ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ «ԺԱՄԱՆԱԿ»Ը
* Զապէլ Եսայեան Աւետիս Ահարոնեանին հանդիպելու իր ունեցած տպաւորութիւններուն մասին, կը գրէ.
Արարատը չենք տեսած, բայց անոր ալեւոր եւ վեհաշուք բարձրութեան զգացումը ունինք, անոր պատկերը մեր հոգւոյն մէջ կը ծնինք գրեթէ. մեր նախահայրերը տեսած են զայն ու անոր ազդած տպաւորութեան յուզմունքը փոխանցուած է մեզի, մեր անգիտակից եւ կազմութեան տաժանքին մէջ եղած օրերէն:
Արարատը չենք տեսած, բայց երբ օր մը զայն մեր աչքերուն առաջը ունենանք, վստահ եմ, անծանօթ լերան մը տպաւորութիւնը չպիտի ընէ մեր վրայ. անոր գաղափարը դրոշմուած է մեր էութեան մէջ եւ այդ գաղափարին ընտանեցած ու անով ապրած ենք:
Ահարոնեանը չէի տեսած ու երբ զինքը տեսայ անծանօթ եւ նոր ներկայացուած մէկու մը տպաւորութիւնը չըրաւ իմ վրաս. այսպէս սրբազան տեղեր կան ու այսպէս մարդիկ կան: Ահարոնեանը կը ճանչնայի իր գործերէն. իր հոյակապ արձակին rythmeը իր պատկերը գծած էր մտքիս մէջ ու իր ձայնին ոսկի շեշտը ընտանի դարձուցած. իրեն հանդիպումս անակնկալի մը յուզմունքը չպատճառեց, այլ շատոնց ի վեր կարօտով սպասուած մէկու մը հանդարտ գոհունակութիւնը ու այսպէս եղած ըլլալու է բոլոր անոնց համար, որոնք զինքը իր գործերէն կը ճանչնային մինակ:
Քիչ անգամ կը պատահի որ հեղինակ մը իր տաղանդին մարմնացումը ըլլայ: Ահարոնեանը տեսնելէ ետք չես զարմանար իր անօրինակ տաղանդին վրայ, ինչպէս զինքը կարդալէ ետքը բնական կը գտնաս իր Արամազդի թուխ ճակատը, իր խոր եւ սեւ աչքերը, որոնց մթին հուրքէն կարծես կոպերը այրած են: Իր շարժումներուն, իր ձայնին մէջ կը վերագտնաս իր տառապանքով օծուած արուեստին ազնուականութիւնը, դաշն եւ հզօր եղանակը մրրիկներուն, որոնցմով աւերուած Հայրենիքին սուգը իր գլխաւոր ցաւն ու իր տիրական տաղանդը կազմած են:
Արարատին ստորոտը ծնած է անիկա. իր առաջին կրօնքը այդ հսկայ լեռը եղած է. լեռները իրենց բարձրութեան մոլեռանդութիւնը կը ներշնչեն. Ահարոնեանին հոգին սկիզբէն դէպի այդ ալեւոր լեռն ի վեր սլացած է, բնութիւնը զինքը չէ շփացուցած, զինքը չէ փայփայած իր գեղեցկագոյն գարուններով, իր գաղջ եւ բուրումնաւէտ զեփիւռներով. մշտնջենական ձիւնը, ահաւոր ձմեռը մեր երկիրներուն դարբնած են իր խառնուածքը: «Աղբիւրները անգամ սեւ ջուրեր ունէին» կ՚ըսէր ինծի, պատմելով իր մանկութիւնը, ու այդ մարած հրաբուխը որ կը մռնչէ առանց բոց ժայթքելու, օձերը, սեւ օձերը որ կը սողան ոլոր-ոլոր լերան կողերուն վրայ, օրօրած են իր երեւակայութիւնը: Ու օր մըն ալ զինքը ուխտի են տարեր. ծնողքը մտահոգ իր հանճարեղ տղու անսովոր եւ վաղահաս խելացիութենէն, զինքը հիւանդ են կարծեր ու տարեր են Արարատին կողն ի վեր Սուրբ Յակոբին. «Սաստիկ քամի կար այն օրը, կ՚ըսէ Ահարոնեան. ու ես մտիկ կ՚ընէի քամիին ու անիկա կը թափանցէր հոգւոյս մէջ, անոր rythmeն է որ պահած եմ մինչեւ հիմա, որուն չափովը գրած եմ ընդհանրապէս»:
…
Ահարոնեան գերազանցապէս բանաստեղծ է, հակառակ որ ոտանաւոր չէ գրած կամ գրեթէ. իր արձակը եթէ յանգ չունի, rythme ունի, իր խառնուածքը անհաշտ է պայմանադրական չափերուն. իր գրութիւններուն ներդաշնակութիւնը համապատասխան է մտածումին, յուզումին. անոնց հետ կը ծնի, կ՚ելեւէջէ. Ահարոնեանի հոգին ըմբոստ է. մրրկավար արձակութիւն մը ունի անիկա: Արարատի քամին լայն հորիզոններու կարօտ է:
Մեզի համար մանաւանդ որ Երկրէն հեռու ծնած ու երկրէն հեռու ապրած ենք, մեզի համար որ Հայրենիքը գրեթէ վերացական բառ մըն է, Ահարոնեանի գրականութիւնը մասնաւորապէս թանկագին կը դառնայ, անիկա մեր ձեռքէն կը բռնէ ու մեր օտարացածի ու ապասերածի ունայն ուրախութիւններէն, ճղճիմ մտահոգութիւններէն արթնցնելով մեզի կ՚առաջնորդէ Հայրենիքին խիստ տառապանքին մէջ («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 6, 21-3 հոկտեմբեր 1908, էջ 1-2):
* Հ. Մ. Շահէ, «Խօսելախտը» վերնագիրը կրող գրութեան մէջ կ՚անդրադառնայ երեւոյթի մը, որ այսօր եւս լայն տարածում ունի՝ մանաւանդ Արեւելքի մէջ: Կը կարդանք.
Անոնք որ պատեհութիւնը ունեցան ներկայ գտնուելու Ազգային Երեսփ. ժողովի նիստերուն, ցաւով տեսան, թէ յոռի ու վնասաբեր ախտ մը սկսած է վարակել մեր երեսփոխաններուն կարեւոր մէկ մասը, եւ արդէն իսկ այնքան մեծ համեմատութիւններ սկսած է առնել, որ կրնայ անբուժելի դառնալ, եթէ ժամ առաջ դարման մը չխորհուի անոր առաջքը առնելու համար:
Սահմանադրութեան վերայայտարարութեամբ, խօսելու ազատութիւնը ձեռք բերինք, եւ կ՚ուզենք օգտուիլ անկէ. գովելի՛ փափաք: Եւ սակայն դժբախտութիւնը հոն է, որ մեր այս տենչէն մղուած, շատ անգամ չարաչար կը գործածենք մեր իրաւունքները. «Խօսելու ազատութիւնը ունինք» ըսելը չի՛ նշանակեր, թէ անպատճառ պէտք է խօսինք, նոյնիսկ եթէ հանրութիւնը շահագրգռող բան մը չըլլայ մեր ըսելիքը: Այս ակներեւ ճշմարտութիւնը կ՚երեւայ, թէ պէտք եղածին պէս ըմբռնուած չէ տակաւին մեր ազգային երեսփոխաններէ շատերուն կողմէ: Ինչպէս ըսինք, Ազգային ժողովի նիստերուն ներկայ գտնուողներ ցաւով դիտեցին այս պարագան:
Մեր երեսփոխանական հռետորները (բացառութիւնները յարգելով) կը խօսին ու կը խօսին աննշան մանրամասնութեանց վրայ, անել վիճաբանութեանց մէջ կ՚իյնան, որոնք հետզհետէ խօսակցութեան մը երեւոյթը կ՚առնեն, փակուած ու վճռուած խնդիրները դարձեալ մէջտեղ կը հանեն, շինուածը կ՚աւրեն, օրերու աշխատութեամբ կառուցուածը կը քանդեն, եւ այս բոլորը կ՚ընեն իրենց խօսելու կարողութիւնը (.) ցոյց տալու, ատենագրութեանց մէջ իրենց անունը տպուած տեսնելու համար, որպէսզի… դարերը զիրենք յիշեն: Ու ժամերը կ՚անցնին, նիստերը իրարու կը յաջորդեն, կենսական խնդիրներ երեսի վրայ կը մնան, ու տուժողը կ՚ըլլայ միշտ Ազգը («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 6, 21-3 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
***
Այսօր նոյն պատկերին ականատես չե՞նք ըլլար շատ յաճախ: Հայաստանի խորհրդարանը պատկերացուցէք ձեր աչքին, մանաւանդ վերջին տարիներուն…: Ով ի՜նչ ըսես չի՛ խօսիր ամպիոնին ետեւ անցնելէ ետք; Ա՛լ աղաման դնել չդնել, ա՛լ աջ կամ ձախ քալել, ա՛լ ջուր խմել չխմել, ա՛լ հայհոյանք, նուաստացում, պոռչտուք…: Բնականաբար, ներկայիս ո՛չ թէ կը փափաքին իրենց անունները ատենագրութեան մէջ տպուած տեսնելու համար, այլ՝ տեսանիւթերու մէջ եւ թերթերու վրայ յայտնուելու մարմաջէն տարուած: Եւ ինչպէ՛ս անցեալին, ներկայիս եւս, ժամերը կ՚անցնին, նիստերը իրարու կը յաջորդեն, կենսական խնդիրներ երեսի վրայ կը մնան, ու տուժող կ՚ըլլայ միշտ Ազգը- մեր պարագային, ժողովուրդը, որովհետեւ մենք վաղո՜ւց դադրած ենք ազգ ըլլալէ, վկայ մեր այսօրուան վիճակը եւ մեր այսօրուան ունեցած իշխանութիւնները, ղեկավարները, թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանէ դուրս: Եթէ իրապէս ազգ ըլլայինք, ոչխարի համակերպուածութեամբ չէի՛նք համակերպիր անոնց մեր վիզերուն փաթթած հազար ու մէկ յիմարութիւններուն եւ ապուշութիւններուն…:
***
* ՕՍՄ. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ Ա. ՀԱՅ ԱՆԴԱՄԸ
Երկար սպասումներէ, խորհրդակցութիւններէ ու լրագրական բանավէճերէ ետք, երկու ամսուան մէջ հազիւ բախտը ունեցանք ողջունելու հայ երեսփոխան մը: Ուրախալի է, որ այս անդրանկութիւնը կը վիճակի արժանաւոր ու պարկեշտ հայու մը, Սասունի հերոս ընկեր Մուրատի (Համբարձում էֆ. Պօյաճեան), որ շատ մօտէն գիտէ Օսմ. երկրին զարգացման անհրաժեշտ եղող պէտքերը եւ յաջող կերպով ալ կրնայ բացատրել իր միտքը սահուն տաճկերէնով մը: Պօյաճեան էֆ. ընտրուած է Գօզանի (Սիս) սանճագէն իբր հարազատ զաւակը այդ հայ լեռներուն: Մաղթելի է որ միւս ընտրելիներն ալ նոյնպէս արժանաւոր ու ազատասէր անձնաւորութիւններ ըլլան: Ջերմապէս կը շնորհաւորենք ո՛չ միայն ընտրուողը, այլ եւ ընտրողներն ալ («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 6, 21-3 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
* ԵՐՈՒՍԱՂԻՄԵԱՅ Պատրիարք Տ. Յարութիւն Սրբազան հեռագրաւ իմացուցած է Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Պէքեարեանի կրկին վանք դառնալ, բայց վարդապետը մերժեր է, առարկելով, թէ քանի որ վանքը իրեն պէտք ունէր, ինչո՞ւ զինքը հեռացուցին անկէ («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 6, 21-3 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
* ՍՏԱՑԱՆՔ երիտասարդ բանաստեղծ Յ. Ճ. Սիրունիի քերթուածներու անդրանիկ հատորը, Մթնշաղ, գեղարուեստական գեղեցիկ կողքով: Կը պարունակէ 20-ի չափ գողտրիկ քերթուածներ: Գին 4 ղրշ. («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 6, 21-3 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
* ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԵՏ (ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆՏՐՈՒԵԼԷՆ ԱՌԱՋ)
Միքայէլ Շամտանճեան այցելութիւն մը տալով Իզմիրլեան Սրբազանին, անոր հետ խօսած է թէ՛ Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուելու եւ թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուելու մասին, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքը յուզող բազամթիւ հարցերու մասին զրուցած է անոր հետ: Շամտանճեան կը գրէ.
Լուրերը շատ այլազան են հիմա երկրին ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ, ու մասնաւորաբար մեր ազգին նաւը ամենէն աւելի հիմա պէտք ունի ճարտար ղեկավարի մը, որ զայն առաջնորդէ բաղձացուած ջուրերուն մէջ, որոնք ըլլան ապահով նաւահանգիստ մը բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան:
Այս գաղափարներով գլուխս լեցուած գացի տեսնել Մեծ Մարդը, Իզմիրլեան Սրբազանը, զոր հայ ազգը Հայրիկ մականուանեց, իր միւս Հայրիկին սրբանալուն վաղորդայնէն իսկ:
Կորովի տեսայ զինքը, ու տարիներու փորձառութեամբ բեղմնաւոր, եւ վայրկեան մը առաջ հասկնալու անհամբեր, թէ որո՛նք էին իր համոզումները՝ վարելու համար ազգին նաւը, երկրին ընդհանուր քաղաքականութեան հոսանքներուն մէջէն, ուղղակի գործի սկսայ, հարցումներ ուղղելով Նորին Սրբազնութեան, որոնց պատասխանները կ՚ուզեմ ներկայացնել ընթերցողներուս, քանի որ անոնք բազմաթիւ կենսական հարցերու շուրջ կը դառնան եւ քանի որ Իզմիրլեան Սրբազան կատարելապէս հասուն դատողութեամբ մը իր մտածումները պարզեց:
Հազիւ թէ սկսած էի ակնարկել ազգին հաւաքաբար քաղաքական ուղղութիւն մը որդեգրելու անհրաժեշտութեան, երբ Սրբազան խօսակիցս մէկէն ընդմիջեց զիս, պահանջկոտ շեշտով յայտարարելով, թէ մենք պէտք ունինք լուրջ լրագրութեան մը, եւ թէ Սահմանդրութեան հռչակումէն ի վեր պոլսահայ ազատ մամուլը փոխանակ ընդհանուր ազգային հարցերով զբաղելով իր ընթերցողները լուսաբանելու, որ ընդհանուր ազգային ուղիղ քաղաքականութեան մը հիմերը դրուին, աւելի փցուն խնդիրներով անձնականութիւններով զբաղեցաւ:
- Ժողովրդային կրթութիւնը կենսական կարեւորութիւն ունի, շարունակեց Իզմիրլեան Սրբազան, եւ մամուլը այս գործին մէջ աւագ դերը կոչուած է կատարելու: Առանց ժողովրդային զանազան խաւերու կրթութեան, ազատութիւնը չի կրնար օգտակար ըլլալ, քանի որ իրաց վիճակին գիտակցիլ պէտք է, ազատութիւնը օգտակար դարձնելու համար եւ առանց կրթուած ըլլալու մեր շուրջին կատարեալ գիտակցութիւնը չենք կրնար ունենալ:
…
Նախակրթութիւնը ամէն ազգի համար անպատճառ պէտք է ազգային ըլլայ, ասոր վրայ անպայման կը յամառինք, քաղաքական մեծ կարեւորութիւն ունի այս պարագան մեզի համար:
…
Ամենէն վերջը խօսքը կը դարձնեմ կաթողիկոսական ընտրութեան վրայ: Իզմիրլեան Սրբազան կը զգացնէ, թէ ինքը այն եկեղեցականն է, որ ազգին կոչած տեղը պատրաստ է փութալու:
- Թէեւ Ձեր Սրբազնաութեան արդար իրաւունքն է որ համօրէն ազգը Ձեզ ընծայէ գերագոյն յարգանքը, զՁեզ կաթողիկոսական գահը բարձրացնելով, բայց ես պիտի փափաքէի, որ այդ յարգանքի ընծայումին մէջ ազգը թերանայ, որպէսզի դուք մեր մէջ մնայիք, քանի որ այստեղ, Պատրիարքական Աթոռին վրայ ազգին համար աւելի կենսական հարցեր կան վարելիք ու պաշտպանելիք:
Նորին Սրբազնութիւնը ժպտեցաւ, ու ես կարծեցի կարդալ իր դիմագիծերուն վրայ, թէ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը կը նախընտրէ:
Իբր ճշմարիտ ազգասէր մը իրաւունք ունէր այդ նախընտրութեան, քանի որ այստեղ Պատրիարքական Աթոռին վրայ, ազգին ճակատագրին համար վճռական քայլեր կարելի է առնել, ամէն կուսակցութեան վրայ իր բարոյական հեղինակութեամբ վարելով զանոնք, մինչդեռ անդին գծուած ճամբէ մը միայն կոչուած է ընթանալ, հաւատարիմ պաշտպանը մնալով տուեալ կանոններու անկեղծ յարատեւութեան:
Խնդիր է սակայն, թէ ազգը պիտի գիտնա՞յ զանազանել այս նրբութիւնը, որ ինքնին շատ կարեւոր է, եւ Իզմիրլեան Հայրիկը կարող պիտի ըլլա՞նք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռին վրայ տեսնել («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 8, 25-5 հոկտեմբեր 1908, էջ 1):
* ԳԼԽԱՏՈՒՄ ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Պարսկաստանի մէջ, Սահմանդրութեան համար կռուելու եւ Շահին բռնակալութեան դէմ մաքառելու մտօք ձեռագիր յայտարարութիւններ բաժնուած էին ժողովուրդին: Քննութեանց պահուն, Համիտ Խան անուն պաշտօնեայի մը գրպանէն գտնուեցաւ մատիտով գրուած յայտարարութիւն մը, եւ Շահին հրամանով Հաճի Նասըր էս Սալթանայի ստիպումով այդ անձը գլխատուեցաւ առանց դատավճիռի:
Գլխատումը տեղի ունեցաւ Րամազանի 21-ին: Այդ օրը սուգ բռնեց ժողովուրդը աշխատութիւնը դադրեցնելով, եւ որոշեց Շահին իշխանութեան դէմ ապստամբիլ: Շահը լսելով այս որոշումը, հրաման ըրաւ զինուորական միջոցներով արգիլել ժողովուրդին հաւաքումները: Այս պատճառաւ ընդհարում մը տեղի ունեցաւ ժողովուրդին եւ հոն դիմող զօրքերուն միջեւ. 100 հոգի մեռան ու վիրաւորուեցան («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 9, 24-6 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
* ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԻՐՔԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԽՆԴՐՈՅՆ ՄԷՋ
Ֆրանսա կը ջանայ հաշտեցնել բոլոր շահերը: Իր քաղաքականութեան նպատակն է ամէն կողմէ պարտկել իր դաշնակցին՝ Ռուսիոյ արդի տկարութիւնը եւ միւս կողմէ վստահութիւն ներշնչել Աւստրիոյ, անոր օժանդակութիւնն ապահովելու համար Մարոքի խնդրոյն մէջ: Ասկից զատ, Ֆրանսա կը ջանայ նաեւ տէրութեանց միջեւ համաձայնութիւն առաջ բերել խաղաղութեան պահպանման համար: Այս քաղաքականութիւնը արժանի է ամէն գովեստի եւ կը գնահատուի բոլոր Օսմանցիներէն («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 9, 24-6 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
* ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔԸ
ԺԱՄԱՆԱԿ երախտապարտ զգացումներով տոգորուած՝ կը փութայ ջերմ շնորհակալութիւններ յայտնել մայրաքաղաքիս մէջ ամէն լեզուով հրատարակուած իր մեծայարգ պաշտօնակիցներուն, որոնք քաջալերական ու գնահատական տողերով ողջունեցին իր երեւումը լրագրական ասպարէզին մէջ: Բացայայտ է, թէ գնահատութիւններէն ամենէն մեծարժէքն ու քաջալերականը գործին գիտակից անձանց դատաստանն է եւ բարեբախտ կը համարինք զմեզ մեր բոլոր պաշտօնակիցներէն ալ առ հասարակ գնահատուած ըլլալով: Թուրք մամուլէն Սապահ, Իգտամ, Եէնի Կազէթա, Հուգուգ-ը Ումումիյէ, Սէրվէթ-ի Ֆիւնուն, Սաատէթ Թանին, Թէրճիւման-ը Հագիգաթ: Յոյն մամուլէն՝ Բրօօտօս, Բրոեա, Քոսթանթինուբօլիս, Ասիա, Անաթօլի: Ֆրանսերէններէն՝ Սթամպուլ, Մոնիթէօռ, Լեվըն Հերըլտ, Լա Թիւրքի եւ գերմաներէն՝ Նոյէ Թիւրքա ջերմագին շնորհաւորութիւններով քաջալերեցին մեր ձեռնարկը, որոնց ամէնուն ալ մեր շնորհակալութիւնները կը փութանք մատուցանել:
Մասնաւոր շնորհակալութիւն մեր մեծայարգ պաշտօնակիցներէն Բիւզանդիոնի, Արեւելքի, Հայ. եւ Տաճկ. Աւետաբերի, Հայրենիքի Քնարի, որոնք պաշտօնակցի ազնիւ զգացումներով ու գնահատական յանձնարարութիւններով ծանուցին Ժամանակի երեւումը:
Ժամանակ կը փութայ իր ջերմ շնորհակալութիւնը մատուցանել բոլոր համակիրներուն ու բարեկամներուն, որոնք անձամբ կամ նամակով իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին:
Մասնաւոր շնորհակալութիւն մը ունի Ժամանակ ընթերցող դասակարգին, որ անմիջական կերպով գնահատեց զայն մասնաւոր համակրութեամբ մը, ինչ որ արդարեւ պատուաբեր է թէ՛ թերթին եւ թէ անոր ազնիւ ընթերցողներուն եւ ընթերցուհիներուն («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 9, 24-6 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ