ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹ
Աշխարհահռչակ երաժիշտ ու շարժանկարի վարպետ Էմիր Քուսթուրիցայի Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթը դարձած է անմոռանալի։ «The No Smoking Orchestra» ժողովրդական ռաք խումբին հետ միասին հանդէս եկաւ Էմիր Քուսթուրիցա, որ անմոռանալի երեկոյթ մը պարգեւեց հայ երաժշտասէրներուն։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի ելոյթին տեւողութեան երաժշտասէրները հնարաւորութիւն ունեցան պարելու Քուսթուրիցայի եւ իր խումբին հետ՝ բեմին իսկ վրայ։ «Իմ ետեւը կը գտնուի իմ պարային խումբը» կատակեց Քուսթուրիցա, որ հայկական բեմին վրայ նուագներով, երգերով ու պարերով իրականացուց անմոռանալի ձեռնակ մը։ Ներկաները ձայնակցեցան խումբին եւ ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճին մէջ, տօնական տրամադրութեամբ, երաժշտասէրները վայելեցին երեկոյթին իւրաքանչիւր երկվայրկեանը։
Այս համերգը կազմակերպուած էր Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Մեցցօ փրոտաքշըն»ի նախաձեռնութեամբ։