ԱՃԱՌԵԱՆ ԿՐԿԻՆ Ի ՊԱՏՈՒԻ
Երեւանի մէջ այս օրերուն կրկին նշուեցաւ մեծանուն լեզուաբան ու բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 145-ամեայ յոբելեանը: 145-ամեակը այս տարուան ընթացքին նշուած էր նաեւ Արցախի Պետական համալսարանին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ եւ այլ կրթական, մշակութային կեդրոններէ ներս:
Այս անգամ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ այդ առիթով բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուեցան Հրաչեայ Աճառեանէն բացառիկ նիւթեր՝ նամակներ, աշխատութիւններու բնագրեր, լուսանկարներ, անձնական իրեր:
Առաջին անգամ տեսանք նաեւ Աճառեանը՝ տեսերիզի վրայ: Ցուցադրուեցաւ անոր նուիրուած տեսանիւթ մը, որ բացառիկ նկարահանում մըն էր անմահ լեզուաբանին մասնակցութեամբ:
Հրաչեայ Աճառեանի մասին խօսք առին Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի նորանշանակ տնօրէն Վահագն Սարգսեան, Հրաչեայ Աճառեանի անուանակիր թոռը՝ Հրաչեայ Աճառեան, թանգարանի աշխատակիցներ, որոնք անգամ մը եւս շեշտեցին Հրաչեայ Աճառեանի անփոխարինելի դերը՝ կրթական, լեզուական եւ առընչակից ոլորտներու զարգացման մէջ:
ՇԱՊԻԿԸ
Հրաչեայ Աճառեանի անձնական իրերուն մէջ ցուցադրուած է անոր շապիկը՝ մետաքսեայ, պարզ վերնազգեստ մը: Ծանօթ է, որ Աճառեան առանձնապէս ուշադրութիւն չէ դարձուցած իր հագուկապին, եւ այդ մասին ահաւասիկ ինչ կը գրէ անոր կինը՝ Սոֆիկ Աճառեան իր յուշերուն մէջ, երբ առաջին անգամ տեսած է Աճառեանը. «Ես ունակ չէի հաւատալու, որ հնարաւոր է այդպիսի փրոֆեսէօր ըլլայ: Կը նայէի անոր ու կը զարմանայի: Չափազանց պարզ արտաքին ունէր. այդ օրը հագած էր մետաքսեայ վերնաշապիկ մը՝ կուրծքը բաց, թեւերը երկար, ձեռքերը մէջը ինկած, անդրավարտիքը գօտիով ամուր կապած։ Անոր մէկ ոտքին կրկնակօշիկ կար, միւսին՝ թաղիքէ ճիտքերով կօշիկ»:
Այդ առաջին հանդիպման ժամանակ ալ Աճառեան կը սիրահարուի Սոֆիային: Ան անկէ տասը տարի առաջ կորսնցուցած էր իր սիրելի կինը՝ Արուսեակը, որուն մահը մեծ ցաւ պատճառած էր գիտնականին: Աճառեան հոգեհարազատ կողակիցի, սրտցաւ կնոջ կարիք ունէր եւ Սոֆիան կը դառնայ այդ սրտակիցը, մինչեւ գիտնականին կեանքին աւարտը կը մնայ անոր հաւատարիմ ուղեկիցը, կիսելով նաեւ գիտնականին բանտարկութեան, աքսորի եւ յետագայ օրերու դժուարութիւնները:
Իրենց ամուսնութեան սկզբնական շրջանին Սոֆիկ կը ջանայ փոխել Աճառեանի հագուկապը, քանի գիտէր, որ ան այդպէս չէ եղած միշտ: Տեսած էր անոր երիտասարդական շրջանի լուսանկարները, որոնք ցոյց կու տային, որ Աճառեան գիտէր վայելուչ եւ կոկիկ հագուիլ:
Առաջին կինը՝ Արուսեակը նոյնպէս եղած է բծախնդիր եւ հետեւած է, որ Աճառեան գեղեցիկ ու պատշաճ հագուի: Բայց, ինչպէս Սոֆիան նկատած էր՝ սիրելի կնոջ մահէն ետք, դառնացած հոգիով սկսած է վարել գրեթէ ինքնամոռաց կեանք մը՝ միակ մխիթարութիւնը փնտռելով աշխատանքի մէջ։
Սոֆիան շատ մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի փոփոխութիւններ մտցնել Աճառեանի բնակարանին, հագուկապին եւ արտաքինին մէջ:
Ահաւասիկ դրուագ մը կնոջ յուշագրութենէն. «Օր մը ամենամեծ զգուշութեամբ ես անոր ըսի, որ լաւ կ՚ըլլայ քիչ մը կարճցնել պեխերն ու մօրուքը։ Ան դիւրութեամբ համաձայնեցաւ եւ անհաւատալիօրէն ըսաւ. «Ինչպէս կ՚ուզես, այնպէս ալ կ՚ընեմ, միայն թէ քեզի հաճելի ըլլայ»։
Վարսաւիրանոցէն վերադարձին Աճառեան ցոյց տուաւ պեխերը, ես հաւանութիւն տուի, միայն ըսի, թէ յաջորդին լաւ կ՚ըլլայ, որ քիչ մը եւս կարճցնէ։ Եւ այսպէս, ամէն անգամ նոյն հարց ու պատասխաններով քիչ-քիչ կը կարճնան անոր պեխերն ու մօրուքը։ Իմ նպատակս էր հարկաւ ի սպառ վերացնել տալ պեխերն ու մօրուքը, բայց կը վախնայի մէկ անգամէն միտքս յայտնելու։
Օր մըն ալ վարսաւիրանոցէն վերադարձին նկատեցի, որ մօրուքին երկու կողմերը անհաւասար կտրած են: Երբ ըսի, Աճառեանը ըսաւ, որ յաջորդ անգամ հաւասարեցնել կու տայ: Յաջորդ անգամ ան սափրիչներուն ըսած էր.
-Դուք իմ մօրուքս հաւասար չէիք կտրած: Ինծի համար ատիկա այնքան նշանակութիւն չունի, բայց իմ կինս այդ մանրուքները կը նկատէ:
Սափրիչները իրարու երես նայած եւ «սրբագրած են» մօրուքը՝ շարունակ հարցնելով՝ հիմա ինչպէ՞ս է։
Վերջապէս, շատ կարճցնելէ ետք, սափրիչը կ՚ըսէ:
-Փրոֆեսէօ՛ր, իսկ եթէ ձեր մօրուքը բոլորովին հանեմ, աւելի լաւ չ՚ըլլա՞ր:
-Իրա՛ւ,- կ՚ըսէ Աճառեան,- այդ մէկը չէի մտածած, շատոնց հոգիս ազատած կ՚ըլլար: Կտրէ՛: Իսկ եթէ կինս չհաւնի, կ՚ըսեմ, որ համբերէ, մինչեւ որ նորէն բուսնի:
Յետոյ Աճառեան կ՚աւելցնէ.
-Մարդ որ կնոջ ձեռքը կ՚իյնայ, անոր ըսածները անմիջապէս պէտք է կատարէ, թէ չէ քիթէն բռնած՝ կինը զայն կը պարեցնէ:
Տուն վերադառնալով՝ ան ըսաւ.
-Սոֆի՛կ, ահա հիմա ամէն ինչէն ազատեցայ: Շուտ պէտք է մտածէի, մնացածն ալ սրբագրել տուի, հոգիս ազատեցաւ։ Է՛, ըսելիք չունի՞ս։
Երբ ես գլխով դրական նշան ըրի, ան աւելցուց.
-Վերջապէս, Փառք Աստուծոյ, ազատեցանք, ալ ընելիք չունինք։
Ապա հոգոց հանելով շարունակեց.
-Ա՜խ, հանգուցեալ Արուսեակը ինչքան կ՚ուզէր այդ բանը ընել, բայց չկրցաւ, ասկէ ալ դիւրին բա՞ն… բայց ինչո՞ւ չկրցաւ»:
Այս ամէն ինչէն ետք Սոֆիան առիթներ կը փնտռէր՝ փոփոխութիւն կատարելու նաեւ ամուսինին հագուկապին մէջ: Օր մըն ալ գեղեցիկ հագուելու մասին խօսակցութենէն ետք Աճառեան կ՚ըսէ.
-Ի՞նչ է, մազ-մօրուքէն ազատեցար, հիմա ալ անցար հագուստի՞ս: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի հագուստը։ Քեզի համար կարեւորը այն է, որ անիկա կրող մարդը լաւ ըլլայ:
Սոֆիան կ՚ըսէ.
-Հագուած մարդը աւելի հաճելի է աչքերուն համար, իսկ լաւ մարդը աւելի լաւ կ՚ըլլայ լաւ հագուստով։
Եւ աւելի նուրբ կէտէն բռնելու համար անմիջապէս աւելցուց.
-Արդեօք ինչո՞ւ կը փափաքիս, որ ես միշտ լաւ հագուիմ, ընտիր, մաքուր, ճաշակով։
-Ես կ՚ուզեմ, որ դուն միշտ իշխանուհիի նման ըլլաս, լաւ հագուիս, ատիկա քեզի կը վայելէ:
-Ի՞նչ իշխանուհի կ՚ըլլայ առանց իշխանի,- անմիջապէս կը պատասխանէ Սոֆիա:
Աճառեան կը նահանջէ, կը զինաթափի.
-Լաւ, ուրեմն,- կ՚ըսէ,- համաձայն եմ. ըրէ, ինչպէս կ՚ուզես:
Անոնց այս խօսակցութենէն ետք Սոֆիան կը յաջողի գնել շագանակագոյն կտոր եւ դերձակ մը Աճառեանին համար բաճկոն եւ տաբատ կը կարէ, որ, Սոֆիկին խօսքերով, շատ կը վայելէ անոր: Աճառեան անճանաչելիօրէն փոխուած էր, ծանօթները հիացումով կը նայէին եւ կը դժուարանային հաւատալ, որ ան է:
Իսկ Սոֆիկին ականջին խօսակցութիւններ կը հասնէին այն մասին, թէ ինչպիսի՜ կին մըն է, որ այդքան կարճ ժամանակամիջոցին կրցած է ազդել Աճառեանին վրայ եւ բարեփոխել անոր տեսքը:
ՍՈՒՐՃԻ ԳԱՒԱԹԸ
Աճառեանի իրերէն որոշներ կը պահուին անոր թոռան տան մէջ, որոշ իրեր՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Աճառեան սուրճ խմելու սովորոյթ ունեցած է, թոռան տան մէջ կը պահուի անոր սուրճի գաւաթը, որ նոյնպէս ցուցադրուած էր ցուցահանդէսին: Սուրճ, թէյ կամ օշարակ խմելը մաս կազմած է Աճառեանի աշխատանքին եւ առօրեային:
Աճառեան, Սոֆիկին յուշերէն դատելով, անսահման աշխատասէր եւ աշխատունակ մարդ եղած է: «Աճառեան իր աշխատանքով Աճառեան է, եթէ չաշխատիմ, ի՞նչ Աճառեան»,- կը սիրէր կրկնել ան:
Սոֆիկ ամուսինին աշխատասիրութեան մասին կը պատմէ.
«Անվիճելի է, որ Աճառեան օժտուած էր բացառիկ տաղանդով, ընդունակութեամբ, սուր յիշողութեամբ։ Բայց այդ բնածին տաղանդը չէր կրնար այդքան բեղմնաւոր ըլլալ, եթէ չըլլար անոր բացառիկ աշխատասիրութիւնը։ Շատեր յաճախ կրկնած են, թէ Աճառեան այնքան աշխատանք կատարած է, որ դժուար թէ կրնար կատարել ամբողջ գիտական հիմնարկ մը:
Յամառ ու տոկուն աշխատանքը, սակայն, բաւական չէր ըլլար մեծ արդիւնքի հասնելու համար, պարզ է, որ այս հարցին մէջ որոշիչ դեր կը կատարէ աշխատանքին ռեժիմը։
Աճառեան առաւօտ կանուխ՝ ժամը 6-ին կ՚արթննար եւ անմիջապէս կը սկսէր աշխատիլ մինչեւ ժամը 7 անց 30, ապա ընդհատելով՝ քառորդ ժամ եւս կը պառկէր կամ կը քնանար եւ կը հանգստանար։ Յետոյ ան կ՚արթննար, կը նախաճաշէր ու կը շարունակէր աշխատանքը։
Աշխատանքին ընթացքին, երբ յոգնութիւն զգար, կ՚ընդհատէր, կը պառկէր 15 վայրկեան ու կը հանգստանար, ապա շաքարեղէն կամ քանի մը հատ ընկոյզ կ՚ուտէր եւ կը վերսկսէր աշխատանքը»։
Սոֆիկ Աճառեան կը շարունակէ. «Երբեմն ալ այդ աշխատանքը կը ձգէր, կը տեղափոխուէր ճաշասենեակ, կը նստէր մեծ սեղանին շուրջը, կը շարունակէր աշխատիլ, ուր նախօրօք շարուած եւ դասաւորուած կ՚ըլլային զանազան աշխատութիւններու կիսաւարտ ձեռագրերը։
Երբ յոգնէր կամ ձանձրանար կամ հանդիպէր որեւէ դժուարութեան, կը փոխէր տեղն ու աշխատանքին նիւթը եւ այդպէս շարունակաբար։
Ան որոշած էր, որ օրական առնուազն պէտք է գրէր 15 էջ»։
Սոֆիկին խօսքերով՝ այս չափանիշը կարելի չէր թերակատարել, իսկ գրեթէ միշտ կը գերակատարէր՝ օրական գրելով 20-22 էջ։ Ան բոլոր աշխատութիւնները կը գրէր նոյնիսկ առանց սեւագրութեան։
Լաւագոյն պարագային կը կազմէր կարճ տարբերակը, որ յաճախ փոփոխութեան կ՚ենթարկուէր աշխատանքի ընթացքին։
Կրկին Սոֆիկին յուշերէն.
«Աճառեանի ուսանողները կ՚ըսէին, թէ ան մէկ աչքով գիրք մը կը գրէր, միւս աչքով՝ ուրիշ մը, իսկ կարդալու ժամանակ մէկ էջը մէկ աչքով կը կարդար, միւս էջը՝ միւս աչքով: Ատոր համար ալ շուտ կը վերջացնէր ընթերցելիք գիրքը։
Այս յիշելով՝ Աճառեանը կ՚ըսէր ծիծաղելով.
-Խեղճ ուսանողներ, չեն գիտեր, որ այս բոլորը մէկ տկար աչքի արդիւնք է»։
Ծանօթ է, որ մեծ լեզուաբանը մանուկ հասակին զրկուած էր մէկ աչքի տեսողութենէն:
ՁԵՌԱԳԻՐԸ
Ցուցադրութիւններուն մէջ նաեւ Աճառեանի ձեռագիրը կար:
Աճառեանը ունեցած է շատ գեղեցիկ, մաքուր, կանոնաւոր, դիւրընթեռնելի ձեռագիր, որ այսօր ալ, դիտելով, միայն հաճոյք կարելի է ստանալ:
Սոֆիկ Աճառեան իր յուշերուն մէջ Աճառեանի ձեռագրին մասին կը պատմէ.
«Տպարանին մէջ գրաշարները կը նախընտրէին շարել ուղղակի իր ձեռագրէն, քան թէ մեքենագրուածէն: Ան իր ձեռագիրը ոչ մէկուն կը վստահէր՝ վախնալով, որ կրնայ կորսուիլ, իսկ այդ պարագային կորուստը կ՚ըլլար անդարմանելի, որովհետեւ չունէր երկրորդ օրինակը։ Այդ պատճառով ալ տպագրութեան յանձնուած աշխատութիւնը ցրիչի նման ընդհանրապէս անձամբ ինքը թուղթ առ թուղթ կը յանձնէր նախ գրաքննութեան կառոյցին, յետոյ՝ տպարանին։ Երբեմն ալ ան ատոնք կը վստահէր ինծի՝ տանելու»։
ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆ ԹԵՐԹԻԿԸ
Ցուցադրութեան իրերուն մէջ ներկայացուած է նաեւ 1943 թուականին ԱՃառեանին տրուած գերազանցութեան թերթիկ մը, որ ան ստացած է աշխատանքին համար, մինչդեռ, այդ մէկը շատ զաւեշտալի է, քանի որ գերազանցութեան թերթիկ տուած նոյն իշխանութիւնները ատկէ առաջ Աճառեանը բանտարկած էին եւ ծանր մեղադրանքներով դատապարտած:
1937 թուականին՝ սթալինեան բռնաճնշումներուն ժամանակ, խորհրդային իշխանութիւնները բռնած էին ԱՃառեանը, աքսորած եւ աքսորավայրին մէջ երկու տարի անցընելէ եւ չարչարուելէ ետք՝ 1939 թուականին, ան արդարացուած եւ վերադարձած էր Երեւան: Հակառակ արդարացուած ըլլալուն, այդ տարիները շատ ծանր ազդեցութիւն ձգած են մեծ գիտնականին առողջութեան եւ հոգեկան աշխարհին վրայ եւ այդ մէկը արտայայտուած է իր յետագայ կեանքին ընթացքին:
Գերազանցութեան այդ թերթիկը ստանալու տարին ալ՝ 1943 թուականին, Հրաչեայ Աճառեան ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ։
ՑՈՒՑԱՆՄՈՅՇԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Այդքանով չի հանդարտիր Աճառեանի անհանգիստ կեանքը: 1947 թուականին բռնութեան նոր ալիք մը կը սկսի մտաւորականութեան դէմ: Շատերու պէս Աճառեանն ալ կը հեռացնեն համալսարանէն, իսկ տպարանէն կը հաւաքեն անոր «Հայոց պատմութիւն» նոր տպուած գիրքին օրինակները: Աճառեան կիսախելագար վիճակի մէջ կ՚այրէ այդ աշխատութեան ձեռագիր օրինակը՝ իր տունին մէջ: Բարեբախտաբար, տպարանի բարեխիղճ գրաշարները, որ շատ կը սիրէին Աճառեանը, տպագրական կաղապարներու միջոցով հնարաւորութիւն կ՚ունենան վերականգնել եւ մեծ գիտնականին համար մէկ օրինակով տպագրել այդ արժէքաւոր աշխատութիւնը՝ փրկելով զայն կորուստէն:
Աճառեանի 145-ամեակի ցուցահանդէսին ցուցադրուած է նաեւ այդ գիրքը՝ «Հայոց պատմութիւն»ը: Յուշերուն մէջ Սոֆիա Աճառեան կը պատմէ, թէ ինչպէս Աճառեան ձեռագիրը այրելէ ետք աղիողորմ լացած է եւ դժուարութեամբ կրցած են հանգստացնել զայն:
Ծանօթանալով մեծ լեզուաբանի կեանքի այս դրուագներուն, կարելի չէ առանց յուզումի դիտել անոր նուիրուած ցուցահանդէսը, որուն ամէն մէկ մասնիկը կը պատմէ տառապանքի մասին, բայց եւ այն եզակի եւ վիթխարի գործին մասին, որ ան, հակառակ կեանքի հարուածներուն, կատարած է համայն հայութեան եւ մարդկութեան համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան