ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի թղթակից Անուշ Թրուանց եւ աշխատակից Սագօ Արեան վերջին օրերուն կարճ այցելութիւն մը տուին Իսթանպուլ։ Անուշ Թրուանց-Սագօ Արեան ամոլը, որ անցեալ շաբաթավերջին Լոնտոնի մէջ մասնակցեցաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովին, Երեւան վերադարձի ճանապարհին անցաւ Իսթանպուլէն։ Կարճատեւ կեցութեան ընթացքին անոնք շրջեցան քաղաքիս տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Պատրիարքարան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Մեր սիրեցեալ ընկերները այսօր երեկոյեան արդէն հրաժեշտ կ՚առնեն քաղաքէս։
Լուսանկարին մէջ Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան կ՚երեւին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ, թերթիս լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի եւ մեր լուսանկարիչներէն Մուրատ Էզէրի հետ։