ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՐԺՈՅԹԻՆ ԼՈՅՍՆ ՈՒ ՍՏՈՒԵՐԸ
Վերջին շրջանին կրկին աշխուժացած են խօսակցութիւնները թուային արժոյթին մասին: Միջազգային աշխարհի մէջ պիթքոյն (Bitcoin) անունով յայտնի դարձած արժոյթը, իր առեղծուածով, կը շարունակէ մնալ ելեւմտեան եւ համացանցային աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը: Պիթքոյնը առաջին թուային արժոյթն է, այսօր ուրիշ այլ անուններով թուային արժոյթներ եւս ստեղծուած են: Այդ անտեսանելի արժոյթով զբաղող սակարանները ամէն օր թուային այս միաւորին մասին հրապարակումներ կը կատարեն՝ շփոթութեան մատնելով հանրութիւնը, որ կ՚ուզէ հասկնալ, թէ ի՞նչ է ի վերջոյ պիթքոյնը, հաստատո՞ւն արժէք է, թէ՞ մեծ փուչիկ մը, որ ենթակայ է պայթելու վտանգին:
Մասնագէտները կը փաստեն, որ մարդկութիւնը միշտ ջանացած է ունենալ միասնական արժոյթ մը, որ հնարաւոր կ՚ըլլայ գործածել ողջ աշխարհի տարածքին: Ահաւասիկ, նոյն մասնագէտներն ալ համացանցի մէջ գործող այս արժոյթին յայտնութիւնը անմիջապէս նմանցուցած են մարդկութեան այդ իւթոպիք ցանկութեան իրականացման, սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ արժոյթը կը գործէ ոչ թէ իրական կեանքին մէջ, այլ՝ թուային աշխարհէն ներս:
Գաղտնիք չէ, որ այսօր մենք բոլորս թուային աշխարհին մէջ կը բնակինք: Քաղաքակրթութեան այս փուլը, որուն ականատեսն ու ստեղծողներն ենք, տեղեկատուական յեղափոխութեան փուլն է: Մեր հասարակութիւնը դարձած է տեղեկատուական հասարակութիւն եւ մենք բոլորս, անխուսափելիօրէն այդ հասարակութեան անդամներն ենք: Ոչ միայն իրականութիւն է ելեկտրոնային առեւտուրը, այլեւ վաղուց արդէն իրականութիւն դարձած է ելեկտը-րոնային կրթութիւնը, գիտութիւնը:
Հսկայական գրադարաններ, մարդկութեան ստեղծած ողջ հոգեւոր ժառանգութիւնը՝ մագաղաթներէն մինչեւ քարտէսները եւ գեղանկարները, երաժշտական գլուխգործոցները եւ օփերաները, տպուած թերթերն ու ամսագրերը այսօր տեղափոխուած են ելեկտրոնային տիրոյթ: Տեղեկատուական հասարակութիւնը վարողները եւս կը ջանան ստեղծել այդ աշխարհի դրամը կամ արժոյթը, որ կրկին շօշափելի պիտի չըլլայ, ինչպէս շօշափելի չեն ելեկտրոնային գիրքերը, թերթերը, համալսարանները…
Պիթքոյնի առաջին ծրագիր-դրամապանակը ստեղծած է Սաթոշի Նաքամոթօ կեղծ անունով մարդը կամ մարդոց խումբը: Այս անունով արձանագրուած կայքահէնը 2009 թուականին պիթքոյնի պայմանանշանը ազատ հասանելիութեամբ տեղադրած է համացանցին մէջ, եւ քանի որ սկզբնական պայմանանշանը բաց էր, ապա ուրիշ ծրագրաւորողներ ալ կարող են բնօրինակ պայմանանշանին յաւելումներ կատարել եւ ստանալ իրենցը:
Պիթքոյն դրամապանակներու իմաստը այն է, որ անոնք չեն կառավարուիր որեւէ պետութեան, դրամատան, կազմակերպութեան կողմէ եւ տեսականօրէն ամէն մարդ կրնայ ստեղծել ծրագրին ի՛ր տարբերակը:
Եւ քանի որ այս արժոյթը չի կառավարուիր ոեւէ մէկուն կողմէ, ուստի անոր միջոցաւ փոխանցումները, գնումները եւ այլ գործարքներ կ՚իրականացուին առանց ոեւէ անհատական միջնորդի կամ կառոյցի, այլ ուղիղ ցանցային կապի միջոցաւ: Մասնագէտները հակում չունին պիթքոյնը դրամ անուանելու, հակառակ անոր որ ան ներկայացուած է իբրեւ այդպիսին: Ըստ մասնագէտներուն, որեւէ առցանց դրամի ետին անպայման կանխիկ դրամ կայ, իսկ պիթքոյնը կախեալ չէ որեւէ իրական արժոյթէ: Պիթքոյնի փոխանցումներուն իրականացման կը հետեւին եւ այդ փոխանցումներու ճշգրտութիւնը կ՚ապահովեն հզօր համակարգիչներու առջեւ նստած մարդիկ, որոնք արդէն այսօրուան եզրաբանութեան մէջ ստացած են պիթքոյնի «հանքափորներ» անուանումը: Այս մէկը նոյնպէս կապուած է ոսկիի գաղափարի հետ. Ոսկին նոյնպէս հանքէն կը գտնեն՝ երկար ու դժուար աշխատանք կատարելէ յետոյ: Այս պարագային, միաւոր ստանալու համար այդ դժուար աշխատանքը համակարգչի մէջ է, որ կը կատարուի: Մինչեւ պիթքոյն ունենալը, անոնք կը հզօրացնեն իրենց համակարգիչները՝ բարդ խնդիրներ լուծելու եւ պիթքոյները վաստկելու համար: Պիթքոյն կարելի է վաստկիլ թէ՛ զայն գնելով, թէ՛ ալ համակարգիչը թուաբանական բարդ խնդիրներու լուծման շղթային միացնելով:
Առցանց հանքափորները պիթքոյնի առքուվաճառքը փոխադրած են առցանց սակարաններ, որոնց մէջ կարելի է ականատես ըլլալ այս առեղծուածային արժոյթին վերիվայրումներուն: Նոյն համացանցային միջոցներով եւ ծրագրերով ալ պաշտպան-ւած է համացանցային արժոյթը: Այս նոր միաւորը սկսած է ազդել մարդոց կեանքի վրայ, մտնել կենցաղ ու վիճակախաղի նման գրաւել զանոնք:
Պիթքոյնը առաջինն է, այլ արժոյթներ եւս գոյութիւն ունին, եւ բոլոր այն թուային արժոյթները, որոնք պիթքոյն չեն, բայց նմանատիպ ծագում ունին, խմբաւորուած են ալտքոյներ անունին տակ:
Հարկաւ պիթքոյնը եւ այլ համացանցային արժոյթներ ի սկզբանէ ստեղծուած չեն դրամ կուտակելու, միաւորներ հաւաքելու եւ հարստանալու համար, այլ այն շարժումը, որ հաւատացած եւ ստեղծած է այդ արժոյթը, փորձած է մարդկութիւնը աւելի անկախ դարձնել, որպէսզի մարդիկ կախեալ չըլլան պետական, վարչական եւ այլ համակարգերէ: Այդ մարդոց գաղափարախօսութիւնը հակում ունի բացատրելու, թէ դրամը, որ ստեղծուած է պետութեան կողմէ եւ կեդրոնացուած է, տեղ մը նաեւ մարդիկը իր ձեռքին մէջ պահելու միջոց մըն է, ճնշելու, պատժելու, կախուածութեան մէջ դնելու հիանալի գործիք, քանի որ պետութիւնը նախ ինքը կը տպէ դրամը եւ երկրորդ՝ կեդրոնական դրամատուներ ստեղծած է, որոնք գնաճ կամ սղաճ կը ստեղծեն, կ՚ուռճացնեն զայն եւ այլն: Ահաւասիկ, համացանցային նոր շարժման հիմնադիրները փորձեր կ՚ընեն մարդիկը ազատելու նման սեղմումներէ:
Այս գաղափարախօսութեան ներքոյ է, որ ստեղծուած է նաեւ Ուիքիլիքսը, որ պետական եւ մասնաւոր գաղտնի փաստաթուղթեր գաղտնազերծող միջազգային կազմակերպութիւն մըն է: Ան 2006 թուականէն սկսեալ, համացանցային հզօր ծը-րագրաւորման միջոցով, համացանցով գաղտնի տեղեկութիւններ կը տարածէ:
Այսօր Վիքիլիքսի խմբագիր Ճուլիան Ասանժ դարձեալ աշխարհի նշանաւոր գործիչներէն է, ինչպէս՝ հզօր պետութիւններու ղեկավարները: Այս մէկը ապացոյցն է այն բանին, որ համացանցային աշխարհը հաւասարութեան եզրեր կը փնտռէ եւ կը գտնէ իրական աշխարհին հետ: Թուային աշխարհի նմանատիպ կառավարիչները ընդունուած է անուանել անիշխանականներ, սակայն քանի որ անոնք դերակատարումներ ունին մեր կեանքին մէջ, ուրեմն այդ բնորոշումը բացասական երանգով չէ, որ կը տրուի անոնց:
Պիթքոյնը ստեղծող Սաթոշի Նաքամոթօ անունով հանդէս եկող հեղինակը իր նախագիծը ներկայացուցած է հետազօտական յօդուածի մը տեսքով։ Յօդուածին մէջ կը մեկնաբանուի եւ կը դիտարկուի թուային նոր արժոյթի գործածութեան սըկ-զբունքները, առաւելութիւնները, թուլութիւններն ու իրացման ձեւը: Այդ յօդուածը, որ բազմիցս դիտարկուած է այս նիւթով հետաքրքրուողներուն կողմէ, կարելի է ըսել, որ դարձած է պիթքոյնի օրէնսգիրքը, կանոնագիրքը կամ անձնագիրը: Սաթոշի Նաքամոթօ անունով անյայտ անունը մինչեւ 2011 թուականը աշխոյժ կը մասնակցի առցանց քննարկումներուն, իսկ յետոյ կը կորսուի դաշտէն: Ո՞վ է ան։ Ոչ ոք գիտէ: Կա՞յ, կամ առեղծուած է… Շատեր վստահ են, որ այս միաւորի հեղինակ խումբ մը ամէն պարագայի գոյութիւն ունի:
Պիթքոյնը կը համեմատեն ոսկիին հետ՝ անուանելով զայն «թուային ոսկի»: Եւ իրապէս՝ անոր լոկոյին, անուանման եւ այլ գործընթացներուն մէջ ակնյայտ է ոսկիին գաղափարը: Բաւական է ունենալ համացանցային կապի միջոց մը եւ ոեւէ մէկը կարող է սկսիլ որոնել պիթքոյն, բայց ատոր համար անհրաժեշտ է համակարգիչին վրայ տեղադրել մասնաւոր ծրագրային ապահովում: Թուային այս վճարամիջոցին հիմքին մէջ ներդրուած է գաղտնագրուած տեղեկութիւն, որ հնարաւոր չէ կրկնօրինակել: Թուային դրամը եւ առհասարակ, թուային աշխարհը մարդիկը կը փոխադրէ ապակեդրոնացման տիրոյթներ, եւ երբ համացանցը ստեղծուեցաւ, իր հիմքին մէջ ապակեդրոնացման գաղափարն էր, որ ներդրուեցաւ: Անշուշտ, ժամանակի ընթացքին այդ գաղափարը փճացաւ, բայց այսօր համացանցը կը շարունակէ մնալ անիշխանական մեծ համակարգ մը:
Պիթքոյնը եւ միւս նմանատիպ արժոյթները, իրականութեան մէջ, աշխարհի ամէն մարդու համար ստեղծուած արժոյթներ են՝ կը պատկանին բոլորին եւ չեն պատկանիր ոչ մէկուն:
Պիթքոյնի հետ կ՚առընչուի շատ կարեւոր հանգամանք մը, որ յաճախ կը շեշտեն անոր առաւելութիւնները ընդգծողները: Այդ մէկը անանունութիւնն է: Եթէ իրական դրամատնային գործարքներ կատարելու կամ վճարային քարտեր գործածելու ժամանակ հնարաւոր է տիրապետել կատարողի անձնական տուեալներուն, մանաւանդ՝ մեծ գործարքներու ժամանակ, ապա պիթքոյնով գործարքներուն ընթացքին այդ մէկը անհնար է: Պիթքոյնը առաւելագոյն անանունութեան արժոյթն է, հոն կը գործեն ոչ թէ անձեր, այլ՝ թուային դրամապանակներ: Փոխանցումները դրամապանակները կը կատարեն միմեանց: Յատուկ ծառայութիւն մը, ոստիկանութիւն մը երբեք չի կրնար գիտնալ համացանցին մէջ բացուած քսակին տիրոջ ինքնութիւնը:
Այս մէկը նաեւ, ըստ մասնագէտներուն, իր մէջ թաքնուած վտանգներ ունի. երբ չկայ ղեկավարող մարմին, չկայ պետական կարգաւորում, այդ պատճառով կրնայ ըլլալ եւ ոչ ոք կրնայ կեցնել թուային արժոյթին աճը կամ անկումը: Միեւնոյն ժամանակ դրամապանակի տուեալներու կորուստի պարագային (որ հնարաւոր է համացանցային աշխարհին մէջ) այդ շտեմարանին մէջ կուտակուած անձի մը բոլոր միջոցները, ամենայն հաւանականութեամբ, միշտ կը կորսուին: Նման դէպքեր եղած են եւ թուային կարգ մը հարուստներ կորսնցուցած են իրենց գումարները, այնուհետեւ ստիպուած եղած են գնել համացանցային աղբարկղները, որպէսզի որոնեն իրենց անշօշափելի հարստութիւնը: Հնարաւոր է նաեւ դրամապանակի կորուստ՝ խարդախներու եւ համակարգչահէններու գործունէութեան եւ այլ յանցաւոր տարրերու գործողութիւններուն պատճառով:
Միւս կողմէ, հետաքրքրական է հետեւիլ պետութիւններու արձագանգին՝ այս նորելուկ արժոյթի աճին: Կարգ մը երկիրներ, ինչպէս Սպիտակ Ռուսիան, իրենց տարածքներուն մէջ օրինականացուցած են պիթքոյնը, իսկ որոշ երկիրներ ստեղծած են իրենց ազգային թուային արժոյթը: Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը Հայաստանի քաղաքացիներուն առայժմ կոչ յղած է ձեռնպահ մնալ թուային արժոյթներու գործածումէն՝ նախքան համապատասխան կարգաւորումներու ներդրումը:
Այս նիւթին հանդէպ հետաքրքրութիւնը Հայաստանի մէջ նոյնպէս զարթնած է, եւ հայեր նոյնպէս կը փորձեն համացանցային տիրոյթին մէջ ունենալ լիցքաւորուող քսակներ: Առայժմ անոնք արհեստագիտութեան նորագոյն միջոցներուն լաւագոյնս տիրապետող եւ տեղեկատուական աշխարհի մէջ փորձ եւ գիտելիք ունեցող խաւէն են: Թուային աշխարհի փորձագէտները նաեւ կը զգուշացնեն, որ պէտք չէ բացառել յետագային պետական մարմիններու միջամտութեան հանգամանքը եւս: Ներկայիս պետութիւններուն մեծ մասը թիւարժոյթներու նկատմամբ բաւական հանդուրժող վերաբերմունք ունի, սակայն բացառուած չէ, որ մօտ ապագային, անոնք փորձեր ընեն այս ասպարէզը կարգաւորելու, որ կարող է բացասաբար ազդել շարքային քաղաքացիներուն վրայ: Կարգ մը երկիրներու մէջ, օրինակ՝ Վիեթնամ, Պանկլատէշ, Պոլիվիա, Էքուատոր, արգիլուած են անշօշափելի այդ միաւորներուն կիրարկումը:
Ամէն պարագայի, անվիճելի է, որ այսօր պիթքոյնը հսկայական պիզնըս մըն է՝ շրջանառութեան մէջ գտնուող դրամներու համախառն արժէքը կը հասնի 40 միլիառ տոլարի: Օրական կը կատարուի մօտ 300 հազար կանխիկացում՝ 1.5 միլիառ տոլարի ընդհանուր առեւտրաշրջանառութեամբ:
Տարիներ շարունակ անփոփոխ մնալէ ետք, այս տարուայ՝ 2017 թուականի սկիզբը, պիթքոյնին գինը նոր աճ արձանագրած է, իսկ այդ աճը մասամբ նաեւ կապուած էր Չինաստանի մէջ պիթքոյնի հանդէպ աճող հետաքրքրութեան հետ: 2017 թուականի կէսին մէկ պիթքոյնի գինը հասած է 4500 ամերիկեան տոլարի մակարդակին, այսօր ան կը մօտենայ 100 հազար տոլարի, սակայն տատանումները զգալի են:
Պիթքոյնի նմանատիպ տատանումներուն մասին կարծիքներն ու կանխատեսումները զանազան են: CNBC-ի փորձագէտներու կարծիքով, 2018 թուականի վերջաւորութեան, պիթքոյնին գինը կը հասնի 40 հազար ամերիկեան տոլարի, իսկ «Ֆորպս»ը կը նախատեսնէ, որ յետագայ հինգ տարիներուն ընթացքին ան կը հատէ 100 հազար ամերիկեան տոլարին սահմանը: Դանիական «Սաքսօ» դրամատան կարծիքով՝ 2018 թուականին 1 պիթքոյնը պիտի արժէ 60 հազար ամերիկեան տոլար, այնուհետեւ անոր գինը կ՚իջնէ ընդհուպ մինչեւ 1000 ամերիկեան տոլարի:
Մասնագէտներ նկատած են, որ պիթքոյնի ստեղծող Սաթոսի Նաքոմոթօ անյայտ անձը կամ անձերուն խումբը 19.4 միլիառ տոլար ստացուածքով աշխարհի ամենէն հարուստ մարդոցմէ մէկը կրնայ դառնալ: Դեկտեմբերի եղած է պահ մը, երբ 1 պիթքոյնը հաւասար էր 19.771 ամերիկեան տոլարի:
Շատերը կը գրաւէ այն հանգամանքը, որ զանազան գործարքներու ժամանակ դրամատուները կամ պետական հաստատութիւնները որոշակի վճարում եւ տոկոսներ կը գանձեն, իսկ թիւարժոյթներու պարագային որեւէ միջնորդ եւ որեւէ միջնորդավճար չկայ եւ կը գործէ փոխանցումներու գերարագ սկզբունք:
Հրեայ ձեռներէց Վեաչեսլաւ Սեմենչուք յայտարարած է Bitcoen (համահունչ է «coen»՝ յուդայականութեան մէջ հոգեւորականներու անուանումին) թուային արժոյթի ստեղծման մասին, որ նախատեսուած է աշխարհի բոլոր հրէական համայնքներուն համար:
Թուային հրէական արժոյթին հիմնական նպատակը հրէական համայնքէն ներս կատարուող հաշուարկներու պարզեցումն է: Այս արժոյթի ստեղծման մէջ Վեաչեսլաւ Սեմենչուք իր անձնական միջոցներէն ներդրած է 500 հազար ամերիկեան տոլար: Ան յայտարարած է, որ եօը ծրագրաւորողներ չորս ամսուան ընթացքին կազմած են թուային դրամապանակներու սեփական տարբերակը, որոնց մէջ կ՚աշխատի նոր արժոյթը:
«Մայքրոսոֆթ» աշխարհահռչակ ընկերութիւնը սկսած է վճարումներ ընդունիլ պիթքոյն թուային արժոյթով, որով հնարաւոր է վճարել խաղերու, յաւելուածներու եւ այլ ապրանքներու համար: «Վըրճըն Կալակտիքս», «Էքսփետիա», «Թեսլա» եւ կարգ մը միջազգային ընկերութիւններ նոյնպէս որդեգրած են թուային դրամ-միաւորով վճարումներ իրականացնելու սկզբունքը: Կարգ մը երկիրներու մէջ արդէն, միւս դրամական փոխանցումներու սարքերուն քով տեղադրուած են թիւարժոյթներու գործարքներու սարքեր:
PricewaterhouseCoopers (PwC) խոհրդատուական ընկերութիւնը յայտարարած է, որ իր խորհրդատուական ծառայութեան փոխարէն առաջին անգամ ընդունած է պիթքոյնով վճարում:
Ամերիկեան ManageGo հարթակը, որ կ՚առաջարկէ առցանց եւ բջիջային յաւելւածով բնակարանի վարձակալման ծառայութիւն, պիթքոյնը աւելցուցած է վճարման տարբերակներու ցանկին մէջ։ Վարձակալման համար թիւարժոյթով կրնան վճարել արդէն 2018 թուականի Յունուարէն սկսեալ։ Ընկերութիւնը բացատրած է վճարման ձեւը՝ վարձակալը կը վճարէ պիթքոյնով, իսկ ManageGo ծառայութիւնը արժոյթը կը փոխարինէ տոլարի։ Քանի որ պիթքոյնը չափազանց անկայուն է, փոխարժէքը կը հաշուարկուի տուեալ պահու գինով: «Մենք կը ներդնենք այս նորարարութիւնը, որովհետեւ կը տեսնենք, որ պիթքոյնը ապագային կը դառնայ մշտական արժոյթ», նշած են ManageGo-ռազմավարութեան պատասխանատուները: Պիթքոյնով վճարումներ կարելի է կատարել նաեւ eBay եւ այլ նշանաւոր առցանց խանութներէ գնումներու պարագային: Տարուան սկիզբէն ի վեր տասնհինգ անգամով սուղցած ըլլալու հանգամանքով ան դրամական աշխարհի վերլուծաբաններուն ու իրաւասու մարմիններուն մօտ մտահոգութիւն յառաջացուցած է:
Պիթքոյնի սղաճին գլխաւոր պատճառը, ըստ աղբիւրին, ամերիկեան արտարժոյթի շուկային մէջ անոր հանդէպ եղած մեծ հետաքրքրութիւնն է: Իր աճող հետաքրքրութեամբ արժոյթը վախի մէջ դրած է մանաւանդ եւրոպական երկիրները:
Եւրոպական երկիրներու կառավարութիւնները մտադիր են քայլերու ձեռնարկել պիթքոյնի ընդհանուր կարգաւորման ուղղութեամբ՝ ահազանգելով, որ աշխարհի ամենէն տարածուած թիւարժոյթը կրնայ «դրամ լուացողներու», թմրավաճառներու եւ ահաբեկիչներու ձեռքին գործիք դառնալ: Իր անանուն գործարքներու, արագութեան շնորհիւ թիւարժոյթը, իսկապէս խիստ գրաւիչ է արգիլուած ապրանքներու առեւտուրով զբաղողներու համար (թմրանիւթ, զէնք եւ այլն):
Ֆրանսայի Ելմտական նախարար Պրունօ լը Մէր կը պատրաստուի դիմել Մեծ Քսանեակի՝ G20-ի երկիրներուն՝ պիթքոյնի համատեղ կարգաւորման համար, իսկ Գերմանիոյ ելմտական նախարարը ողջունած է իր գործընկերոջ նախաձեռնութիւնը:
Առեղծուածային դրամին հետ կապուած անհանգստութիւնները կիսած է նաեւ Իտալիոյ կառավարութիւնը, ան նաեւ յայտնած է քննարկումներու պատրաստակամութիւն:
Նախարարները պայմանաւորուած են, որ Մեծ Քսանեակի երկիրներուն ելմտական նախարարներու եւ կեդրոնական դրամատուներու նախագահներուն յաջորդ հանդիպումը յարմար առիթ մըն է այս քննարկման սկսելու համար:
«Ինծի լաւ չ՚երեւիր պիթքոյնը: Ան կրնայ թաքցնել այնպիսի անօրինական գործունէութիւններ, ինչպէս՝ թմրադեղերու վաճառքն ու ահաբեկչութիւնը: Անօրինական վերավաճառքի ակնյայտ վտանգ կայ, եւ մենք պէտք է առերեսուինք այդ մէկուն հետ», ըսած է Ֆրանսայի ելմտական նախարարը:
Bloomberg-ը կը գրէ, որ Նոպէլեան երկու մրցանակակիրներ եւս քննադատօրէն մօտեցած են պիթքոյնին: Ճոզէֆ Ստիքլից նշած է, որ ան հասարակութեան համար օգտակար որեւէ գործառոյթ չի կատարեր, իսկ Ռոպերթ Շիլլէր ըսած է, որ պիթքոյնը կը գրաւէ այն մարդիկը, որոնքկը փորձեն մոլորեցնել համակարգը:
Համացանցային խանդավառութեան հետեւանքով ստեղծուած այս արժոյթը, որուն մասին արդէն ամէն օր կը խօսուի սակարաններէն ներս, համացանցային հարթակներու վրայ, հեռատեսիլէն, միտում ունի մարդոց դրամական հոգեբանութեան մէջ յեղափոխութիւն մը մտցնել: Շատեր վախ ունին, որ այսպիսի զարգացման միտումներով աճող պիթքոյնը կրնայ փլուզել համաշխարհային ելմտական համակարգը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ