ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՐԴԱՆ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
Այս տարեվերջին մեր համայնքը ունեցաւ շատ ցաւալի կորուստ մը։ Ոչ եւս է երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Վարդան Մելիքեան։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին ան հոգին աւանդած է իր բնակարանին մէջ, չարթննալով գիշերուան քունէն։
Վարդան Մելիքեան ուրոյն դէմք մըն էր իր սերնդակիցներու շարքին։ Արհեստաւոր մըն էր ան, կատարելապաշտ ու յարատեւութեան ձգտումով։ Իր արհեստը, միեւնոյն ժամանակ, իր առջեւ բացած էր զանգուածային լրատուութեան աշխարհին հետ անուղղակի շփում ունենալու հորիզոնը։ Արդարեւ, Վարդան Մելիքեան քլիշէներու պատրաստութեան հմուտ վարպետ մըն էր։ Տասնամեակներ շարունակ բարի համբաւ ձեռք բերած էր այդ բնագաւառէն ներս ու կը համարուէր իսկական հեղինակութիւն մը։ Ճաղալօղլուի մէջ հաստատած էր իր արհեստանոցը։ Այնտեղ երկար տարիներ պատրաստած էր երկրի գրեթէ բոլոր յառաջատար թերթերուն քլիշէները։ Երբ Թուրքիոյ մամուլին բազկերակը տակաւին Պապը-ալիի մէջ կը զարնէր, Վարդան Մելիքեան թերթերու լուսանկարները կ՚արտադրէր մեծ յաջողութեամբ։ Նուազագոյն ժամանակի մէջ առաւելագոյն որակին հասնելու իմաստով անկրկնելի վարպետութիւն կը դրսեւորէր։ Այդ լարուած աշխատանքը կը տանէր իր բարի, խաղաղ ու համերաշխ նկարագրով։ Բոլորին համար ողջունելի, համակրելի գործակից մըն էր։ Իր մարդկային առաքինութիւնները, բնականաբար, զինքը կը դարձնէին առաւել եւս նախընտրելի գործընկեր մը։ Իր արհեստին նկատմամբ ծայր աստիճան նախանձախնդիր, գործակիցներուն նկատմամբ բացարձակապէս բարի կամեցողութեամբ անձնաւորութիւն մըն էր Վարդան Մելիքեան։ Կը հետեւէր իր բնագաւառի թեքնիկ բոլոր նորութիւններուն։ Թէեւ իր աշխատած տարիներուն թեքնիկ նորութիւնները այսօրուան համազօր իմաստ մը դժուար թէ ունենային, սակայն Վարդան Մելիքեանի տեսած գործը, արտադրանքը այդ ժամանակաշրջանի պայմաններով կը համարուէին գագաթնային, որակի չափանիշ։
Վարդան Մելիքեան իր արհեստն ու եռանդը անսակարկօրէն ներդրած էր նաեւ հայ մամուլին համար։ Այս առումով հայ մամլոյ երախտաշատ սպասաւոր մըն էր։ Մեսրոպեան բանակի երդուեալ զինուորներէն մին էր, որովհետեւ թէեւ իր արհեստը գագաթնային մակարդակի վրայ կը կիրառէր, սակայն երբեք իր ուշադրութենէն ու զօրակցութենէն զերծ չէր պահեր հայ մամուլը։ Երկար տասնամեակներ Վարդան Մելիքեան պատրաստած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի քլիշէները։ Թերթիս անցեալի մէջ պատասխանատուութիւնը սերունդէ սերունդ ստանձնած Գօչունեան գերդաստանի երէց անդամները խոր սէր եւ անկեղծ բարեկամական զգացումներ կը տածէին իրեն նկատմամբ։ Վարդան Մելիքեանի նուիրեալ աշխատանքը միշտ երախտագիտական զգացումներով կը վերյիշուէր ու կը շարունակէ վերյիշուիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան ու տպարանի երդիքին տակ։
Վարդան Մելիքեան վերջին շրջանին կոչուած էր հանգստեան։ Զանազան առիթներով, ատեն-ատեն կ՚այցելէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր սպասուած ու շատ յարգուած հիւր մըն էր։ Իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած շարք մը յոբելենական ծրագրերուն։ Անցեալէն ժառանգուած բարեկամութիւն մը, գործակցութիւն մը չէր մարմնաւորեր միայն Վարդան Մելիքեան։ Արդարեւ, ան կեանքին մինչեւ վերջը մնաց հայ մամլոյ ընթերցող, մանաւանդ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հաւատարիմ ընթերցող։ Ան նոյնիսկ հանգստեան կոչ-ւած էր իր արհեստէն, սակայն չէր դադրած ըլլալէ հայ մամլոյ ընթերցողը։ Յառաջացած տարիքին բերումով վերջին տարիներուն յարաբերաբար աւելի փխրուն դարձած էր իր առողջութիւնը, սակայն միւս կողմէ չէր տառապեր յստակ հիւանդութենէ մը, որ կը խոչընդոտէր իր առօրեան։
Վարդան Մելիքեան ընտանեկան տիպար հայր մըն էր եւ վերջին տարիներուն առաւել չափով իր բնակարանէն ներս կ՚ապրէր վայելելով իր կողակցին ու հարազատներուն ջերմութիւնը, խնամքն ու հոգածութիւնը։ Դժբախտաբար, նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինեց, որ ան իր ընտանիքն ու բոլոր սիրելիները լքեց տարեվերջի այս օրերուն՝ խոր սուգի մատնելով բոլորը։ Իր յիշատակը յաւերժ պիտի ապրի եւ ան միշտ պիտի դասուի մեր համայնքի այն ազնիւ դէմքերու շարքին, որոնք ապրած են տոհմիկ արժէքներու հաւատարիմ ու մեզմէ հրաժեշտ առած են՝ իրենց ետին թողլով բարի անուն մը, խորհրդանշելով տիպար հայ մարդու մը կերպարը։
Այդ բոլոր արժէքները ան աւանդած էր մեր համայնքի համեստ խաւերէ բոլոր զաւակներուն ներշնչանքի աղբիւր հանդիսացած հաստատութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, Վարդան Մելիքեան Գարակէօզեան Տան սաներէն մին էր։ Կեանքի սկիզբին ան իր ազգին հոգածութիւնը վայելած էր Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։ Ան այնտեղ գտնուած էր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տակաւին Գարակէօզեանը որբանոցի դիմագիծը ունէր եւ այդ մթնոլորտին մէջ հասած սերունդներու զաւակներուն նման՝ Վարդան Մելիքեան կեանքի պայքարի ձեռնարկած էր յամառ աշխատանքով, բարձր արժանապատուութեամբ եւ այդ պայքարէն դուրս եկած էր պատուով։ Վարդան Մելիքեան կեանքի ողջ տեւողութեան մնացած էր Գարակէօզեանի սան, Գարակէօզեանի մեծ ընտանիքի անդամ։ Իրեն համար միշտ մեծ նշանակութիւն ունեցած էր Գարակէօզեանը եւ ամէն առիթով կ՚արտայայտէր իր ամուր կապն ու անխախտ զգացումները՝ հասած դպրոցին նկատմամբ։
Մեր երախտաշատ խոնարհումը Վարդան Մելիքեանի անանց ու բարի յիշատակին առջեւ՝ իր ներդրած վաստակին եւ իր բարեկամութեան համար։ Վստահաբար ան արժանանայ երկնային լուսաւոր պսակներուն։ Կը մաղթենք իրեն յաւիտենական հանգիստ եւ խաղաղութիւն՝ իր բարի հոգւոյն համար։ Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր այրիին՝ Սիրանոյշ Մելիքեանի, հարազատներուն՝ Վարդան-Անի Պաթար ամոլին, Լեւոն-Արփի Շատեան ամոլին ու զաւակներուն, եղբօր՝ Մանուկ-Ազատուհի Մելիքեան ամոլին, ինչպէս նաեւ բոլոր պարագաներուն։