրութեան: Ան անդրադարձած է հայագիտական մարզի բոլոր ուսումնասիրութիւններուն: Հիմնական նպատակը եղած է խուզարկել, հետազօտել, լոյս աշխարհ հանել եւ քննարկել այն բոլորը, ինչ որ հայկական է:

Երկար տարիներ պեղած, փորփրած, մշակած է «Հանդէս ամսօրեայ»ի հայագիտութիւնը եւ իր էջերուն մէջ տպուած նիւթերէն արտատպութեամբ լոյս աշխարհ եկած է աւելի քան երկու հարիւր գիրքեր, որոնց շարքը կը կոչուի «Ազգային մատենադարան»:

«Հանդէս ամսօրեան» հրապարակած է նաեւ հայկական հարցի վերաբերեալ նիւթեր, ողջունած է հայկական պետականութեան վերականգնումը («Հայաստանի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանաչուած», «Հայաստանի անկախութիւնը», 1920), ցաւով նկարագրած է աւերակ դարձած հայկական բնակավայրերը, մեկնաբանած՝ աւերման պատճառները («Հայ բնակչութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Կարին», յօդուածաշարը, 1921) եւ այլն։

Միաբանութեան հրատարակած «Հանդէս ամսօրեայ»ն, սակայն արդէն երկար ժամանակ ո՛չ թէ որպէս ամսագիր, այլ՝ տարեգիրք կը հրատարակուի: Տպարանը փակուելէ ետք այն կը տպագրուի Հայաստանի մէջ:

ՀԱՅՐ ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԳԱԼԷՄՔԵԱՐՅԱՆ-160

«Հանդէս ամսօրեայե»ին նուիրուած ցուցահանդէսին յիշատակուեցաւ նաեւ անոր նշանաւոր խմբագիրներէն Հայր Գրիգորիս Գալէմքեարեանը, որուն համար նոյնպէս 2022 թուականը յոբելենական է: Այս տարի կը լրանայ մեծ հայագէտի, լեզուաբանի, մատենագէտի եւ թարգմանչի ծննդեան 160-ամեակը:

Գրիգորիս Գալէմքեարեան ծնած է Պոլիս՝ 1862 թուականին: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ 1875 թուականին տեղափոխուած է Վիեննայի Մխիթարեաններուն վանքը, ուր շարունակած է ուսումը, աւարտած եւ ձեռնադրուած է քահանայ: Մխիթարեան միաբանութեան անդամակցած է 1880 թուականին: Նոյն թուականին ալ բանասիրական յօդուածներով աշխատակցած է պարբերական մամուլին։

1885 թուականէն սկսեալ Գրիգորիս Գալէմքեարեան աշխատած է միաբանութեան զանազան դպրոցներու մէջ, որպէս ուսուցիչ: 1890 թուականին Վիեննայի մէջ լոյս տեսած է անոր «Գործնական մեկնութիւն Առաքելական Աթոռոյ Սահմանադրութեան» աշխատութիւնը: Գալէմքեարեան նշանակալից դեր ունի լեզուի պատմութեան բնագաւառէն ներս: «Ոսկեդարեան եւ ոչ-ոսկեդարեան հայերէնի խնդիրը» (1903 թուական), «Նորագոյն աղբերք Եզնկայ Կողբացւոյ» (1909 թուական) գործերով ան ճշգրտած է դասական հայերէնի տարածական սահմանները, քննած է Եզնիկ Կողբացիի աշխատութիւնն ու անոր աղբիւրները, վերականգնած է «Եղծ աղանդոց»ի գիտականօրէն ճշգրտուած բնագիրը:

Անոր մատենագիտական գործերէն ուշագրաւ է «Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց արքունի մատենադարանին ի Միւնխէն» (1892 թուական) հատորը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ Միւնիխի արքայական գրադարանի հայերէն ձեռագիրներու մասին միակ աղբիւրը:

Գրած է «Պատմութիւն Հայ լրագրութեան ի սկզբանէ մինչեւ մեր օրերը (1794-1860 թուականներ)» ուսումնասիրութիւնը (հրատարակուած Վիեննա, 1893 թուականին), որ հայ լրագրութեան պատմութեան ուսումնասիրման առաջին փորձն է:

Գրած է նաեւ «Կենսագրութիւն Սարգիս արքեպ.ի Սարաֆեան եւ ժամանակին հայ կաթողիկեայք» (1908), «Կենսագրութիւններ երկու հայ պատրիարքներու եւ տասն եպիսկոպոսներու եւ ժամանակին հայ կաթողիկեայք» (1915), «Արեւելեան հայք ի Պուքովինա» (1915) եւ այլ աշխատութիւններ:

Կատարած է թարգմանութիւններ. 1897 թուականին գերմաներէնէ թարգմանած է Հենրիխ Կելցերի «Պատմութիւն Հայոց համառօտ» աշխատութիւնը: Վախճանած է 1917 թուականին:

«ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐԸ՝ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐ»

1887 թուականը շրջադարձային է միաբանութեան տարեգրութեան էջերուն մէջ: Վիեննայի մէջ կը հիմնադրուի տեղի Մխիթարեաններու «Հանդէս ամսօրեայ» հայագիտական ամսագիրը: Մինչեւ 1911 թուականը այն եղած է բարոյական, ուսումնական, արուեստագիտական ուսումնաթերթ: Ապա մինչեւ 1915-ը՝ ամենամսեայ, ապա՝ երկամսեայ, եռամսեայ, վեցամսեայ: Հիմնադիր խմբագիրն է Արսէն Այտընեան: Ամսագիրը մինչեւ 1894 թուականը հիմնականը եղած է կրթադաստիարակչական, հանրագիտարանային բնոյթի պարբերական: 1895-էն այն հրապարակած է միայն հայագիտական ուսումնասիրութիւններ: Ատոնք յօդուածներ ու մենագրութիւններ են՝ նուիրուած Հայաստանի եւ հայ գաղթավայրերու, հին, միջին ու նոր գրականութեան, հայերէնի եւ իր բարբառներուն, հայ հին ու միջնադարեան մատենագրութեան: Հանդէսը իր էջերուն մէջ լաւագոյնս ներկայացուցած է արուեստի, բժշկութեան, մշակոյթի, բնագիտութեան հայ գործիչները: Առաջին անգամ «Հանդէս ամսօրեայ»ին մէջ հրապարակուած են հայ հին եւ միջնադարեան ձեռագիրներու բնագրեր, ինչպէս նաեւ եւրոպացի հայագէտներու ուսումնասիրութիւներու հայերէն թարգմանութիւններ:

Հանդէսին մէջ պարբերաբար լոյս կը տեսնէին զանազան երկիրներու մէջ հրատարակուած հայագիտական ուսումնասիրութիններու մատենագիտութիւնները: «Հանդէս ամսօրեայ»ին թիւերը հայագիտութեան համար անկորնչելի եւ բացառիկ արժէք ունին, քանի որ աշխարհի գրեթէ բոլոր հայագէտները կ՚օգտուին ատոնցմէ: Շուրջ 250 անուն տպագրուած նիւթեր Մխիթարեանները «Ազգային մատենադարան» մատենաշարով հրատարակած են առանձին գիրքերով:

Զանազան ժամանակներուն հանդէսը խմբագրած են Ա. Այտընեանը, Ղ. Յովնանեանը, Հ. Տաշեանը, Գ. Գալէմքեարեանը, Գ. Մենեւիշեանը, Վ. Մելիքսէդէկեանը, Թ. Կէտիկեանը, Հ. Համբարեանը, Ն. Ակինեանը, Ա. Վարդանեանը, Հ. Ոսկեանը, Վ. Ինկիլիզեանը, Պ. Տէր-Պօղոսեանը, Օ. Սեքուլեանը, Մ. Թօփալեանը:

Օտարազգի հայագէտներէն «Հանդէս ամսօրեայ»ին աշխատակցած են Հ. Հիւփշմանը, Ն. Մառը, Ա. Մէյէն, Ֆ. Միւլերը, Հ. Պետերմանը, Ֆ. Մակլերը, Յո. Ֆրիտրիխը, Ֆ. Ֆէյտին, Ֆ. Նեւը, Յ. Մարկվարտը եւ ուրիշներ:

Հայ եւ օտարազգի հայագէտներէ շատերը անդրադարձած են «Հանդէս ամսօրեայ»ին, սակայն, մեր կարծիքով, ատոնցմէ առաւել անաչառն ու ճշմարիտը Հրաչեայ Աճառեանի տուած բնութագիրն է. «Վիեննայի մեծագոյն հայկական հաստատութիւնն է Մխիթարեանց վանքը, որ հիմա հայ բանասիրութեան կեդրոնատեղին դարձած է, եւ ուր կը հրատարակուի հայոց ամենէն լուրջ ամսագիրը՝ «Հանդէս ամսօրեայ» (հիմնուած 1887-ին)»:

Աւելի ուշ, իր յուշերը գրելու ժամանակ մեծանուն հայագէտը դարձեալ անդրադարձած է վերը յիշատակուած պարբերականին. «Այդ միջոցին Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ սկսած է հրատարակուիլ «Հանդէս ամսօրեայ» ամսագիրը, հայագիտական ամսաթերթ մը, որ մինչեւ այսօր իր մրցակիցը չունեցաւ հայ իրականութեան մէջ»:

Օտարազգի հայագէտներէն «Հանդէս ամսօրեայ»ին մասին կը մէջբերենք Հրաչեայ Աճառեանի ուսուցիչին, ֆրանսացի ականաւոր լեզուաբան Ա. Մէյէի կարծիքը. «1887-ին անոնց հիմնադրած հանդէսը երբեք չէ դադրած եւրոպական գիտութեան եւ բուն հայկական բանասիրութեան միջեւ միջակայ օղակի դերը կատարելէ»:

Հասկնալի պատճառներով Խորհրդային Հայաստանի մէջ ստեղծագործող հայագէտներէ ոչ բոլորը աշխատակցած են «Հանդէս ամսօրեայ»ին: Եղած են, սակայն, համարձակները. Հ. Աճառեան, Մ. Աբեղեան, Թ. Աւտալբեկեան, Վ. Առաքելեան, Հ. Մանանդեան, Մ. Մինասեան, Ա. Թօփչեան:

ԱՍԱՏՈՒՐ ՓԱՇԱՅԵԱՆ

(Հատուած)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022