«ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ԱՂՋՆԱԿԸ»

Վստահաբար բոլորս համամիտ ենք, թէ իւրաքանչիւր պատերազմ որոշ «ճաք»եր կը բանայ հասարակութիւններու վրայ, բայց, ակնյայտ է, թէ պատերազմէն եւ անոր թողած հետեւանքներէն ամենատուժածները կ՚ըլլան երեխաներ։ Անոնք, առանց ծանօթանալու կեանքի «ճշմարիտ երես»ին, գիրկը կը նետուին ռումբերու, զէնքերու, դիակներու…

Վիեթնամի պատերազմը թէեւ կարելի չէ բաղդատել մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած երկու համաշխարհային պատերազմներուն հետ, սակայն այդ եղած է ամենամեծ պատերազմներէն մին՝ ազդելով միլիոնաւոր մարդոց կեանքի վրայ եւ յանգեցնելով բազմաթիւ անմեղներու մահուան:

Քիմ Փուք. թէեւ ծանօթ անուն մը չէ, բայց ամենայն հաւանականութեամբ տեսած էք անոր լուսանկարը։ Ամբողջ աշխարհին ծանօթ է Քիմը՝ որպէս «լուսանկարի աղջնակը»։ Այդ լուսանկարին մէջ պատկերուած է փոքր, մերկ աղջնակ մը, որ կը վազէ ու սարսափած կը գոռայ Վիեթնամի պատերազմի ժամանակ նափալմի* հետեւանքով մարմնի որոշ հատուածները այրելէ յետոյ։

Ժամանակը կանգ կ՚առնէ լուսանկարներով։ Անոնք պատմութեան հայելիներ են, որոնք մեզ վկան կը դարձնեն պատկերուած պահուն։ Լուսանկարներ յաճախ պատճառ կը դառնան յուզական տարատեսակ դրսեւորումներու։ Անոնք կրնան նաեւ կրկին-կրկին ցաւ պատճառելով «կլանել» մեզ։

Լուսանկարներ կը պատմեն այն ինչ, որ միայն բառերով արտայայտել կարելի չէ։ Բայց եւ այնպէս, առանց Քիմի ողբերգական պատմութեան ծանօթանալու այս լուսանկարին նայիլը զայն կրնայ իմաստազրկել։

1972 թուականին Քիմ ինն տարեկան էր, երբ իր լուսանկարը դարձաւ Վիեթնամի պատերազմի խորհրդանիշը։ Ան իր բազմանդամ ընտանիքին հետ խաղաղ ու լիուրախ կեանք մը կը վարէր Վիեթնամի փոքր գիւղերէն՝ Թրանկ Պանկի մէջ։ Ըստ Քիմի՝ պատերազմէն առաջ ան երբեք չէր վախնար որեւէ բանէ, սակայն մարտերը փոխեցին ամէն ինչ։ Քիմն ու գիւղացիները կը թաքնուէին գիւղի տաճարին մէջ, որ կը համարուէր գիւղի ամենաապահով ու անվտանգ վայրը։ Այնուամենայնիւ, տաճարը այդքան ալ ապահով չէր։ Գիւղին վրայ արձակուած նափալմի հետեւանքով Քիմի հագուստը բռնկեցաւ, ուստի ան սկսաւ վազել եւ պոկել հագուստները:  Երբ Քիմ սարսափով ու ցաւով կը վազէր ճանապարհի վրայով, լուսանկարիչ Նիք Ութ նկարահանեց այդ պահը։ Ութ տեսնելով փոքրիկ աղջկան վիճակը, վերցուց լուսանկարի մեքենան եւ Քիմն ու միւս բոլոր երեխաները շտապեցուց դէպի մօտակայ հիւանդանոցներէն մէկը։

Յաջորդ օրը Քիմի լուսանկարը տպագրուեցաւ աշխարհի բոլոր թերթերու առաջին էջերուն վրայ։ Լուսանկարը կարճ ժամանակի ընթացքին ստեղծեց լայն արձագանգ եւ դարձաւ Վիեթնամի պատերազմի ողբերգութիւններու «ակնթարթային» ցոլացումը։ Աւելի վերջ Ութ այս լուսանկարով արժանացաւ «Փուլիթզէր»ի լրագրութեան ոլորտի մրցանակին։

Լուսանկարները առհասարակ բարենպատակ ծառայութիւն կրնան մատուցել ու մերկապարանոց ընել թաքցուած գաղտնիքներ։ Քիմի լուսանկարն ալ օգնեց փոխել Վիեթնամի պատերազմի մասին մարդոց յիշողութեան մէջ ձեւաւորուած ընդհանուր «պատկերը»։ Պէտք չէ անտեսուի նման լուսանկարներու մարդոց վրայ ունեցած ազդեցութիւնը։ Ամբողջ աշխարհի վրայ բազում մարդիկ ծանօթ են այս լուսանկարին, սակայն անոնք չեն գիտեր Քիմի պատմութիւնը։ Յարձակումը եւ յետոյ լուսանկարի ստեղծած արձագանգը ընդմիշտ փոխեցին Քիմի կեանքը, բայց ան միշտ բարձր պահեց իր տրամադրութիւնը։ Քիմ կ՚ըսէ. «Սարսափելի դէպքեր կրնան պատահիլ, բայց եթէ այդ արհաւիրքներէն կարենանք փրկուիլ, մենք կրնանք դասեր քաղել մեր ապրածներէն, մեր ողբերգութիւններէն, որոնք աւելի ուժեղ կը դարձնեն մեզ»։

Յարձակումէ յետոյ բժիշկներ դոյզն իսկ յոյս չունէին Քիմի կեանքի փրկութեան մասին։ Երեք օր յետոյ, ծնողները Քիմը գտան հիւանդանոցի «մահուան սենեակ»ին մէջ։ Բայց Քիմ չէր մահացած։ Փոքր աղջնակը աւելի վերջ տեղափոխեցին այլ հիւանդանոց մը, ուր ան մնաց աւելի քան տարի մը եւ տասնեօթ անգամ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ։ Քիմ մինչ օրս տակաւին կ՚ունենայ ցաւեր, բայց ան չի կեդրոնանար անոնց վրայ։ Խաղաղութիւնը գտնելը դիւրին չեղաւ Քիմի համար։ Այս բոլորով հանդերձ, ժամանակի ընթացքին ան սորվեցաւ փառք տալ եւ դադրեցաւ պատահածներուն մասին բողոքելէ։ Բաց աստի, ըստ Քիմի, իր կեանքի փրկուելուն մեջ մեծ դեր ունեցած է լուսանկարիչ Նիք Ութը:  Այսօր անոնք դեռ եւս կը պահեն սերտ յարաբերութիւններ։

Լուսանկարով ձեռք բերած համբաւը Քիմին առիթ ընծայեց դառնալ խաղաղութեան ջատագով: 1994 թուականին Քիմ արժանացաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Բարի կամքի դեսպանի կոչման: Որպէս դեսպան՝ Քիմ կը շրջի աշխարհը՝ խթանելով խաղաղութիւն եւ փոխըմբռնում։

Քիմի ամբողջ աշխարհին ուղղեալ պատգամը պարզ, բայց խորիմաստ է. «Եթէ փոքրիկ աղջիկ մը կը սորվի ներել, բոլորը կրնան ընել այդ բանը։ Եթէ մարդիկ սորվին ապրիլ սիրով, յոյսով եւ ներողամտութեամբ, ապա պատերազմ չ՚ըլլար»։

Քիմի միակ փափաքն է, որ աշխարհ ընկալէ իր նկարը մեկնաբանելու «նոր ճանապարհներ»։ Ան կ՚ըսէ. «Իմ այդ լուսանկարին նայելով միայն մի՛ ըսէք, որ այդ փոքրիկ աղջիկը ցաւէն ու վախէն կու լայ:  Տեսէ՛ք, թէ ան ինչպէ՛ս կ՚աղաղակէ խաղաղութեան համար։ Իմ լուսանկարը պատերազմի խորհրդանիշ է, բայց իմ կեանքը՝ սիրոյ, յոյսի եւ ներողամտութեան»:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ


*Նափալմ.- Այրող նիւթ մը, որ կը կիրառուի ռազմական գործողութիւններու ժամանակ՝ թշնամիի կենդանի ուժը եւ թեքնիկ սարքաւորումները ոչնչացնելու նպատակով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020